ԻՐԱՒՈՒՆՔ ԵՒ ՊԱՐՏՔ
Զօրաւորէն աւելի զօրաւորը միշտ կը գտնուի։ Եւ երբ զօրաւորը եւ աւելի զօրաւորը դէմ առ դէմ գան՝ իրաւունքը կը տեղափոխուի։
Մարդկութիւնը միշտ զբաղած է սա հարցով, թէ՝ իրաւունքը զօրաւորի՞նն է, թէ իրաւունքն է զօրաւո՛րը։
Մարդ ստեղծուած է հաւաքականութեան մէջ ապրելու կոչումով, հետեւաբար մարդուն իրաւունքն է օգտուիլ իր նմաններէն, օգնութիւն ստանալ եւ փոխարէն օգնել, օգտակարութիւն ունենալ իր նմաններուն, աս ալ անոր պարտքն է։ Արդարեւ, մարդ կրնայ գոյապահպանուիլ եւ գոյատեւել հաւաքականութեան՝ ընկերութեան մէջ։ Եւ ահաւասի՛կ, իրաւունքի եւ պարտքի այս փոխադարձ դիրքը երբ ներդաշնակուին, կեանքը կ՚ընթանայ իր բնականոն ընթացքին մէջ՝ կատարելագործուած կերպով։ Ապա թէ ոչ, հարցեր կը ծագին եւ կեանքը կը դժուարանայ, անտանելի կը դառնայ։
Եւ քանի որ մարդ ընկերային էակ մըն է, ապա ուրեմն, ան թէեւ երբեմն ժամանակաւոր կերպով եւ որոշ նպատակի մը համար կրնայ առանձնանալ, բայց երբեք մինակ չի կրնար ապրիլ՝ միշտ պահանջքը կը զգայ իր նմաններուն աջակցութեան։ Եւ ահաւասիկ, մարդուն ընկերութեան հետ ունեցած փոխյարաբերութիւններու նպաստաւոր կերպով ընթանալու կէտին՝ իրաւունքի եւ պարտքի ներդաշնակութիւնը մեծ կարեւորութիւն կը ստանայ։
Հարցուեցաւ, թէ իրաւունքը զօրաւորի՞նն է, թէ ո՛չ։
Կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը մեզի ցոյց կու տայ, թէ միշտ զօրաւորէն աւելի զօրաւորը կա՛յ։ Գործնականին մէջ՝ քանի որ միշտ զօրաւորէն աւելի զօրաւորը կայ եւ իրաւունքն ալ ընդհանրապէս զօրաւորին կողմը կը հակի, իրաւունք հարցը միշտ օրակարգի վրայ կը մնայ։ Արդարեւ, դատարաններ եւ դատաւորներ կան՝ որ իրաւունքը արդար կերպով բաշխել՝ իրաւունքը տա՛լ իրաւացիին եւ ո՛չ թէ «զօրաւոր»ին։ Իսկ «պարտք»ը բոլորին կը վերաբերի, քանի որ ամէն իրաւունք փոխարէն ունի պատասխանատուութիւն մը։
Մարդոց պարտքը եթէ կարելի չըլլար իրականացնել՝ իրաւունքն ալ կարելի չըլլար վայելել։ Եւ երբ իրաւունք գոյութիւն չունենայ՝ ազատութիւն ալ գոյութիւն չի կրնար ունենալ։ Հետեւաբար, ազատութեան համար իրաւունք եւ պարտք անհրաժեշտ եւ հիմնական պայմաններ են։
Օրէնքներ, ի՛նչ բանի արտօնուած, ի՛նչ բանի արգիլուած ըլլալը կը սահմանեն եւ ո՛չ թէ ի՛նչ բանի բարի կամ չար ըլլալը։ Ամէն մարդ ապրելու իրաւունք ունի եւ այս իրաւունքը հիմնական, էական իրաւունք մըն է։ Ի՞նչ կը նշանակէ «ապրելու իրաւունք»։ Ապրիլ կամ չապրիլ՝ ասիկա իրաւունքի հարց մը չէ՛. ապրելու համար որեւէ արտօնութիւն չ՚ակնկալուիր, ուրեմն ինչո՞ւ «ապրելու իրաւունք»։
«Ապրելու իրաւունք», որովհետեւ, մարդկային պատմութեան ընթացքին մարդիկ միշտ ուրիշներու կեանքին սպառնացած, կեանքեր խլած են։ Եւ մարդ՝ ամէն մարդ պէ՛տք է ապրի։ Ահաւասիկ, այս իմաստով ապրիլը իրաւո՛ւնք մըն է, իսկ մարդոց իրարու կեանքը պահպանել, խնամել՝ պա՛րտք…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ