ԿԻՆԵՐՈՒ ՓԱՌՔԻ ՏՕՆԸ

Երբ կը տօ­նենք Աս­տուա­ծա­մօր Վե­րա­փոխ­ման տօ­նը՝ կը վեր­յի­շենք կի­նե­րու եւ մա­նա­ւա՛նդ մայ­րե­րու անհ­րա­ժեշտ մաս­նակ­ցու­թիւ­նը ամ­բողջ տիե­զե­րա­կան պատ­մու­թեան մէջ՝ թէ ի՜նչ կա­րե­ւոր դեր խա­ղա­ցած են մարդ­կա­յին մեծ ըն­տա­նի­քին՝ ըն­կե­րու­թեան կազ­մու­թեան, կազ­մա­ւոր­ման եւ մա­նա­ւա՛նդ, ա­նոր աճ­ման ու զար­գաց­ման մէջ։

Ուս­տի Աս­տուա­ծա­մօր բո­լոր տօ­նե­րը, ի մաս­նա­ւո­րի Վե­րա­փոխ­ման տօ­նը, սի­րե­լի՜ ըն­թեր­ցող բա­րե­կամնր, ամ­բողջ աշ­խար­հի կի­նե­րու փա­ռա­ւոր­ման տօ՛նն է։

Ընդ­հա­նուր պատ­մու­թիւ­նը երբ նկա­տի ու­նե­նանք, պի­տի տես­նենք, որ նա­խա­պէս, կի­ներ կորսն­ցու­ցած էին ի­րենց ի­րա­ւունք­նե­րը եւ ա­զա­տու­թիւ­նը, յարգ ու պա­տիւ չէին վա­յե­լեր դա՜­րեր ա­ռաջ եւ կը տա­ռա­պէին, կը տան­ջուէին այս կամ այն ա­նի­րա­ւու­թեան, ա­նար­դա­րու­թեան պատ­ճա­ռով։ Կի­ներ ի­րա­ւազր­կուած՝ կը հա­լա­ծուէին, կը չար­չա­րուէին եւ ըն­կե­րա­յին կեան­քի մէջ նե­ղու­թիւն­ներ ու­նէին։ Եւ այս բո­լո­րը հա­կա­ռա՛կ էր ի­րենց ա­րար­չու­թեան նպա­տա­կին, ի­մաս­տին եւ կո­չու­մին։

Կի­նը ստեղ­ծուած էր որ­պէս այր-մար­դուն լրա­ցու­ցիչ, «մարդ» ա­րա­րա­ծին ամ­բող­ջու­թիւ­նը կազ­մող անհ­րա­ժեշտ տա՛րր եւ մա­նա­ւանդ՝ կո­չուած էր բարձ­րա­գոյն պար­տա­կա­նու­թեան մը՝ պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան մը՝ մայ­րու­թեա՛ն։ Մայ­րու­թեան՝ որ գա­գաթ­նա­կէ­տը, զե­նի՛թն է եւ բարձ­րա­գոյն դիր­քը մարդ­կա­յին ա­մէն ար­ժէ­քի, քա­նի որ երկ­րի վրայ մարդ­կա­յին կեան­քը կը սկսի մայ­րու­թեան շնոր­հիւ, «մայր» եզ­րին նա­խա­ձեռ­նու­թեա՛մբ…։ Ար­դեօք չա­փա­զան­ցած կ՚ըլ­լա՞նք, երբ ը­սենք, թէ «մայր»ը՝ որ­դի մը ծնող կի­նը, երկ­րի վրայ «գոր­ծա­կից»ն է, «գոր­ծա­կա­տար»ն է Աս­տու­ծոյ, քա­նի որ ինչ­պէս Աս­տուած ստեղ­ծեց մար­դը, նոյն­պէս ալ մայ­րը, ե­թէ ո՛չ ստեղ­ծել, բայց ծնունդ կու տայ մար­դուն՝ նոր մար­դու մը, մա­նու­կի մը, աշ­խար­հի վրայ։ Ուս­տի, «մայր» եզ­րը Աս­տու­ծոյ ա­մե­նա­մեր­ձա­ւոր, ա­մե­նան­ման դիրքն է մարդ էա­կին, ե­թէ ո՛չ Աս­տուած, որ միա՛կն է՝ տի­պա­րը ա­մէն էու­թեան, ա­մէն ա­րա­րած­նե­րու։ Մայ­րը, ա­հա­ւա­սիկ այս ի­մաս­տով կը գե­րա­զան­ցէ բո­լոր միւս ա­րա­րած­նե­րը՝ մար­դը եւ ա­ւե­լի եւս կը մօ­տե­նայ աստուա­ծու­թեան…։

Այս ա­ռա­քի­նու­թիւն­նե­րով եւ ա­ռա­ւե­լու­թիւն­նե­րով օժ­տուած կին-մար­դը, Քրիս­տո­սէ ա­ռաջ, դժբախ­տա­բար հետզ­հե­տէ կոր-սըն­ցու­ցած էր իր ար­ժա­նի­քը՝ ան­տե­սուած, լքուած եւ ար­ժեզր­կուած էա­կի մը հան­գա­ման­քը ստա­ցած էր ըն­կե­րա­յին կեան­քին մէջ։ Մինչ­դեռ «մայր»ը էա­կանն է, հի­մը եւ ա­ռանց­քը ա­մէն գո­յու­թեան, ա­մէն էու­թեան։ Կեանք տուո­ղը, կեան­քի կո­չո­ղը, կեան­քի մը սկիզ­բը եւ կեանքն իսկ է մայ­րը՝ իր կին հան­գա­ման­քով։

Եւ ա­հա­ւա­սիկ Քրիս­տո­սի մի­ջո­ցով, Ա­նոր վար­դա­պե­տու­թեան քա­րո­զու­թեամբ ա­զա­տագ­րուե­ցաւ կի­նը իր կա­պանք­նե­րէն՝ վե­րագտ­նե­լով իր ար­ժա­նի եւ իս­կա­կան դիր­քը եւ հան­գա­ման­քը։

Պօ­ղոս Ա­ռա­քեալ, իր կորն­թա­ցի­նե­րուն ուղ­ղուած նա­մա­կին մէջ սա­պէս կ՚ը­սէ. «Խտրու­թիւն չկա՛յ ո՛չ հրեա­յի եւ ո՛չ հե­թա­նո­սի, ո՛չ ա­րուի եւ ո՛չ է­գի մի­ջեւ»։ Այս կը նշա­նա­կէ՝ թէ քրիս­տո­նէու­թիւ­նը, այր-մար­դու եւ կին-մար­դու հա­ւա­սա­րու­թիւ­նը բե­րաւ աշ­խարհ։ Եւ այ­սօր, աշ­խար­հի գի­տա­կից եւ լու­սա­միտ կի­նե­րը կը վա­յե­լեն ի­րենց ի­րա­ւուն­քը եւ ա­զա­տու­թիւ­նը՝ հա­ւա­սա­րու­թեան հրա­շա­լի սկզբուն­քին մէջ։ Այ­սօր կի­ներ կը պաշտ­պա­նեն ի­րենց ար­դար ի­րա­ւուն­քը եւ չեն են­թար­կուիր ցե­ղա­յին ու սե­ռա­յին ո­րե­ւէ ա­նի­մաստ խտրու­թեան։

Ար­դա­րեւ կին-մար­դը կո­չուած է մայ­րու­թեան՝ այդ վե­հա­գոյն պաշ­տօ­նին ու ա­պա­գա­յի պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան։ Քա­նի որ մայ­րերն են, որ պի­տի կեր­տեն ա­պա­գան՝ ծնե­լով ու հասց­նե­լով սե­րունդ­ներ։ Այս ի­մաս­տով է, որ Օ­նո­ռէ Պալ­զաք ը­սած է, թէ՝ ազ­գի մը ա­պա­գան մայ­րե­րու ձեռ­քին մէ՛ջն է։ Իսկ ա­մե­նա­լաւ մայ­րը ան է՝ որ կը փո­խա­րի­նէ որ­դի­նե­րուն հօր՝ ա­նոր չգո­յու­թեան պա­րա­գա­յին։ Այս ալ ցոյց կու տայ դար­ձեալ այր-մար­դու եւ կին-մար­դու բնա­կան հա­ւա­սա­րու­թիւ­նը։

Ե­թէ «մարդ»ը իր ամ­բող­ջու­թեամբ կշիռ մըն է, ա­նոր եր­կու նժար­նե­րուն վրայ կը գտնուին «այր-մարդ»ը եւ «կին-մարդ»ը՝ ո­րոնց ծան­րու­թիւ­նը պէտք է հա­ւա­սար ըլ­լայ, որ­պէս­զի կշի­ռը հա­ւա­սա­րակշ­ռուի, այլ խօս­քով՝ «մարդ»ը ամ­բող­ջու­թիւն մը կազ­մէ իր էու­թեամբ, եւ պա­հէ իր հա­ւա­սա­րակշռու­թիւ­նը։ Ար­դա­րեւ իւ­րա­քան­չիւր նժա­րի մէջ կրնան տար­բեր ար­ժէք­ներ ըլ­լալ, բայց կա­րե­ւո­րը այդ տար­բեր ար­ժէք­նե­րուն, ծան­րու­թիւն­նե­րուն հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւ­նը ա­պա­հո­վելն է։ Նժար­նե­րու մէջ հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւ­նը պա­հո­ղը՝ ո՛չ թէ ո­րա­կը, այլ քա­նակն է, ու­րիշ բա­ցատ­րու­թեամբ զի­րար լրաց­նելն է կա­րե­ւո­րը՝ ա­ռա­ւել­նե­րու եւ պա­կաս­նե­րու հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւնն է։

Այս կէ­տին, ե­թէ այր-մար­դը ու­նի կա­րո­ղու­թիւն, զօ­րու­թիւն, ըստ ե­րե­ւոյ­թի կրնայ տիա­պե­տող դիր­քի վրայ ե­րե­ւիլ, բայց ե­թէ ու­նե­նայ շատ բան, ար­ժէք, ան­կէ կը պակ­սի շատ էա­կան յատ­կու­թիւն մը՝ որ տրուած է միայն «կին-մարդ»ուն՝ այր-մար­դը «մա՛յր» չի կրնար ըլ­լալ, եւ այս ա­ռա­ւե­լու­թիւ­նը իսկ, որ­պէս ար­ժէք, կը հա­ւա­սա­րեց­նէ կին-մար­դը այր-մար­դուն՝ լրաց­նե­լու եւ ամ­բող­ջաց­նե­լու հա­մար «մա՛րդ»ը, այ­սինքն մարդ-կշի­ռը հա­ւա­սա­րակշ­ռե­լու հա­մար…։ Ուս­տի մայ­րու­թեան ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թիւ­նը բա­ւա­րար արժէք մըն է՝ որ կին-մար­դը կը հա­ւա­սա­րեց­նէ այր-մար­դուն։ Ու­րեմն ի­գա­պաշտ հո­սանք­ներ երբ կը պաշտ­պա­նեն այր-մար­դու եւ կին-մար­դու հա­ւա­սա­րու­թիւ­նը՝ մայ­րու­թեան եզ­րը բա­ւա­րար է ի­րենց ար­դար պաշտ­պա­նու­թիւ­նը փաս­տե­լու եւ հաս­տատ հի­մե­րու վրայ բարձ­րաց­նե­լու հա­մար։ Ուս­տի «հա­ւա­սա­րու­թեան» ըմբռ­նու­մը պէտք է հասկ­նալ «հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւն» եւ «ներ­դաշ­նա­կու­թիւն» ա­պա­հո­վող ար­ժէք­նե­րու հա­մե­մա­տու­թիւ­նը եւ ո՛չ թէ նոյն կամ նոյ­նան­ման ար­ժէ­քե­րուն, նոյ­նո­րակ գո­յու­թիւն­նե­րու թուա­յին հա­մա­պա­տաս­խա­նու­թիւ­նը։ Հա­ւա­սա­րու­թիւ­նը, այս ի­մաս­տով ար­ժէք­նե­րու հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւնն է։

Սի­րե­լի՜ ըն­թեր­ցող բա­րե­կամ­ներ, մեծ ար­ժէք կը ներ­կա­յաց­նէ ձեր իւ­րա­քան­չիւ­րին կար­ծի­քը եւ գա­ղա­փա­րը, ու­րեմն ի՞նչ է ձեր կար­ծի­քը այս մա­սին։ Այր-մար­դոց բազ­մա­թիւ կա­րո­ղու­թիւն­նե­րու, զօ­րու­թիւն­նե­րու փո­խա­րէն կին-մար­դուն մաս­նա­յա­տուկ «մայ­րու­թիւն»ը, մայր ըլ­լա՛­լու ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թիւ­նը բա­ւա­կան չէ՞ որ մարդ էու­թեան ամ­բող­ջու­թիւ­նը հա­ւա­սա­րակշ­ռէ, կշի­ռին նժար­նե­րու հա­մա­պա­տաս­խա­նու­թիւնն ու հա­ւա­սա­րու­թիւն ա­պա­հո­վէ։ Ուս­տի եւ, այդ-մար­դոց ա՜յն­քան կա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն փո­խա­րէն «մայ­րու­թի՛ւն»ը։

Մայ­րու­թիւ­նը մարդ­կու­թեան վե­հի­մաստ ար­ժէ՛քն է…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Օ­գոս­տոս 14, 2015, Իս­թան­պուլ

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 19, 2015