ՄԱՐԴՈՑ ՉԱՐԸ ԵՒ ԲԱՐԻՆ
Ընդհանրապէս կը գանգատին, որ աշխարհի վրայ կան շատ թիւով չար մարդիկ, որոնք իրենց չարիքներով վնաս կը պատճառեն մարդոց։ Արդարեւ աշխարհի սկիզբէն եղած են «չար» եւ չարամիտ մարդիկ, որոնք վնաս հասցուցած են աշխարհի եւ մինչեւ իսկ պատճառ եղած են աղէտներու։
Ուրեմն, սխա՛լ է կարծել, թէ մեր օրերուն՝ ներկային յատուկ է «չար մարդ»ու գոյութիւնը աշխարհի վրայ։ Չարը միշտ կար, կայ եւ պիտի շարունակէ ըլլալ այնքան ատեն, որ մարդը պիտի ըլլայ եւ մարդկային սերունդը պիտի շարունակէ գոյութիւն ունենալ աշխարհի վրայ։
Անխուսափելի՛ է չարութիւնը այս աշխարհի վրայ, ինչպէս նեղութիւններ, վնասներ եւ կորուստներ։
Բայց կարելի է նայիլ չարութեան տարբեր տեսանկիւնէ մը՝ չարութիւնը, այս տեսողութեամբ, աշխարհի վրայ տեսակ մը հաւասարակշռութիւն կը հաստատէ։ Պահ մը խորհինք սիրելի՜ներ. ամէն մարդ բարի եթէ ըլլայ, բարութեան գաղափարը, բարեգործութիւնը որպէս առաքինութիւն պիտի յայտնուէ՞ր։ Մարդ, ուրեմն «բարի» է՝ չարին համեմատութեամբ եւ բարութիւն է այն արարքը՝ չարութեան նկատմամբ։ Խաւարը «խաւար» է, քանի որ լոյսը գոյութիւն ունի եւ եթէ լոյսը գոյութիւն չունենար, մութը՝ խաւարը բնական պիտի ըլլար եւ ամէն բան, ամէն բանի մէջ միայն խաւարը պիտի տիրապետէր։
Չարն ալ, քանի որ մտքի եւ հոգիի խաւարն է, ուրեմն բարին, բարիի գաղափարը կը ստեղծէ եւ անոր հետ համեմատուելով կը յայտնուի եւ փոխադարձաբար. լոյսն ալ խաւարի շնորհիւ ինքզինք կը յայտնէ։
Արդարեւ, չարը բարի բնութեան վատի վերածուած ձեւն է։ Նախապէս ամէն ինչ բարի է եւ յետոյ կը փոխուի եւ «չար» կ՚ըլլայ։ Զոր օրինակ, ծաղիկ մը, երբ թարմ է, գեղեցիկ է, ուրիշ խօսքով՝ «բարի» է, բայց եթէ թօշնի, թառամի տգեղ կ՚ըլլայ՝ անհաճոյ, ուրիշ խօսքով՝ «չար»։ Ծաղիկին բնութիւնը գեղեցկութիւն է, թառամած ծաղիկին տեսքը՝ տգեղութի՛ւն։
Մարդն ալ՝ բնութեամբ բարի է, բայց զանազան արտաքին ազդեցութիւններով եւ պատճառներով «չար»ի կը վերածուի։ Արդարեւ, մարդը քանի որ Աստուծոյ ստեղծածն է եւ Աստուած երբեք չար չի ստեղծեր, Անոր ամէն ստեղծածը բարի է, ուրեմն էականը ամէն բանի բարի է, իսկ բացառիկը՝ չա՛ր։
Ուրեմն ինչո՞ւ կայ «չար»ը։
Չարը կայ, որպէսզի մարդկային կեանքը եւ ընդհանուր բնութիւնը ներդաշնակ վիճակ մը առնէ եւ ամէն ինչ հաւասարակշռուի։ Ուստի, պայծառ օդը, արեւը նախընտրելի է, բայց պէտք է նաեւ անձրեւը, եւ ուրեմն ամպամած, մթամած, մռայլ երեւոյթը… ուրեմն մարդ պէտք չէ գանգատի բնական կարգ մը աննպաստ, անախորժ երեւոյթներէ, քանի որ անոնք է որ կը ներդաշնակեն բնութեան զանազան երեւոյթները։ Անտառի մը մէջ ամէն տեսակ ծառ, ամէն տեսակ անասուն, կենդանի կը գտնուի, ոմանք օգտակար, ոմանք ըստ երեւոյթի վնասակար, բայց «վնասակար»ի գաղափարը բոլորովին յարաբերական է. որո՞ւ նկատմամբ կամ ի՞նչի նկատմամբ վնասակար։ Սա անուրանալի է, որ ամէն «վնասակար» կարծուած բոյս կամ անասուն կենդանի պատճառով մը ստեղծուած է, եւ անպայմա՛ն օգտակարութիւն մը ունի, որ մարդու մտքին եւ գիտութեանը անծանօթ է։
Արդարեւ, կարելի՞ է մտածել, թէ իմաստուն, ամենաբարի, ամենագէտ, ամենակարող եւ ամենակատարեալ Արարիչ՝ Աստուած ստեղծէ որեւէ բան որ անօգուտ է, կոչում մը եւ նպատակ մը չունի այս աշխարհի վրայ։
Արդարեւ, կան բոյսեր, որոնք վնասակար, անօգուտ կը սեպուին մարդոց կողմէ, եւ մինչեւ իսկ թունաւոր եւ վտանգաւոր, բայց դարման կ՚ըլլան շատ մը հիւանդութիւններու երբ անոնցմէ պատրաստուի դեղեր։
Եւ եթէ մարդ գիտնայ թափանցել ճշմարտութեան խաւերուն՝ չա՛րն ալ պիտի ունենայ օգուտ մը մարդկային կեանքին մէջ։
Գալով կեանքի մէջ անխուսափելիօրէն պատահած զանազան դժբախտութիւններու, նեղութիւններու։ Կարելի կ՚ըլլա՞յ արդեօք ըսել, թէ անոնք կը պատահին, որպէսզի մարդ արժէքը գիտնայ ուրախութիւններուն եւ երջանկութեան։ Եւ նոյն մտածելակերպով, խորհիլ, թէ անոնք կը պատահին, որպէսզի կեանքի ընթացքը կանոնաւորեն եւ հաւասարակշռեն։
Մարդուս համար հաճելի է քաղցր, անուշ բաներ ուտել, բայց նոյնքան ախորժելի են այն ուտելիքները, համեմները, որոնք թթու են եւ կծող։ Զոր օրինակ՝ աղը, թէ՛ համ կու տայ եւ թէ ուտելիքներու պահպանութեան համար կը գործածուի, բայց ան անուշ չէ՛…
Publius Ovidius Naso (Ն.Ք. 43-Յ.Ք. 17), հռովմայեցի բանաստեղծը կ՚ըսէ, թէ՝ լա՛լն ալ հաճոյք մըն է։ Որքան որ տարօրինակ ընդունուի այս խօսքը, անշուշտ անոր մէջ կայ խոր իմաստ մը կեանքի զանազան հակադրութիւնները ներդաշնակելու նկատմամբ։
Ուրեմն, հետեւցնելով, չկա՛յ աշխարհի վրայ բան, որ ստեղծուած ըլլայ առանց պատճառի, քանի որ աշխարհ հակադրութիւններու վրայ հաստատուած հրաշալի՜ ներդաշնակութիւն մըն է…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ