ՅԻՇԵԼ ԵՒ ՄՈՌՆԱԼ

Յիշելու եւ մոռնալու մասին խորհրդածելէ առաջ, ըսենք որ յիշելը՝ մոռցած ըլլալը կերպով մը խոստովանիլ կը նշանակէ։ Շատ հասկնալի է, որ մոռցուածը կը յիշուի, եւ այն՝ որ չէ մոռցուած յիշել անիմաստ է։

Առաւօտ երբ կ՚արթննայ մարդ, կեանքին սկզբնակէտէն չի սկսիր, ան նորածին մը չի՛ կրնար ըլլալ։ Արդարեւ, մարդ յիշատակներու մէջ կ՚ապրի՝ մոռցուած դէպքերու տպաւորութեան եւ ազդեցութեան տակ։ Տրտմութիւններ, նեղութիւններ, ուրախութիւններ, հպարտութիւն պատճառող յաջողութիւններ, ամօթալի անյաջողութիւններ, ցաւեր, վիշտեր, ցասումներ եւ մոլեգնութիւններ, հաճոյքներ պատած են մարդուն «յիշողութեան համակարգ»ը։ Եւ մարդ իր ամբողջ ընթացքին այս յիշատակներով կ՚ապրի։ Այս յիշողութիւններուն կարգին է նաեւ՝ ենթագիտակցութեան մէջ գաղտնի մնացած զգացումներ. բոյր մը, ձայն մը, բաղձանք մը, ապրում մը։ Եւ այս իմաստով, մարդ բեռնաւորուած «յիշողութիւն» մըն է։

Այս պայմաններուն մէջ՝ մարդ պարտի նա՛խ ինքզինք յիշել։ Ուստի, ինքզինք «մոռնալ» յաճախ ապրուած վիճակ մըն է։ Մարդ, ընդհանրապէս, կեանքի տաղտուկին եւ խռովքին մէջ կը մոռնայ ինքզինք։ Մարդ, հոգեպէս, աւելի շատ կը հետաքրքրուի իր շուրջին հետ, քան իր իսկ անձին հետ։ Այս պարագային, ահաւասիկ, դէպք մը առիթ կ՚ըլլայ որ յիշէ ինքզինք եւ անդրադառնայ իր էութեան։ Ասիկա կը պատահի մանաւանդ ցաւի պատճառով։ Արդարեւ, կ՚ըսեն, որ մարդ երբ իր մարմնի ցաւը զգայ՝ կը զգայ որ կ՚ապրի, իսկ երբ ուրիշի մը ցաւին ցաւակից կ՚ըլլայ՝ կը զգայ թէ «մա՛րդ» է։

Ահաւասիկ, այս պատճառով, մարդուն միտքը մոռցուածներով եւ յիշուածներով լեցուած է, մարդ յիշատակներու ամբողջութիւն մըն է։ Եւ մարդ մոռացութեամբ պաշարուած յիշողութիւններով ապրող հոգեւոր եւ մարմնաւոր ամբողջութիւն մըն է։

Յիշելու համար նա՛խ կը հարցուի մոռցուածին անունը։ Ինքզինք յիշելու համար կը հարցուի սա հարցումը. «Ո՞վ եմ ես»։ Այո՛. ո՞վ ենք, ի՞նչու հոս ենք, ինչպէ՞ս հոս եկանք, ի՞նչ է մեր նպատակը եւ մեր վախճանը։ Մտահոգութիւններով եւ մտատանջութեամբ խճողուած մարդուս միտքը զայն յոռետեսութեան կը մղէ. իսկ յոռետեսութիւնը պատճառ կ՚ըլլայ, որ մարդ իր յիշողութեան անդրադառնայ եւ իր յիշողութենէն մխիթարութիւն ակնկալէ։

Միտքը շատ յաճախ լաւ դէպքերը կը յիշէ. աննպաստ դէպքերը մոռացութեան կը մատնէ։ Չէ՞ որ կ՚ըսենք եւ երանութեամբ կը յիշենք անցեալ, հին օրերը. «Ի՜նչ երանելի՜ օրեր էին անոնք…»։ Եւ այս պատճառով մխիթարութիւն կ՚ակնկալենք յիշողութիւններէն։ Յիշողութիւնը պատսպարան մը, թաքստոց մըն է։

Երկու հոգի ներկայ ժամանակին մէջ համահաւասար են, բայց անոնք կը տարբերին իրենց ամէն մէկուն յիշատակին նկատմամբ։ Մոռցուած բայց յիշողութեան մէջ պահուած դէպքեր, ապրումներ, վիճակներ կը կազմեն ենթակային հոգեկան եւ մտաւոր ինքնութիւնը։

Յիշատակները մարդուս ամբողջ կեանքն է։

Կ՚ըսեն, որ «ըսէ ընկերդ, ըսեմ թէ՝ ո՛վ ես»։ Այս խօսքը կարելի է վերածել սապէս. «Պատմէ յիշատակներդ, ըսեմ, որ ո՛վ ես…»։ Մենք, մեր յիշատակներով մե՛նք ենք…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Շաբաթ, Մայիս 18, 2024