ԳՐԻ­ՉԸ ՈՒ­ՂԻ՛Ղ ՇԱՐ­ԺԵԼ

«Գրիչ բռնել» կամ «գրիչ շար­ժել», այ­սինքն՝ գրի­չը գոր­ծա­ծել, օգ­տա­գոր­ծել եւ գրի­չին կեա՛նք տալ, մէկ բա­ռով ե­թէ ար­տա­յայ­տել ու­զենք՝ գրե՛լ։ Լաւ է այս։

Բայց հարց մը կա՛յ, այն է որ «գրիչ»ը որ­պէս­զի իր պար­տա­կա­նու­թիւ­նը ու­ղիղ, նպա­տա­կա­յար­մար եւ շի­տակ կեր­պով կա­րե­նայ կա­տա­րել, պէտք է՝ «սուր» ծայր ու­նե­նայ՝ լաւ խնա­մուած եւ բծախնդ­րու­թեամբ տա­շուա՛ծ։

Այս կը վե­րա­բե­րի նիւ­թա­կան ի­մաս­տով «գրիչ»ին, իսկ «գրող»ի ի­մաս­տով՝ հմուտ, բա­նա­ւոր ըլ­լա­լու՝ լա՛ւ մշա­կուած եւ պատ­րաս­տուա՛ծ։ Այ­լա­պէս ե­թէ ա­մէն գրել փոր­ձող գրիչ բռնե­լու կամ շար­ժե­լու ձեռ­նար­կէ, ինք­զինք ի­րա­ւա­սու եւ հե­ղի­նա­կա­ւոր նկա­տէ, կրնայ շե­ղում­ներ պա­տա­հի իս­կա­կան նպա­տա­կէն եւ սխա­լանք­նե­րու եւ մո­լո­րում­նե­րու պատ­ճառ դառ­նայ…։

Ու­րեմն գրե­լը՝ գրիչ բռնել եւ շար­ժե­լը լուրջ պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն պա­հան­ջող գործ մըն է՝ ի՛նչ որ խօ­սե­լու չի նմա­նիր, քա­նի որ «խօս­քը կրնայ կոր­սուիլ, բայց գի­րը յա­ւէտ կը մնա՛յ»։ Ար­դա­րեւ, թէեւ խօ­սե­լու ա­տեն պէտք է ու­շա­դիր եւ բծախն­դիր ըլ­լալ, բայց գրե­լու ժա­մա­նակ այս՝ բազ­մա­պա­տիկ կեր­պով կ՚ա­ւել­նայ։

Այս ի­մաս­տով «գրել»ը՝ «գրիչ» ըլ­լա­լը պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան հարց մըն է՝ ամ­բողջ ըն­կե­րու­թեան, բո­լոր մարդ­կու­թեան հան­դէպ, ո՛չ միայն ներ­կա­յին, հա­պա ամ­բողջ ա­պա­գա­յի նկատ­մամբ։ Ուս­տի ո­մանք «խօ­սիլ» կը կար­ծեն, ա­նոնք խօ­սած պա­հուն թե­րեւս կը շե­ղին նպա­տա­կէն, բայց յե­տոյ կը մոռ­ցուին, շատ ալ տպա­ւո­րու­թիւն չեն գոր­ծեր, ե­թէ կա­րե­ւո­րու­թիւն չի ներ­կա­յաց­ներ ան։ Ար­դա­րեւ շա՜­տեր կը խօ­սին, կը խօ­սին «բան» մը ը­սած կը կար­ծեն, եւ ո՛­չինչ կ՚ը­սեն եւ այդ «ո՛­չինչ»ը ար­դէն շուտ մը կը կոր­սուի, կ՚ոչն­չա­նա՜յ։

Բայց սի­րե­լի՜­ներ, «գրիչ»ը այդ­պէս չէ՛. կը մնայ եւ կը տպա­ւո­րէ, ո՛չ թէ պա­հուն, այլ այն­քան ա­տեն որ գի­րը կը մնայ, կը շա­րու­նա­կէ ներ­կայ ըլ­լալ՝ ո՛չ միայն պա­հուն, այլ ա­պա­գա­յին մէջ։

Գի­տեմ, կը զգամ, որ մեր սի­րե­լի՜ ու­շա­դիր ըն­թեր­ցող բա­րե­կամ­ներ պի­տի նկա­տեն հա­կա­սու­թիւն մը մեր այս խորհր­դա­ծու­թիւն­նե­րու եւ յա­ճախ կրկնած «հո­գեմ­տա­ւո­րա­կան» ըլ­լա­լու գա­ղա­փա­րին մի­ջեւ։ Սա­կայն ես չեմ կար­ծեր, որ հա­կա­սու­թիւն մը գո­յու­թիւն ու­նե­նայ այս եր­կու­քին մի­ջեւ, քա­նի որ «մտա­ւո­րա­կան» ըլ­լալ միտ­քը, բա­նա­կա­նու­թիւ­նը գոր­ծա­ծե­լու հարց մըն է, իսկ գրե­լը՝ խոր­հուր­դը, միտ­քը ու­րիշ­նե­րու փո­խան­ցե­լու, տա­րա­ծե­լու ա­ռա­քե­լու­թի՛ւն մըն է։ Ու­րեմն «խոր­հիլ», «մտա­ծել», «գա­ղա­փար յղա­նալ», ա­մէն բա­նա­ւոր էա­կի թէ՛ ի­րա­ւուն­քը եւ թէ պար­տա­կա­նու­թիւնն է. իսկ զայն փո­խան­ցել եւ տա­րա­ծել՝ պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն պա­հան­ջող ա­րարք մը։

Ու­րեմն չսպա­սենք ա­մէն մէ­կէ գի­րով ար­տա­յայ­տել իր միտ­քը, իր խոր­հուր­դը կամ յղա­ցած գա­ղա­փա­րը, մա­նա­ւանդ մաս­նա­գի­տու­թիւն պա­հան­ջող հար­ցե­րու շուրջ։ Բայց խօ­սած ա­տեն ալ պէտք է են­թա­կան լաւ ո­րո­շէ՝ ո՛չ թէ ի՛նչ պէտք է խօ­սի կամ ը­սէ, այլ՝ ի՛նչ որ պէտք չէ ը­սել, պէտք է զգոյշ ըլ­լալ ար­տա­յայ­տե­լու ա­տեն ո­րե­ւէ միտք կամ անձ­նա­կան գա­ղա­փար։ Եւ ինչ­պէս նա­խա­պէս ը­սած ենք, գա­ղա­փար յայտ­նե­լու հա­մար, մէ­կը առ­նուազն ո­րոշ տե­ղե­կու­թիւն մը, գի­տու­թիւն մը ու­նե­նայ գա­ղա­փար յայտ­նած նիւ­թին շուրջ։ Ուս­տի ա­ռանց գի­տու­թեան, գո­նէ նուա­զա­գոյն տե­ղե­կու­թեամբ միտք յայտ­նել, գա­ղա­փար յղա­նալ՝ կրնայ սխա­լեց­նել թէ՛ են­թա­կան, թէ շուր­ջին­նե­րը։

Եւ դար­ձեալ կու գանք այն կէ­տին՝ թէ չա­փա­ւո­րու­թիւ­նը, կշի­ռը ինչ­պէս ա­մէն յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու մէջ, մա­նա­ւանդ մտա­ւոր եւ հո­գե­ւոր կեան­քի մէջ կա­րե­ւոր է ե՛ւ անհ­րա­ժե՛շտ։ Չենք ը­սեր «մաս­նա­գի­տու­թիւն», բայց գո­նէ նուա­զա­գոյն տե­ղե­կու­թիւն ու­նե­նա­լու է երբ ըն­կե­րա­յին-հա­սա­րա­կա­կան ձեռ­նակ մը կա­տա­րել կը փոր­ձուի։ Կեան­քի ընդ­հա­նուր փոր­ձա­ռու­թիւ­նը եւ մա­նա­ւանդ ըն­կե­րա­յին կեան­քի զա­նա­զան ի­րա­դար­ձու­թիւն­ներ ցոյց տուած են, որ շատ մը ձեռ­նար­կում­ներ, մի­ջամ­տու­թիւն­ներ կը կա­տա­րուին եւ կը հան­դի­սա­նան յա­ճախ ա­նի­րա­ւա­սու, լիա­զօ­րու­թիւն չու­նե­ցող՝ ինք­նա­կոչ պաշ­տօ­նա­տար­նե­րու, ի­րենք ի­րենց­մէ եւ կամ դար­ձեալ ի­րենց նման ա­նի­րա­ւա­սու ան­ձե­րու կող­մէ պաշ­տօն ստանձ­նած ան­ձե­րու մի­ջո­ցով։ Այդ­պի­սի ան­հիմն պաշ­տօ­նա­կա­լու­թիւն մը՝ ո՛չ թէ օ­գուտ, այլ մա­նա­ւանդ վնա՛ս կը պատ­ճա­ռէ ամ­բողջ ըն­կե­րու­թեան, հա­սա­րա­կու­թեան։

Այս մա­սին պարզ օ­րի­նակ մը կրնայ բա­ցատ­րել մեր միտ­քը. ա­նօ­թի մէ­կը ու­տե­լիք կ՚ու­զէ ձեզ­մէ, դուք միայն նե­խած, հո­տած ու­տե­լիք կու տաք այդ ա­նօ­թի մար­դուն։ Ա­պա ու­րեմն բա­րի՞ք ըլ­լած կ՚ըլ­լաք թէ՝ չա­րիք։ Ու­րիշ խօս­քով՝ ե­թէ չու­նիք ու­րիշ ու­տե­լիք, այդ հո­տա­ծը տա՞լ ա­ւե­լի օգ­տա­կար է, քան չտա­լը։ Նե­խած, հո­տած ու­տե­լի­քը ա­նօ­թի մար­դուն պա­հանջ­քը չի գո­հաց­ներ, քա­նի որ ե­թէ ու­տէ, նոյ­նիսկ ի­րեն ո՛չ թէ օ­գուտ այլ վնաս պի­տի պատ­ճա­ռէ։ Ու­րեմն ե­թէ հաս­տատ գի­տու­թեան վրայ չէ հիմ­նուած խօս­քը կամ գրու­թիւ­նը՝ ո­րե­ւէ նպա­տա­կի չի ծա­ռա­յեր, ե­թէ նոյ­նիսկ վնա­սա­կար չըլ­լայ, օգ­տա­կար ալ չ՚ըլ­լար՝ անն­պա­տակ աշ­խա­տանք, պա­րապ յոգ­նու­թիւն միայն, եւ թե­րեւս խօ­սո­ղին կամ գրո­ղին հա­մար ինք­նագո­հաց­ման մի­ջոց միայն…։

Ու­րիշ օ­րի­նակ մըն ալ տանք, ո՞­րը կը նա­խընտ­րէք՝ սնտուկ մը լե­ցուն փտած խնձո՞­րը, թէ՝ միայն մէկ հատ թարմ խնձո­րը։ Եւ քա­նի որ մէկ թարմ խնձո­րը ա­ւե­լի ա­ռող­ջա­րար եւ օգ­տա­կար է, ու­րեմն բա­նա­կա­նու­թիւ­նը կ՚ը­սէ, թէ՝ պէտք է նա­խընտ­րել մէկ թարմ խնձո­րը, քան ամ­բողջ սնտուկ մը լե­ցուն խնձո­րը։ Այս օ­րի­նա­կէն կը հե­տեւց­նենք սա եզ­րա­կա­ցու­թիւ­նը՝ թէ կա­րե­ւո­րը ո­րա՛կն է քան քա­նա­կը։ Եւ կը կրկնենք սա մտա­ծու­մը, թէ՝ կան մար­դիկ, որ շատ կը խօ­սին ու ո՛­չինչ կ՚ը­սեն, եւ կան՝ ո­րոնք սա­կա­ւա­խօս են բայց շա՜տ բան կ՚ը­սեն՝ օգ­տա­կար եւ օգ­տա­գոր­ծե­լի՛։ Եւ ա­հա­ւա­սիկ «գրիչ»ին ալ պար­տա­կա­նու­թիւ­նը ըլ­լա­լու է՝ օգ­տա­կա­րը, նպաս­տա­ւո­րը, շա­հա­ւէ­տը եւ պի­տա­նին։

«Գրիչ»ը ի­րա­պէս գրի՛չ կ՚ըլ­լայ, երբ իր կա­րո­ղու­թեան ու տա­րո­ղու­թեան չա­փով օ­գուտ մը կ՚ա­պա­հո­վէ հա­սա­րա­կու­թեան…։

 ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Դեկ­տեմ­բեր 10, 2015, Իս­թան­պուլ

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 17, 2015