ԲԱՅՑ Ո՛Չ ԻՆՁ ՀԱՄԱՐ… ԱՅԼ ԼՈԿ ՔԵ՛Զ ՀԱՄԱՐ…

Մեր թուականէն տասնամեակներ առաջ քանի մը հայ երիտասարդներ հաւաքուելով կ՚որոշեն բառախաղ խաղալ։ Խաղի կանոնը հետեւեալն էր. խաղակիցներէն մին կ՚ընտրէր բառ մը եւ այդ բառին մէջ եղած տառերով խաղակիցներ բառեր ու գոյականներ պարտէին գտնել եւ կը շահէր ան, որ ամենէն շատ բառը կը գտնէր: Երիտասարդները ամէն ջանք ի գործ կը դնէին կարելի եղածին չափ շատ բառեր գտնելու, սակայն մի՛շտ պարտուած դուրս կու գային։ Անոնցմէ մէկը՝ ի տարբերութիւն միւսներուն, հակառակ իր երիտասարդ տարիքին, ունէր հայերէնի լայն բառապաշար մը:

Միշտ յաղթանակած երիտասարդը խաղի ժամանակ կը գործածէ «շառ» բառը, խաղակիցները կը հակաճառեն՝ բողոքելով, թէ այդ մէկը հայերէն բառ մը չէ. «բարբառ»ներէն եկող, ժողովուրդին լեզուին մէջ տեղ գտած օտարամուտ բառ մըն է։ Երիտասարդը կը բորբոքի եւ կը սկսի բացատրել «շառ» բառի իմաստը։ Շառ կը նշանակէր կարմիր, ուրկէ կու գայ շառագունիլ բայը, որ կը նշանակէ կարմրիլ, շիկնիլ: Մի քանի վայրկեան ետք երիտասարդը կը կազմէ «նօտր» բառը։ Այս անգամ ընկերները ծիծաղելով կը յայտնեն, թէ շինծու բառ մըն է եւ հայերէնի մէջ գոյութիւն չունի նման բառ մը։ Երիտասարդը դարձեալ հասակակիցներուն կը սկսի բացատրել «նօրտ» բառի իմաստը, որ կը նշանակէ շղագիր, շղագիրով տպագրուած:

Մայրենի լեզուն սրբութիւն մըն էր այդ երիտասարդին համար եւ ան ունէր հայերէն բառերուն ծարաւը։ Ան կ՚ուզէր գիտնալ աւելի՛ն եւ կը զարմանար, թէ ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ իր հասակակիցները չգիտնան «նօտր» ու «շառ» բառերը։ Նման «պարզ» բառերու չգիտութիւնը մահուան մը չափ ծանր ազդեցութիւն ունէր։ Հայերէնը իրենն էր՝ իր սեփականը։ Ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ, որ մարդ չգիտնայ իր սեփական լեզուն։ Անհասկնալի էր իրեն համար: Հասակակիցներու իսկ վկայութեամբ, հայերէն գիրքերը այդ երիտասարդին համար այն էին՝ ինչ որ է խմիչքը գինեմոլին համար:

Այսօր ա՛յդ երիտասարդին ծննդեան օրն է։ Այսօր ծննդեան 100-ամեակն է հայ մեծագոյն բանաստեղծին՝ Պարոյր Սեւակին։ Արդարութիւնը ինչքա՜ն պիտի ուզէր, որ անոր 100-ամեակը նշուէր մեծ շուքով։ Իր կեանքը հայ լեզուին ու հայ գրականութեան նուիրած նահատակի մը յիշատակը յարգուէր համազգային տարողութեամբ, սակայն մենք ո՜ւր, արդարութիւնը՝ ուր: Նման մեծ արժէքի մը հանդէպ մեր ազգի ունեցած այս անտարբերութիւնը լուրջ մտահոգութիւն կ՚արթնցէ, որովհետեւ Պարոյր Սեւակն ու անոր յիշատակը յարգել՝ հայ լեզուի եւ գրականութեան հանդէպ մեր ունեցած նախանձախնդրութիւնը ցոյց կու տայ:

Սեւակ այն հազուագիւտ դէմքերէն է, որ իր մահէն տասնամեակներ ետք կը շարունակէ իր ուրոյն տեղը գրաւել հայ գրականութեան բարձրագոյն դիրքին վրայ եւ շա՛տ մեծ հաւանականութեամբ (նաեւ յոյսով) պիտի շարունակէ յառաջիկայ տասնեամեակներուն ուսումնասիրութեան ու սքանչացումի նիւթ դառնալ:

Պարոյր Սեւակ առաջին բանաստեղծութիւնները սկսած է գրել 17 տարեկան հասակին։ Անոր գրած առաջին բանաստեղծութիւնները նոյնիսկ աւետումն էին ապագայ մեծագոյն բանաստեղծի ծնունդին։ Ի տարբերութիւն շարք մը ուրիշ բանաստեղծներու, Պարոյր Սեւակ թէ՛ իր ժամանակին, թէ՛ հիներուն եւ թէ այսօր՝ մեզի համար ժամանակակից հրաշք մը ունէր։ Անկարելի է գտնել ընթերցող մը, որ իրմէ մաս մը գտած չըլլայ Պարոյր Սեւակի տողերուն մէջ։ Անոր տողերը մինչեւ օրս կը հրապուրեն պատանին, երիտասարդը, ինչպէս նաեւ տարեցը:

Պարոյր Սեւակ լաւապէս կը գիտակցէր իր գիրի հրաշքին։ Ան կը զգար, որ իր գրութիւնները գրական գոհարներ ըլլալու առընթեր պիտի ըլլան մեր բոլորիս կեանքը պատկերող վրձին մը։ Ան իր նախնական բանաստեղծութիւններէն մէկուն մէջ կը գրէր. «Պիտի իմ երգը ծնուի կեանքի մեջ»։ Եւ իրապէս ալ վերացական երեւոյթներու մասին գրելու եւ գովերգելու փոխարէն՝ ան մեր ցաւն ու ուրախութիւնը երգեց ու կամայ թէ ակամայ անոր իւրաքանչիւր տողին մէջ մենք մեր կեանքի հայելին տեսանք՝ բոլոր յոյզերով ու ապրումներով: Նոյն այդ բանաստեղծութեան մէջ արդէն Պարոյր Սեւակ ինքնավստահ ձեւով կ՚ըսէր. «Պիտի որ դառնամ կեանքի բանաստեղծ»:

Պարոյր Սեւակի ունեցած կարեւոր յատկութիւններէն մին ազատութեան սէրն էր. սէր՝ որուն համար կեանքը պիտի զոհէր: Իր բանաստեղծական կեանքի առաջին իսկ օրերէն Սեւակ որոշած էր գրել ու խօսիլ ազատօրէ՛ն. գրել այն բոլորին մասին, որ ծնունդ կ՚առնէր իր հոգիէն, երազներէն ու իղձերէն. ի՛ր իսկ բառերով. «Պիտի ջարդոտեմ ամէն մի կապանք, ամէն մի շղթայ հոգիս կաշկանդող»։ Ա՛ն էր, որ քաջութիւնը պիտի ունենար Սովետական Հայաստանի խիստ պայմաններուն մէջ հայրենասիրութիւն գովերգել՝ իր աշխատութիւնը կոչելով «Եղիցի լոյս»՝ տիրող խաւարը բացայայտօրէն նշելու համար։ Ա՛ն էր, որ Սովետական Հայաստանի մէջ ապրող հայուն կաշկանդուած ու շղթայուած վիճակին մասին պիտի խօսէր՝ իր աշխատութիւնը կոչելով՝ «Մարդը ափի մէջ», որովհետեւ բանտած էին հայու ազատութիւնը: Ա՛ն էր, որ պիտի բարձրաձայնէր «Անլռելի զանգակատուն»ը, որուն ձայնին կարօտը մեծապէս ունինք այսօր՝ հայրենաթափութեան այս օրերուն:

Մեծ բանաստեղծի ծննդեան հարիւր ամեակին նուիրուած մեր այս գրութիւնը կ՚ուզենք աւարտել բանաստեղծին բառերով, որոնք մտածելու մե՜ծ առիթ կու տան իւրաքանչիւր ընթերցողի.

«Իսկ չե՞ս վախենում, որ յանկարծ մեռնեմ:
Ես վախենում եմ, շատ եմ վախենում,
Բայց ո՛չ ինձ համար,
Այլ լոկ քե՜զ համար...»:

Բանաստեղծը մեռաւ… սակայն այսօր մե՛նք զինք կը մեռցնենք, որուն վնասը դարձեալ «լոկ մեզ համար» է…։

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ի՞նչ գիտես Պարոյր Սեւակի մասին:

Պատասխան. Պարոյր Սեւակը (1924-1971) հայ ազդեցիկ գրող, բանաստեղծ ու գրականագէտ էր: Բուն անունով Պարոյր Ղազարեան, ծնած է 24 յունուար 1924 թուականին։ Ան ընտրած է Սեւակ գրչանունը, որ հայերէն կը նշանակէ «նուիրուած»:

Սեւակի գրականական ստեղծագործութիւնները կը կեդրոնանան սիրոյ, ազատութեան եւ մարդկային վիճակներու վրայ: Անոր բանաստեղծութիւնները կ՚արտացոլացնեն անոր մարդկութեան ճակատագրի հանդէպ անոր ունեցած խոր մտահոգութիւնը, ինչպէս նաեւ արդարութեան ու հաւասարութեան իտէալներու նուիրուածութիւնը:

Ան իր գրականութեան ճամբով կը փորձէր վերակենդանացնել եւ վերամիասնաւորել հայկական ինքնութիւնն ու հայկական մշակոյթը՝ հայոց ցեղասպանութենէն ապրած արհաւիրքէն:

Բանաստեղծ ըլլալէ բացի Պարոյր Սեւակ եղած է նաեւ գրականագէտ ու թարգմանիչ: Իր կենդանութեան ժամանակ մեծ ներդրում ունեցած է հայ գրականութեան եւ մշակութային միտքին: Անոր ստեղծագործութիւնները յայտնի են իրենց յուզականութեամբ, խորութեամբ եւ մարդկային փորձառութեան խոր ընկալումով:

Դժբախտաբար, Պարոյր Սեւակի կեանքը վերջ գտաւ 47 տարեկան հասակին, ցաւալի արկածի մը հետեւանքով: Հակառակ երիտասարդ տարիքին մահանալուն, Պարոյր Սեւակ մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ հայ գրականութեան եւ հայ մշակոյթի ոլորտէն ներս եւ ան մինչեւ այսօր կը յիշուի՝ որպէս գրականութեան պատմութեան նշանաւոր դէմքերէն մին:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան 

Չորեքշաբթի, Յունուար 24, 2024