ՄԱՏԱՂ ԿԱՄ ՍԻՐՈՅ ՃԱՇ

«Մա­տաղ» կը նշա­նա­կէ՝ ուխ­տի ոչ­խար, զոհ կամ զո­հի ճաշ։ Իսկ «Սի­րոյ սե­ղան» ա­սա­ցուած­քը կը հա­մա­պա­տաս­խա­նէ «ա­գապ» յու­նա­րէն բա­ռին՝ որ կը նշա­նա­կէ՝ սէր, որ կը հան­դի­պինք Աս­տուա­ծա­շուն­չի Եօ­թա­նաս­նից յու­նա­րէն թարգ­մա­նու­թեան մէջ՝ որ գե­րա­զան­ցա­պէս կ՚ակ­նար­կէ «զգա­յա­կան սէ­րը»։ «Agape» կ՚ար­տա­յայ­տէ Քրիս­տո­սի սէ­րը կամ քրիս­տո­նեա­նե­րու սէ­րը՝ ի­րա­րու նկատ­մամբ։ Ու­րեմն «սի­րոյ սե­ղան» Քրիս­տո­սի սի­րոյն եւ քրիս­տո­նեա­նե­րու ի­րա­րու նկատ­մամբ սի­րոյն մէկ խորհրդա­նիշն է՝ սի­րոյ ընդ­հա­նուր եւ հա­սա­րա­կա­կան ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը եւ մարմ­նա­ցո՛ւ­մը։

Ուս­տի պատ­մու­թիւ­նը կը վկա­յէ, թէ «ա­գա­պէ»ի նա­խա­տի­պար­ներ ե­ղած են հրեա­նե­րու, յոյ­նե­րու եւ հռով­մէա­ցի­նե­րու մօտ։ Նախ­նա­կան շրջան­նե­րուն, ա­գա­պէն աղ­քատ­նե­րու տրուած սի­րոյ ճաշ էր, ա­ւե­լի վեր­ջի ժա­մա­նակ­նե­րուն՝ Ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ Սուրբ Հա­ղոր­դու­թեան հետ կա­պուած պաշ­տօ­նա­կան ճաշ, ո­րու մի­ջո­ցով Ե­կե­ղեց­ւոյ բո­լոր ան­դամ­նե­րը կ՚օգ­տուէին միեւ­նոյն սե­ղա­նէն։ Ա­գա­պէն կը մա­տու­ցուի ի յի­շա­տակ Քրիս­տո­սի Վեր­ջին ընթ­րի­քին (Ա ԿՈՐՆԹ. ԺԱ 23)։

­Սա­կայն ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին, ա­գա­պէն շե­ղած է իր նպա­տա­կէն, եւ խե­ղա­թիւ­րուած է իր ի­մաս­տը։

380 թուա­կա­նին «Գանգ­րա­յի Ժո­ղով»ը փոր­ձած է վե­րա­դարձ­նել ա­գա­պէի նախ­կին ի­մաս­տը եւ վե­րա­կանգ­նեց­նել իր իս­կա­կան բո­վան­դա­կու­թիւ­նը, բայց ա­պար­դիւն մնա­ցած է փոր­ձը։ 7-րդ դա­րուն վեր­ջին՝ Ա­րեւ­մուտ­քի մէջ ա­գա­պէն բո­լո­րո­վին կորսն­ցուց իր ի­մաս­տը եւ միան­գա­մընդ­միշտ ան­հե­տա­ցաւ. սա­կայն Ա­րե­ւե­լեան ո­րոշ ե­կե­ղե­ցի­նե­րու մէջ՝ ղպտի­նե­րու ո­րոշ  հա­տուա­ծի մը եւ հա­յե­րու մօտ մնաց իբ­րեւ Սուրբ Պա­տա­րա­գի յա­ջոր­դող «սի­րոյ ճաշ»՝ հա­սա­րա­կաց սե­ղա­նի մը շուրջ։

Սա­կայն ա­գա­պէն Պար­թեւ Կա­թո­ղի­կո­սի կա­նոն­նե­րու մէջ հրա­հան­գուած է «ա­գա­պէի պաշ­տօն» եւ Սուրբ Պա­տա­րա­գը չմա­տու­ցա­նել ա­ռանց Ա­ւե­տա­րան կար­դա­լու։ Ան­շուշտ ա­գա­պէն հոն նկա­տի առ­նուած է իր նախ­նա­կան ի­մաս­տով։

«Ա­գա­պէի հրա­ւի­րուած աշ­խար­հա­կան­ներ Սուրբ Պա­տա­րա­գէն ա­ռաջ պէտք չէ՛ հաց ու­տեն։ Ժո­ղո­վուր­դը պէտք է սի­րով մա­տու­ցա­նէ նախ­նի­նե­րուն՝ ա­գա­պէի հա­մար սահ­մա­նուած ըն­ծա­նե­րը», ըստ Կա­նո­նին։

Ներ­սէս Բ. Բագ­րե­վանդ­ցի Կա­թո­ղի­կո­սի օ­րով գու­մա­րուած Դուի­նի Ժո­ղո­վը՝ 554 թուա­կա­նին ըն­դու­նած է Կա­նոն մը՝ 22-րդ Կա­նո­նը, որ ամ­բող­ջո­վին նուի­րուած է ա­գա­պէի կա­նո­նադ­րու­թեան։

Ա­գա­պէ­նե­րը մա­տու­ցուած են նաեւ ննջե­ցեալ­նե­րու հո­գիի հանգս­տու­թեան հա­մար, ըստ Պար­տա­ւի Ե­կե­ղե­ցա­կան Ժո­ղո­վի ԺԸ կա­նո­նի։ Ա­գա­պէ կը կո­չուին նաեւ մա­տա­ղի հա­մար ըն­ծա­յա­բե­րուած կեն­դա­նի­նե­րը։

Վեր­ջի շրջան­նե­րուն՝ ա­գա­պէի մնա­ցուկ­նե­րը տես­նուած եւ կա­տա­րուած են Սուրբ Զա­տի­կին մա­տաղ ը­նե­լու սո­վո­րու­թեան մէջ։ (Սկզբնաղ­բիւր՝ Ք. Հ. հան­րա­գի­տա­րան)։ Ա­ռա­կա­խօ­սը կ՚ը­սէ. «Աղ­քա­տին ո­ղոր­մու­թիւն ը­նո­ղը Տէ­րո­ջը փոխ կու տայ ու Ա­նի­կա ա­նոր հա­տու­ցում պի­տի ը­նէ» ( Ա­ՌԱԿ. ԺԹ 17)։ Այս ի­մաս­տով, մա­տա­ղը, կեր­պով մը Աս­տու­ծոյ մա­տու­ցուած ա­ղերս մըն է, որ փոխ­յա­րա­բե­րու­թիւն մը ստեղ­ծէ մար­դուն եւ Աս­տու­ծոյ մի­ջեւ։ Ուս­տի Դ. դա­րէն սկըս-եալ Հայ Ե­կե­ղե­ցին ձե­ւա­ւո­րած է «բա­րե­պաշ­տա­կան ե­րե­ւոյթ» մը՝ որ դա­րե­րու հո­լո­վոյ­թին մէջ վե­րա­ծուած է «ազ­գա­յին-ե­կե­ղե­ցա­կան ինք­նու­թեան» սնուն­դի աղ­բիւր։ Մա­տա­ղը իւ­րա­յա­տուկ սո­վո­րու­թիւն մը ե­ղած է, միակ նպա­տա­կը՝ աղ­քատ­նե­րու եւ կա­րօ­տեալ­նե­րու հա­մար կա­մա­ւոր նուի­րա­բե­րու­թի՛ւն։ Ժա­մա­նա­կա­կից բա­ռա­րան­նե­րու մէջ, մա­տա­ղը կրօ­նա­կան ի­մաս­տի ա­ռու­մով, հե­տե­ւեալ ստու­գա­բա­նու­թեամբ կը ներ­կա­յա­ցուի. «Զոհ մա­տու­ցա­նե­լու կեն­դա­նի… զոհ մա­տու­ցա­նե­լու ա­րա­րո­ղու­թիւն, զո­հի հա­մար մոր­թուած կեն­դա­նիի մի­սը, զոր կ՚ե­փեն եւ ժո­ղո­վուր­դին ձրի կը բաժ­նեն»։

­Մա­տա­ղի կար­գը սահ­մա­նած է Սուրբ Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ՝ թե­րեւս 301 թուա­կա­նին՝ քրիս­տո­նէու­թիւ­նը պե­տա­կան կրօն հռչա­կե­լէն ան­մի­ջա­պէս յե­տոյ։

Ըստ Տա­թե­ւա­ցիի «մա­տաղ» կը նշա­նա­կէ՝ «աղ մա­տու­ցա­նել»։ Ուս­տի մա­տա­ղը, նախ՝ Աս­տու­ծոյ ըն­ծայ է։ Երկ­րորդ՝ փրկու­թեան յոյս է։ Եր­րորդ՝ աղ­քատ­սի­րու­թիւն է եւ ո­ղոր­մու­թի՛ւն։ Չոր­րորդ՝ ննջե­ցեալ­նե­րու յի­շա­տակ, ա­պա մեր ե­րախ­տա­գի­տու­թեան զգա­ցու­մին ար­տա­յայ­տու­թիւնն է Աս­տու­ծոյ՝ հի­ւան­դու­թիւն­նե­րէ, փոր­ձու­թիւն­նե­րէ ա­զա­տուե­լու հա­մար։

Մա­տա­ղի տար­րերն են՝ կեն­դա­նին եւ ա­ղը։

Քա­նի որ մա­տա­ղը Աս­տու­ծոյ մա­տու­ցուող ըն­ծայ է, ա­պա մա­տաղ­ցու կեն­դա­նին պէ՛տք է «ար­դար վաս­տակ»ի ար­դիւնք ըլ­լայ՝ ըն­տիր եւ լա­ւա­գոյ­նը։

Հարկ է յի­շեց­նել, թէ մա­տա­ղը եր­բեք չի կա­տա­րուիր մա­տաղ­ցուին ա­րիւ­նով մեղ­քե­րէն թո­ղու­թիւն ստա­նա­լու ակնկա­լու­թեամբ։ Մա­տաղ է, եւ մա­նա­ւա՛նդ ըն­դու­նե­լի մա­տաղ, ըն­ծա­յա­բե­րուի՝ հա­ցե­ղէն, ու­տես­տե­ղէն, հա­գուս­տե­ղէն, շի­նու­թիւն, դրա­մա­կան նուի­րա­տուու­թիւն եւ ո­րե­ւէ ու­րիշ բա­րե­գոր­ծու­թիւն։

Մա­տա­ղի մի­սը կա­րե­լի չէ պա­հել տու­նը՝ իբ­րեւ ու­տե­լիք, այլ նոյն օ­րը պէտք է բաշ­խել աղ­քատ­նե­րուն։

Քրիս­տո­նէա­կան ի­մաս­տով մա­տա­ղի ա­րա­րո­ղու­թեան ա­կունք­նե­րը կու գան ա­ռա­ջին դա­րէն, երբ բո­լոր քրիս­տո­նեա­նե­րը Սուրբ Պա­տա­րա­գէն յե­տոյ կը հա­ւա­քուէին միա­սին՝ «սի­րոյ ճաշ»ի՝ մա­տա­ղի, որ ամ­բող­ջու­թեամբ կը մա­տու­ցուէր հի­ւանդ­նե­րու եւ աղ­քատ­նե­րու ըստ ա­ւե­տա­րա­նա­կան խօս­քին.

«Երբ ճա­շի կամ ընթ­րի­քի հրա­ւէր կու տաս, մի՛ կան­չեր բա­րե­կամ­ներդ կամ ազ­գա­կան­ներդ, եղ­բայր­ներդ եւ հա­րուստ դրա­ցի­ներդ, որ­պէս­զի չըլ­լայ որ ա­նոնք ալ քու հրա­ւէ­րիդ փո­խա­րէն քեզ հրա­ւի­րեն, եւ այս ձե­ւով քե­զի հա­տու­ցում կա­տա­րած ըլ­լան։ Ընդ­հա­կա­ռա­կը, երբ ճաշ­կե­րոյթ կու տաս, կան­չէ՛ աղ­քատ­ներն ու խե­ղան­դամ­նե­րը, կա­ղերն ու կոյ­րե­րը։ Եւ այն ա­տեն ե­րա­նե­լի պի­տի ըլ­լաս, ո­րով­հե­տեւ ա­նոնք փո­խա­րէ­նը քե­զի հա­տու­ցա­նե­լիք ո՛­չինչ ու­նին։ Եւ գիտ­ցած ե­ղիր, որ քու հա­տու­ցումդ պի­տի ստա­նաս ար­դար­նե­րու յա­րու­թեան ժա­մա­նակ» (ՂՈՒԿ. ԺԴ 12-14)։ Սի­րոյ սե­ղան­նե­րը ո՜ր­քան տար­բեր կ՚ե­րե­ւին ներ­կա­յիս, որ կա­րե­լի չէ՛ հասկ­նալ…։

 ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յու­նուար 2, 2016, Իս­թան­պուլ

Հինգշաբթի, Յունուար 21, 2016