ԽԵԼԱՑԻՆ ԵՒ ԽԵՆԹԸ…

Ընտրութիւններէն առաջ, քաղաքական գործիչ մը, քաղաքացիները սիրաշահելու նպատակով, կ՚որոշէ հոգեբուժարան մը՝ «խենթանոց» մը այցելել։ Շրջագայութեան ընթացքին կը կանգնի տարեց «խենթ»ի մը առջեւ եւ կը բարեւէ։

«Խենթ»ը անտարբեր կը նայի հանրածանօթ քաղաքական գործիչի երեսին եւ բնաւ չի խօսիր։

Քիչ մը առնուած քաղաքական գործիչը կը հարցնէ «խենթ»ին.

-Ինչ է, չե՞ս գիտեր, թէ ես ո՛վ եմ։

-Ինչու անպայման պէ՞տք էր գիտնայի ով ըլլալդ, կը պատասխանէ «խենթ»ը։ Եթէ այնքան կ՚ուզես գիտնալ ո՞վ ըլլալդ, գնա՛ տեղեկատուութեան բաժին եւ քեզի կ՚ըսեն անունդ, ո՞վ ըլլալդ եւ նոյնիսկ ո՞ր սենեակ մնալդ…

*

Իրա՛ւ է որ «խենթ»ի եւ հանճարի միջեւ շատ բարակ սահմանագիծ մը՝ «borderline» կայ։

*

Գիշեր մը, երբ մարդը ուշ ատեն տուն կը դառնայ իր աշխատութենէն, յանկարծ հսկայ անծանօթ մը վրան կը յարձակի զինք կողոպտելու նպատակով։

Խեղճ մարդը կը փորձէ արիաբար պայքարիլ, սակայն ի վերջոյ տեղի կու տայ յարձակողին ուժին առջեւ, որ կը սկսի իր գրպանները խուզարկել, եւ կը յաջողի միայն մէկ ոսկի դրամ մը գտնել, եւ կատղած կ՚ըսէ.

-Իսկապէս մուրացկան ես եղեր. մէկ ոսկի դրամի համար այսքան դիմադրութիւն կ՚ըլլա՞յ։

Մարդը կը պատասխանէ.

-Ես պարզապէս շապկընկերիս մէջ պահուած հինգ հազար ոսկի դրամէն կը վախնայի…

*

Կան «հերոս»ներ՝ որոնք իրենք զիրենք իսկակա՛ն հերոս կարծելու չափ միամիտ են…

*

Մարդ մը, ծովեզերքը՝ նստարանի մը վրայ նստած ծովը կը դիտէ։

Այդ պահուն մարդ մը կը մօտենայ եւ կը հարցնէ նստարանի վրայ նստած մարդուն.

-Ի՞նչ կ՚ընես հոս նստած…

-Ծովին վրայ ճռուողող ճայերը կը դիտեմ եւ անոնք կը համրեմ։

-Քանի՞ ճայ համրեցիր, կը հարցնէ անծանօթը։

-Քսան ճայ, կը պատասխանէ մարդը։

-Այստեղ ճայերը համրել վճարումի ենթակայ է եւ իւրաքանչիւր ճայ 1 ոսկի դրամ կ՚արժէ, ուրեմն պէտք է 20 ոսկի դրամ վճարես։

Մարդը կը հաւանի եւ 20 ոսկի դրամը անմիջապէս կը վճարէ, եւ հեռացող մարդուն ետեւէն ծիծաղելով ինքն իրեն կը մրմնջայ.

-Միամիտ մա՛րդ, 20 ոսկի առաւ գնաց, մինչդեռ ես 50 ճայ համրած էի…

*

Այս աշխարհի վրայ ո՞վ միամիտ է, եւ ո՞վ մտացի եւ ուշիմ յայտնի չէ՛…

*

Տասնամեայ աշակերտը՝ կ՚ըսէ իր հօրը.

-Հայրիկ. այսօր դպրոցը ծնողական կրճատ ժողով կայ։

-Ժողովը հասկցայ տղաս, իսկ «կրճատ» ի՞նչ կը նշանակէ, կը հարցնէ հայրը։

-Ես, դուն եւ տնօրէնը, կը պատասխանէ տղան։

*

Հայրը կը խոստովանի իր փոքրիկ տղուն, թէ «Կաղանդ պապա»ն գոյութիւն չունէր, եւ թէ ի՛նք էր որ անցեալ տարեմուտին եղած էր «Կաղանդ պապա»ն՝ ծպտուած։

-Գիտեմ, կը պատասխանէ ուշիմ՝ աչքաբաց տղեկը, զիս բերող արագիլն ալ դո՛ւն էիր…

*

Թոռնիկները կը հարցնեն իրենց մեծ մօր.

-Մեծ մայրիկ, երեխան ինչպէ՞ս կը ծնի։

-Արագիլը կը բերէ, կը պատասխանէ մեծ մայրը։

-Եկէ՛ք, կը համաձայնին թոռնիկները, իրեն չըսենք ճշմարտութիւնը, թո՛ղ այդպէս ալ միամիտ մեռնի…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Նոյեմբեր, 20, 2024, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 21, 2024