«ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ» ՅԱՐԱԿԱՅՈՒԹԻՒՆԸ՝ «ՍԷՐՎԱՆԴԷՍ»Ի ԹԱՐԳՄԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
Յառաջիկայ օրերուն երբ պիտի տօնենք «Թարգմանչաց տօն»ը, որքա՜ն հաճելի է տեսնել անոր յարակայութիւնը ներկայ թարգմանութեան մը մէջ։
Չեմ գիտեր, ի՛նչ պէտք է անուանել՝ «զուգադիպութի՞ւն», կամ «հանդիպո՞ւմ», եւ կամ «դիպուա՛ծ», բայց ի՛նչ որ ալ ըլլայ անուանումը, իրապէ՛ս հրաշալի՜ եւ բարեպատեհ «միատեղ պատահում» մըն է մօտալուտ «Թարգմանչաց տօն»ին՝ հաճոյքը ունենալ գիրքի մը թարգմանութեանը հետ դիմաւորուելու։ Եւ ահաւասիկ ասիկա՛ է՝ «Թարգմանչաց ոգիին յարատեւութիւնը», մշտակայութիւնը, դարէ՜ դար, սերունդէ՜ սերունդ շարունակութեանը փաստը՝ ապացո՛յցը։ Ա՛յս է ահաւասիկ թարգմանչաց ոգիին նպատակը եւ իմաստը, քանի որ թարգմանչաց իրականութիւնը ո՛չ թէ պատմական եւ ժամանակաւոր դէպք մը, պատահար մը, այլ՝ բառին իսկական իմաստով «շարժո՛ւմ» մըն է, որուն ազդեցութիւնը հետզհետէ կը տարածուի ժամանակին մէջ՝ ծա՜լք ծա՜լք…։
Եւ ահաւասիկ, այս խոշոր ծալքերէն մին՝ Պրունօ Ֆրանքի «Սէրվանդէս»ը կը ներկայանայ մեզի, ազնիւ բարեկամ Արամ Գամպուրեանի թարգմանութեամբ։ Եւ անգամ մը եւս կու գանք տեսնել՝ թարգմանութեան կարեւորութիւնը։ Եթէ թարգմանողներ չըլլան, ապա ուրեմն այդ լեզուին օտար մէկը, ինչպէ՞ս պիտի ծանօթանայ «օտար» մշակոյթի մը, օտար լեզուով գրուած գիրքերու եւ գրականութեան։
Ուրեմն թարգմանիչներ, կերպով մը միջնորդներ են, կամ ըսենք՝ դեսպաններ, որոնք մշակոյթներու միջեւ որպէս պատգամաւոր կամ ներկայացուցիչ կը հանդիսանան։ Եւ ներկայ «Սէրվանդէս»ի թարգմանութեան վրայ խօսելով, ինչպէ՞ս պիտի ճանչնայինք Պրունօ Ֆրանքը, եթէ Արամ Գամպուրեան թարգմանած չըլլար «Սէրվանդէս»ը. ասոր նման օտար մշակոյթներու հետ ինչպէ՞ս կարելի կ՚ըլլար շփուիլ՝ եթէ թարգմանիչներ չըլլային։ Ուստի մշակոյթի տարածման նկատմամբ մե՛ծ է թարգմանիչներու գործը։ Ինչպէս մեծ ու կարեւոր ծառայութիւն մը մատուցած է Արամ Գամպուրեան իր կատարած թարգմանութեամբ։
Թարգմանիչներ՝ «կամուրջ»ներ են մշակոյթներու միջեւ՝ անցք՝ տարբեր ժողովուրդներու լեզուներու եւ գրականութեան վրայ ձգուած։
Քանի որ ըսինք. «եթէ թարգմանուած չըլլար Պրունօ Ֆրանքի «Սէրվանդէս»ը, պիտի չճանչնայինք հեղինակը», ուրեմն սոյն թարգմանութենէն տեսնենք թէ՝ ո՛վ է Պրունօ Ֆրանք։
«Պրունօ Ֆրանք (1887-1945) անցեալ դարու գերման այն գրողներէն է, ինչպէս Թոմաս Ման, Շթեֆան Ձվայկ եւ ուրիշներ, որոնք չէին հանդուրժած Հիդլէրի վարչակարգի կաշկանդումներուն եւ հեռացած իրենց հայրենիքէն, հաստատուելով հիւսիսային կամ հարաւային Ամերիկաներուն մէջ։
«Պրունօ Ֆրանք զաւակն էր հարուստ ընտանիքի մը. նախ ուսանեցաւ իրաւագիտութիւն, յետոյ բանասիրութիւն։ Ա. Աշխարհամարտին մասնակցեցաւ արեւմտեան ճակատի կռիւներուն։
«Յետպատերազմական շրջանին բարեկամացաւ Թոմաս Մանի հետ, որ հետագային էր նաեւ իր դրացին Գալիֆորնիոյ մէջ։
«Սկզբնական շրջանին քնարերգակ բանաստեղծ, ապա թատերագիր եւ հեղինակ պատմուածքներու եւ վէպերու Պրունօ Ֆրանքի ամենէն կարեւոր գործն է Սէրվանդէս, որ առաջին անգամ լոյս տեսաւ 1934 թուականին։
«Այդ վէպը, գեղեցիկ յուշարձան մըն է, կանգնած՝ ի յիշատակ Սպանիոյ մեծագոյն գրողին, որուն արկածախնդրական կեանքը մեր աչքերուն առջեւ կը պարզուի գունաւոր եւ յուզիչ պատկերներով. իր օրերը պապական արքունիքին մէջ, իր մասնակցութիւնը Լէբանդոյի (Ինէպահդը) ծովամարտին. ուր կը կորսնցնէ իր ձախ ձեռքը. գերութիւնը Ալճերիոյ մէջ, յետոյ թշուառ կեանք մը իբր տուրքերու գանձիչ եւ ի վերջոյ իր կեանքի պտուղը՝ Տոն Քիշոդը»։
Իրապէ՛ս կ՚արժէ կարդալ Պրունօ Ֆրանքի «Սէրվանդէս»ը՝ Արամ Գամպուրեանի սահուն թարգմանութեամբ։
Արդարեւ, ինչպէս ըսինք, թարգմանութիւնը մեծ ծառայութիւն կը մատուցանէ մանաւանդ տարբեր մշակոյթներու հետ ծանօթանալու եւ միջազգային-հասարակական մշակոյթին հետ յարաբերուելու եւ տարբեր մշակոյթներու հետ ծանօթանալու եւ կերպով մը առեւտուր ընելու, մշակոյթները զարգացնելու եւ հարստացնելու տեսակէտէ։ Ուստի «մարդ»ը ճանչնալու, հասկնալու առաջին հանգրուանն է՝ գոյացութեան ամենէն յստակ մեկնութիւնը՝ արուեստին իւրացումով կ՚իրականանայ։ Եւ գեղարուեստի ճիւղերու մէջ գրականութիւնը, բացատրութեան եւ լուսաբանութեան մէջ ամենէն բարձր խոհականութիւն ունեցողն է՝ ուր միտքը եւ զգացումները համազօր կը գործեն։
Եւ ահաւասիկ, այս պատճառով է, որ թարգմանութեան գործը կը սատարէ, կը նպաստէ մտքին եւ զգացումներուն զարգացման, երեւակայութեան ճոխացման եւ ստեղծագործութեան կատարելագործման։ Սա անուրանալի ճշմարտութիւն մըն է, որ մտածումներու ամենէն անջնջելի պահելու միջոցը՝ գիրն է, իսկ գիրին ճարտարարուեստն է՝ գրականութի՛ւնը։
Այս պատճառով՝ թարգմանութեան գործին պէտք է կարեւորութիւն տալ եւ համակարգ կերպով եւ ուշադրութեամբ գործադրութեան հսկել։ Ուստի այս մարզին մէջ ծառայութիւն մատուցանողներ կ՚արժանանան բարձր գնահատանքի եւ երախտագիտութեամբ կը յիշուին։
Սակայն, թարգմանութիւնը, հակառակ բոլոր այս նպաստաւոր կողմերուն, ունի անպատեհութիւն մը, եւ այս անպատեհութեան պատճառով նոյնքան դժուար է, եւ ըսենք, վտանգաւո՛ր։ Որեւէ գրական աշխատութիւն թարգմանել՝ կը նշանակէ, գրութեան հեղինակին եւ ընթերցողին միջեւ մնալ, հեղինակին եւ ընթերցողին միջեւ պատ մը հիւսել, հեղինակին եւ ընթերցողին ուղղակի յարաբերութեանը միջամտել, անոր արգելք հանդիսանալ։
Այս իմաստով թարգմանութիւնը նախատիպին՝ հեղինակին գործին մայր օրինակին իմաստը, ձեւով մը կը սեղմէ, կը կրճատէ եւ երբեմն ալ՝ կը փոխէ։ Նոյն գրութեան, նոյն գործին տարբեր ակնոցներով նայիլ կը նշանակէ թարգմանութիւնը՝ հեղինակին եւ թարգմանիչին ակնոցներով…։ Թարգմանիչին համար ըսուած է՝ «TRADUTTORE TRADİTORE», այսինքն՝ թարգմանողին չի՛ վստահուիր, ինչպէս կ՚ըսեն իտալացիները…։
Եւ այս իսկ պատճառով, թարգմանութիւնը, վերջին ծայր ուշադրութիւն եւ բծախնդրութիւն պահանջող աշխատութիւն մըն է եւ անշուշտ, շատ դժուար եւ սպառի՛չ։
Եւ ահաւասիկ, այս է որ կ՚արժէքաւորէ թարգմանութիւնը, կ՚իմաստաւորէ աշխատութիւնը եւ գնահատանքի կ՚արժանացնէ թարգմանիչը, ինչպէս «Սէրվանդէս»ի թարգմանիչը՝ ազնիւ բարեկամ Արամ Գամպուրեանը։
Թարգմանչաց տօնին համար անգի՜ն նուէ՛ր մըն է այս թարգմանութիւնը հայ մշակոյթին…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունիս 9, 2016, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 02/25/2025
- 02/25/2025