«ԿՈՉՈ՛ՒՄ ԶԳԱԼ» ԵՒ ԿԱՄ «ՊԱՀԱՆՋՔ ՈՒ ՀԱՐԿ ԶԳԱԼ»

Ան­կեղ­ծու­թիւ­նը եւ նուի­րու­մը կը պա­հան­ջէ կարգ մը զո­հո­ղու­թիւն­ներ եւ հրա­ժա­րում­ներ ներ­կայ վի­ճա­կէն։

Իս­կա­կան ի­մաս­տով՝ ան­կեղծ նուի­րու­մը այն է՝ որ երբ մարդ ծա­ռա­յու­թեան մը կը լծուի, ստի­պուած ըլ­լա­լուն եւ կամ ո­րե­ւէ կա­րի­քը բա­ւա­րա­րե­լու, գո­հաց­նե­լու հա­մար չէ՛ որ կը կա­տա­րէ, այլ ի­րա­կան ի­մաս­տով ու­րի­շին օգ­տա­կար ըլ­լա­լու նպա­տա­կով կը շար­ժի։ Բայց ընդ­հան­րա­պէս մար­դիկ ո՛չ թէ «ծա­ռա­յա­սէր» են, այլ մա­նա­ւանդ «ծա­ռա­յա­սէր» ե­րե­ւե­լու, այն­պէս ճանչ­ցուե­լու մար­մա­ջը ու­նին։

Ուս­տի կա­րե­նալ հրա­ժա­րիլ ա­մէն աշ­խար­հիկ ար­ժէք­նե­րէ եւ մէկ կողմ թո­ղուլ ա­մէն յարգ ու պա­տիւ, դիրք եւ աս­տի­ճան, յե­տոյ լծուիլ ծա­ռա­յու­թեան՝ ա­հա­ւա­սիկ իս­կա­կան «կո­չում»ը ա՛յս է, իս­կա­կան նուի­րու­մը, որ միայն մէկ նպա­տակ ու­նի՝ ծա­ռա­յել եւ օգ­տա­կար հան­դի­սա­նալ։

Ան­շուշտ աշ­խար­հա­սէր եւ կեն­ցա­ղա­սէր մար­դոց հա­մար «օ­տար» եւ «ան­ծա­նօթ» գա­ղա­փար մըն է այս մէ­կը։ Բայց հո­գե­ւոր ի­մաս­տով անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն մը, եւ հար­կադ­րանք մըն է հրա­ժա­րու­մը աշ­խար­հիկ ար­ժէք­նե­րէ, ե­թէ նոյ­նիսկ մա­սամբ չա­փով։ Եւ այս պար­տադ­րան­քը ա­մե­նէն ա­ւե­լի զգա­լի է «հո­գե­ւո­րա­կան»ի կո­չու­մը զգալ կար­ծող­նե­րուն հա­մար։ Ուս­տի «կո­չում զգալ»ը պէտք չէ՛ շփո­թել «պէտք զգալ»ու՝ կա­րի­քը զգա­լու, իր նեղ կա­ցու­թե­նէն փրկուե­լու որ­պէս մի­ջոց ըն­դու­նե­լու սխա­լան­քին հետ։ Ար­դա­րեւ իս­կա­կան «կո­չում»ը այն է՝ որ մէ­կը կը հրա­ժա­րի իր ու­նե­ցած ա­մէն դիրք ու աս­տի­ճա­նէն, կը զո­հէ ա­մէն շահ եւ հարս­տու­թիւն, նոյ­նիսկ գի­տա­կան տիտ­ղոս եւ պա­տուա­նուն, հան­գա­մանք եւ ի­րա­ւա­սու­թիւն եւ ան­կեղծ սրտով կը ստա­նայ միա՛յն հո­գե­ւո­րա­կա­նի հան­գա­մանք։ Եւ ե­թէ ու­նի ու­սում եւ գի­տու­թիւն, ան ալ պէտք է տրա­մադ­րէ ծա­ռա­յու­թեան եւ այդ­պէս ըլ­լայ հո­գեմ­տա­ւո­րա­կան մը՝ ազ­նուաց­նե­լու հա­մար հո­գի­ներ, զար­գաց­նե­լու հա­մար միտ­քեր…։

Եւ ճշմա­րիտ ու ան­կեղծ ծա­ռա­յու­թիւ­նը ա՛յս է։

Յի­սուս կա­տա­րեալ ըլ­լա­լու մա­սին սա­պէս կ՚ը­սէ.

«Ե­թէ կ՚ու­զես կա­տա­րեալ ըլ­լալ, գնա՛, ինչ որ ու­նիս՝ ծա­խէ եւ աղ­քատ­նե­րուն տուր. այդ­պի­սով եր­կին­քի մէջ գանձ պի­տի ու­նե­նաս, եւ յե­տոյ՝ հե­տե­ւէ՛ ին­ծի» (ՄԱՏԹ. ԺԹ 21)։­

Ու­րա­նալ ա­մէն ար­ժէք, ա­մէն բան, որ կը պատ­կա­նի աշ­խար­հի, եւ նուի­րուիլ հո­գե­ւոր ծա­ռա­յու­թեան, մար­դա­սի­րա­կան բա­րե­գոր­ծու­թիւն­նե­րու, եւ ա­հա­ւա­սիկ իս­կա­կան նուի­րու­մը, իս­կա­կան ծա­ռա­յու­թիւ­նը, իս­կա­կան «հո­գե­ւո­րա­կա­նու­թիւն»ը այս է։ Ան­շուշտ ա­սի­կա աշ­խար­հէն, աշ­խար­հա­յի­նէն բո­լո­րո­վին հե­ռա­նալ չի նշա­նա­կեր, այլ կա­րե­ւո­րը՝ աշ­խար­հի վրայ ապ­րիլ եւ հո­գե­ւոր կա­րե­նալ ըլ­լալն է, քա­նի որ ծա­ռա­յու­թիւ­նը աշ­խար­հի՛ վրայ պի­տի կա­տա­րուի։

Պահ մը ան­կեղ­ծօ­րէն խոր­հինք սի­րե­լի՜ ըն­թեր­ցող բա­րե­կամ­ներ. քա­նի՞ հո­գի ար­դեօք կա­րե­լի է հա­շուել ա­նոնք՝ որ իս­կա­կան «կո­չում»ի պատ­ճա­ռով հո­գե­ւո­րա­կան կը դառ­նան եւ կամ կը փոր­ձեն ե­կե­ղեց­ւոյ ծա­ռա­յել, երբ ու­նին լաւ դիրք, ար­դիւ­նա­բեր աս­պա­րէզ՝ ար­հեստ, որ լաւ շահ կ՚ա­պա­հո­վէ ի­րենց, եւ ա­մէն ինչ կար­գին կ՚ըն­թա­նայ ի­րենց կեան­քին մէջ։ Չէ՞ք խոր­հիր բո՛ւն պատ­ճա­ռը, երբ տա­րի­նե՜ր վերջ, յան­կարծ ո­մանք «հո­գե­ւո­րա­կան» դառ­նալ կը փոր­ձեն։ Ինչ­պէս ը­սինք, երբ ա­մէն ինչ կար­գին է, լաւ կեանք մը կ՚ապ­րին, ո­րե­ւէ գան­գատ եւ դժգո­հու­թիւն չու­նին ի­րենց կեան­քին մէջ եւ հա­կա­ռակ ա­մէն լաւ պայ­մա­նի՝ հո­գե­ւո­րա­կան դառ­նալ, հո­գե­ւոր ծա­ռա­յու­թեան կը նուի­րուին ո­մանք, ա­հա­ւա­սիկ ա­նոնք իս­կա­կան ի­մաս­տով «կո­չում զգա­ցած» են եւ ի­րաւ հո­գե­ւո­րա­կան ըլ­լա­լու թեկ­նա­ծու են։ Եւ ինչ­պէս յա­ճախ կ՚ըսենք՝ ա­նոնք են որ ո՛չ թէ շնորհ մը ը­նե­լու, այլ եւ շնորհ ըն­դու­նե­լու մտադ­րուած են։ Ա­նոնք են, որ ար­ժա­նի են «հո­գե­ւո­րա­կա՛ն» կո­չուե­լու։ Յար­գա՜նք այդ­պի­սի­նե­րուն։

Բայց ա­նոնք, որ գո­նէ ա­ւե­լի դիւ­րա­կե­ցիկ կեանք մը ապ­րե­լու, եւ կամ ի­րենց դիր­քը բա­րե­փո­խե­լու, բար­ւո­քե­լու, դիւ­րին ապ­րե­լու մտադ­րու­թեամբ հո­գե­ւո­րա­կա­նի տա­րազ կրել կը փոր­ձեն՝ ա­նոնք ար­ժա­նի չեն եր­բե՛ք այդ շնոր­հը ըն­դու­նե­լու։ Ա­նոնք պէտք է լա՛ւ գիտ­նան, թէ Ե­կե­ղե­ցին ան­կիւ­նա­քար մը չէ՛ հան­գիստ եւ դիւ­րին կեանք մը վա­յե­լե­լու…։

Ե­կե­ղե­ցա­կան ո­րե­ւէ կարգ կամ աս­տի­ճան մի­ջոց պէտք չէ՛ հա­մա­րուի՝ աշ­խար­հիկ կեան­քի մէջ չու­նե­ցած­նե­րուն տի­րա­նա­լու՝ ո՛չ նիւ­թա­կան, ոչ ալ բա­րո­յա­կան մար­զի մէջ։

Աշ­խար­հիկ կեան­քի մէջ պակ­սած յար­գը եւ պա­տի­ւը Ե­կե­ղե­ցին փնտռել, Ե­կե­ղե­ցիի մի­ջո­ցով բա­րո­յա­կան գո­հա­ցում ստա­նալ փոր­ձել՝ պար­զա­պէս կեղ­ծա­ւո­րու­թի՛ւն է՝ ա­րուես­տա­կան դէմք գոր­ծա­ծել, կեղծ կեր­պա­րանք ցոյց տալ։ Մէկ խօս­քով՝ խա­բէու­թիւն, խար­դա­խու­թիւն եւ նեն­գու­թիւն՝ թէ՛ Աս­տու­ծոյ, թէ՛ Ե­կե­ղե­ցիին, այ­սինքն ժո­ղո­վուր­դին հան­դէպ։ Ուս­տի պէտք չէ՛ ա­ռիթ տալ այդ­պի­սի­նե­րուն, որ շա­հա­գոր­ծեն Ե­կե­ղե­ցին, այ­սինքն ժո­ղո­վուր­դը, որ պի­տի վստա­հի ի­րենց…։

Երբ կ՚ը­սենք «հո­գե­ւո­րա­կան», կը գոր­ծա­ծենք իր ա­մե­նա­լայն ա­ռու­մով, ե­կե­ղեց­ւոյ բո­լոր ծա­ռա­յող­նե­րուն, պաշ­տօ­նեա­նե­րուն եւ ան­շուշտ նեղ ա­ռու­մով բո­լոր ե­կե­ղե­ցա­կան­նե­րուն հա­մար։ Եւ ի՜նչ օ­գուտ կա­րե­լի է սպա­սել մէ­կէ մը՝ որ պար­զա­պէս նիւ­թա­կա­նի ակն­կա­լու­թեամբ եւ կամ իր­մէ պակ­սած յարգ ու պա­տի­ւը վա­յե­լե­լու հա­մար հո­գե­ւոր ծա­ռա­յու­թեան կը լծուի։ Եւ դար­ձեալ ի՜նչ օ­գուտ կա­րե­լի է քա­ղել մէ­կէ մը՝ որ ե­կե­ղե­ցա­կան աս­տի­ճան կ՚ըն­դու­նի հա­զար ու մէկ խնդրան­քով եւ ստա­նա­լէն յե­տոյ կը զլա­նայ կա­տա­րել իր պար­տա­կա­նու­թիւ­նը, եւ զա­նա­զան պատ­րուակ­ներ ստեղ­ծե­լով ինք­զինք ար­դա­րաց­նե­լու կ՚աշ­խա­տի եւ եր­բեմն ալ ան­պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան ափ­սո­սա­լի օ­րի­նակ մը ցոյց տա­լով, տե­ղե­կու­թիւն իսկ տա­լու պա­հանջ­քը չի զգար իր գե­րա­դաս պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն։

Այս­պի­սի ան­պա­տաս­խա­նա­տու եւ ան­պար­տա­ճա­նաչ իբր թէ Ե­կե­ղե­ցիի ծա­ռա­յող­նե­րուն տրուած ա­մե­նա­փոքր աս­տի­ճա­նը իսկ ա­նի­րաւ ու ա­նար­դար տու­չու­թիւն մըն է։

Կայ ա­ւե­լին՝ ա­նի­րաւ կեր­պով ստա­ցուած աս­տի­ճա­նը չի՛ գո­հաց­ներ են­թա­կան, եւ ա­ւե­լի բարձր աս­տի­ճան­նե­րու կը ձգտի, կ՚ու­զէ, որ ա­ւե­լիին տի­րա­նայ։ Ե­թէ հարց­նես, կ՚ը­սէ, թէ երբ ա­ւե­լի բարձր աս­տի­ճան ու­նե­նայ, իր յար­գը ու պա­տի­ւը կ՚ա­ւել­նայ։ Ո՜վ խեղճ, բան մը որ ար­դէն կը պակ­սի իրմէ՝ ա­պա ինչ­պէ՞ս պի­տի ա­ւել­նայ…։

Ո­մանք ա՛լ ա­ւե­լիին կը ձգտին՝ ա­ռանց նա­յե­լու ի­րենց վի­ճա­կին. ո՛չ ի­րենց կեն­ցա­ղը, ո՛չ կե­ցուած­քը չ՚ար­տօ­ներ, որ ա­ւե­լին ու­նե­նայ, քա­նի որ ա­ւե­լին ու­նե­նա­լու հա­մար պէտք է նախ ա­ռա­ւե­լու­թիւն ու­նե­նայ մէ­կը, յե­տոյ իր կե­ցուած­քով «տի­պար» ըլ­լայ, լաւ օ­րի­նակ ըլ­լայ ժո­ղո­վուր­դին՝ ի՛նչ որ ան­յար­մար է ա­նոնց կեն­ցա­ղը, կե­ցուած­քը, ընդ­հա­նուր գի­տե­լի­քը։ Այդ­պի­սի­ներ կը կար­ծեն ձե­ւա­պաշ­տու­թիւ­նը կը փրկէ զի­րենք, բայց չեն կրնար խա­բել  ի­րենց շուր­ջին­նե­րէն բաղ­կա­ցած խում­բը, թե­րեւս միայն ի­րենք զի­րենք եւ մի քա­նի միա­միտ, պար­զա­միտ «կոյր»եր…։ Այդ­պի­սի­ներ ի­րենք զի­րենք Ե­կե­ղեց­ւոյ տէ­րը կար­ծե­լու յա­ւակ­նո­տու­թիւ­նը ու­նին, մինչ­դեռ Ե­կե­ղեց­ւոյ բո­լոր ծա­ռա­յող­ներ՝ մին­չեւ ա­մե­նա­բարձր աս­տի­ճան՝ Ե­կե­ղեց­ւոյ ան­դամ­ներն են միա՛յն…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Նո­յեմ­բեր 13, 2015, Իս­թան­պուլ

 

 

 

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 17, 2015