ՆԱՐՏԻԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒԻՆ ՆԱՄԱԿԸ

Երկու օր առաջ մեր գրած «Եթէ նարտին չըլլայ… մարդ ինչի՞ նման կ՚ըլլայ» խորագրեալ յօդուածը ունեցաւ իր արձագանգը եւ բարեբախտաբար «Նարտիի մրցաշարք» կազմակերպած ակումբի վարչութեան անդամներէն մէկը իր չգիտցած հայերէնով բորբոքած հետեւեալ նամակը գրեց. «Դունալ չի՛ նեղանաս... Դուն այսօր ինչ կնես ?». կուսակցական երիտասարդը մի քանի բառերէ բաղկացած նախադասութեան մէջ մօտաւորապէս երեք սխալի տեղ կու տար.- «դուն ալ»ը կը գրէր միացած, «կ՚ընես»ը կը գրէր այնպէս՝ ինչպէս կը լսէր, սուղ «ըթ»ով մը եւ որպէս հարցման նշան կը գործածէր օտարինը՝ մոռնալով որ մայրենիին մէջ գոյութիւն ունի «պարոյկ»ը:

Նախապէս գրած ենք այն մասին, որ մեր իրականութեան մէջ անյստակ է քննադատութեան եւ կամ յոռի երեւոյթներուն մասին բարձրաձայնելու իմաստն ու հասկացողութիւնը. աւելին, անյստակ է, թէ տարբեր եւ նոյնիսկ հականիշ բառեր են քննադատութիւնն ու թշնամութիւնը, ոխն ու կռիւը: Մեր հանրութիւնը տակաւին անկարող է անձը զանազանել հաստատութենէն, երեւոյթը բաժնել ընդհանուրէն եւ արդար հաշուեյարդար մը կատարել:

Նարտիի մրցաշարքի պատասխանատու երիտասարդը իր նամակին մէջ կը փորձէր խօսիլ իր կուսակցութեան գործունէութեան մասին. կը յիշէր, թէ անցեալին հայրենիքի փրկութեան համար ինչքա՜ն զոհեր տուած է եւ բազմաթիւ զոհողութիւններով փորձած է օգտակար դառնալ հայրենիքին. սակայն երիտասարդը գրութիւնը անգամ մը եւս լաւապէս կարդալով գուցէ հասկնայ, որ այդ բոլորին հակառակ համոզում մը գրի առնուած չէ այդտեղ եւ այդ անցեալի բոլոր զոհողութիւնները չեն կրնար արդարացնել մերօրեայ դժբախտ վիճակին կացութիւնը:

Մեր հասարակութեան մէջ կայ այնպիսի դժբախտ հասկացողութիւն, որ եթէ կը քննադատես «Նարտիի մրցաշարք»ը, կը նշանակէ կ՚ատես խնդրոյ առարկայ ակումբը, կուսակցութիւնը եւ «ոտնակոխ» կ՚ընես անոր դարաւոր արժէքն ու դերը. առաջին հերթին ազգովի պէտք է անձերը, երեւոյթներն ու հաստատութիւնները իրարմէ զանազանել սորվինք. օրինակի համար, ենթադրենք, թէ Սահակը «Լեւոնեան» վարժարանի տնօրէնն է եւ որոշում մը կը կայացնէ, որ մարդկային տրամաբանութենէն դուրս է. Սահակի որոշումը քննադատելը, այդ դպրոցը ատել եւ կամ անոր դէմ գործել չի՛ նշանակեր, որովհետեւ Սահակը սխալական մարդ մըն է՝ ինչպէս միւս բոլորը եւ անոր կայացուցած բոլոր որոշումները չե՛ն որ առողջ ու ողջադատ են: Սահակի որոշումները չսիրելն ու «Լեւոնեան» վարժարանը չսիրելը ամբողջութեամբ տարբեր բան են եւ այս հասկացողութեան պակասը ունի մեր ազգը։ «Նարտիի մրցաշարք»ի պատասխանատուն եթէ կը փորձէ իր կուսակցութեան անցեալի հսկայական գործունէութիւնը փաստել՝ կրնայ վստահ ըլլալ, որ այդ մէկը աւելիով ծանօթ է ինծի, սակայն խոցելի է երեւոյթը. երբ Հայաստանի սահմանին վրայ զոհեր ունինք ու նման դարաւոր կուսակցութիւն մը «Նարտիի մրցաշարք» կազմակերպէ, Հնչակեան ալ ըլլայ, Դաշնակցական ալ, Ռամկավար ալ՝ պիտի արժանանայ քննադատութեան, որովհետեւ մենք կուսակցութիւնը չէ՛ որ քննադատեցինք, այլ անոր գլուխը գտնուող պատասխանատուներու խոցելի որոշումները:

Կուսակցական երիտասարդը իր նամակին մէջ կը յիշէ. «Այս կոմիտէութիւնը Սուրիոյ հայերուն անհաշիւ օգնութիւններ ղրկած է երկրաշարժի ատեն եւ մանուկներ ու ծերեր կան որ ամէն ամիս մեզմէ հատուցում կ՚առնեն»։ Ի դէպ, երիտասարդը այս տողերը գրած էր լատինատառ հայերէնով (որ օր մը մեր պատշօնական այբուբենը ըլլալու մեծ հաւանականութիւնը ունի). յաճախ հանդիպած եմ կուսակցականներու, որոնք այս երիտասարդին նման կը սիրեն բարձրաձայնել իրենց ըրածները, մոռնալով, որ վերոյիշեալ բարիքները ո՛չ թէ ողորմութիւն են իրենց կողմէ կատարուած՝ այլ պարտաւորութիւն, որովհետեւ մեր կուսակցութիւններուն հիմնական գործն ու նպատակը այսօր հետեւեալն է. օգնել, ծառայել եւ լեզուն ու մշակոյթը պահպանել: Նոյնն է պարագան եկեղեցւոյ, նոյնն է պարագան միւս բոլոր հաստատութիւններուն, որոնք իրենց կատարած պարտաւորութիւնները որպէս «բարիք» ողորմութիւն ընողի մը պէս կ՚ուզեն բարձրաձայնել:

Երիտասարդը իր նամակին մէջ կը յիշէ. «Այս կոմիտէութիւնը ամէն տեսակ ձեռնարկ կ՚ընէ, ի շահ հայ համայնքին». տակաւին Նարտիի մրցաշարքին մէջ համայնքին շահը ո՞րն էր՝ անյստակ է (մանաւանդ երբ նոյն օրը ունինք զոհեր):

Վերջապէս երիտասարդը ինքնավստահ ձեւով կ՚ըսէր. «գործ կ՚ուզենք եւ ո՛չ քննադատութիւն»։ Եթէ իրապէս գործ է ուզուածը ապա ըսեմ, որ այդ գործը «Ֆրէնճիէ» խաղալով չ՚ըլլար. գո՞րծ կ՚ուզէք... ապա սկսինք. Երիտասարդ ընկեր, որպէս հայ երիտասարդ հայերէնի ահաւոր սխալներ ունիս. եթէ վեց բառէն երեքը սխալ պիտի գրես, ապա որպէս կոմիտէութիւն կանչեցէ՛ք երիտասարդ մը եւ խնդրեցէք որ շաբաթական դրութեամբ «նարտի» խաղալու փոխարէն ձեզի հայերէն լեզուն սկսի սորվեցնել. եթէ շաբաթը նուազագոյնը 4-5 բառ սորվիք, մի քանի նախադասութիւն շարահիւսել սորվիք թէ՛ ձեզի եւ թէ ապագայ սերունդին համար մե՜ծ գործ մը ըրած պիտի ըլլաք: Եթէ իրապէս գո՛րծ կ՚ուզէք, հաւաքեցէ՛ք ձեր երիտասարդները եւ հայոց պատմութիւն սորվեցուցէք, որովհետեւ աւելի քան երբեք վստահ եմ ու գիտեմ, որ կա՛ն կուսակցականներ, որոնք իրենց կուսակցութեան պատմութիւնն իսկ չեն գիտեր. կանչեցէ՛ք երիտասարդ մը եւ շաբաթական դրութեամբ սորվեցէք պատմութիւն, հասկցէ՛ք, թէ ինչու հիմնուած է այն կուսակցութիւնը՝ որուն համակիրը եղած էք: Եթէ իրապէս գործ կ՚ուզէք, զարգացուցէ՛ք ձեր երիտասարդութիւնը մշակութային արժէքներով. հաւատացէ՛ք, որ երկու օր տեւած Նարտիի մրցաշարքին տրամադրուած ժամանակը եթէ տրամադրուէր առողջ դասախօսութեան մը՝ շատ աւելի առողջ արդիւնք մը պիտի ունենար:

Եթէ իրապէ՛ս գործ կ՚ուզէք, վերականգնեցէ՛ք ձեր գրադարանը, քաջալերցէ՛ք որպէսզի երիտասարդները կարդան. այս բոլորը աւելիով կը յաջողիք ընել, եթէ ձեր մէջէն դուրս հանէք «ամէն բան գիտեմ»ի հոգեբանութիւնը:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Արեւը աշխարհէն ինչքա՞ն մեծ է:

Պատասխան. Արեւը աշխարհէն անհամեմատելիօրէն մեծ է: Կրնանք ըսել, որ մօտաւորապէս արեւը 109 անգամ աւելի մեծ է աշխարհէն։ Անոր մէջ կրնայ տեղաւորուիլ մօտաւորապէս 1.300.000 երկիր:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Փետրուար 16, 2024