ԱՅ­ԼԱ­ՍԵ­ՐԱԾ ԲԱ­ՐԻՆ՝ ՉԱ՛­ՐԸ

Յա­ճախ կը խօ­սինք «բա­րի»ին եւ «չար»ին մա­սին, ի՛նչ որ բնա­կան պէտք է հա­մա­րուի, քա­նի որ «բա­րի»ն ու «չար»ը ան­բա­ժան են մարդ­կա­յին կեան­քի ա­մէն ապ­րու­մի մէջ՝ ա­մէն պահ կը զգա­ցուի ա­նոնց ազ­դե­ցու­թիւ­նը կեան­քի ըն­թաց­քին։

Մարդ կը գոր­ծէ, յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ կը մշա­կէ իր նման­նե­րուն հետ, կ՚աշ­խա­տի, կ՚ար­տադ­րէ եւ իր բո­լոր գոր­ծու­նէու­թեան ար­դիւն­քը կ՚ո­րո­շուի եր­կու վի­ճա­կով՝ ա­նոնք կա՛մ «բա­րի» են, կա՛մ «չար», ի­րենց ընդ­հա­նուր նկա­րագ­րով։

Այ­լա­պէս մարդ­կա­յին ա­րարք­նե­րու մէջ չկա՛յ մի­ջա­կը, չկա՛յ ու­րիշ չէ­զոք վի­ճակ մը։ Գործ մը, որ ի վեր­ջոյ կը յան­գի ար­դիւն­քի մը, աշ­խա­տու­թիւն մը՝ որ կ՚ար­տադ­րէ՝ բա­րի՛ է եւ կամ չա՛ր։ Ա­ւե­լի նեղ ի­մաս­տով՝ օգ­տա­կար է եւ կամ վնա­սա­կար։ Ու­րեմն՝ բա­րի մարդ կա՛յ, որ բա­րիք կը գոր­ծէ, չար մարդ կա՛յ, որ չա­րիք կ՚ար­տա­բե­րէ։

Պատ­ճառ-ար­դիւնք բնա­կան փոխ­յա­րա­բե­րու­թեան մէջ՝ ա­մէն բա­րի գործ բա­րու­թիւն, եւ ա­մէն չար գործ չա­րու­թիւն կը ստեղ­ծէ։ Բա­րիի մա­սին մտա­ծո­ղը՝ բա­րիք կը գոր­ծէ, իսկ չա­րի մա­սին խոր­հո­ղը՝ չա­րու­թի՛ւն…։

Աս­կէ հե­տեւց­նե­լով կ՚եզ­րա­կաց­նենք, թէ «բա­րի մարդ» եւ «չար մարդ» կա՛յ, բայց քա­նի որ Աս­տուած բա­րի՛ է եւ միայն բա­րի կը ստեղ­ծէ, եւ մա­նա­ւանդ որ մար­դը ա­րա­րած­նե­րու մէջ նա­խա­մե­ծար է եւ գե­րա­դաս, ա­պա ու­րեմն՝ ա­նոր բա­րու­թիւ­նը ան­վի­ճե­լի՛ է։

Ար­դէն, Աս­տու­ծոյ պատ­կե­րով եւ Աս­տու­ծոյ նմա­նու­թեամբ ստեղ­ծուած մար­դը՝ կա­րե­լի՞ է որ «չար» ըլ­լայ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան ծրագ­րին մէջ։ Ուս­տի մար­դը բա­րի ստեղ­ծուած է, մար­դը բա­րի՛ է։ Մար­դուն բա­րի նկա­րա­գի­րը աս­տուա­ծա­յին է եւ աս­տուա­ծա­տո՛ւր։

Ու­րեմն հար­ցը սա է. բնու­թեամբ բա­րի մար­դը ինչ­պէ՞ս չա­րի կը վե­րա­ծուի եւ հա­կա­ռակ իր աս­տուա­ծան­մա­նու­թեան, կրնայ չա­րին ծա­ռա­յել, կրնայ չա­րու­թիւն գոր­ծել եւ չա­րու­թեան մէջ ապ­րիլ։

Ու­րիշ ա­ռիթ­նե­րով ալ ը­սինք, կրկնենք՝ չա­րը, ի­րա­կա­նու­թեան մէջ բա­րիին այ­լա­սե­րած, այ­լա­փո­խուած վի­ճակն է։ Բա­րի մար­դը՝ նո՛յն մարդն է, հա­պա ա­նոր նկա­րա­գի­րը, վի­ճա­կը փո­խուած եւ չար մար­դու հան­գա­մանք ա­ռած է։ Ճիշդ՝ թարմ խնձո­րի մը նման՝ որ հա­մեղ է եւ ա­խոր­ժա­լի, եւ քա­նի մը օր մնա­ցած՝ փտած, ան­համ, ա­նա­խորժ խնձո­րի մը նման։

Ար­դա­րեւ խնձո­րը նոյն խնձորն է, ո­րուն եր­կու տար­բեր վի­ճակ­ներն են՝ հա­մով կամ ան­համ ըլ­լա­լը։ Ա­հա­ւա­սիկ, մար­դուս բա­րու­թիւ­նը կամ չա­րու­թիւնն ալ խնձո­րի եր­կու վի­ճակ­նե­րուն կը նմա­նի՝ բնա­կա­նը, ստեղ­ծուած վի­ճա­կով բա­րի է, բայց հետզ­հե­տէ, ըն­կե­րա­յին, մի­ջա­վայ­րի եւ շրջա­պա­տի զա­նա­զան ազ­դե­ցու­թիւն­նե­րով կը չա­րա­նայ, այ­սինքն՝ կ՚այ­լա­սե­րի, կը փո­խուի։ Բայց մար­դը նո՛յն մարդն է՝ վի­ճա­կը կամ նկա­րա­գի­րը կը փո­խուի։ Ու­րեմն աս­տուա­ծա­յին ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան ընդ­հա­նուր ծրագ­րին մէջ «չար մարդ» եւ չա­րու­թիւն գո­յու­թիւն չու­նի՝ չա­րը ա­ւե­լի վերջ, ո­րոշ պայ­ման­նե­րու ազ­դե­ցու­թեամբ կը գո­յա­նա՛յ, բայց ո՛չ եր­բեք՝ ստեղ­ծուած չէ՛։ Ար­դէն «չար»ի ստու­գա­բա­նու­թեան եզ­րա­կա­ցու­թիւ­նը այն է, թէ՝ «չար»ը «չա­րա­րած» է, այ­սինքն՝ չստեղ­ծուա՛ծ։ Ու­րեմն մարդ բա­րի կը ծնի եւ կ՚այ­լա­փո­խուի՝ չար նկա­րագ­րի տէր կ՚ըլ­լայ, չա­րիք կը խոր­հի եւ չա­րու­թեամբ կը գոր­ծէ։

Կարգ մը ոճ­րա­բան­ներ կ՚ը­սեն, թէ մար­դուն մէջ չա­րու­թեան, ոճ­րա­գոր­ծու­թեան սեր­մը գո­յու­թիւն ու­նի, եւ ե­թէ պա­տեհ ա­ռի­թը կամ յար­մար մի­ջա­վայ­րը գտնուի՝ կը յայտ­նուի։ Ո­մանց մէջ բնաւ չի յայտ­նուիր, ո­մանց մէջ մի­ջա­վայ­րի հա­մե­մատ կը զօ­րա­նայ եւ գործ­նա­կա­նու­թեան կ՚անց­նի։ Բայց այս տե­սու­թիւ­նը մար­դուն ա­րար­չու­թեան նպա­տա­կին, կեր­պին եւ մա­նա­ւանդ կո­չու­մին հետ ան­հա­մա­պա­տաս­խա՛ն է. քա­նի որ ա­նոր ա­րար­չու­թիւ­նը գե­րա­գոյն «Բա­րի»ին կող­մէ կա­տա­րուած է՝ «Բա­րի»ին նմա­նու­թեամբ եւ «Բա­րու­թեան» պատ­կե­րով։ Ա­պա ու­րեմն մար­դուն մէջ չա­րու­թեան սերմ են­թադ­րել ներ­հակ է իր ա­րար­չու­թեան կեր­պին, նպա­տա­կին եւ ի­մաս­տին։

Մարդ բա­րի՛ է, կ՚այ­լա­սե­րի եւ չա՛ր կ՚ըլ­լայ…։

Պահ մը, իմ սի­րե­լի ըն­թեր­ցող բա­րե­կամ­ներ, կը հրա­ւի­րեմ ձեզ խոր­հե­լու, թէ՝ «ո՞վ է բա­րին» եւ «ին­չո՞ւ հա­մար բա­րի է»։ Պա­տաս­խան­ներ կրնան բազ­մա­թիւ ըլ­լալ, զոր օ­րի­նակ, կա­րե­լի է ը­սել, թէ՝ «բա­րին ա՛յն է, որ բա­րիք կը գոր­ծէ», եւ կամ դար­ձեալ՝ «բա­րի է, քա­նի որ ան չար չէ՛»։ Այս պա­տաս­խան­նե­րէն կա­րե­լի կ՚ըլ­լայ հե­տեւց­նել, թէ չա­րը պէտք է գո­յու­թիւն ու­նե­նայ, որ­պէս­զի բա­րին յայտ­նուի, եւ ճանչ­ցուի՛։ Ուս­տի բա­րին՝ «բա­րի» է չա­րին բաղ­դատ­մամբ, բա­րին՝ «բա­րի» է չա­րին նկատ­մամբ եւ վեր­ջա­պէս բա­րին՝ «բա­րի՛» է չա­րին հա­մե­մա­տու­թեամբ։

Ա­հա­ւա­սիկ պատ­ճա­ռը՝ թէ ին­չո՛ւ ար­տօ­նուած է չա­րին, ին­չո՛ւ թո­ղուած է, որ չա­րու­թիւ­նը գոր­ծէ։

Ե­թէ «չար» եզ­րը չըլ­լայ՝ բա­րին ինչ­պէ՞ս պի­տի յայտ­նուի, ինչ­պէ՞ս իր գո­յու­թիւ­նը ցոյց տայ մարդ­կա­յին մտքին եւ ինչ­պէ՞ս բա­րիին «բա­րի» ըլ­լա­լը հասկ­ցուի, բա­րիի գա­ղա­փա­րը եւ բա­րիի ըմբռ­նու­մը կա­րե­լի պի­տի ըլ­լայ սահ­մա­նել։ Ար­դա­րեւ, մարդ­կա­յին մտքին բա­րիի գա­ղա­փա­րը կը յայտ­նուի՝ չա­րի գա­ղա­փա­րին հետ ծա­նօ­թա­նա­լով եւ ը­սե­լով՝ այս չա՛ր է, ու­րեմն ա­նոր հա­կա­ռա­կը, հա­կա­պատ­կե­րը՝ բա­րի՛…։

Ու­րեմն, բա­րին սահ­մա­նե­լու, բա­րիի գա­ղա­փա­րը եւ ըմբռ­նու­մը ի­մա­նա­լու հա­մար հարկ է չա­րի գա­ղա­փա­րին եւ ըմբռ­նու­մին գո­յու­թիւ­նը եւ ճա­նա­չու­մը։ Ե­թէ չա­րը գո­յու­թիւն չու­նե­նար, «բա­րի»ն ին­չի՞ բաղ­դատ­մամբ եւ ի՛նչ հա­մե­մա­տու­թեամբ պի­տի սահ­մա­նուէր։ Ուս­տի եւ չա՛րն է եւ կը յայտ­նէ բա­րին։ Չա՛րն է որ լրու­մին կը հասց­նէ բա­րին եւ լռե­լեայն կ՚ը­սէ.- ես չա՛րն եմ, իսկ ան՝ բա­րի՛ն։ Այս կա­րե­լի է նմանց­նել խա­ւա­րին՝ որ կ՚ա­ւե­տէ լոյ­սը, կամ տրտմու­թեան՝ ո­րուն կը յա­ջոր­դէ ու­րա­խու­թի՜ւ­նը։ Ար­դա­րեւ ա­մէն ար­ժէք կը յայտ­նուի ու կը ճանչ­ցուի, ար­ժէք կը ստա­նայ իր հա­կա­պատ­կե­րով՝ իր հա­կա­դիր ար­ժէ­քով, ա­նոր հետ բաղ­դա­տուե­լո՛վ։ Ու­րեմն, հարց­նենք. ե­թէ չա­րը չըլ­լար՝ բա­րին ար­ժէք մը պի­տի ներ­կա­յաց­նէ՞ր, կամ որ­պէս բա­րի պի­տի ճանչ­ցուէ՞ր, թէ՝ պար­զա­պէս բնա­կան ե­րե­ւոյթ մը, պա­տա­հա­կան ի­րո­ղու­թիւն մը, բայց ո՛չ՝ մեր ըմբռ­նած կեր­պով «բա­րի՛»։ Մարդ բա­րու­թիւն կը գոր­ծէ, բա­րիք կ՚ը­նէ՝ չա­րին նկատ­մամբ, չա­րին հետ հա­մե­մա­տե­լով։ Ինչ­պէ՛ս որ սե­ւը՝ «սեւ» է, եւ ճեր­մա­կը՝ «ճեր­մակ» եւ ե­թէ չըլ­լար ճեր­մա­կը՝ սե­ւը «սեւ» պի­տի չկո­չուէր, այլ գոյն մը, տե­սա­նե­լի ե­րե­ւոյթ մը, կամ ե­թէ տե­ւա­կան լու­սա­ւոր ըլ­լար աշ­խարհ, լոյ­սին պի­տի չանդ­րա­դառ­նա­յին մար­դիկ, այն­պէս ալ՝ չա­րը գո­յու­թիւն ու­նե­նա­լուն հա­մար է, որ մար­դիկ կ՚անդ­րա­դառ­նան բա­րիին եւ կը գե­րա­դա­սեն զայն չա­րին։ Չա՛րն ալ ու­նի իր դե­րը աս­տուա­ծա­յին ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան ընդ­հա­նուր ծրագ­րին մէջ…։

Օ­րի­նակ­նե­րը կա­րե­լի է բազ­մաց­նել այս մա­սին։

Ե­թէ չըլ­լար տգե­ղը, ա­պա ու­րեմն ինչ­պէ՞ս կա­րե­լի պի­տի ըլ­լար «գե­ղե­ցիկ»ի գա­ղա­փա­րը ու­նե­նալ, եւ ե­թէ չըլ­լար տգի­տու­թիւն, գի­տու­թեան ար­ժէ­քը ինչ­պէ՞ս պի­տի գիտ­ցուէր։ Ու­րեմն ո­րե­ւէ «ար­ժէք» իր ար­ժէ­քը կը յայտ­նէ իր հա­կա­պատ­կե­րին հետ բաղ­դատ­ման շնոր­հիւ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Դեկ­տեմ­բեր 15, 2015, Իս­թան­պուլ

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 22, 2015