ՎՐԷԺԽՆԴՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

«Ո­խա­կա­լու­թիւն» եւ «վրէժխնդ­րու­թիւն». ա­հա­ւա­սիկ եր­կու մո­լու­թիւն­ներ, ո­րոնց­մէ մարդ պէտք է հե­ռու մնայ։ Բայց բո­լոր միւս մո­լու­թիւն­նե­րուն նման, որ­քան որ մարդ պէտք է հե­ռու մնայ ա­նոնց­մէ, ա՛լ ա­ւե­լի կը մօ­տե­նայ եւ կար­ծես իր ա­մէ­նօ­րեայ կեան­քին ան­բա­ժա­նե­լի տար­րը՝ մտքին ու սրտին մէջ միշտ պա­տուոյ տե­ղը կու տայ ա­նոնց։ Ան­կեղծ ըլ­լանք, սի­րե­լի­նե՜ր. կա՞յ ար­դեօք մէ­կը, որ իր սրտին մէկ ան­կիւ­նը պա­հած չըլ­լայ ո՛խ մը մէ­կու մը հան­դէպ, չու­նե­նայ ո­խա­կա­լու­թեան այդ վատ զգա­ցու­մը իր հո­գիին մէջ։ Եւ դար­ձեալ, կը խոր­հի՞ք, թէ ըլ­լայ մէ­կը՝ որ իր միտ­քը զբա­ղե­ցու­ցած չըլ­լայ վրէժխնդ­րու­թեան ա­նի­մաստ հար­ցով մը։ Ո՜վ գի­տէ, ո­խի կամ վրէժխնդ­րու­թեան պատ­ճառն իսկ մոռ­ցուած է, եւ սա­կայն ո­խը եւ վրէժխնդ­րու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կէ՜…։

Մար­դիկ տա­րօ­րի­նակ են՝ բա­նի մը ե­տե­ւէն կ՚եր­թան, բայց պատ­ճա­ռը շատ ան­գամ ի­րենք ալ չեն յի­շեր կամ չեն գի­տեր։ «Ո՛խ», կ՚ը­սեն, «ին­չո՞ւ» կամ «ի՞նչ» եթէ հար­ցուի, պա­տաս­խան չեն կրնար տալ։

Եւ կար­ծեմ «մո­լու­թիւն» ը­սուա­ծը այս­պէս բան մըն է, պատ­ճա­ռը մէկ կողմ թո­ղուած, միայն ար­դիւն­քով ներ­կա­յա­ցած ե­րե­ւոյթ մը։ Վրէժխնդ­րու­թիւնն ալ նոյնն է. մարդ վրէժ լու­ծել կ՚ու­զէ, բայց «ին­չո՞ւ», «ի՞նչ» հար­ցում­նե­րուն պա­տաս­խա­նե­լու մէջ կը դժուա­րա­նայ։ Կար­ծեմ բո­լոր մո­լու­թիւն­նե­րու հա­սա­րա­կաց կէտն է այս։ Զոր օ­րի­նակ, ծխե­լու մո­լու­թիւն ու­նե­ցո­ղի մը եթէ հարց­նէք, թէ ին­չո՞ւ կը ծխէ, վստահ եմ, որ ո­րոշ պա­տաս­խան մը պի­տի չկա­րե­նայ տալ։ Ա­նոնց միակ պա­տաս­խանն է՝ «Ին­չո՛ւ չեմ գի­տեր, վար­ժու­թիւն ե­ղեր է, սո­վո­րու­թիւն մը, որ կը շա­րու­նա­կուի», եւ այդ­քան։ Ո­րով­հե­տեւ, սի­րե­լի­նե՜ր, մո­լու­թիւն­նե­րը ո­րե­ւէ պատ­ճառ չու­նին, ծա­ծուկ կեր­պով կու գան ու կը գրա­ւեն միտքն ու սիր­տը եւ դժբախ­տա­բար գե­րի կը դարձ­նեն են­թա­կան։ Մո­լու­թիւ­նը, ո­րե­ւէ բա­նի, գե­րու­թիւն է մտա­յին ու հո­գե­կան, որ­մէ ա­զա­տիլ զօ­րա­ւոր կամք եւ նկա­րա­գիր կը պա­հան­ջէ։ Ու­րեմն կա­րե­լի է ը­սել, թէ մո­լու­թիւն­նե­րու գե­րի մար­դիկ նկա­րագ­րով ընդ­հան­րա­պէս տկա՛ր մար­դիկ են, կամք ու կո­րով կը պակ­սի ի­րենց­մէ եւ չեն կրնար փրկուիլ գե­րու­թե­նէ։

Այս ի­մաս­տով, ձեր դա­տու­մին կը թո­ղում, սի­րե­լի ըն­թեր­ցող բա­րե­կամ­ներ, ո­խա­կա­լու­թիւ­նը եւ ա­նոր հա­մըն­թաց վրէժխնդ­րու­թիւ­նը մո­լու­թիւն կա­րե­լի չէ՞ հա­մա­րել։ Բան մը՝ որ վնա­սա­կար է նախ ի­րեն, յե­տոյ իր շրջա­նա­կին, ըն­կե­րու­թեան եւ մարդ­կու­թեան, ա­պա ու­րեմն չթո­ղուլ զայն, ինքն ի­րեն գե­րու­թիւն չէ՞…։

Ե­կէ՛ք սի­րե­լի­ներ, այս խորհր­դա­ծու­թիւն­նե­րու լոյ­սին տակ, տես­նենք, թէ Սուրբ Գիր­քը ի՛նչ կ՚ը­սէ վրէժխնդ­րու­թեան մա­սին։ Իր ընդ­հա­նուր գի­ծե­րով՝ ան հա­կա­ռա՛կ է ա­մէն բա­րո­յա­գի­տա­կան սկզբունք­նե­րու։

Եւ դար­ձեալ բա­ցա­յայտ կեր­պով կը տեսնուի, որ ան ար­գի­լուած է կրօ­նա­կան տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րով։

«Վրէժ մի՛ առ­ներ եւ քու ժո­ղո­վուր­դիդ որ­դի­նե­րուն դէմ ոխ մի՛ պա­հեր, հա­պա քու ըն­կերդ քու ան­ձիդ պէս սի­րէ՛։ Ես եմ Տէ­րը» (ՂԵՒՏ. ԺԹ 18)։ Հոս պահ մը անդ­րա­դառ­նանք սա կա­րե­ւոր տար­բե­րու­թեան. ար­դար ի­րա­ւունք մը պաշտ­պա­նել ու­րիշ բան է՝ ո­խա­կալ ըլ­լալ եւ վրէժ լու­ծե­լու վրայ կեդ­րո­նա­նալ բո­լո­րո­վին տար­բեր բան, եւ երբ այս հար­ցով կը զբա­ղինք, այդ եր­կու ա­րարք­նե­րը պէ՛տք է բծախնդ­րու­թեամբ զա­տել ի­րար­մէ, մին ար­դա­րու­թեան հարց է, իսկ միւ­սը՝ մո­լու­թեան։ Եւ այս ընդ­մի­ջու­մէն յե­տոյ շա­րու­նա­կենք հե­տե­ւիլ Սուրբ Գիր­քի զա­նա­զան տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րուն։ Տես­նենք, թէ ի՛նչ կ՚ը­սէ.

«Մի՛ ը­սեր՝ ա­նի­կա ին­ծի ինչպէս որ ը­րաւ, ես ալ ա­նոր այն­պէս պի­տի ը­նեմ, այն մար­դուն իր գոր­ծին հա­մե­մատ հա­տու­ցում պի­տի ը­նեմ» (Ա­ՌԱԿ. ԻԴ 29)։ Եւ ա­հա­ւա­սիկ այս տո­ղե­րը ցոյց կու տան «ար­դա­րու­թեան» տար­բե­րու­թիւ­նը՝ ո­խա­կա­լու­թե­նէն եւ վրէժխնդ­րու­թե­նէն։

«Չա­րու­թեան փո­խա­րէն մէ­կո՛ւն չա­րու­թիւն մի՛ հա­տու­ցա­նէք. բո­լոր մար­դոց առ­ջեւ բա­րի բա­ներ ը­նե­լու հոգ տա­րէ՛ք։ Որ­չափ կա­րե­լի է ձե­զի՝ ա­մէն մար­դու հետ խա­ղա­ղու­թիւն ու­նե­ցէ՛ք։ Սի­րե­լի­նե՛ր, վրէժխնդ­րու­թիւն մի՛ ը­նէք ձեր ան­ձե­րուն հա­մար, այլ բար­կու­թեան տե­ղի տուէ՛ք, վասն­զի գրուած է.- Վրէժխնդ­րու­թիւ­նը Ի՛մս է, Ե՛ս պի­տի հա­տու­ցա­նեմ, կ՚ը­սէ Տէ­րը։ Ուս­տի ե­թէ քու թշնա­միդ ա­նօ­թե­ցեր է՝ հաց տուր ա­նոր, քա­նի որ այս ը­նե­լով՝ ա­նոր գլխուն վրայ կրա­կի կայ­ծեր պի­տի դի­զես։ Չա­րէն մի՛ յաղ­թուիր, հա­պա բա­րիով յաղ­թէ՛ չա­րին»։

Այս­պէս կ՚ը­սէ Պօ­ղոս ա­ռա­քեալ. (ՀՌՈՄ. ԺԲ 17-21), եւ մա­նա­ւանդ երբ կ՚ը­սէ՝ չա­րէն մի՛ յաղ­թուիր, յատ­կա­պէս կը մատ­նան­շէ՝ ա­պա­ւի­նիլ ար­դա­րու­թեան, եւ ո՛չ թէ ո­խա­կա­լու­թեան եւ վրէժխնդ­րու­թեան մո­լո­րու­թիւն­նե­րուն։

Ը­սինք, որ ո­խա­կա­լու­թիւ­նը եւ վրէժխնդրու­թեան ո­գին, ա­մէն բա­նէ ա­ռաջ կը վնա­սէ են­թա­կա­յին, եւ կա­րե­լի չէ՛ հասկ­նալ՝ մար­դիկ ին­չո՞ւ վնա­սա­կար բան մը կը շա­րու­նա­կեն կա­տա­րել, զոր օ­րի­նակ, ծխե­լու մո­լու­թիւն ու­նե­ցող­ներ, հասկ­նա­լի չէ՛, թէ՝ գիտ­նա­լով ծխե­լու պատ­ճա­ռած վնաս­նե­րը թէ՛ ի­րենց եւ թէ շուր­ջին­նե­րուն, կը շա­րու­նա­կեն ծխել եւ վնաս հասց­նել թէ՛ ի­րենց եւ թէ ի­րենց մեր­ձա­ւոր­նե­րուն…։ Եւ կար­ծեմ, կարգ մը հար­ցում­ներ կան՝ ո­րոնց բա­նա­ւոր կեր­պով պա­տաս­խա­նել ան­կա­րե­լի է շատ ան­գամ։

Մենք դար­ձեալ շա­րու­նա­կենք Պօ­ղոս ա­ռա­քեա­լի խօս­քե­րով, ո­րոնք յստակ կեր­պով կը բա­ցա­յայ­տեն ո­խա­կա­լու­թեան եւ վրէժ-խընդ­րու­թեան ա­նըն­դու­նե­լի ա­րարք­ներ ըլ­լա­լը։ «Զգու­շա­ցէ՛ք, չըլ­լայ որ մէ­կը չա­րու­թեան փո­խա­րէն չա­րու­թիւն հա­տու­ցա­նէ մէ­կուն. հա­պա ա­մէն ա­տեն բա­րիք ը­նե­լու ե­տե­ւէ ե­ղէք թէ՛ ի­րա­րու եւ թէ ա­մէ­նուն» (Ա ԹԵ­ՍԱՂ. Ե 15)։­

Ըն­կե­րա­յին խա­ղա­ղու­թիւ­նը բա­րի­քով չէ՞ որ կա­րե­լի պի­տի ըլ­լայ հաս­տա­տել. ա­պա ու­րեմն ի՞նչ ի­մաստ ու­նի շա­րու­նա­կել ո­խա­կա­լու­թեան եւ վրէժխնդ­րու­թեան ո­գին։

Պետ­րոս ա­ռա­քեալ ալ, իր Ընդ­հան­րա­կան Ա­ռա­ջին նա­մա­կին մէջ սա­պէս կ՚ը­սէ. «Չըլ­լայ որ չա­րու­թեան փո­խա­րէն չա­րու­թիւն հա­տու­ցա­նէք կամ նա­խա­տին­քի փո­խա­րէն՝ նա­խա­տինք, այլ ընդ­հա­կա­ռակն՝ օրհ­նե­ցէ՛ք, գիտ­նա­լով, որ այս բա­նին հա­մար կան­չուած էք, կան­չուե­ցաք, որ­պէս­զի օրհ­նու­թիւն ժա­ռան­գէք» (Ա ՊԵՏՐ. Գ 9)։ Ու­րեմն՝ վրէժխնդ­րու­թիւ­նը եր­բե՛ք պէտք չէ նոյ­նաց­նել՝ ար­դար կեր­պով ի­րա­ւունք պա­հան­ջե­լու բա­նա­ւոր ա­րար­քին հետ։ Ար­դա­րեւ, Քրիս­տոս ի՛նք տի­պար մը ե­ղաւ եւ իր իսկ օ­րի­նա­կով ցոյց տուաւ, թէ պէտք է չա­րու­թեան փո­խա­րի­նել բա­րի­քով։

Ուս­տի Պետ­րոս ա­ռա­քեալ կը վկա­յէ, թէ ի՛նչ­պէս Քրիս­տոս ա­մէն չա­րու­թիւն փո­խա­րի­նեց բա­րի­քով. «Ան մեղք չգոր­ծեց ու իր բեր­նին մէջ նեն­գու­թիւն չգտնուե­ցաւ։ Բայց կը նա­խա­տուէր եւ փո­խա­րէ­նը չէ՛ր նա­խա­տեր, կը չար­չա­րուէր ու սպառ­նա­լիք չէ՛ր ը­ներ. հա­պա ինք­զինք ար­դար դա­տա­ւո­րին կը յանձ­նէր» (Ա ՊԵՏՐ. Բ 22-23)։ Այս տո­ղե­րէն ալ կը հասկ­ցուի, որ հա­տու­ցու­մի պա­հանջ­քը ո՛չ թէ վրէժխնդ­րու­թեամբ, այլ ար­դա­րու­թեամբ ըլ­լա­լու է։

Եւ Քրիս­տոս վրէ­ժով հա­տու­ցա­նել ու­զող­նե­րը խիստ կեր­պով կը յան­դի­մա­նէ, ինչ­պէս կը վկա­յէ Ղու­կաս Ա­ւե­տա­րա­նիչ. «Երբ իր ա­շա­կերտ­նե­րը, Յա­կո­բոս ու Յով­հան­նէս, ի­մա­ցան, ը­սին ա­նոր.- Տէ՛ր, կ՚ու­զե՞ս որ ը­սենք եւ երկն­քէն կրակ իջ­նէ ու սատ­կեց­նէ զա­նոնք, ինչ­պէս Ե­ղիան ալ ը­րաւ։ Յի­սուս դար­ձաւ, յան­դի­մա­նեց զա­նոնք, ը­սե­լով.- Չէք գի­տեր, թէ ի՛նչ հո­գիի տէր էք դուք։ Վասն­զի Մար­դու Որ­դին չե­կաւ մար­դոց հո­գի­նե­րը կորսնց­նե­լու, հա­պա փրկե­լո՛ւ» (ՂՈՒԿ. Թ 54-56)։ Ար­դա­րեւ քրիս­տո­նէու­թեան ո­գիին եւ ընդ­հա­նուր վար­դա­պե­տու­թեան ներ­հակ է վրէժխնդ­րու­թեան ո­գին։ Վրէժխնդ­րու­թեան ո­գին յա­ռաջ կու գայ քի­նախն­դիր սրտէ, ինչ­պէս կը վկա­յէ Մար­գա­րէն. «Տէր Աս­տուած այս­պէս կ՚ը­սէ.- Ո­րով­հե­տեւ փղշտա­ցի­նե­րը վրէժխնդ­րու­թեամբ վարուե­ցան ու հո­գիի ար­հա­մար­հան­քով վրէժ ա­ռին՝ հին օ­րե­րու ա­տե­լու­թեամբ ա­ւե­րե­լով» (Ե­ԶԵ­ԿԻԷԼ ԻԵ 15)։ Ուս­տի փո­խա­նակ վրէժխնդ­րու­թեան ո­գիով վա­րուե­լու՝ պէ՛տք է Աս­տու­ծոյ ա­պա­ւի­նիլ, աս­տուա­ծա­յին ար­դա­րու­թեան վստա­հիլ։ Վրէժխնդ­րու­թեան ո­գին եր­բեք չի հա­մե­մա­տիր ար­դա­րու­թեան ճշմա­րիտ ո­գիին։ Ա­ռա­կա­խօ­սը այս մա­սին կ՚ը­սէ. «Չա­րու­թեան փո­խա­րէ­նը պի­տի հա­տու­ցա­նեմ, մի՛ ը­սեր, Տէ­րո­ջը սպա­սէ ու Ա­նի­կա քե­զի պի­տի օգ­նէ» (Ա­ՌԱԿ. Ի 22)։ Իսկ Պօ­ղոս ա­ռա­քեալ հռով­մա­յե­ցի­նե­րու գրած իր նա­մա­կին մէջ կը պա­տուի­րէ՝ վրէժխնդ­րու­թիւն չը­նել։

«Սի­րե­լի­նե՛ր, վրէժխնդ­րու­թիւն մի՛ ը­նէք ձեր ան­ձե­րուն հա­մար, հա­պա բար­կու­թեան տե­ղի տուէ՛ք, քա­նի որ գրուած է.- Վրէժխնդ­րու­թիւ­նը Ի՛մս է, Ե՛ս պի­տի հա­տու­ցա­նեմ…» (ՀՌՈՄ. ԺԲ 19)։ Գործ­նա­կա­նի մէջ ո՜ր­քան դժուար է մար­դուս հա­մար չա­րի­քին բա­րիով փո­խա­րի­նել, բայց ա­ռա­քի­նու­թիւ­նը ա՛յդ կը պա­հան­ջէ, եւ կա­րե­ւո­րը դժուա­րը կա­րե­նալ կա­տա­րե՛լն է…։

 ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մա­յիս 4, 2015, Իս­թան­պուլ

Երեքշաբթի, Մայիս 19, 2015