Ա­ՂԱՆԴ, ՀԵՐ­ՁՈ­ՒԱԾ ԵՒ ՀԵ­ՐԵ­ՏԻ­ԿՈ­ՍՈՒ­ԹԻՒՆ

«Ա­ղանդ», «հեր­ձուած» եւ «հե­րե­տի­կո­սու­թիւն»՝ այս ե­րե­քը շար­ժում­ներ են, ո­րոնք ուղ­ղա­փառ դա­ւա­նան­քէ շե­ղած վար­դա­պե­տու­թիւն կը մշա­կեն, ոչ-ուղ­ղա­փառ տար­բեր ու­սու­ցու­մով վար­դա­պե­տու­թիւն կը քա­րո­զեն։ Թէեւ ե­րեքն ալ «շե­ղում» են ուղ­ղա­փառ վար­դա­պե­տու­թե­նէ եւ դա­ւա­նան­քէ, բայց իւ­րա­քան­չիւ­րին բնոյ­թը տար­բեր է՝ թէ՛ ծագ­ման, թէ՛ զար­գաց­ման եւ թէ տա­րած­ման տե­սա­կէ­տէ։

Այս ե­րեք շար­ժում­նե­րը ու­նին ի­րար­մէ տար­բեր ծագ­ման պատ­ճառ­ներ ու նպա­տակ­ներ՝ ո­րոնց ա­մէն մէ­կուն նա­խա­պատ­մու­թիւնն ալ էա­պէս կը տար­բե­րի, ինչ որ կը նշա­նա­կէ, թէ իւ­րա­քան­չիւ­րը ու­նի իւ­րա­յա­տուկ նկա­րա­գի­րը եւ բնոյ­թը։

Եւ քա­նի որ ա­նոնք կը տար­բե­րին ի­րար­մէ, ու­րեմն պէտք է իւ­րա­քան­չիւ­րը ու­սում­նա­սի­րել ա­ռանձ­նա­պէս։

Ա­ՂԱՆԴ. ինչ­պէս ը­սինք, ընդ­հա­նուր ա­ռու­մով կը նշա­նա­կէ՝ թիւր վար­դա­պե­տու­թիւն, շե­ղում ուղ­ղա­փառ վար­դա­պե­տու­թե­նէ։ Ու­րեմն «ա­ղանդ»ը՝ Քրիս­տո­սի «Մէկ» եւ «Միակ» Ե­կե­ղե­ցիի պաշ­տօ­նա­կան դա­ւա­նան­քին հա­կա­սող ու ժխտող ուս­մունք դա­ւա­նող ու քա­րո­զող մար­դոց խումբն է։

Ա­ղան­դը, յա­ճախ ուղ­ղա­կի՛ ընդ­դէմ հան­դի­սա­ցող, Ե­կե­ղե­ցիին դի­մա­դար­ձող, հա­կա­ռա­կող եւ դէմ կե­ցող մար­դոց խումբն է, ո­րուն խզու­մը Ե­կե­ղե­ցիին հետ եւ բա­ժա­նու­մը ա­նոնց­մէ ար­դէն իսկ կա­տա­րուած ի­րո­ղու­թիւն մըն է։ Այս ընդ­հա­նուր սահ­մա­նում­նե­րու մէջ գտնուող շար­ժու­մը կը կո­չուի ա­ղանդ կամ ա­ղան­դա­ւո­րա­կան շար­ժում։ Ան­ցեա­լի մէջ, պատ­մու­թիւ­նը կը վկա­յէ, որ միշտ ե­ղած է ա­ղան­դա­ւո­րա­կան շար­ժում­ներ եւ ա­ղան­դա­ւոր­ներ։

Ա­ղանդ­նե­րը նոյն­քան հին են՝ որ­քան Ե­կե­ղե­ցին, ինչ որ կը նշա­նա­կէ, թէ ա­նոնց գո­յու­թիւ­նը պայ­մա­նա­ւո­րուած եւ հա­մըն­թաց ե­ղած է ե­կե­ղե­ցիի գո­յու­թեամբ, տե­ւա­կան ս­նու­ցա­նե­լով երկ­պա­ռա­կու­թեան, բա­ժա­նու­մի եւ ան­հա­մե­րաշ­խու­թեան ո­գին եւ խե­ղե­լով ու ան­դա­մազր­կե­լով Ե­կե­ղե­ցին ու ա­նոր ուղ­ղա­փառ դրու­թիւն­նե­րը։

Մեր օ­րե­րու յա­տուկ ա­ղանդ­նե­րը, սա­կայն, հիմ­նա­կա­նօ­րէն ծա­գում ա­ռած են ընդ­հան­րա­պէս ա­րեւմ­տեան եր­կիր­նե­րու մէջ եւ Ա­րե­ւելք թա­փան­ցած են այն­տե­ղէն՝ ԺԹ. դա­րու երկ­րորդ կէ­սին եւ Ի. դա­րու սկիզ­բին։ Վեր­ջին շրջա­նի ա­ղանդ­ներ մա­նա­ւանդ աչ­քի կը զար­նեն՝ ի­րենց ծայ­րա­յեղ ու ար­տա­կարգ յար­ձա­կո­ղա­կա­նու­թեամբ եւ թէ՛ այ­լա­տեաց ան­հան­դուր­ժո­ղա­կա­նու­թեամբ։

Եւ այս իսկ պատ­ճա­ռով ա­նոնք յա­ճախ կ՚ա­նուա­նուին՝ «հա­մայ­նա­տի­րա­կան ա­ղանդ»ներ։

Ա­ղանդ­նե­րը գրե­թէ անխ­տիր հիմ­նուած ու կազ­մուած են Ե­կե­ղե­ցիէն բաժ­նուած ոե­ւէ գոր­ծի­չի կամ ան­հա­տի կող­մէ, որ ինքն ի­րեն կո­չած ու յայ­տա­րած է միակ ճշմա­րիտ «ու­սու­ցիչ» եւ «հա­ւա­տա­ցեալ»։ Ար­դա­րեւ, կեան­քի մէջ, շատ ան­գամ սու­տը ի­րա­ւի, սխալկ ճիշ­դի տեղ կ՚անց­նի եւ ցա­ւա­լին այն է, որ թէ՛ ինք եւ թէ շուր­ջին­նե­րը կը կար­ծեն ու կը հա­ւա­տան, թէ սու­տը ի­րաւ է եւ սխա­լը՝ ճիշդ։ Եւ ա­նոնք ուղ­ղել, սրբագ­րել ո՜ր­քան դժուար է եւ ընդ­հան­րա­պէս ան­կա­րե­լի՛…։

Այս պա­րա­գան, ա­հա­ւա­սիկ, ա­ղան­դա­ւո­րա­կան խում­բի ծագ­ման հիմ­նա­կան պատ­ճա­ռը եւ տա­րած­ման սա­տա­րող ընդ­հա­նուր կա­ռու­ցուած­քը եւ գոր­ծե­լա­կերպն է։ Եւ այս ա­ռու­մով յստակ է, որ այ­սօր ա­ղանդ­ներ կա­րե­լի է միան­շա­նակ կեր­պով հա­մա­րել՝ «հո­գե­գալս­տա­կան»նե­րը, «երկ­րորդ Գալս­տա­կան»նե­րը (Adventist), «մոր­մոն»նե­րը՝ ո­րոնք ի­րենք զի­րենք կը կո­չեն նաեւ Յի­սուս Քրիս­տո­սի վեր­ջին օ­րե­րու սուր­բե­րու ե­կե­ղե­ցի, «մու­նա­կան»ներ, «Ե­հո­վա­յի վկայ»ներ, «սա­յեն­տո­լոգ»ներ, «անտ­րօ բո­սոֆ»ներ, եւ այլն։ Այս ի­մաս­տով «ա­ղանդ»ը կը տար­բե­րի «հեր­ձուած»էն եւ «հե­րե­տի­կո­սու­թեն»էն։

ՀԵՐ­ՁՈ­ՒԱԾ. ինչ­պէս ը­սինք, ա­ղան­դէն տար­բե­րու­թիւն ու­նի ու­րիշ շար­ժում մը, որ «հեր­ձուած» կը կո­չուի։ Հեր­ձուա­ծը Ե­կե­ղե­ցիի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած խզու­մը եւ բա­ժա­նումն է։ Այս խզու­մը եւ բա­ժա­նու­մը կը յայտ­նուի երբ Ե­կե­ղե­ցիի ո­րե­ւէ մաս կամ հա­տուած կը բաժ­նուի բուն հա­տուա­ծէն՝ մեծ մա­սամբ վար­չա­կան եւ եր­բեմն միայն աս­տուա­ծա­բա­նա­կան տա­րա­ձայ­նու­թիւն­նե­րու, տա­րա­կար­ծիք­նե­րու պատ­ճա­ռով։ Այս ի­մաս­տով իւ­րա­քան­չիւր հեր­ձուա­ծի հե­տե­ւան­քը Ե­կե­ղե­ցիի բա­ժա­նումն է, մա­սե­րու բաժ­նուի՛լն է։

Քրիս­տո­սի Ե­կե­ղե­ցին իր ամ­բողջ պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին են­թար­կուած է ե­րեք մեծ բա­ժա­նում­նե­րու։ Ա­ռա­ջին մեծ բա­ժա­նու­մը տե­ղի ու­նե­ցած է 451 թուա­կա­նին՝ Քաղ­կե­դո­նի Ժո­ղո­վէն յե­տոյ, երբ ա­ռա­ջա­ցան Ա­րեւմ­տեան եւ Ա­րե­ւե­լեան Ուղ­ղա­փառ Ե­կե­ղե­ցի­նե­րը։ Երկ­րոր­դը՝ 1054 թուա­կա­նին էր, երբ ծնաւ Կա­թո­լիկ եւ Ուղ­ղա­փառ Ե­կե­ղե­ցի­նե­րու ըն­տա­նիք­նե­րը։ Իսկ վեր­ջի­նը՝ Բո­ղո­քա­կա­նու­թեան ծնունդն էր՝ Կա­թո­լիկ Ե­կե­ղե­ցիի ծո­ցէն, ԺԶ. դա­րուն։ Եւ ա­հա այս­պէս ա­ռա­ջա­ցան Քրիս­տո­նէու­թեան չորս մեծ ըն­տա­նիք­նե­րը՝ Ա­րե­ւե­լեան Ուղ­ղա­փառ, Ա­րեւմ­տեան Ուղ­ղա­փառ, Կա­թո­լիկ եւ Բո­ղո­քա­կան հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն­նե­րը։

Տիե­զե­րա­կան Ե­կե­ղե­ցիին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած հեր­ձուած­նե­րու պատ­ճա­ռով վեր­ջին եր­կու դա­րե­րուն տու­ժեց նաեւ Հայ Ե­կե­ղե­ցին, որ մինչ այդ մեծ զրկանք­նե­րու գնով կա­րո­ղա­ցած էր պահ­պա­նել իր նախ­նա­կան պար­զու­թիւնն ու ամ­բող­ջա­կա­նու­թիւ­նը։ Սա­կայն ԺԸ. դա­րուն կա­թո­լիկ ա­ռա­քե­լա­կան գոր­ծիչ­նե­րու քա­րոզ­չու­թեան հե­տե­ւան­քով ո­րոշ թի­ւով հա­ւա­տա­ցեալ­ներ հե­ռա­ցան Հայ Ե­կե­ղե­ցիէն եւ հա­ղոր­դու­թեան մէջ մտան Կա­թո­լիկ Ե­կե­ղե­ցիին հետ՝ ստեղ­ծե­լով «Կա­թո­լիկ Հա­յե­րու հա­րե­ւա­նու­թիւն»ը։

Իսկ ԺԹ. դա­րուն, այս ան­գամ ար­դէն բո­ղո­քա­կան քա­րո­զիչ­նե­րու ջան­քե­րով, ո­րոշ հա­յոր­դի­ներ բո­ղո­քա­կան շարժ­ման ազ­դե­ցու­թեան տակ մնա­ցին՝ հիմ­նե­լով ու կազ­մա­կեր­պե­լով նոր մէկ հա­րե­ւա­նու­թիւն։

Յատ­կան­շա­կան է, որ այս վեր­ջին շար­ժու­մը մօ­տա­ւո­րա­պէս 165 տա­րուան պատ­մու­թիւն ու­նի եւ իր ձե­ւի եւ բո­վան­դա­կու­թեան մէջ՝ ընդ­հա­նուր բո­ղո­քա­կան շարժ­ման մէկ մաս­նա­ճիւ­ղը ըլ­լա­լով կո­չուած է «բո­ղո­քա­կան», «ա­ւե­տա­րա­նա­կան» կամ «ա­ւե­տա­րան­չա­կան», «protestant», եւ որ այ­սօր ինքն ի­րեն կ՚ա­նուա­նէ՝ «Հայ Ա­ւե­տա­րա­նա­կան Ե­կե­ղե­ցի»։

­ՀԵ­ՐԵ­ՏԻ­ԿՈ­ՍՈՒ­ԹԻՒՆ. ինչ­պէս վե­րը յի­շե­ցինք, հե­րե­տի­կո­սու­թիւ­նը կը տար­բե­րի թէ՛ ա­ղան­դա­ւո­րա­կան եւ թէ հեր­ձուած շար­ժու­մէն։

«Հե­րե­տի­կո­սու­թիւն» (hérésle), ընդ­հա­նուր ա­ռու­մով՝ ուղ­ղա­փառ դա­ւա­նան­քէն շե­ղած վար­դա­պե­տու­թիւն կամ շե­ղում կը նշա­նա­կէ։

Հե­րե­տի­կոս կ՚ա­նուա­նուին ա­նոնք՝ որ ո՛չ-ուղ­ղա­փառ, տար­բեր վար­դա­պե­տու­թիւն կը քա­րո­զեն։ Հե­րե­տի­կո­սու­թիւ­նը Ե­կե­ղե­ցիի ծո­ցէն ծնած եւ գո­յու­թիւն ստա­ցած, եւ սա­կայն Ե­կե­ղե­ցիի դա­ւա­նու­թեան ան­հա­մա­պա­տաս­խան եւ ան­հա­մե­մատ ու ան­յար­մար այն ու­սու­ցումն է՝ որ չի վե­րա­ծուիր ա­ղան­դի կամ հեր­ձուա­ծի, ար­հես­տա­կան (technique) ի­մաս­տով, այլ կը շա­րու­նա­կէ իր գո­յու­թիւ­նը Ե­կե­ղե­ցիին մէջ։

Այս­պի­սի պա­րա­գա­յի մը Ե­կե­ղե­ցին ստի­պուած է եւ պար­տա­ւո՛ր է քա­րոզ­չա­կան ազ­դու պայ­քար մղել այդ ու­սուց­ման դէմ՝ տիե­զե­րա­կան եւ կամ տե­ղա­կան ժո­ղով­նե­րով ըն­դու­նուած հա­մա­պա­տաս­խան կա­նոն­նե­րով եւ ձե­ւե­րով։

Հե­րե­տի­կո­սու­թիւ­նը եր­բեմն կա­րե­լի է բու­ժել, կամ ը­սենք, սրբագ­րել, իսկ եր­բեմն ալ, դժբախ­տա­բար հե­րե­տի­կո­սու­թիւ­նը ի վեր­ջոյ կ՚ա­ռաջ­նոր­դէ բա­ժան­ման եւ կը վե­րա­ծուի ա­ղան­դի։

Հայ Ե­կե­ղե­ցիի ծագ­ման մա­սին Մա­ղա­քիա Ար­քե­պիս­կո­պոս Օր­մա­նեան, իր «Հա­յոց Ե­կե­ղե­ցին» աշ­խա­տա­սի­րու­թեան մէջ կ՚ը­սէ. «… Հա­յոց Ե­կե­ղե­ցիին նախ­նա­կան եւ հաս­տա­տուն ա­ւան­դու­թիւ­նը ի­րեն սկզբնա­կան հիմ­նա­դիր­ներ կը ճանչ­նայ Ս. Թա­դէոս եւ Ս. Բար­թո­ղի­մէոս ա­ռա­քեալ­նե­րը, զորս յա­տուկ կոչ­մամբ ալ Ա­ռա­ջին Լու­սա­ւո­րիչ­ներ Հա­յաս­տա­նեայց կ՚ա­նուա­նէ…։ Բո­լոր քրիս­տո­նեայ ե­կե­ղե­ցի­ներ հա­մա­միտ են Ս. Բար­թո­ղի­մէոս ա­ռա­քեա­լին նկատ­մամբ ե­ղած ա­ւան­դու­թեան մա­սին…։ Բա­ւա­կան ըլ­լայ գիտ­նալ, թէ Հա­յոց Ե­կե­ղեց­ւոյ ուղ­ղա­կի՛ ա­ռա­քե­լա­կան ծա­գու­մը ստոյգ ե­ղե­լու­թիւն մըն է ե­կե­ղե­ցա­կան պատ­մու­թեան մէջ՝ յա­րեւն­ման ու­րիշ ա­ռա­քե­լա­կան ե­կե­ղե­ցի­նե­րու ծա­գու­մին ստու­գու­թեան։ … Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ ա­ւան­դու­թիւն­նե­րուն դէմ յա­րու­ցուե­լիք քննա­դա­տու­թիւն­նե­րը ա­ւե­լի զօ­րա­ւոր չեն քան այն քննա­դա­տու­թիւն­նե­րը՝ ո­րոնք յա­րու­ցուած են ու­րիշ ե­կե­ղե­ցի­նե­րու ծա­գու­մին մա­սին … ուս­տի ա­նոնց հա­ւա­սար ստու­գու­թիւն կը վա­յե­լէ Հա­յոց Ե­կե­ղե­ցիին ա­ռա­քե­լա­կան ծա­գումն ալ»։

Ուս­տի Հա­յոց Ե­կե­ղե­ցին ու­նի հաս­տատ եւ ա­նայ­լայ­լե­լի կազ­մա­ւո­րում…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Դեկ­տեմ­բեր 4, 2015, Իս­թան­պուլ

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 15, 2015