ԻՆՔՆԱՍՊԱՆ Կ՚ԸԼԼԱՄ, ԲԱՅՑ ՈՉ ՄՈՒՐԱՑԿԱՆ
Վստահաբար շատ շատեր կը մտածեն, որ ծերանոցը այնքան ալ «ցանկալի» տեղ մը չէ, մանաւանդ անձերու համար, որոնք ունին զաւակներ ու թոռներ: Ոչ «ցանկալի» ըլլալը արդիւնքն է մեր ստեղծած նախապաշարումներուն. երբ կը կարդանք հիները, կը տեսնենք, թէ ծերանոցը որպէս դժոխք կամ անտեսուածներու վայր կը ներկայացուի. գրողներէն շատ շատեր «ծերանոց իյնալ» արտայայտութիւնը կը գործածեն եւ կամ իրենց քննադատութեանց մէջ խօսելով երեւոյթի մը մասին «հոս ծերանոց չէ» արտայայտութիւնը կ'՚ունենան: Դժբախտաբար հայերէն լեզուի մէջ գոյութիւն ունի «անկելանոց» բառը, որ կը գործածուի ծերանոցներու համար: Այս ներկայ համոզումին հակառակ, մեր նախնիները կարեւորած են ծերանոցի կարեւորութիւնը եւ շատ մը թագաւորներ կառուցած են ծերանոցներ՝ որպէս բարիք ժողովուրդին:
Այնքան ալ չենք ուզեր խորանալ ու խօսիլ, թէ ինչպէս յառաջացան այս ժխտական համոզումները, որովհետեւ մեր այսօրուան հիմնական նիւթը լիբանանահայ ծերունիի մը Ազգային իշխանութեանց գրած բաց նամակն է, գրուած 2 յունուար 1974 թուականին: Օր մը 86-ամեայ Մկրտիչ Թերզեանը կը մտնէ «Նայիրի» շաբաթաթերթի խմբագրատուն եւ իր հետ կը բերէ նամակ մը, որ նախապէս բազմիցս բերած էր, սակայն թերթի խմբագրութիւնը չէր հրատարակած. Թերզեան մուտք գործելով խմբագրատուն կ՚ըսէ. «Եթէ այս անգամ ալ չտպէք, տասնեակ մը ծերունիներ պիտի գանք նստինք խմբագրատունը եւ միայն ոստիկանութեան ուժով պիտի կրնաք մեզ դուրս նետել». նման սպառնալիքներով կը համոզէ, որպէսզի խմբագրութիւնը իր յաջորդ թիւին մէջ տպէ նամակը: Թերզեանի նամակը կ՚ըսէ.
«Մեր նախորդ երկու կոչերը ցարդ մնացին ձայն բարբարոյ յանապատի... կը յուսանք սակայն, որ մեր այս երրորդ եւ վերջին կոչը աւելի բախտաւոր պիտի ըլլայ՝ նպաստաւոր արձագանգ գտնելով խղճմտանքի տէր հայորդիներու մօտ:
«Տարիներէ ի վեր մեզի կ՚ըսուի.- համբերեցէք, համբերեցէք, համբերեցէք...: Բայց մինչեւ ե՞րբ: Ազգային արժանապատուութեան գիտակցութիւնն է, որ կ՚արգիլէ մեզի, իրենց ապերախտ զաւակներէն լքուած լիբանանահայ ծերունիներուս, մուրացկանութիւն ընելը: Միւս կողմէ սակայն, անօթի եւ անպատսպար ապրիլ ալ կարելի չէ... Ուստի մնացեր ենք մուրճին ու սալին միջեւ... մենք կը տուայտինք յուսահատութեան ճիրաններուն մէջ, մինչ անդին հայ ծերունիներու հանգստեան տան մը համար նախատեսուած մօտ կէս միլիոն լիբանանեան ոսկիի պատրաստ դրամագլուխը կը մնայ անգործածելի, իսկ այդ նպատակին համար գնուած եւ պաշտօնապէս հիմնադրուած ընդարձակ հողամասը կը մնայ թափուր, տարիներէ ի վեր... ինչո՞ւ»:
Նամակին այս առաջին մասը կարդալով կը հասկնանք, որ այդ ժամանակաշրջանին Լիբանանի մէջ տակաւին գոյութիւն չունէր տղամարդոց համար նախատեսուած ծերանոց մը, հակառակ որ այդ նպատակի համար հող մը եւ գումար մը գոյութիւն ունէր. առաջին մասին մէջ հետաքրքրական էր «Ազգային արժանապատուութեան գիտակցութիւն»ը, որ հակառակ անօթութեան ու անօթեւան վիճակին զիրենք հեռու կը պահէ մուրացկանութիւն ընելէ. այս պարզ արտայայտութեան մէջ կը տեսնենք հայրենասիրութիւն մը. շատեր իրենց եսը մտածելով հեռու կը մնան մուրացկանութիւն ընելէ, սակայն հայ ծերունին իր եսէն առաջ կը մտածէ իր հայութեան մասին. յանձն կ՚առնէ անօթի մնալ՝ քան թէ մուրացկանութիւն ընէ, որպէսզի օտարներ չըսեն, թէ հայը մուրացկանութիւն կ՚ընէ: Իրականութեան մէջ Լիբանանի մէջ վիճակը մինչեւ օրս կը շարունակէ մնալ նոյնը. Լիբանանի փողոցներուն վրայ հայ մուրացկան տեսած չենք եւ այդ է պատճառը, որ Հայաստանի մէջ մուրացկան տեսնելը սկզբնական շրջանին ծանր տպաւորութիւն մը կը ձգէ մեր վրայ: Յաճախ անձերը կը մեղադրենք եւ կամ յոռի ձեւով կ՚ընդունինք զանոնք, սակայն իրականութեան մէջ խնդիրը ո՛չ թէ անձնական, այլ ազգային է, որովհետեւ մեր ծերունիները այսօր չեն ապրիր այն հանգիստ կեանքը՝ ինչ որ իրենց հասակակիցները կ՚ապրին այլ երկիրներու մէջ. անոնցմէ շատեր մուրացկանութիւն, շատեր մաքրութիւն կ՚ընեն՝ հակառակ իրենց յառաջացած տարիքին:
Մկրտիչ Թերզեան Ազգային արժանապատուութիւնը չաղաւաղելու համար կը խնդրէ, մինչեւ իսկ կը հրամայէ եւ անմիջական կը գտնէ հայ ծերանոցի մը շինութիւնը. ան իր նամակին երկրորդ մասին մէջ կ՚ըսէ.
«Ներկայիւս պաշտօնապէս կը յայտարարենք, որ եթէ մինչեւ 1975 տարեթիւը լիբանանահայ ծերունիներուս համար պատսպարան մը շինուած չըլլայ, մենք պիտի դիմենք ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ԱՆՁՆԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ՝ սարքելով ողջակիզումի հրապարակային խարուկահանդէս մը, առ ի բողոք շուրջ 250 հազար հոգի հաշուող լիբանանահայութեան մեզի հանդէպ ցուցաբերած անտարբերութեան»:
Տարօրինակ բան մը չէ՞ յանձն առնել անձնասպան ըլլալ՝ սակայն ո՛չ մուրացկան. այդ հայրենասիրական զգացումին պակասն է որ այսօր ունինք:
Ի դէպ յայտնենք, որ ըստ մամուլի, Մկրտիչ Թերզեան նիւթապէս հարուստ մարդ մը եղած է. ան այս բոլորը ըրած է իր տարիքակից ու անօգնական հայ ծերունիներուն համար, որոնք յանձն առած էին համակերպիլ իրենց ճակատագրին հետ։ Մամուլը Թերզեանի մասին կը գրէ. «Մկրտիչ Թերզեան, հակառակ 86 տարիներուն, աշխոյժ եւ կենսունակ մարդ մըն է, որուն հազիւ թէ 70 կու տաք: Նիւթապէս չքաւորներու դասին ալ չի պատկանիր, եւ իր իսկ խոստովանութեամբ՝ «Փառք Աստուծոյ, ուրիշին ձեռք բանալու պէտք չունիմ», բայց տարեկիցներ ունի, որոնք հոգածութեան կը կարօտին»:
Ընթերցողը չի՛ կարծէ, որ մեր այս գրութեան հիմնական նիւթը ծերանոցն է. այդտեղ կայ հայրենասիրութիւն մը՝ որուն վրայ կ՚ուզենք դնել մեր շեշտը:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Մարդ իրապէս կրնա՞յ գուշակել ապագան:
Պատասխան. Մարդիկ կը փորձեն տարբեր ձեւով ապագան գուշակել, սակայն մարդ չի կրնար բացարձակ ճշդութեամբ գուշակել ապագան. ան կրնայ դիմել վերլուծական կանխատեսումներու՝ հիմնուած առկայ տուեալներու եւ իրադարձութիւններու վրայ, սակայն անոնք ի սկզբանէ անորոշ են աշխարհի բարդութեան եւ անկանխատեսելի փոփոխութիւններու պատճառով:
Որոշ մարդիկ կը պնդեն, որ ունին ունակութիւններ ապագան տեսնելու, սակայն այդ պնդումները մարդոց կողմէ թերահաւատութեամբ կ՚ընդունուին եւ գիտական ոչ մէկ փաստ ունին: Այդ իսկ պատճառով կարեւոր է ապագայի վերաբերեալ ցանկացած կանխատեսումի մօտենալ քննադատական մտածողութեամբ՝ հաշուի առնելով մարդկային գիտելիքներու սահմանափակումները:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան