ԳՈՅԱԲԱՆԱԿԱՆ ՄՕՏԵՑՈՒՄ

Գոյաբանութիւնը՝ «ontologie», գոյութեան էութիւնը ուսումնասիրող գիտութեան բաժի՛նն է։ Արդարեւ, լուսամիտ, լայնախոհ եւ յառաջադէմ վիճակի վերածող եւ բոլոր գիտութիւններու առաջնորդող գիտութիւնը «métaphysique»՝ բնազանցութի՛ւնն է։ Բայց, ընդհանրապէս, զանց առնուած մարզ մըն է բնազանցութիւնը։ Երկու տեսակ բնազանցութիւնը պէտք է զանազանել. մին վճռական, բոլոր խորհուրդներու թափանցող ըլլալու մտադիր է, իսկ միւսը՝ աւելի անորոշ եւ հարցերու կասկածով մօտեցող եւ ո՛չ այնքան յաւակնոտ։

Իմաստասէրներ, յատկապէս բնազանցութեան ընդհանրապէս առաջին մասով կը զբաղին, իսկ երկրորդ մասը երկրորդական կը համարեն։ Արդարեւ, պատճառներու խորքին եթէ չթափանցուի, իմաստասէրներու սխալանքները նշմարել կարելի չ՚ըլլար, աւելին՝ պատճառներ աստիճանելով՝ «առաջին պատճառ»ին պէտք է հասնիլ, որովհետեւ սխալանքներով լեցուն ընթացքի մը մէջ մի՛շտ «առաջին պատճառ» մը կա՛յ։

Իմաստասէրը, ընդհանրապէս, անգիտանալով հանդերձ, ճշմարտութեան հասած կը նկատէ ինքզինք։

Descartes, մարդկային մտածումներու ո՛չ աղբիւրին եւ ոչ ալ ծագումին մասին բաւարար տեղեկութիւն տուած է, կ՚ըսէ Mallebranch, եւ կ՚առաջարկէ հոգիին կարողութիւնները ուսումնասիրել՝ նիւթերու միջեւ բաղդատութիւններ կատարելով։ Leibniz ոգին շատ աւելի կարող կը նկատէ։

Մարդ էակը միայն իր միջավայրը կը տեսնէ, կը կարծէ հորիզոնի հասնիլ՝ պարզապէս ձեռքը երկարելով…

Մարդիկ, ընդհանրապէս, կաշկանդուած են նախապաշարումներով եւ կանխակալութեամբ՝ որոնք արգելք կ՚ըլլան գիտութեան զարգացման եւ յառաջդիմութեան։ Մարդ որքան կառչած մնայ անցեալին, չի կրնար ապրիլ ներկան, իսկ ապագային հասնիլ՝ շատ կը դժուարանայ։ Անշուշտ եւ անպայմա՛ն բարիքներով լեցուն խաղաղ ապագայ մը, թէ ոչ՝ ապագան միշտ կու գայ, կարեւորը ապագային իր բարիքներովը գալն է։

Մարդկային ամբողջ պատմութեան մէջ նախապաշարումներ, կանխակալութեան պատճառած չարութիւններ, մարդոց թշուառութեան շարժառիթը եղած են։ Յետադիմութիւնը մարդկային զարգացման, երջանկութեան ամենամեծ արգելքն է։

Լուսամիտ եւ լայնախոհ ըլլալ՝ յառաջդիմութեան մղիչ ուժերն են։ «Dieu dirige l'instinet, et l'homme la raison», այսինքն՝ բնազդը Աստուած կը վարէ, եւ բանականութիւնը՝ մարդը։ Այլովքն հանդերձ, բանականութիւնն ալ ի վերջոյ հոգիին մէկ արդիւնքն եւ գործողութիւնն է, եւ բոլորն ալ Աստուծոյ ստեղծագործութիւններն են։ Այսինքն՝ բնազդ եւ բանականութիւն՝ նախապատճառի մը արդիւնքներն են։

Կեանքի զանազան պատահարներու եւ պայմաններու ազդեցութեան տակ, մարդ գաղափարներ կ՚ունենայ եւ գաղափարները ստեղծող պատճառներու շարք մը կը գոյանայ։ Անշուշտ, այս պատճառներու շարքին անկապակից, անյարիր իրողութիւններ կրնան յայտնուիլ։ Բանականութիւնը երբեմն կը սխալեցնէ մարդը։ Բայց շարժումներու լեզուն, այսինքն մարմնի լեզուն ճշմարիտը յաճախ աւելի լաւ կը յայտնէ՝ ան զգացումներուն բո՛ւն արտայայտութի՛ւնն է…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Երկուշաբթի, Մայիս 20, 2024