ՏԱՌԱՊԱՆՔԸ՝ ԿԵԱՆՔԻ ԱՆԲԱԺԱՆԸ - Գ -

Սիրելիի մը համար կ՚աղօթենք։ Զայն կը խնամենք, վերջն ալ մեզմէ կ՚առնուի։ Հակառակ որ գիտենք, թէ իր ցաւերէն հանգչեցաւ, եթէ ընդունած էր Յիսուսի շնորհած փրկութիւնը, բայց տակաւին կ՚ատենք այդ հիւանդութիւնը, որ մեզ իրարմէ բաժնեց։

Կան մարդիկ, որ հաւատացեալ ընտանիքի մէջ ծնած, դաստիարակուած եւ հոգեւոր սնունդով սնած, սակայն երբ սիրելիի մը բժշկութեան համար աղօթած են եւ ան չէ բժշկուած եւ ի վերջոյ մահացած, անոնք Աստուծոյ դէմ ելած եւ անհաւատ են դարձած…

Կան եւ ուրիշներ՝ որոնք իրենց ցաւին համար տարիներով «ինչո՞ւ» հարցուցած են։ Անոնք երբ անդրադարձած են, որ Յիսուս ալ խաչին վրայ ահռելի նեղութիւններ կրեց, «ինչո՞ւ»ն «ի՛նչ ընեմ»ի փոխած են եւ համոզուած…

Թէեւ չենք հաշտուիր այդ գաղափարին, բայց տառապանքը մեզ աւելի՛ Աստուծոյ վստահիլ կը սորվեցնէ։ Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ, թէ պէտք չէ՛ ապաւինիլ ինքզինքներուս, այլ՝ Աստուծո՛յ, որ մեռելները կը յարուցանէ։

Տառապանքները եւ ցաւերը պատճառ կ՚ըլլան նաեւ, որ մենք գիտակցինք մեր սահմանափակութիւններուն՝ թերութիւններուն, տկարութիւններուն եւ անկարողութիւններուն եւ Աստուծոյ դառնանք։ Սակայն կան անձեր՝ որոնք տառապանքներու ատեն կ՚ըմբոստանան եւ Աստուծոյ դէ՛մ կ՚ելլեն, բայց ո՛չինչ կրնան ընել…

Արդարեւ, Աստուած մեր աղօթքներուն երեք ձեւով կը պատասխանէ. «Այո՛», «Ո՛չ» կամ «Սպասէ՛»։ Համբերութեամբ սպասումներու բազմաթիւ օրինակներ եւ վկայութիւններ կան Սուրբ Գիրքին մէջ։

Նեղութիւններու մէջ համբերելու մասին Պօղոս առաքեալ կը գրէ. «Սակայն, գիտենք որ ամէն բաները բարիի գործակից կ՚ըլլան անոնց՝ որ զԱստուած կը սիրեն, որոնք Անոր նախասահմանութիւնովը կանչուած են». (ՀՌՈՄ. Ը 28)։

Ժողովրդական իմաստութիւնը կը կրկնէ նոյն ճշմարտութիւնը երբ կ՚ըսէ. «Չկայ չարիք որ չծնի բարիք»։ Նաեւ համբերութեան հարցին կ՚ըսէ, թէ համբերութիւնը կեա՛նք է…

Համբերութիւնը կեա՛նք է, եթէ նոյնիսկ երբեմն տանջանք եւ տառապանք պատճառէ։ Ուստի, հաստատ հաւատքը կ՚ենթադրէ վստահիլ եւ համբերել աներկբայ յոյսով։

Ուստի, ցաւը, վիշտը, տառապանքը անխուսափելի են մարդուս՝ այս աշխարհի վրայ, բայց դժբախտ զգալը՝ մե՛ր ընտրութիւնն է։

Հաւատանք, վստահինք, ապաւինինք Աստուծոյ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի համբերութեամբ եւ յարատեւ աղօթենք անձանձրոյթ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

վերջ

Շաբաթ, Փետրուար 17, 2024