ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՆ ՃԱՄԲԱՆ (ԺԵ.)
Առաքինութիւններու դիմաց պէտք է նկատի ունենալ նաեւ մոլութիւնները, որովհետեւ այնպէս ինչպէս առաքինութիւնները յաջողութեան, նոյնպէս մոլութիւնները ձախողութեան կ՚առաջնորդեն մարդը:
Մոլորութիւններուն առաջինն է բղջախոհութիւնը, որ հակառակն է ողջախոհութեան. բղջախոհութիւնը մարդու հոգիէն ու էութենէն հեռու կը տանի խաղաղութիւնը, միտքի մաքրութիւնը, հանդարտութիւնը եւ կ՚աղաւաղէ հոգին. բղջախոհ անձ մը չի կրնար ճիշդ որոշումներ կայացնել: Բղջախոհութիւնը մարդու միտքերը կը շեղէ, հետեւաբար, կեդրոնացումը կը հեռացնէ եւ ինչպէս նախապէս ըսինք, յաջողութիւնը կեդրոնացում կը պահանջէ: Պիղծ ու անօգուտ հակումներ ունենալը պարզապէս կը դժուարացնէ յաջողութեան ընթացքը եւ գուցէ տեղ մը անկարելի կը դարձնէ, այդ իսկ պատճառով պէտք է բղջախոհութենէ անցնիլ ողջախոհութիւն, որպէսզի կարենանք ամբողջ ուժով կեդրոնանալ յաջողութեան:
Երկրորդ մոլութիւնը որկրամոլութիւնն է. յաջողութեան պարագային որկրամոլութիւն ըսելով պէտք չէ ուտելիքը հասկնալ. որկրամոլութիւն է նաեւ սեփականով չգոհանալն ու աւելիին ձգտիլը. այո, յաջողութիւնը ձգտում կը պահանջէ, սակայն սեփականը գնահատելով ձեռք բերուած ձգտումը կարելի է յաջողութիւն նկատել. այնպէս ինչպէս շատ ուտելը մարդու առողջութեան վնաս է, նոյնպէս նիւթապէս շատին ձգտիլը իր կարգին վնաս է յաջողութեան. որկրամոլ բառին մէջ կայ «մոլութիւն»ը եւ ամէն տեսակի մոլութիւն պարզապէս վնաս է մարդ արարածին: Որկրամոլութիւնը հոգեբանական խնդիր մըն է եւ յաջողութիւնը, ինչպէս ըսինք, աշխատանքի չափ նաեւ միտքի եւ հոգիի յաջողութիւն է եւ հետեւաբար յաջողութեան հասնելու համար հոգին եւս պէտք է առողջ ըլլայ: Որկրամոլ մարդը անկուշտ մարդն է. անկշտութիւնը ինքնաբերաբար մարդուն մէջ ծնունդ կու տան նաեւ այլ մոլութիւններու, որոնցմէ են նախանձը, հպարտութիւնը, ագահութիւնն ու ինչու չէ նաեւ բարկութիւնը:
Նախանձը մոլութիւն է, սակայն յաջողութեան պարագային շատեր կը պնդեն, որ անհրաժեշտ է նախանձը. օրինակի համար՝ ուրիշի յաջողութեան «նախանձիլը» որպէս դրական դիտելով շատեր կը կարծեն «բարի» նախանձի մը գոյութիւնը տեսնել, սակայն նախանձին բարին կամ նուազ չարը գոյութիւն չունի: Նախանձը մոլութիւն է եւ մարդուն հոգիին մէջ չարիք կը սերմանէ. ուրիշներուն յաջողութիւնը մեզի պարզապէս կրնայ ոգեւորել, սակայն ոչ նախանձի պատճառ ըլլալ. նախանձէն հեռու մնալու համար պէտք է մարդոց յաջողութիւններուն փոխարէն աչքի դիմաց ունենալ ձախողութիւնները, որպէսզի յաջողինք դասեր քաղել անոնցմէ. իւրաքանչիւր ձախողութիւն նոր դաս մը առաջ կը բերէ, հետեւաբար, ձախողութենէն դասեր քաղելը մեր յաջողութեան աւելիով կը նպաստէ քան նախանձը. բարի «նախանձ» եթէ կ՚ուզէք, մարդոց յաջողութիւններուն նայելու փոխարէն սերտեցէք յաջողութեան ճամբու ընթացքին անոնց ունեցած դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները, որովհետեւ զանոնք որդեգրելն է, որ յաջողութեան կը տանիլ եւ ոչ նախանձիլը:
Նախանձը կամայ թէ ակամայ իր հետ կը բերէ նաեւ հպարտութիւնը. յաջողութեան ձգտող ամէն մարդ ինքնաբերաբար իր մէջ ունի ամէն բանի լաւագոյնը ընելու փափաքն ու ցանկութիւնը, որ յաճախ մարդուն մօտ հպարտութիւն կը յառաջացնէ. մարդու յաջողութիւնը իր վերջին հանգրուանին կը հասնի այն ժամանակ, երբ մարդ իր յաջողութիւններով հպարտանայ. յիշեցէք, որ յայտնի արուեստագէտին հարցուցած են, թէ ո՞րն է իր ամենէն լաւ գործը. արուեստագէտը պատասխանած է. «Այն, որ տակաւին չեմ ըրած». այս հոգեվիճակն է, որ մարդը դէպի առաջ կը մղէ եւ ուժ կու տայ պայքարելու եւ հասնելու յաջողութեան:
Մոլութիւններուն միւսը՝ որ յաջողութեան ամենէն մեծ թշնամին է, ծուլութիւնն է. ծոյլ մարդը յաջողութենէն հեռու մարդն է, որովհետեւ յաջողութիւնը հոգեկան ու մտային պատրաստութենէն ետք կը պահանջէ աշխատանք ու աշխատասիրութիւն. մեր օրերուն շա՜տ են ծոյլերը, որոնք առանց բան մը ընելու կ՚ուզեն յաջողութիւն ձեռք բերել: Ծուլութիւնը մայրն է միւս բոլոր մեղքերուն, որովհետեւ ծոյլ մարդը նաեւ բարկացող մարդն է, ծոյլ մարդը նաեւ նախանձող մարդն է, ծոյլ մարդը ագահ ու բղջախոհ մարդն է. հետեւաբար յաջողութեան հասնելու եւ առաքինութիւն ձեռք բերելու համար պէտք է հեռու մնալ ծուլութենէն. յաջողութիւնը մենաշնորհն է անոնց, որոնք ամէն տեսակ դժուարութիւններով հանդերձ ծուլութեան չեն դիմեր. նոյնիսկ եթէ մարդ հասնի յաջողութեան եւ ինքզինք ապահով զգալով ծուլութեան սկսի, դարձեալ յաջողութենէն ձախողութեան կը դառնայ. ծոյլերը կը բարկանան, իսկ աշխատասէրները, մարտահրաւէրները յաղթանակի կը վերածեն. հետեւաբար, ծուլութիւնը նաեւ մայր աղբիւրն է միւս մոլութեան՝ բարկութեան, ինչպէս նաեւ ագահութեան:
Հետեւաբար, մեր յաջողութիւնը մեր աշխատանքներէն առաջ մեր անձերէն կը սկսի. այդ իսկ պատճառով շուկայական հաշիւներէն առաջ պէտք է մեր անձերը քննարկման առարկայ դարձնենք, մեր առաքինութիւններն ու մոլութիւնները նժարի վրայ դնենք, որպէսզի լաւ հիմք մը տանք մեր յաջողութեան:
•շարունակելի…
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Ի՞նչ է մարդոց ձախութեան հիմնական պատճառը:
Պատասխան. Մարդկային ձախողութեան հիմնական պատճառներէն մէկը անհաւասարութիւններու հնարաւորութիւններու սահմանափակումներն են: Ձախողութեան այլ պատճառներ են կրթութեան պակասը, հեռանկարի բացակայութիւնն ու առողջական խնդիրները: Պատճառներէն են քաղաքական անկայունութիւնը, խտրականութիւնը, գրագիտութեան պակասը, չնախատեսուած ճգնաժամերը յաղթահարելու կարողութեան բացակայութիւնը: Յաջողութիւնը կը պահանջէ բարեփոխումներ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան