Ե. ԴԱՐՈՒ ՄԵԾ ՀԵՂԻՆԱԿԸ - Բ. -
Հայոց ինքնուրոյն գրականութեան առաջին հեղինակ հանդիսացաւ Ս. Սահակ Պարթեւ, որ բացի Սուրբ Գիրքի թարգմանութենէն՝ թողած է մի քանի ուրիշ նամակներ՝ դաւանաբանական եւ այլ բովանդակութեամբ, եւ «Գիր աւանդութեան եւ կանոնք» կոչուած ընդհանրական նամակներ՝ որոնց մէջ մանրամասն կը խօսի Եկեղեցիի ուխտի փոխադարձ յարաբերութեան եւ պարտականութիւններու մասին։
Մեր հոգեւոր բանաստեղծութեան, այսինքն շարականներու նախկին հեղինակը նոյնպէս Սուրբ Սահակ Պարթեւը կը համարուի։
Բանաստեղծութիւնները կրօնական գաղափարներ տարածելու շատ նպատակայարմար գործեր են։ Ուստի եւ Եփրեմ Ասորի ասորիներու, Գրիգոր Աստուածաբան յունաց եկեղեցիի մէջ, իսկ Ամբրոսիոս Եպիսկոպոս հռովմէական եկեղեցիի մէջ՝ բոլորն ալ Դ. դարուն մէջ կը տեսնուին։
Նկատի ունենալով ընդհանրապէս հայ ժողովուրդի ձգտումը դէպի հեթանոսական երգեր, ինչպէս Փաւստոս առանձնապէս կը շեշտէ, առ հասարակ հայու բարոյական կեանքը, բնականաբար պէտք է ընդունիլ, թէ հայ գրականութեան նախահայրերը՝ Սուրբ Սահակ եւ Սուրբ Մաշտոց, հայ ժողովուրդին բարոյապէս վերածնելու համար պէտք է «հոգեւոր երգեր» եւս յօրինած ըլլան, որ ան իր «աշխարհային երգեր»ու փոխարէն գործածէ։
Ուստի, աւանդութիւնը Սուրբ Սահակ Հայրապետին կը վերագրէ Ղազարու յարութեան, Աւագ ուրբաթի եւ Աւագ շաբաթի շարականները՝ որոնց մէջ Քրիստոս կը պատկերացուի իբրեւ «լոյս», «կեանք», «անմահութիւն», որ կը յաղթէ խաւարին, ապականութեան՝ անոնցմէ կը դողայ մահը, դժոխքը, չարը կը սարսի եւ մահացեալ Ղազարոսը կենդանութիւն կը ստանայ՝ կեանքի կը կոչուի։ Եւ այսպիսի գաղափարներով Սուրբ Սահակ Հայրապետ կը քաջալերէ իր ժամանակի քաղաքականապէս ալեկոծ հայրերը՝ որպէսզի երբե՛ք չվհատին։
Աւագ ուրբաթի շարականի մէջ ան կը պատկերացնէ այն «ազգուրաց դաւաճաններ»ը՝ որոնք աշխարհային փառքի համար կը մատնեն իրենց արժէքները՝ հայրենիքը եւ Եկեղեցին, ինչպէս եւ Յուդան՝ իր մեծ վարդապետը։
Պէտք է սակայն նկատել, որ այս շարականներու լեզուն Ե. դարու լեզուական դրոշմը չի կրեր եւ եթէ լոկ այս կէտը հիմք առնուի, այն ժամանակ բնականաբար այդ երգերը կարող չեն Սուրբ Սահակ Պարթեւի գործը ըլլալ…
Ե. դարու երկրորդ մեծ հեղինակ կը հանդիսանայ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց Վարդապետը՝ որուն անունը անմահացած է Հայ գիրերու գիւտով։
Այս մեծ մարդը, հայոց աշխարհի անձանձրոյթ մեծ Ուսուցիչը՝ իր անընդհատ, անխոնջ դաստիարակչական գործերուն մէջ գրական գործերով եւս զբաղուելու ժամանակ ունեցաւ. յատկապէս կը յիշուի, որ ա՛ն է թարգմանած Սողոմոնի Առակաց գիրքը, իսկ Կորիւն անոր համար կ՚ըսէ, թէ՝ ան «շատ խրատիչ եւ զգաստացուցիչ նամակներ (թուղթեր) կ՚ուղարկէր Հայաստանի բոլոր գաւառները»։
Այս նամակներու ժողովածուն յայտնի է «Յաճախապատում ճառք». (միշտ կրկնելի ճառեր) անունով, որ կը վերաբերի նաեւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչին։ Կարելի է կարծել, թէ վերջինս է իսկական հեղինակը, իսկ առաջինը՝ նոյն գործը թարգմանած է նորանոր յաւելումներով։
Գիրքը իր ներքին բովանդակութեամբ Ե. դարու շրջանակէն դուրս չի գար. տեղ մը Արշակունեաց տոհմը իբրեւ օրինակ բերելով՝ պարզ ցոյց կու տայ, թէ ան Ե. դարու առաջի կիսամեակէն առաջ գրուած է։
Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի կը վերագրուին ապաշխարութեան շարականներու մէկ մասը։ Ժամանակի կեանքը կը պատկերացնէ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց, որմէ ան զզուած անապատ քաշուեցաւ։
Վերջապէս, Սուրբ Մաշտոցի կը վերագրուի Մաշտոցի կամ ծիսարանի կազմութիւնը՝ որու մասին որոշ կարծիք կարելի չէ յայտնել…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոկտեմբեր 13, 2024, Իսթանպուլ