ՅՈՅՍԻՆ ԶՕՐՈՒԹԻՒՆԸ
«Քու արեւդ անգամ մըն ալ պիտի չմարի եւ քու լուսինդ պիտի չնուազի. հապա Աստուած քեզի յաւիտենական լոյս պիտի ըլլայ եւ սուգի օրերդ պիտի վերջանան». (ԵՍԱՅԻ Կ 20)։
Յոյսով հաւատալ եւ հաւատքով յուսալ…
Յոյսը Աստուածատուր պարգեւ մըն է մարդուս, որով կը զօրանայ հաւատքը եւ հաւատքի զօրութեամբ յոյսը կը վերածուի իրականութեան։ Բայց յոյսը համբերութիւն կը պահանջէ. եթէ չկայ համբերութիւն, չկա՛յ նաեւ յոյս։ Արդարեւ, Պօղոս առաքեալ հռովմայեցիներու գրած իր նամակին մէջ սապէս կը գրէ. «Ո՛չ միայն այսքան՝ հապա նաեւ նեղութիւններու մէջ կը պարծինք. վասնզի գիտենք թէ նեղութիւնը համբերութիւն կը գործէ եւ համբերութիւնը՝ փորձառութիւն եւ փորձառութիւնը՝ յո՛յս, եւ յոյսը ամօթով չի ձգեր, վասնզի Աստուծոյ սէրը մեր սրտերուն մէջ տարածուած է Սուրբ Հոգիին միջոցով, որ մեզի տրուեցաւ». (ՀՌՈՎՄ. Ե 3-5)։
Մարդիկ, ընդհանրապէս մտահոգութիւններով, կասկածներով կը դժուարացնեն իրենց կեանքը. ահաւասիկ, ճիշդ այդ պահուն յոյսը կը հասնի օգնութեան եւ կը փարատէ ամէն մտահոգութիւն եւ կասկած։ Ուրեմն, սա յստակ է, որ Աստուած օգնութեան կը հասնի միշտ անոր՝ որ հաւատքով կը յուսայ եւ չի վհատիր, կը հաւատայ, որ պիտի իրականանայ իր յոյսը ի վերջոյ, բայց պէ՛տք է համբերէ, քանի որ յոյսին բնութիւնն է համբերութեամբ իրականանալ։ Եւ այս իմաստով, յոյսը խաղաղութիւն եւ սէր կը բերէ հոգիներու։
Յոյսով կ՚ապրի մարդ, այնպէս որ կեանքի մղիչ ուժն է յոյսը. եթէ ապագայի յոյսը չունենայ մարդ, կեանքը իմաստ մը չ՚ունենար։ Ուստի մարդ կ՚ապրի ներկան՝ վաղուան յոյսով՝ յուսալով, որ վաղը աւելի լաւ պիտի ըլլայ՝ քան այսօրը եւ վաղը աւելի երջանիկ պիտի ըլլայ՝ քան այսօր։ Արդարեւ, մարդ տեւական գանգատ ունի ներկայէն, անյագ փափաքներով կը սպասէ, որ վաղը գայ, յուսալով որ վաղը պիտի իրականանան իր փափաքները… եւ վաղուան օրերը երբեք չեն յագեցներ խե՜ղճ մարդը։
Յուսալ, ուրեմն, բայց նաեւ գիտնալ գոհանալ։ Որովհետեւ յոյսի մէջ անյագ ըլլալ, չափազանց փափաքներով յուսալ յուսախաբ կ՚ընէ մարդը։ Մինչդեռ յոյսը կ՚իրականանայ, երբ մարդ իրական եւ բարձր հեռանկարներ ունենայ. եւ մարդ պէտք է յոյս ունենայ բանականութեան սահմաններուն մէջ։ Յոյսը զօրութիւն մը կ՚ըլլայ՝ երբ զօրաւոր նպատակներու հասնելու համար ի գործ դրուած է։
Հոգեւոր բարձր նպատակներու հասնելու յոյսը անպայման կ՚իրականանայ՝ քանի որ անոնց հասնելու կոչումը ունի մարդ։ Պարզ եւ անկարեւոր նպատակներու հասնելու վրայ դրուած յոյսը՝ յուսախաբութեան պատճառ կրնայ ըլլալ միայն եւ մարդուս որեւէ օգուտ չեն պատճառեր։
Յուսալ, բայց նպատակը շիտա՛կ որոշել նաեւ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024