ԿԵԱՆՔԻ ՄԷՋ ԱՃԻԼ

Այս աշ­խար­հի վրայ կեա՛նք մը տրուած է մե­զի, կեանք մը, որ պար­տա­ւոր ենք ապ­րե­լու՝ այս­պէս կամ այն­պէս, բայց ան­պայ­մա՛ն ապ­րե­լու ենք ո­րո­շուած ժա­մա­նա­կին մէջ։ Ինչ­պէս է կեան­քի մա­սին այս ի­րա­կա­նու­թիւ­նը, նոյն­պէս է նաեւ ա­նոր ա­ճու­մը։ Դի­տե­ցէ՛ք բնու­թիւ­նը՝ հոն կեանք կայ, հոն ու­րա­խու­թիւն կայ, բայց կայ նաեւ տրտմու­թիւն, եր­ջան­կու­թիւն կայ, բայց կայ նաեւ ա­պեր­ջան­կու­թի՛ւն։ Կեան­քը ա՛յս է ա­հա­ւա­սիկ, ա՛յս է «կեան­քը ապ­րիլ»։ Սա­կայն բնու­թիւ­նը կը պար­տադ­րէ նաեւ խնա­մել, հո­գալ, ա­ճեց­նել կեան­քը։

Ար­դա­րեւ Աս­տուած է, որ կը ծաղ­կեց­նէ կո­կո­նը եւ նոյն ծա­ղի­կը պտու­ղի կը փո­խէ։ Այս կը նշա­նա­կէ՝ որ ստեղ­ծել, ստեղ­ծուա­ծը ըն­դու­նիլ չի բա­ւեր, այլ նաեւ պէ՛տք է ա­ճեց­նել զայն։ Ու­նե­նալ չի բա­ւեր, այլ պէտք է զայն ա­ւելց­նել, ա­ճեց­նել, կա­տա­րե­լա­գոր­ծել։

Բնու­թեան մէջ Աս­տուած, իր ա­մե­նա­կա­րո­ղու­թեամբ ու ա­մե­նա­զօ­րու­թեամբ է, որ սեր­մը կ՚ա­ճեց­նէ, սեր­մը կ՚ուռ­ճա­նայ Աս­տուծ­մով. ա­ռաջ խո­տը, ետ­քը հաս­կը, յե­տոյ լե­ցուն ցո­րե­նը հաս­կին մէջ…։ Ուս­տի Յի­սուս կ՚ը­սէ. «Նա­յե­ցէ՛ք դաշ­տի շու­շան­նե­րուն՝ ի՛նչ­պէս կ՚ա­ճին» (ՂՈՒԿ. ԺԲ 27)։ Տուն­կեր ու ծա­ղիկ­ներ կ՚ա­ճին՝ ո՛չ թէ ի­րենց մտա­հո­գու­թեամբ կամ ջան­քո­վը, այլ ստա­նա­լով ի՛նչ որ Աս­տուած մա­տա­կա­րա­րած է ա­նոնց կեան­քին հա­մար։

Մա՛րդ կա­րող չէ մտա­հո­գու­թեամբ կամ ինքն ի­րեն ջան­քե­րով, ու զօ­րու­թեամ­բը բարձ­րաց­նել իր հա­սա­կը։ Ո՛չ մէ­կը կա­րող է իր մտա­տան­ջու­թեամբ կամ ջան­քո­վը հո­գե­ւոր ա­ճում ձեռք բե­րել։

Տուն­կը եւ տղան կ՚ա­ճին բնու­թեան պայ­ման­նե­րուն տակ՝ զի­րենք շրջա­պա­տող մի­ջա­վայ­րէն ստա­նա­լով ի՛նչ որ պէտք է ի­րենց կա­րո­ղու­թեա­նը եւ զօ­րու­թեա­նը հա­մար։

Օդ, ա­րեւ, սնունդ, ե­ւայլն կ՚օգ­նեն, կը նպաս­տեն ա­նոնց աճ­ման։

Ար­դա­րեւ, բնու­թեան մէջ այդ պար­գեւ­նե­րը ի՛նչ որ են ո­րե­ւէ ա­նա­սու­նի, կեն­դա­նի էա­կի եւ կամ բոյ­սի մը հա­մար՝ ա՛յն է Քրիս­տոս Ի­րեն յու­սա­ցող­նե­րուն հա­մար։

Յի­սուս ի­րեն յու­սա­ցող­նե­րուն «յա­ւի­տե­նա­կան լո՛յս»ն է, Ան «ա­րեւ» ու «վա­հան» է ա­նոնց։

Ար­դա­րեւ, Ան կեն­դա­նի ջո՛ւրն է, Աս­տուծ­մէ տրուած «հաց»ը՝ որ եր­կին­քէն կ՚իջ­նէ, եւ կեանք կու տայ հա­մայն աշ­խար­հի։

Իր միա­ծին Որ­դիին անն­ման պար­գե­ւո­վը՝ Աս­տուած աշ­խար­հը շրջա­պա­տած է շնորհ­նե­րու մթնո­լոր­տով մը ա՛յն­քան ի­րա­կան՝ ո՛ր­քան ամ­բողջ երկ­րա­գուն­դը շրջա­պա­տող օ­դը։ Ա­մէն ա­նոնք որ կ՚ու­զեն այդ կեն­սա­տու մթնո­լոր­տը շնչել՝ պի­տի ապ­րին ու պի­տի ա­ճին մին­չեւ հաս­նին Յի­սուս Քրիս­տո­սով այ­րե­րու ու կի­նե­րու հա­սա­կին։ Կեան­քի մէջ ա­ճիլ կը նշա­նա­կէ հո­գե­պէս զօ­րա­նալ, կա­տա­րե­լա­գոր­ծուիլ եւ ար­ժա­նա­նալ խոս­տա­ցուած «կեանք»ին։

Եւ ի՛նչ­պէս ծա­ղի­կը բնա­կա­նօ­րէն ա­րե­ւուն կը դառ­նայ, որ­պէս­զի ա­նոր ճա­ռա­գայթ­նե­րը գե­ղեց­կու­թիւն, հա­մա­չա­փու­թիւն, կեն­դա­նու­թիւն տան ի­րեն, նոյն­պէս եւ մենք պար­տինք «Ար­դա­րու­թեան Ա­րե­գակ»ին դառ­նալ՝ որ­պէս­զի երկ­նա­յին լոյ­սը կա­րե­նայ փայ­լիլ մեր վրայ՝ եւ մեր նկա­րա­գիր­նե­րը ա­ճին ու զար­գա­նան Քրիս­տո­սի նմա­նու­թեամբ։

Յի­սուս միեւ­նոյն բա­նը կը սոր­վեց­նէ երբ կ՚ը­սէ.

«Իմ մէ՛ջս կե­ցէք, եւ Ես ձեր մէ­ջը։ Ինչ­պէս որ ճիւ­ղը չի՛ կրնար ինքն ի­րեն պտուղ տալ ե­թէ որ­թին վրայ հաս­տա­տուած չըլ­լայ, նո՛յն­պէս ալ դուք չէք կրնար՝ ե­թէ Իմ վրաս հաս­տա­տուած չըլ­լաք…։ Ա­ռանց Ին­ծի բան մը չէք կրնար ը­նել» (ՅՈՎՀ. ԺԵ 4-5)։

­Սուրբ կեանք ապ­րե­լու հա­մար ա՜յն­քան կա­խեալ ենք Քրիս­տո­սէն, ո՛ր­քան ճիւ­ղը կա­խեալ է մայր-որ­թէն՝ ա­ճե­լու, զար­գա­նա­լու եւ պտուղ տա­լու հա­մար։

Ա­ռանց Ա­նոր կեանք չու­նի մարդ։

Փոր­ձու­թիւն­նե­րու դի­մադ­րե­լու կամ շնորհ­նե­րու եւ սրբու­թեան մէջ ա­ճե­լու հա­մար զօ­րու­թիւն չու­նի մա՛րդ։

Երբ կը խօ­սինք «կեանք»ի մա­սին, պէտք է անդ­րա­դառ­նալ «կեան­քի էու­թեան», թէ ի՞նչ է կեան­քը։ Երբ կը փոր­ձենք ճանչ­նալ կեա­նքը, հարկ է ճանչ­նալ Աս­տու­ծոյ հետ մար­դուն խո­րունկ կա­պը, քա­նի որ այս ա­ռըն­չուա­ծու­թե­նէն դուրս՝ կա­րե­լի չէ ճշմա­րիտ իս­կու­թեան մէջ դի­մա­կա­զեր­ծել ան­վերջ պայ­քա­րը մար­դուն, որ կը շա­րու­նա­կէ իբր բեռ ճնշել մար­դուն կեան­քին եւ պատ­մու­թեան վրայ։

Ուս­տի ա­ռանց ճա­նա­չու­մի, զոր ան կու տայ մար­դուս Աս­տու­ծոյ մա­սին, կա­րե­լի չէ յստա­կօ­րէն գի­տա­նալ, ճանչ­նալ կեան­քը՝ իր բազ­մա­տե­սակ ե­րես­նե­րով, վի­ճակ­նե­րով։ Այս պա­րա­գա­յին՝ մարդս կը փոր­ձուի բա­ցատ­րել կեան­քը իբ­րեւ ա­ճու­մի ըն­թացք, իբ­րեւ հո­գե­բա­նա­կան ամ­բող­ջա­ցում, իբ­րեւ կա­տա­րե­լու­թեան ձգտո՛ւմ…։ Այս ի­մաս­տով՝ կեան­քը ան­խու­սա­փե­լի ըն­կե­րա­յին ու ան­հա­տա­կան պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան կա­ռոյցք մըն է։ Կեան­քը հասկ­նալ՝ աս­տուա­ծա­յին ընդ­հա­նուր ստեղ­ծա­գործ­ման ծրագ­րի ճա­նա­չու­մը կը նշա­նա­կէ, այդ աս­տուա­ծա­յին ծրագ­րի տար­րե­րը հասկ­նալ կեան­քը ճանչ­նալ, կեան­քը ապ­րիլ գի­տակ­ցա­բար եւ ու­նե­նալ՝ նպա­տակ եւ ըն­թա­նալ ըստ նպա­տա­կի մը, ա­հա­ւա­սիկ ա՛յս է կեան­քը ապ­րիլ…։

Ար­դա­րեւ «կեանք»ը ա­նո­ղոք պայ­քա՛ր մըն է՝ մարդ էա­կին պա­տաս­խա­նա­տուու­թեա­նը տակ։

Ուս­տի «Չար»ին իշ­խա­նու­թեան ամ­բող­ջու­թեամբ են­թար­կուած աշ­խարհի այս «ող­բեր­գա­կան» կա­ցու­թիւ­նը մար­դուն կեան­քը կը վե­րա­ծէ պայ­քա­րի մը։

Մար­դոց ամ­բողջ պատ­մու­թեան մէ­ջէն խա­ւա­րին ու չա­րին զօ­րու­թիւն­նե­րուն դէմ կը ծա­ւա­լի, կը տա­րա­ծուի «ա­նո­ղոք պայ­քա՛ր» մը, պայ­քար մը ծնած ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան ա­ռա­ջին օ­րէն՝ սկիզ­բէն իսկ, եւ որ պի­տի տե­ւէ մին­չեւ վեր­ջին օ­րը աշ­խար­հին։

Մար­դը՝ լծուած այս ա­նո­ղոք պայ­քա­րին, պար­տա­ւոր եւ պա­տաս­խա­նա­տու է ան­դա­դար պայ­քա­րիլ, մա­քա­ռիլ՝ յա­րե­լու հա­մար «բա­րի»ին։ Կեան­քին մէջ ա­ճիլ կը նշա­նա­կէ, ու­րեմն ի գին մեծ ճի­գե­րու եւ Աս­տու­ծոյ շնորհ­քով կա­րող ըլ­լալ ներ­քին խա­ղա­ղու­թիւ­նը, ներ­դաշ­նա­կու­թիւ­նը եւ միու­թիւ­նը ի­րա­գոր­ծե՛լ։

Աս­տուած, որ­պէս Ա­րա­րիչ եւ Նա­խախը-նամ, որ­պէս Հա՛յր միշտ հա­ւա­տա­րիմ մնաց իր հայ­րու­թեան եւ եր­բեք չլքեց մար­դը՝ իր ան­կու­մէն ետք իսկ։ Եւ ա­հա­ւա­սիկ, կեան­քի մէջ ա­ճիլ կը նշա­նա­կէ անդ­րա­դառ­նալ ու գի­տակ­ցիլ Աս­տու­ծոյ այս հա­ւա­տար­մու­թեան եւ կա­րե­լին ը­նել կա­տա­րե­լա­գոր­ծուե­լու եւ հա­ւա­տա­րիմ մնա­լու ինք եւս իր կո­չու­մին։ Քրիս­տո­նեայ վար­դա­պե­տու­թիւ­նը այս ի­րո­ղու­թեան մէջ կը նկա­տէ «Նոր Ա­դամ»ը իր հնա­զան­դու­թեամբ մին­չեւ Խա­չին մա­հը՝ Ա­դա­մին անհ­նա­զան­դու­թեա­նը փո­խա­րէն։

Կեան­քի մէջ ա­ճիլ՝ կ՚են­թադ­րէ այս պայ­քա­րը…։

Շա­տեր կը կար­ծեն, թէ ի­րենց վե­րած­նուն­դի գոր­ծը կրնան մա­սամբ ա­ռան­ձին կա­տա­րել։ Ա­նոնք կ՚ու­զեն ապ­րիլ ի­րենց անձ­նա­կան զօ­րու­թիւն­նե­րով։

Բայց ա­մէն ջանք ա­մուլ կը մնայ։

Յի­սուս կ՚ը­սէ. «Ա­ռանց Ին­ծի ո՛­չինչ կրնաք կա­տա­րել»։ Շ­նորհ­նե­րու մէջ մար­դուն ա­ճու­մը՝ իր ու­րա­խու­թիւ­նը, օգ­տա­կա­րու­թիւ­նը, բո­լորն ալ կա­խեալ են Քրիս­տո­սի հետ իր մտեր­մու­թե­նէն ու միու­թե­նէն։ Ա­մէն օր եւ ա­մէն ժամ Ա­նոր հետ հա­ղորդ ըլ­լա­լով է, որ կ՚ի­րա­կա­նա­նայ այս։

Ան ո՛չ միայն մեր հա­ւատ­քին ա­ռաջ­նո՛րդն է՝ այլ ե՛ւ կա­տա­րո­ղը։

Քրիս­տո՛սն է ա­ռա­ջի­նը եւ վեր­ջի­նը, «ալ­ֆա»ն եւ «օ­մէ­կա»ն։ Ան է սկիզ­բը եւ վեր­ջը կեան­քին։ Քրիս­տո­սի հետ ըլլա­լու հա­մար պէ՛տք է նախ եւ ա­ռաջ ըն­դու­նիլ զԱյն։ Ա­ռա­քեա­լը կ՚ը­սէ. «Ինչ­պէս ըն­դու­նե­ցիք Յի­սուս Քրիս­տո­սը՝ Տէ­րը, Ա­նո՛վ քա­լե­ցէք», եւ նաեւ. «Ար­դա­րը հա­ւատ­քէ՛ն պի­տի ապ­րի»։ Աս­տու­ծոյ նուի­րուիլ՝ կեան­քը ա­պա­հո­վե­լու եւ ա­ճեց­նե­լու լա­ւա­գոյն ճամ­բա՛ն է…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մա­յիս 4, 2015, Իս­թան­պուլ

Շաբաթ, Մայիս 16, 2015