ՄԱՀՈՒԱՆ ԾԱՐԱՒ ԳՐՈՂԸ
Գրող մարդու հոգեկան ապրումներն ու յոյզերը հասկնալը շատ անգամ դիւրին չէ, մանաւանդ եթէ գրողը ունի փոթորկոտ յուզումներ ու ալեկոծումներ. անոնք իրենց գրութիւններու ճամբով կը փորձեն վերլուծել իրենց ներքին աշխարհը եւ մենք մեր կարգին իրենց գրածներով կը փորձենք հասկնալ այդ յոյզերը:
Հայ ժողովուրդին մէջ բազմաթիւ են նման գրողներ, որովհետեւ մեր գրողներուն գրող դառնալու մեծագոյն պատճառը իրենց մէջ ունեցած այդ փոթորիկն է. սակայն անոնց մէջ կան քիչեր, որոնք ամբողջութեամբ կը տարբերին միւսներէն. անկասկած անոնցմէ մէկն է հայ արձակագիր, բանաստեղծ ու փիլիսոփայ Եղիա Տէմիրճիպաշեան, որ թէեւ մոռցուած, ունի իր իւրայատուկ տեղը հայ գրականութենէն ներս:
Այսօր՝ 19 յուլիսը Եղիա Տէմիրճիպաշեանի անձնասպանութեան օրն է եւ այսօր նոյն մտածումը կ՚ունենանք. ինչո՞ւ համար Եղիա Տէմիրճիպաշեան ուզեց վերջ տալ իր երկրաւոր կեանքին. հոգեկան ի՞նչ յոյզեր զինք առաջնորդեցին դէպի մահ: Այս մէկը հասկնալու համար աւելի խոր ձեւով սկսայ ընթերցել Տէմիրճիպաշեանը. այդտեղ հետեւեալը նկատեցի. Եղիայի դժբախտութիւնը վերջին տարիներուն յատուկ երեւոյթ մը չէր. իր հետ կատարուող վերջին տարիներու դէպքերը չեն որ զինք դժբախտ վիճակի մը մատնած էին. տակաւին 18-19 ամեայ Եղիային մօտ կարելի էր տեսնել վիշտն ու թախիծը. այս մէկը կարելի է փաստել 10 մարտ 1869 թուականին Տէմիրճիպաշեանին Մինաս Չերազին գրած մէկ նամակէն. 1869 թուականին Եղիա Տէմիրճիպաշեան 18 տարեկան էր: Եղիա իր նամակին մէջ կը յիշէ Մինաս Չերազի նախորդ նամակին տողերէն. «Անօգո՜ւտ հառաչանք. մխիթարուէ՛. թռչնիկն իւր սիրելի բոյնը ճանչելով` առ այն կը սլանայ. կ՚ուզէիր զայն իւր երջանկութեան բարձէն բաժանեա՞լ տեսնել»։ Մինաս Չերազ երիտասարդ Եղիան կը կոչէ «անօգո՜ւտ հառաչանք» եւ կը յորդորէ «մխիթարուիլ»։ Մօտաւորապէս գրուածէն կարելի է հասկնալ, որ այդ վիշտը եղած է անկատար սիրոյ մը հետեւանքով: Սակայն երիտասարդութեան սէր մը կրնա՞յ արդեօք ամբողջ կեանք մը՝ աւելի քան մի քանի տասնեակ տարի մարդը դժբախտացնել:
Եղիա Տէմիրճիպաշեանի երիտասարդական բանաստեղծութիւններուն մէջ կարելի է տեսնել ու հասկնալ այդ սիրոյ լքուածութեան ծանրութիւնը. անոր բանաստեղծութեան վերնագիրները եւս դժբախտ կեանքի մը հայելին են. ահաւասիկ անոնցմէ մի քանին. «Նեկտար եւ արտասուք», «Մա՞հ թէ կեա՞ն», «Տրտմութիւն», «Է՞ր սպանեցիր», «Վիշտ», «Մահ որդեկին», «Ես իմ շիրմիս վրայ» եւ այլն:
Կը հաւատանք, որ գրող Եղիա Տէմիրճիպաշեան խնդիրներ ունէր նաեւ իր մօրը հետ. ան յաճախ իր գրութիւններուն մէջ կը մեղադրէ մայրը։ Օրինակի համար, «Մայրը» խորագրեալ բանաստեղծութեան մէջ մայրն ու մահը կը նոյնացնէ։ Ահաւասիկ բանաստեղծութեան վերջին տողերը.
«Ահա՜… կին մը վըհի՜ն խորէն վե՜ր նայէր.
Նետուեցա՜ւ գիրկն. նոյն ինքն մայրն էր, ո՛հ, Մահն էր»:
«Ես իմ շիրմիս վրայ» բանաստեղծութեան մէջ կը գրէ.
«Եւ զի չունիմ մայր, որ շիրմիս վրայ գայ լալ
(Քանզի մայր մը կրնայ անկեղծ լալ)»:
Ահաւասիկ այլ տող մը քաղ-ւած «Վէրք ու վէրք» բանաստեղծութենէն.
«Արցունքն աչքէս չի դադրիր.
Դուն ինձ, մա՜յր իմ, ի՞նչ ըրիր»:
Տակաւին կարելի է բազմաթիւ տողեր գտնել գրուած մօր մասին՝ սակայն միշտ բացասական ազդեցութեամբ. անոր բանաստեղծութիւններուն եւ անձնական նամակներուն մէջ յաճախ կը տեսնենք մահը. ան կ՚ուզէ դէպի մահ երթալ. տակաւին իր մահէն տարիներ առաջ բժիշկ Նազարէթ Տաղաւարեանին գրած իր նամակին մէջ կ՚ըսէ. «Մահիճս պիտի շրջապատեն, եւ, տէր բային փոխելով, Աւետարանին խօսքը պիտի կրկնեն. «Ղազարոս մեռաւ, եւ ես ուրախ եմ»: Ան կ՚ուզէր Ղազարոսին տեղ ըլլալ, մահանար՝ բայց դարձեալ չի վերակենդանանար. ան իրեն հասնելիք մահը Աստուծոյ կողմէ «հրաշից պսակումն» որպէս կ՚ընդունէր եւ վստահ էր, որ Աստուած անպայմանօրէն այդ շնորհքը պիտի ընէր... սակայն ըստ երեւոյթին ուշացաւ եւ գրողը ի՛նք որոշեց երթալ դէպի մահ:
Եղիա Տէմիրճիպաշեան իր նամակներէն մէկուն մէջ իր կատարած մէկ անձնասպանութեան ձախող փորձը հետեւեալ տողերով կը նկարագրէ. «Երէկ` դարձեալ մինչեւ կէս օրուան մօտ, գլուխս ափիս մէջ առած կը խոկայի։ Տանտիրուհին եկաւ սենեակին սէռվիսն ընել։ Մեկնելէն յետոյ գրեցի` ինչ որ պիտի զգայի (ինչ որ երկիցս զգալ սկսած էի) անդունդին ուղղահայեաց ուղեւորութեան պահուն, ուր երկաթէ գնդակն ինձ արտոյտի թեւե՜ր պիտի տար, ինչ որ, եղո՜ւկ, նուազ յամրընթաց չը պիտ' ընէր աղետաբեր ճանապարհորդութիւնն»:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Մարդ ինչո՞ւ դժբախտ կ՚ըլլայ:
Պատասխան. Մարդու դժբախտութիւնը կրնայ տարբեր պատճառներ ունենալ. մարդ կրնայ դժբախտանալ իր մինակութեան պատճառով, անձնական կեանքին մէջ չլուծուած խնդիրներու պատճառով եւ մասնագիտական կեանքին մէջ դիմագրաւած հարցերուն եւ այլ պատճառներով: Արտաքին ազդեցութիւնները, ինչպէս օրինակ, նիւթական անբաւարարութիւնը, մարդկային յարաբերութիւններու մէջ ունեցած խնդիրները, սիրելիի մը կորուստը, նպատակներու բացակայութիւնը եւ կամ անկատար վիճակը, ակնկալիքներու չբաւարարուած ըլլալը անհատներու մօտէն կը հեռացնեն ուրախութիւնը:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան