ՄԱՐԴՈՒՆ ՆՊԱՏԱԿԸ

Մարդկային կեանքին նպատակն է սէ՛րը։ Ուրիշ ամէն առաւելութիւններ, առաքինութիւններ, գիտութիւններ, ճշմարտութեան յայտնութիւնը պէտք է ըլլան միջոցներ միայն՝ հասնելու համար այդ նպատակին։

Մարդկային կեանքի նպատակն է նաեւ իրարու հետ միութիւնը, հաշտութեան մէջ ապրիլը՝ որուն միջոցով Աստուծոյ հետ ըլլալ, այդ նպատակին իրագործմանը մէջ է, որ մարդիկ կը գտնեն իրենց կատարելութիւնը, այսինքն իրենց գոյութեան պատճառին լրումը։ Իսկ այդ միութիւնը կամ կատարելութիւնը սէ՛րն է՝ անբիծ, անկեղծ, մաքուր, ճշմարիտ, սուրբ հոգեւոր սէրը։

Ո՛վ որ չի սիրեր, ով որ չունի այդ բարձր եւ գերազանց սէրէն, կը ստէ եւ հաւատարիմ չի մնար իր կոչումին, այսինքն ճշմարտութեան մէջ չ՚ըլլար, ըստ Յովհաննէս Աւետարանիչի մտածման նոյն իսկ, որ կ՚ըսէ, թէ մեր՝ ճշմարտութեան մէջ ըլլալը անկէ պիտի հասկցուի, որ սիրենք զիրար։ Արդարեւ, սէ՛րն է կեանքին բուն նպատակը եւ ոչ թէ ճշմարտութիւնը կամ ճշմարտութիւնը ա՛յնքան ատեն միայն նպատակը կ՚ըլլայ կեանքին՝ որքան ատեն մի է կամ կ՚ըլլայ սիրոյ հետ։

Շնորհք եւ ճշմարտութիւն, այսինքն սէր եւ ճշմարտութիւն, երկուքն ալ մի են քրիստոնէական հաւատքին մէջ։ Քրիստոս երկուքն ի միասին խառնեց միացուց փրկութեան սկզբունքին մէջ։

Ճշմարտութիւն եւ սէր. երկուքն ի միասին միշտ. ահաւասիկ, ա՛յդ է որ կը գերազանցէ, կը լեցնէ եւ կ՚արժեւորէ, կ՚իմաստաւորէ կեանքը։

Միածինը մարմին առաւ. բանը մարդեղացաւ եւ մեր մէջ բնակեցաւ. «լի շնորհօք եւ ճշմարտութեամբ». Աստուծոյ ողորմութիւնը եւ խաղաղութիւնը «ճշմարտութեամբ եւ սիրով». (Բ ՅՈՎՀ. 3) միայն մեզի հետ պիտի ըլլան Իր Որդիին միջոցաւ։

Արդարեւ, ճշմարտութիւնը՝ ինք մինակը՝ այսինքն առանց սիրոյ, ցամաք գիտութիւնն է, որ կրնայ նաեւ սխալիլ. իսկ եթէ սիրոյ հետ է՝ անսխա՛լ գիտութիւն է։ Գիտութիւնը, առանց սիրոյ, կը հպարտացնէ, ինչպէս կ՚ըսէ առաքեալը։ Գիտութիւնը ինքնին որքան որ օգտակար է, նո՛յնքան վնասակար է՝ գիտութեամբ հպարտանալը։ Յիսուսի գիտութիւնը՝ Յիսուսի ճշմարտութիւնը սէ՛րն է միայն, այն սէրը՝ որուն առջեւ կը նուաստանան, կ՚ոչնչանան մարդոց եւ հրեշտակներու իսկ գիտութիւնը եւ խորհուրդը. եւ որուն զգացումով կը հրաշազարդէ ան ԿՈՐՆԹ. Ա նամակին մէջ։

Սէրը՝ ճշմարիտ ճշմարտութի՛ւնն է. ճշմարիտ ճշմարտութիւնը՝ սէ՛րն է։ Ի՞նչ է ճշմարտութիւնը հարցումին ճշգրիտ պատասխանը ա՛յս է։

«Ի՞նչ է ճշմարտութիւնը»։ Դարե՜ր շարունակ իմաստասէրներ, բարոյագէտներ, կրօնքներ, դրութիւններ փնտռած են այս մշտնջենական հարցումին պատասխանը, բայց ստոյգ պատասխան մը չէ գտնուած այս մասին։

Սակայն քրիստոնեան աներկբայ պատասխան մը ունի, ճշմարտութիւնը սէ՛ր է…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Հինգշաբթի, Փետրուար 22, 2024