ԿՈՐՈՒՍՏՆԵՐՈՒ ԱՐԳԱՍԻՔԸ

Կո­րուս­տը, մարդ­կա­յին կեան­քին մէջ միշտ ցաւ կը պատ­ճա­ռէ։

Ինչ որ ալ ըլ­լայ կոր­սուա­ծը՝ ո­րե­ւէ ա­ռար­կայ կամ ապ­րող էակ, հոգ կը պատ­ճա­ռէ մար­դուն եւ կ՚ու­զէ ժամ ա­ռաջ գտնել կորսուա­ծը եւ վերս­տին տի­րա­նալ ա­նոր։ Բնա­կան զգա­ցում մըն է այս, եւ աս­տի­ճա­նա­բար կը տես­նուի ա­մէն մար­դու մէջ։ Կո­րուս­տը ի­րա­պէս ցա՛ւ կը պատ­ճա­ռէ։

Բայց կո­րուս­տը ու­նի նաեւ նպաս­տա­ւոր կողմ մը, «ար­գա­սիք» մը՝ որ մար­դուս կ՚անդ­րա­դարձ­նէ կոր­սուա­ծին ար­ժէ­քը։ Նա­խա­պէս ան­տե­սուած կամ ար­ժէ­քը չգիտցուած ո­րե­ւէ բան կամ ոե­ւէ անձ երբ կորստեան մատ­նուի, այն ա­տեն մարդ կ՚անդ­րա­դառ­նայ ա­նոր բա­ցա­կա­յու­թեան ե՛ւ կա­րե­ւո­րու­թեան իր կեան­քին մէջ, եւ այն ա­տեն ա­հա­ւա­սիկ, կը նշմա­րէ, թէ ո՛ր­քան ար­ժէք կը ներ­կա­յաց­նէ կոր­սուա­ծը ի­րեն հա­մար։ Այս ի­մաս­տով կ՚ը­սենք, թէ կո­րուս­տը ու­նի նաեւ օգ­տա­կար ար­դիւնք մը՝ ար­գա­սիք մը, ար­ժէք ճանչ­նա­լու, ար­ժէք գնա­հա­տե­լու պատ­ճառ կ՚ըլ­լայ, ի՛նչ որ շատ ան­գամ կը պակ­սի մար­դոց­մէ…։

Մար­դիկ յա­ճախ չեն գիտ­նար ու չեն կրնար գնա­հա­տել ի­րենց ձեռ­քին տակ, ի­րենց մօտ ե­ղա­ծին ար­ժէ­քը։

Մար­դիկ, ընդ­հան­րա­պէս կը կար­ծեն գտնել ի­րենց ան­զուսպ ու ան­հա­կակ­շիռ կեն­ցա­ղա­վա­րու­թեան, ստա­ցուած­քի եւ մա­նա­ւանդ դրա­մի ա­ռա­տու­թեան մէջ եր­ջան­կու­թիւ­նը, եւ կամ ը­սենք՝ «աշ­խար­հի դրախ­տա­ցում»ը։

Ար­դա­րեւ ան­հա­կա­կա­շիռ կեն­ցա­ղա­վա­րու­թեան հա­մար ինք­նավս­տա՛հ խել­քը, «ինք­նա­հա­ւան ու մե­ծա­միտ միտք»ը՝ բա­ւա­կան է, եւ շա­տեր դժբախ­տա­բար այս աշ­խար­հի վրայ շա՜տ կը հաւ­նին ի­րենց խել­քին, ի­րենց դա­տո­ղու­թեան, ի­րենց ո­րո­շում­նե­րուն եւ ըստ այնմ կը նե­տուին կեան­քի յոր­ձան­քին մէջ։ Կիր­քեր կը գե­րիշ­խեն մար­դոց մե­ծա­մաս­նու­թեա՛ն վրայ, եւ չե՛ն կրնար մար­դիկ ար­դար դա­տո­ղու­թիւն կա­տա­րել, ե­րախ­տա­գի­տու­թեան զգա­ցու­մը օ­տար կը մնայ ա­նոնց եւ ո՛չ ար­ժէք կը գնա­հա­տեն, ո՛չ ալ՝ ի­րա­ւունք կը ճանչ­նան։

Եւ այս տե­սակ մար­դիկ երբ կորսնց­նեն ի­րենց ու­նե­ցած ո­րե­ւէ բան, այն ա­տեն կ՚անդ­րա­դառ­նան թէ ի­րենց­մէ ա­ւե­լի, ի­րենց­մէ ու­րիշ, ի­րենց­մէ դուրս ալ ար­ժէք­ներ կը գտնուին։ Ա­հա­ւա­սիկ, ժա­մա­նա՛կն է անդ­րա­դառ­նա­լու եւ ցա՛ւ զգա­լու, ո՞ւշ են մնա­ցած, ո՛չ, քա­նի որ ո՛չ մէկ բան ուշ է եւ ա­մէն ինչ ժա­մա­նա­կի կը կա­րօ­տի, ա­մէն ինչ կա­տա­րե­լի ժա­մա­նա՜կ մը ու­նի։

Ե­րա­նի՜ մարդ ա­ռանց կորսնց­նե­լու ար­ժէք գիտ­նար…։

Երբ կո­րուստ­նե­րու մա­սին կը խօ­սինք, կ՚ար­ժէ նկա­տի առ­նել, թէ բո­լոր «կորսուած»նե­րը ի­րենց ար­ժէք­նե­րը ու­նին, բայց կը տար­բե­րի կո­րուստ­նե­րուն ձեւն ու ե­ղա­նա­կը։ Զոր օ­րի­նակ, բա­րո­յա­պէս կո­րուստ­նե­րու մէջ, մարդ «կը կոր­սուի՝ իր խել­քին եւ իր անձ­նա­կան պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան տակ, քա­նի որ մար­դը ի­մա­ցա­կան ու դա­տո­ղա­կան կա­րո­ղու­թիւն­նե­րով օժ­տուած է. ան գի­տէ, թէ ի՛նչ կ՚ը­նէ, այ­սինքն գի­տակ­ցու­թեամբ կը շար­ժի։

Իսկ նիւ­թա­կան կամ ան­կեն­դան ի­րե­րու կո­րուս­տը կը պա­տա­հի անզ­գու­շու­թեամբ, ան­տար­բե­րու­թեամբ եւ կամ կա­րե­ւո­րու­թիւն չըն­ծա­լե­լու պատ­ճա­ռով, ինչ որ կ՚են­թադ­րէ կորսնց­նո­ղին պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը եւ ո՛չ կոր­սուա­ծի­նը։ Նաեւ, մար­դուս կո­րուս­տը թէ՛ մարմ­նա­կան, թէ՛ նիւ­թա­կան եւ թէ բա­րո­յա­կան կրնայ ըլ­լալ, իսկ ան­կեն­դան ի­րե­րու կո­րուս­տը տե­ղի կ՚ու­նե­նայ միայն «նիւ­թա­կան կո­րուստ»ի ձե­ւով։

Ու­րեմն, ինք­նամ­փոփ­ման, ինք­նա­ճա­նա­չու­թեան, ներ­հա­յե­ցո­ղու­թեան եւ ինք­նասրբութեան շրջա­նին՝ մարդ պէտք է խոր­հի  թէ՛ բա­րո­յա­կան կո­րուս­տի մա­սին, որ­մէ ի՛նք պա­տաս­խա­նա­տու է, եւ թէ ի­րե­րու, ստա­ցուածք­նե­րու կո­րուս­տի մա­սին՝ ո­րոնց­մէ դար­ձեալ ի՛նք պա­տաս­խա­նա­տու է։ Ուս­տի «կոր­սուած»ին ցա­ւիլ չի բա­ւեր, ին­չո՞ւ, ինչ­պէ՞ս կոր­սուե­ցաւ, ի՞նչ ե­ղաւ պատ­ճա­ռը այդ կո­րուս­տին՝ ա­սոնց վրայ պէտք է խո­րա­նայ մարդ, եւ ըն­դու­նի իր սխալ­նե­րը, շե­ղում­նե­րը, ան­կեղ­ծու­թեամբ եւ ո՛չ մե­ծա-մըտու­թեամբ։

«Ես սխալ չեմ գոր­ծեր», ը­սե­լը ա­մե­նա­մեծ սխա՛լն է, որ մարդս կը տա­նի կո­րուս­տի՝ թէ՛ նիւ­թա­կան եւ թէ բա­րո­յա­կան։ Ու­րեմն օգտուինք Մեծ պահ­քի բա­րե­պա­տեհ շրջա­նէն՝ խոր­հինք, խորհր­դա­ծենք, մենք զմեզ քննենք, ըն­դու­նինք մեր սխալ­նե­րը եւ պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը ու­նե­նանք սրբագ­րե­լու եւ չկրկնե­լու զա­նոնք…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարտ 11, 2015, Իս­թան­պուլ

Երկուշաբթի, Մայիս 18, 2015