ՍԻՐՈՅ ԶՕՐՈՒԹԻՒՆԸ
Սէրը զօրութի՛ւն մըն է՝ արժէքը եւ ազդեցութիւնը անվիճելի ո՛ւժ մը։ Երբ Քրիստոս մարդկային բնութիւնը զգեցաւ, մարդեղացաւ՝ մարդկութիւնը Իրեն կապեց սիրոյ այնպիսի կապով մը, որ որեւէ զօրութեամբ չի խորտակուիր եթէ ո՛չ մարդուն ի՛ր իսկ կամքովը։ Արդարեւ «Չար» էութիւնը պարտութեան կարելի է մատնել միա՛յն սիրով։
«Չար»ը շարունակ մարդը կը փորձէ՝ անոր կը ներկայացնէ հրապոյրներ՝ այդ կապը խորտակել տալու համար, Բարին զատելու համար Բարութենէն, մարդը հեռացնելու համար Քրիստոսէն։ Այս իմաստով ամբողջ կեանքը պայքար մը, կռիւ մըն է բարիին ու չարին միջեւ։
Այս իրողութեան մէ՛ջ է, որ մարդս պէտք ունի պայքարելու, հսկելու, աղօթելու՝ որպէսզի չմոլորի, չսխալի եւ հեռու մնայ «ուրիշ տէր» մը ընտրելու սխալ որոշումէն…։
Մարդ՝ ազատ է ընտրելու «չար»ը։ «Ազատ կամք»ի վարդապետութիւնը մարդուս չարն ալ ընտրելու առիթը կու տայ։ Բայց շիտակ եւ ուղիղ է այն մարդը՝ որ բարին կ՚ընտրէ իր ազատ կամքով եւ կը պարտէ չարը, կը հեռանայ անոր փորձութիւններէն։
Այն մարդը, որ իր աչքերը կը սեւեռէ Քրիստոսի վրայ միշտ, եւ ան պիտի պաշտպանէ ու պահէ զինք։
Յիսուսի նայելով՝ մարդ ապահով կը զգայ զինք։
Ո՛չինչ կրնայ մարդը խլել Անոր ձեռքէն։ Տեւապէս Անոր նայելով՝ «Կը փոխուինք փառքէ փառք՝ որպէս թէ Տէրոջը Հոգիէն» (Բ. Կորն. Գ 18)։ Յիսուս միշտ վստահութիւն կը ներշնչէ ամէն անոնց՝ որ կ՚ապաւինին Իրեն։ Անշուշտ հոս ինքզինք ցոյց կու տայ այն զօրաւոր անտեսանելի կապը փոխադարձ, որ սէ՛րն է։
Ահա՛ այսպէս էր, որ առաջին աշակերտները իրենց ա՜յնքան սիրելի Փրկչին նմանեցան։ Անոնք երբ լսեցին Քրիստոսի խօսքերը՝ անդրադարձան, զգացին, թէ պէ՛տք ունէին Անոր։ Փնտռեցին զԻնք, գտան զԱյն եւ հետեւեցան Անոր։ Սէ՛րն էր շարժառիթը այդ անդրադարձումին։ Սէ՛րն էր, որ կապեց զանոնք Քրիստոսի։
Աշակերտները նուիրուեցան, նոր կեանք ստացան, այնպէս որ Անոր հետ էին տան մէջ, սեղանին բոլորտիքը, առանձինն ու հրապարակներու վրայ Անոր հետ էին՝ ինչպէս աշակերտներ իրենց ուսուցչին հետ. ամէն օր սուրբ ճշմարտութեան դասեր լսելով Իր մեղրածոր շրթներէն։ Անոր կը նայէին՝ ինչպէս ծառաներ իրենց տիրոջը՝ իրենց պարտականութիւնը սորվելու համար։
Արդարեւ, այդ աշակերտները «մեզի պէս կիրքերու, ենթակայ» (ՅԱԿ. Ե 17) մարդիկ էին։ Անոնք պայքարի միեւնոյն նպատակը ունէին՝ պայքար մղել մեղքին, չարին դէ՛մ։ Անոնք պէտք ունէին միեւնոյն շնորհքը՝ «սուրբ կեանք» մը ապրելու համար։ Նո՛յնիսկ Քրիստոսի սիրելի աշակերտը Յովհաննէս, որ ամենէն աւելի ցոլացուց Փրկչին նմանութիւնը, նկարագրի այդ քաղցրութիւնը չունէր ի ծնէ, ի բնէ։
Ան ո՛չ միայն յանձնապաստան էր ու փառասէր, այլեւ յախուռն ու ոխակա՛լ։ Բայց երբ Աստուած-մարդուն նկարագիրը յայտնուեցաւ իրեն, ան տեսաւ իր անձին անկատարութիւնը, եւ այդ գիտակցութեամբ խոնարհեցաւ։ Զօրութիւնը եւ համբերութիւնը, կարողութիւնը եւ քաղցրութիւնը, մեծվայելչութիւնը եւ հեզութիւնը՝ զորս ինքը կը նկատէր Աստուածորդւոյն ամէնօրեայ կեանքին մէջ, հիացմամբ եւ մանաւա՛նդ սիրով կը համակէին իր հոգին։
Օր ըստ օրէ դէպի Քրիստոս կը ձգտէր անոր սիրտը՝ մինչեւ որ իր Վարդապետին համար ունեցած սիրոյն մէջ անհետացաւ իր «Ես»ը։ Անոր վրիժառու, փառասէր, ինքնամոլ բնութիւնը Քրիստոսի շինիչ զօրութեանը հպատակեցաւ։ Սուրբ Հոգիին վերածնիչ ազդեցութիւնը նորոգեց իր սիրտը։ Քրիստոսի սիրոյն զօրութիւնը անոր մէջ նկարագրի փոփոխութիւն մը գործեց։ Սէրը ի գործ դրաւ իր զօրութիւնը։
Ա՛յս է ահա Յիսուսի հետ միանալու ստոյգ արդիւնքը։ Երբ Ան բնակի մարդուս սրտին մէջ՝ անոր բնութիւնը բոլորովին կը փոխուի։ Քրիստոսի Հոգին եւ սէրը կը կակղացնեն սիրտը, կը նուաճեն հոգին, եւ դէպի Աստուած ու դէպի Երկինք կը բարձրացնեն մտածումներն ու փափաքները։
Չանտեսե՛նք սիրոյ զօրութիւնը մեր կեանքին մէջ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ 7, 2015, Իսթանպուլ