ՀԱՆ­ՐԱ­ՅԻՆ ԿՐԹՈՒ­ԹԻՒՆ

Յա­ճախ կրկնուած եւ շեշ­տուած է, թէ՝ երկ­րի մը մէջ հան­րա­պե­տա­կան դրու­թիւ­նը ա­պա­հով եւ տե­ւա­կան մնա­լու հա­մար, անհ­րա­ժե՛շտ է, որ ժո­ղո­վուր­դին ան­հատ­նե­րուն մէջ մտքի զար­գա­ցում մշա­կուի, որ­պէս­զի ա­նոնք կա­րող ըլ­լան ի­րենց ա­զա­տու­թիւ­նը ուղ­ղամ­տու­թեամբ եւ խո­հա­կա­նու­թեամբ գոր­ծա­ծե­լու։ Եւ այս նպա­տա­կը ի մտի ու­նե­նա­լով՝ իրկ­րի մը կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը ա­մէն մի­ջոց կը գոր­ծա­ծէ, եւ զա­նա­զան ա­ռիթ­ներ կը ստեղ­ծէ, ժո­ղո­վուր­դին չա­փա­հաս դա­սա­կար­գին մէջ կրթու­թիւն եւ մտա­յին զար­գա­ցում տա­րա­ծե­լու նպա­տա­կաւ։

Ար­դա­րեւ այս ուղ­ղու­թեամբ թա­փուած ջան­քերն ու տնօ­րի­նուած կար­գադ­րու­թիւն­ներ կը նպաս­տեն այս նպա­տա­կին ի­րա­կա­նաց­ման։ Զոր օ­րի­նակ, գի­շե­րա­յին դպրոց­նե­րէ զատ, ցե­րե­կա­յին դա­սա­ւան­դու­թիւն­ներ կը հաս­տա­տուին՝ որ­պէս­զի թէ՛ տան տի­կին­նե­րը եւ թէ գոր­ծա­զուրկ այ­րեր պա­տե­հու­թիւն ու­նե­նան ու­սում եւ զար­գա­ցում ստա­նա­լու զա­նա­զան նիւ­թե­րու վրայ, եւ ա­ւե­լի եւս զար­գաց­նեն ի­րենց ի­մա­ցա­կան կա­րո­ղու­թիւն­նե­րը եւ տա­րո­ղու­թիւ­նը։

Ան­շուշտ քա­ջա­լե­րա­կան է տես­նել՝ այս ուղ­ղու­թեամբ թա­փուած մաս­նա­ւոր ջան­քեր եւ զա­նա­զան կրթա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րով ու կար­գադ­րու­թիւն­նե­րով եւ ա­նոնց ձե­ռամբ դա­սա­խօ­սա­կան ժո­ղով­ներ, ո­րոնց­մէ կ՚օգ­տուին չա­փա­հաս ան­հատ­ներ։ Բաղ­ձա­լի է, որ ա­ւե­լի եւս քա­ջա­լե­րուին ու գնա­հա­տուին կրթա­սէր­նե­րու կող­մէն ձեռք առ­նուած նման աշ­խա­տանք­նե­րը եւ ա­ւե­լի մեծ թի­ւով ան­ձեր օգ­տուին ի­րենց ներ­կա­յա­ցուած այս թան­կա­գին ու կեն­սա­կան պա­տե­հու­թիւն­նե­րէն։

Եւ սա­կայն մոռ­նա­լու չէ,՛ թէ դպրո­ցէ, դա­սէ եւ դա­սա­խօ­սու­թիւն­նե­րէ զատ գոյութիւն ունի ինք­նա­զար­գաց­ման ու­րիշ մի­ջոց մը, որ ա­մէն մարդ պար­տի գոր­ծա­ծել եւ օգ­տա­գոր­ծուիլ, եւ ան «ըն­թեր­ցա­նու­թիւն»ն է, իր ա­մե­նա­լայն ա­ռու­մով եւ ըմբռ­նու­մով։

Ո՜ր­քան շա­տեր կան՝ որ ո՛չ դպրոց գա­ցած եւ ոչ ալ դա­սա­խօսու­թիւն­ներու ներ­կայ գտնուած եւ ունկնդ­րած են, եւ սա­կայն ճոխ հմտու­թեան պա­շար հա­ւա­քած են ա­մէն կար­գի նիւ­թե­րու մա­սին, զոր օ­րի­նակ, մեծ եւ ե­րե­ւե­լի մար­դոց կեն­սագ­րու­թիւն­նե­րուն ծա­նօ­թա­ցած են, եւ աշ­խար­հի դէպ­քե­րուն եւ ըն­կե­րա­յին շար­ժում­նե­րուն մա­սին անձ­նա­կան-իւ­րա­յա­տուկ գա­ղա­փար կազ­մած են՝ սոսկ «գիրք» եւ «լրա­գիր» կար­դա­լով։

Ուս­տի «կեան­քը դպրոց մըն է», խօս­քը ի­մաստ կը ստա­նայ, երբ մար­դիկ կա­րե­նան օգ­տուիլ այդ «դպրոց»էն։ Ար­դա­րեւ կեան­քէն դաս առ­նել՝ կեան­քի դա­սե­րուն անդ­րա­դառ­նալ, ի­րա­պէ՛ս հմտու­թիւն կը պա­հան­ջէ, որ դժբախ­տա­բար շա՜­տե­րու կը պակ­սի…։

Ման­կա­միտ կը մնայ այն մար­դը՝ որ ստա­մոք­սը ա­ռա­տօ­րէն կը լեց­նէ կե­րա­կու­րով եւ միտ­քը դա­տարկ եւ անս­նունդ կը թո­ղու։ Այս­պի­սի մէ­կը խղճա­լի՜ վի­ճակ մը կը պար­զէ, երբ խմբա­կի մը մէջ գտնուե­լու ա­տեն՝ ըն­թա­ցիկ նիւ­թե­րու վրայ բառ մը ան­գամ խօ­սե­լու, եւ կամ պարզ գա­ղա­փար մը յայտ­նե­լու հա­մար­ձա­կու­թիւն եւ քա­ջու­թիւն չու­նի, քա­նի որ, թե­րեւս գրպա­նը դրամ ու­նի, բայց մտքին մէջ գի­տու­թիւն եւ գա­ղա­փար չու­նի։

Այս ուղ­ղու­թեամբ, շա­տեր ի­րենք զի­րենք կ՚ար­դա­րաց­նեն, ը­սե­լով, թէ՝ ժա­մա­նակ չու­նին կար­դա­լու։ Բայց ա­նոնք որ «կար­դա­լու ժա­մա­նակ չու­նիմ…», ը­սե­լով, եւ կամ խնա­յո­ղու­թիւն ը­նե­լու նպա­տա­կով փո­խա­նակ հան­դեր­ձէն, կամ ա­թո­ռէն եւ կամ խմե­լի­քէն ու ծխա­խո­տէն զրկե­լու ի­րենք զի­րենք՝ միտ­քը սնուն­դէ կը զրկեն՝ թերթ եւ գիրք կար­դա­լէ դադ­րե­լով, թող գիտ­նան, թէ ի­րենց ան­ձին դէմ կը մե­ղան­չեն՝ մար­մի­նով մեծ, իսկ միտ­քով պզտիկ մը մնան։ Ուս­տի «ըն­թեր­ցա­սի­րու­թեան» ո­գին պէտք է մշա­կել ժո­ղո­վուր­դին մէջ՝ իւ­րա­քան­չիւր ան­հա­տի մէջ։ Ըն­թեր­ցու­մէ դադ­րիլ՝ մտա­ւո­րա­պէս սնան­կա­նալ կը նշա­նա­կէ։ Դի­տել շուր­ջը, խոր­հիլ ու խորհր­դա­ծել, եւ տե­ւա­պէս կար­դա՛լ, ա­հա­ւա­սիկ, ա՛յս է ճամ­բան ինք­նա­զար­գաց­ման եւ ինք­նավս­տա­հու­թեա՛ն։

Ար­դա­րեւ մարդ­կու­թիւ­նը ընդ­հա­նուր քաո­սա­յին վի­ճա­կէն ա­զա­տե­լու՝ յա­ռաջ­դի­մե­լու, լու­սա­ւո­րուե­լու հա­մար անհ­րա­ժե՛շտ է գոր­ծադ­րել գի­տա­կան մե­թո­տը, ո՛չ միայն զուտ գի­տու­թեան կա­լուա­ծին մէջ, այլ ըն­կե­րա­յին, ազ­գա­յին, պե­տա­կան եւ ին­չո՞ւ չէ՝ կրօ­նա­կան-ե­կե­ղե­ցա­կան խնդիր­նե­րու հա­մար ալ։

Գի­տա­կան մե­թո­տին հիմ­նա­կան սկզբունքն է՝ ճշմար­տու­թիւ­նը հե­տապն­դել եւ ի­րո­ղու­թիւն­նե­րու վրայ հիմ­նել եզ­րա­կա­ցու­թիւն­նե­րը։ Մեր ա­ռօ­րեայ կեան­քին մէջ բազ­մա­թիւ վրի­պում­ներ, թիւ­րի­մա­ցու­թիւն­ներ, բա­խում­ներ եւ ան­կար­գու­թիւն­ներ տե­ղի կ՚ու­նե­նան, պար­զա­պէս այն պատ­ճա­ռով, որ այս մե­թո­տը չի կի­րա­կուիր։

Մար­դոց դա­տում­նե­րը խիստ յա­ճախ հե­տե­ւանք են «նա­խա­պա­շա­րում»նե­րու, նա­խա­սի­րու­թիւն­նե­րու, կան­խա­կալ կար­ծիք­նե­րու, ա­նո­րոշ հա­մո­զում­նե­րու, են­թադ­րու­թիւն­նե­րու, ծան­ծաղ խոր­հո­ղու­թեան, եւ չստու­գուած վար­կած­նե­րու կամ կի­սատ ու միա­կող­մա­նի, անձ­նա­կան, են­թա­կա­յա­կան ի­րո­ղու­թիւն­նե­րու։

Մինչ­դեռ «ի­րո­ղու­թիւն»ը եւ «ճշմար­տու­թիւն»ը տար­բեր ար­ժէք­ներ են՝ ի­րո­ղու­թիւ­նը բազ­մա­թիւ է, իսկ ճշմար­տու­թիւ­նը միա՛յն մէկ եւ անն­ման։

Մար­դուս վճիռ­նե­րը յա­խուռն են շատ ան­գամ եւ ան­վե­րա­դարձ, կիր­քը, շա­հախնդ­րու­թիւ­նը եւ ու­րիշ զգա­ցում­ներ ա­ռաջ­նորդ կ՚ըլ­լան ա­նոնց եւ ո՛չ ճշմար­տու­թեան բա­ցար­ձակ սէ­րը։ Մար­դիկ, յա­ճախ հապ­ճե­պով կու գան այն­պի­սի եզ­րա­կա­ցու­թիւն­նե­րու եւ կ՚առ­նեն այն­պի­սի քայ­լեր՝ ո­րոնք կը խան­գա­րեն ան­հա­տա­կան, ըն­տա­նե­կան, ե­կե­ղե­ցա­կան, ազ­գա­յին եւ ըն­կե­րա­յին, եւ վեր­ջա­պէս մի­ջազ­գա­յին ընդ­հա­նուր կեն­ցա­ղը եւ այս ան­պա­տաս­խա­նա­տու, անզ­գոյշ, ան­խո­հեմ եւ ոչ-գի­տա­կան ըն­թաց­քին պատ­ճա­ռով՝ աշ­խարհ կ՚են­թար­կուի ան­լու­ծե­լի հար­ցե­րու թնճուկ­նե­րու…։

Գի­տա­կան մե­թո­տին ու­րիշ մէկ ար­ժա­նի­քը՝ փոր­ձար­կու­թիւնն է ու փոր­ձը։ Ուս­տի փոր­ձա­րկու­թեամբ յա­ռա­ջա­նալ՝ ճշմար­տու­թեան տա­նող ա­մե­նէն ա­պա­հով ու վստա­հե­լի ճամ­բան է։ Ա­մե­նա­մեծ զգու­շու­թեամբ, կրկին եւ կրկին, ա­մե­նա­կա­տա­րեալ գոր­ծիք­նե­րով եւ մի­ջոց­նե­րով, եւ ա­մե­նաճշգ­րիտ չա­փե­րով ու կշիռ­նե­րով կը քննուին ու կը փոր­ձուին ե­րե­ւոյթ­նե­րը, ի­րերն ու ի­րո­ղու­թիւն­նե­րը, վերջ­նա­կան եզ­րա­կա­ցու­թեան հաս­նե­լէ ա­ռաջ։ Այս ճամ­բան ա­մե­նէն ա­պա­հով ճամ­բա՛ն է։

Գի­տա­կան աշ­խա­տա­նո­ցի մե­թոտ­ներն ու ո­գին ին­չո՞ւ կա­րե­լի չըլ­լայ ընդ­հան­րաց­նել եւ կի­րար­կել մեր ան­հա­տա­կան խոր­հո­ղու­թեան մար­զին մէջ եւ ըն­կե­րա­յին, հա­սա­րա­կա­կան ու յա­րա­բե­րա­կան զա­նա­զան խնդիր­նե­րը լու­ծե­լու ա­տեն։

Դի­տել, ու­սում­նա­սի­րել, խոր­հիլ, խորհր­դա­ծել, եւ ան­պայ­մա՛ն կար­դալ. փոր­ձել, չա­փել, կշռել, ճշդել, վեր­լու­ծել, տար­րա­լու­ծել, կա­րե­լի բո­լոր մի­ջոց­նե­րով ու ա­մէն ան­կիւ­նէ դի­տե­լով հաս­նե­լու բուն եւ միակ ճշմար­տու­թեան, ճշմար­տու­թեան, որ ո՛չ թէ են­թա­կա­յա­կան հան­գա­մանք ու­նե­նայ, եւ ըլ­լայ ա­սոր կամ ա­նոր սե­փա­կա­նու­թիւ­նը, այլ ճշմար­տու­թեա՛ն, որ ա­ռար­կա­յա­կան է, ան­ժա­մա­նակ ու տիե­զե­րա­կան բո­լոր գի­տա­կան ճշմար­տու­թիւն­նե­րու մէջ՝ ի­րա­պէ՛ս գի­տա­կան ճշմար­տու­թեան պէս։

Վեր­ջաց­նե­լով, յի­շենք սա խօս­քը. «Սոր­վե­լու ա­մե­նա­մեծ ար­գել­քը գիտ­նալ կար­ծելն է»։  Եւ դար­ձեալ յի­շենք, որ յա­ռա­ջա­դի­մու­թեան եւ մտա­յին լու­սա­ւո­րու­թեան ալ ա­մե­նա­մեծ ար­գել­քը՝ նա­խա­պա­շա­րում եւ կան­խա­կա­լու­թի՛ւնն է։

Ար­գել­քը՝ մարդ­կա­յին մտքին եւ ար­ժա­նա­պա­տուու­թեան բո­լո­րո­վին հա­կա­ռա՛կ է…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Դեկ­տեմ­բեր 3, 2015, Իս­թան­պուլ

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 16, 2015