ՄԵՆՔ ԵՒ ՄԵՐ ԱՆՀԵՌԱՏԵՍ ՎԻՃԱԿԸ

Յաճախ կը լսենք ու կը կարդանք հայուն «ինչ» ըլլալուն մասին. մին հայը կ՚որակէ աշխատասէր, ուրիշ մը պայքարող, մին հայուն մէջ կը փորձէ տեսնել գովելի յատկութիւններ, իսկ ուրիշ մը՝ հակառակը. իսկ մեզի համար հայու որակումը մէկն է. անհեռատես: Դարեր շարունակը հայը երբեք չյաջողեցաւ ըլլալ հեռատես եւ բոլոր փորձութիւնները որոնց միջոց անցաւ, այդ անհեռատեսութեան արդիւնքը եղաւ պարզապէս:

Այդ անհեռատեսութիւնը ծածկելու համար հայը շատ անգամ ուրիշը մեղադրեց եւ կամ ալ դիմեց սուտի՝ ծածկելու համար իր թերութիւնը. գուցէ անհեռատեսութիւնը ժառանգաբար փոխանցուած է մեզի՝ մեր նախնիներէն. փաստ, որ մինչեւ այսօր կը մնանք անհեռատես:

Մեր այդ անհեռատես տեսակը փաստելու լաւագոյն միջոցը Մեծ եղեռնն է. դպրոցական օրերէն սկսեալ մեզ դաստիարակեցին ու սորվեցուցին, թէ Ապրիլ 24-ի գիշերը մտաւորականները անակնկալօրէն ձերբակալուեցան եւ «անսպասելի» արհաւիրք մը տեղի ունեցաւ. մեզի չըսին, թէ հայը չունեցաւ հեռատեսութիւնը հասկնալու մօտալուտ արհաւիրքը. այնպէս մը ներկայացուցին, որ չսպասուած մէկ պահուն անսպասելի մէկ պահուն եղեռնի զոհ գնաց մեր ազգը. սակայն հիմա կը հասկնամ, որ այդ մէկը ճշմարտութեան չի՛ համապատասխաներ, որովհետեւ օտարներ անգամ զգացած ու տեսած են անխուսափելի ցեղասպանութիւնը՝ բացի մեր անհեռատես ժողովուրդէն:

Վստահաբար նման հաստատում մը ընելով չենք բաւարարուիր. կու գանք փաստելու այդ բոլորը. մեր թուականէն աւելի քան 120 տարիներ առաջ՝ Ատանայի եւ 1915 թուականի կոտորածէն իսկ առաջ եւրոպացի քաղաքագէտներ, հրապարակագիրեր եւ նշանաւոր դէմքեր խնդրագիր մը կը գրեն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահին. խնդրագիրը կը ստորագրեն ֆրանսացի, իտալացի, պելժիացի, գերմանացի եւ այլ երկիրներու պատկանող ընդհանուր 31 ծերակուտականներ, 25 պատուիրակներ եւ 51 համալսարանական յայտնի դասախօսներ, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարի քարտուղարը:

Խնդրագիրը կ՚ըսէ (թարգմանութիւնը կատարուած 1906 թուականին)-

«Համարձակութիւնը կ՚ունենանք ի նպաստ վեհանձն դատի մը հայցելու այն բարձր բարոյական ազդեցութիւնը, զոր դուք ունիք իբրեւ պետը Միացեալ Նահանգներու մեծ հանրապետութեան, եւ զոր ստացաք ազգերու մէջ խաղաղութիւն հաստատելու ձեր ջանքովը:

Չենք տարակուսիր, թէ մեզի պէս դուք ալ խորապէս զգացուած էք եղերական ճակատագրովը հայ ազգին, միեւնոյն ծագումը ունեցող մեզի հետ, որ կարեւոր դեր մը խաղացած է քաղաքակրթութեան յառաջացումին մէջ: Այս ժողովուրդը յուսահատութեան մատնուած է եւ ջնջուելու սպառնացուած այն անգթութեամբը եւ բռնութեամբը, զոր իրենք շրջապատող մուսուլման ցեղեր անպատիժ կերպով կը գործադրեն անոր գլխուն: Արդէն տասը տարիներէ յետէ անոնք ջանացած են բնաբարձ ընել հայերը»։

Բոլոր անոնք որոնք չեն գիտեր, բնաբարձ ընել կը նշանակէ հիմքէն ջնջել, բնաջինջ ու արմատախիլ ընել: Նամակին մէջ յատկանշական է «տասը տարիներէ» արտայայտութիւնը։ Այս պարագային պէտք է հասկնալ, որ 1890-ական թուականներէն ի վեր յստակ էր, թէ հայ ժողովուրդին վտանգ մը կը սպառնայ. հաղորդակցութեան սահմանափակ եղած ժամանակ եթէ նման մթնոլորտ մը հասած էր Եւրոպա եւ Ամերիկա, կրնանք վստահ ըլլալ, որ մեր հայ ղեկավարներն ու առաջնորդները լաւապէս ծանօթ էին այդ մթնոլորտին:

Խնդրագիրը կը շարունակէ.

«Դիւանագիտական ներկայացուցիչներու տեղեկութիւնները, համաձայն են եւ կը հաստատեն սիրտ արիւնող մանրամասնութիւնները: Հայ բնակչութեան համար ապահովութիւն չկայ ստացուածքի, կեանքի, կամ պատիւի մարդու, կնոջ եւ մանուկներու, քանի որ այս ժողովուրդը շարունակական սպառնալիքին տակ է կողոպտուելու, յափշտակուելու, սպաննուելու կազմակերպեալ աւազակներու միջոցով, որոնք Ասիան կը վարակեն:

Ամօթ մըն է Եւրոպայի եւ թոյլ տուէք որ աւելցնենք՝ Ամերիկայի համար, թողուլ որ շարունակուի անիշխանութեան եւ եղեռնի այսպիսի վիճակ մը, որ պարտինք յիշել, նոյն իսկ մեր հայրենակիցներուն կեանքը վտանգի տակ կը դնէ:

Կը դիմենք ձեզի, որպէսզի պէտք եղած քայլերն առնէք եւրոպական պետութիւնները համաձայնեցնելու Օսմանեան կայսրութեան հպատակներուն համար երաշխաւորելու նպատակով հանրային խաղաղութեան եւ կարգապահութեան այն վիճակը, որուն բացակայութիւնը այնքան աղէտներ հրաւիրած է արդէն եւ թերեւս անոր ոչնչացումին ալ պատճառ դառնայ»:

Այս խնդրագիրին կողքին կը ղրկուի նաեւ բացատրական նամակ մը, որուն մէջ կը յիշուին անունները այն անձերուն, որոնք ստորագրած են վերոյիշեալ խնդրագիրը. կը խնդրեն, որպէսզի կազմակերպուելիք համաժողովին մէջ բարձրացուի այս հարցը եւ խօսուի հայկական հարցի մասին. այս բոլորին մէջ միւս զարմանալի կէտը այն է, որ այս խնդրագիրը կը ներկայացուի օտարներու եւ ո՛չ հայերու կողմէ:

Գուցէ Եւրոպա եւ Ամերիկա լրջութեամբ մօտենային այդ հարցին, տեղի չունենար Մեծ եղեռնը, սակայն սխալը անոնց մէջ չենք գտներ, որովհետեւ ուրիշին յոյսով չէ որ պիտի ապրէր հայ ժողովուրդը. թէեւ ըսենք, որ հայերու մէջ կային անձեր, որոնք կը գիտակցէին եւ անոնցմէ մէկն էր Խրիմեան Հայրիկ, որ ամէն ջանք ի գործ կը դնէր բարձրացնելու համար հայկական հարցը եւ անոր լուծումը կը փնտռէր։ Արեւու պէս յստակ էր հայ ժողովուրդին դիմագրաւելիք արհաւիրքը, սակայն ազգովի դարձեալ լուռ, ներքին ըսի ըսաւներով ու բամբասանքով տարուած էինք՝ ինչպէս այսօր:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Մարդ կրնա՞յ մահանալ եւ դարձեալ կենդանանալ (ոչ հոգեւոր իմաստով):

Պատասխան. Կենսաբանական իմաստով «մահանալ» եւ կեանքի վերադառնալը տեղի կ՚ունենայ հիմնականին մէջ սիրտի եւ կամ շնչառութեան դադարեցման հետ: Բժշկական միջամտութիւնները, ինչպէս օրինակ, սրտանօթային վերակենդանացումը երբեմն կը յաջողին սիրտը վերականգնել եւ վերադարձնել շնչառութիւնը. այս մէկը կը կոչուի «բժշկական մահ»: Սակայն եթէ ուղեղը զգալի ձեւով վնասուած ըլլայ եւ ունենայ թթուածինի պակաս, վերականգնումը աւելի քիչ հաւանական կը դառնայ: Բժշկական վերլուծութիւններ կը շարունակեն ուսումնասիրել եւ հասկնալ այդ մէկը, որովհետեւ մահը տեղի կ՚ունենայ ուղեղի անդառնալի դադարեցումով:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Մայիս 24, 2024