ՎԻՃԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

«Վի­ճա­բա­նու­թիւն»ը անհ­րա­ժեշ­տօ­րէն կը փոր­ձէ մարդ­կա­յին բնա­ւո­րու­թիւ­նը, եւ մարդ պար­տի զգու­շա­նալ «հա­կա­ճա­ռու­թեան» այն ո­գիէն՝ որ է «իր իսկ դա­տա­ւո­րը եւ իր իսկ դա­հի­ճը» ըլ­լալ, ինչ­պէս կ՚ը­սէ Լայթ­ֆուտ։ Ան­շուշտ, անհ­րա­ժեշտ է «ու­րիշ խոր­հուրդ» մը վի­ճա­բա­նութեան մէջ, սա­կայն պէտք է պա­հել պա­ղա­րիւն եւ չա­փա­ւոր նկա­րա­գիր։

Այն մար­դը, որ կը նե­տուի վի­ճա­բա­նու­թեան ծո­վուն մէջ, ա­ռանց ու­նենա­լու ա­նոր հա­մար ո՛չ բնա­կան յար­մա­րու­թիւն, եւ ոչ ալ ի­մա­ցա­կան պատ­րաս­տու­թիւն, բա­ւա­կան է զգու­շաց­նել զինք սա խրա­տով՝ թէ պէտք չէ արթնց­նել այն դե­ւը՝ ե­թէ կա­րող չէ մարդ զգետ­նել զայն։ Ուս­տի բար­կա­ցոտ բնա­ւո­րու­թեան տէր մէ­կը պէտք չէ մտնէ վի­ճա­բա­նու­թեան մէջ։

Ար­դա­րեւ ծի­ծա­ղե­լի է եւ ա­նար­դա­րու­թիւ­նը՝ բար­կա­նալ մէ­կու մը, որ մեզ­մէ տար­բեր կը մտա­ծէ։ Մարդ չի կրնար ա­ւե­լի մեծ սխալ քայլ մը առ­նել, եւ կամ հա­կա­ռա­կոր­դին ա­մե­նա­մեծ ա­ռա­ւե­լու­թիւն մը տալ իր վրայ, քան երբ կը զայ­րաց­նէ։ Զայ­րոյ­թը ար­գե՛լք մըն է ա­ռողջ վի­ճա­բա­նութեան։ Այս ի­մաս­տով պէտք է զգու­շա­նալ նա­խան­ձախնդիր կեր­պով ան­կա­րե­ւոր վի­ճա­բա­նու­թիւն­նե­րէ, ո­րոնք ար­դիւ­նա­բեր չեն։

Հո­գե­ւոր ի­մաս­տով «վի­ճա­բա­նու­թիւն»ը այն մեղքն է՝ որ կը նմա­նի «հակա­ռա­կու­թեան»։ Հա­կա­ռա­կու­թիւն կը նշա­նա­կէ՝ հա­կա­ռա­կե­լով խօսիլ, դէմ կանգ­նիլ, մեր­ժել, չըն­դու­նիլ ո­րե­ւէ խօսք, տե­սու­թիւն կամ մտա­ծում։ Հա­կա­ռա­կե­լու ո­գին շատ յայտ­նի եւ բնո­րոշ է մարդ էա­կին, քա­նի որ ան դժուա­րու­թեամբ կ՚իջ­նէ իր հա­սած բար­ձունք­նե­րէն, եւ չի զի­ջա­նիր վար իջ­նե­լու իր գրա­ւած դիր­քէն, այ­սինքն՝ հա­կա­ռա­կու­թիւ­նը խո­նար­հու­թեան պա­կա­սին կամ բա­ցա­կա­յու­թեան եւ ու­րեմն ինք­նա­հաւա­նու­թեան եւ մե­ծամ­տու­թեան հե­տե­ւանք է։ Սուրբ Գիր­քը կը վկա­յէ, թէ Պօ­ղոս ա­ռա­քեալ, նախ­քան իր դար­ձը, ո՛չ միայն խօս­քով, այլ իր կե­ցուած­քով եւ գոր­ծով կը հա­կա­ռա­կէր Յի­սու­սին։ Բայց Յի­սու­սի մէկ խօս­քը՝ Դամաս­կո­սի ճամ­բուն վրայ, բա­ւա­կան ե­ղաւ կոտ­րե­լու ա­նոր հա­կա­ռա­կու­թիւ­նը։

Եւ այ­սօր ալ տե­սա­րա­նը նոյնն է. շատ հա­կա­ռա­կող­ներ ա­մե­նե­ւին չե՛ն կոտ­րուիր ողջ­միտ մար­դոց «ան­զօր» խօս­քե­րէն եւ «տկար» վկա­յու­թիւննե­րէն, իսկ Յի­սու­սի խօս­քե­րէն, Ա­ւե­տա­րա­նի ճշմար­տու­թիւն­նե­րէն ա­մէն հա­կա­ռա­կու­թիւն կը կոտ­րուի ի վեր­ջոյ։ Ար­դա­րեւ կա­րե­ւո­րը խօսքը չէ՛, այլ խօս­քին ար­տա­յայ­տու­թեան կեր­պը եւ ո­ճը…։

Ինչ­պէս ը­սինք, վի­ճա­բա­նու­թիւնն ալ կը նմա­նի հա­կա­ռա­կու­թեան, ա­նոր նման ինք­նա­հա­ւա­նու­թեան, ինք­նա­հաս­տատ­ման, ինք­զինք ա­պա­ցու­ցա­նե­լու ձեւ մըն է, երբ վի­ճա­բա­նող մարդ կը ձգտի ցոյց տալ իր ա­ռաւե­լու­թիւն­նե­րը, յատ­կու­թիւն­նե­րը ու­րի­շի մը նկատ­մամբ։

Մարդ ինչ­պէս ալ հիմ­նա­ւո­րէ իր վի­ճա­բա­նե­լու ջերմ հա­կու­մը, միեւ­նոյնն է, ի վեր­ջոյ ըն­դու­նե­լու եւ ստա­ցուե­լու է, որ ի՛նչ-որ մէ­կը ճիշդ է, իսկ ինչ-որ մէկ ու­րի­շը՝ սխա՛լ։ Մինչ­դեռ երբ ո­րե­ւէ մէ­կը կ՚ը­սէ, թէ ի՛նք ճիշդ է, ար­դէն այդ սխա՛լ է։ Ար­դա­րեւ, մարդ եր­բեք չի կրնար ըլ­լալ, չէ ե­ղած «ճիշդ» ու «ճշմար­տա­ցի», քա­նի որ ճիշ­դը ու ճշմար­տա­ցին մէ՛կ է, ճշմար­տու­թիւ­նը՝ Յի­սուս Քրիս­տոս։ Ա­պա ու­րեմն, երբ մէ­կը կը զղջայ ու կը խոս­տո­վա­նի իր մեղ­քե­րը, վի­ճա­բա­նու­թեան պա­րա­գա­յին՝ որ­քա՜ն սխա­լած եւ որ­քա՜ն գոր­ծեր կա­տա­րած է ա­ռանց Յի­սու­սի եւ Ա­ւե­տա­րա­նի, եւ այդ զան­ցա­ռու­թեան պատ­ճա­ռով մեղք է գոր­ծած։

Սուրբ Գիր­քը, նոյն­պէս կը պա­տուի­րէ ուղ­ղա­կի հե­ռո՛ւ մնալ ա­մէն տե­սակ վէ­ճե­րէ. «Յի­մար եւ ա­նօ­գուտ վէ­ճե­րէ հրա­ժա­րէ՛, գիտ­նա­լով որ ա­նոնց­մէ կռիւ­ներ կը ծա­գին» (Բ. ՏԻ­ՄՈԹ. Բ 23)։ Եւ ի­րա­պէս, շատ ան­գամ վի­ճա­բա­նու­թիւն­ներ պատ­ճառ կ՚ըլ­լան կռիւ­նե­րու. ու­րիշ խօս­քով՝ կռի­ւի մը նա­խա­քայլն է վի­ճա­բա­նու­թիւ­նը ընդ­հան­րապէս…։ Եւ դժբախ­տա­բար այդ կռիւ­ներն ալ յա­ջոր­դա­բար պատ­ճառ կ՚ըլ­լան բա­ժա­նում­նե­րու, պա­ռակ­տում­նե­րու։

Ա­սոր հա­կա­ռակ, Սուրբ Գիր­քը կը պա­տուի­րէ վի­ճիլ Աս­տու­ծոյ հետ՝ փո­խա­նակ մար­դոց, որ­պէս­զի փա­րա­տի ա­մէն կաս­կած ու տա­րա­կու­սանք։

«Ե­րա­նի՜ թէ մարդ կա­րե­նար վի­ճա­բա­նիլ Աս­տու­ծոյ հետ, ինչ­պէս կը վի­ճա­բա­նի իր ըն­կե­րոջ հետ», կ՚ը­սէ Յոբ (ՅՈԲ, ԺԶ 21)։ Քա­նի որ Աս­տու­ծոյ հետ ու­նե­ցած վէ­ճէն կը շա­հի մար­դը, ո­րով­հե­տեւ ա­զա­տուե­լով իր կաս­կած­նե­րէն եւ տա­րա­կու­սանք­նե­րէն՝ կը մար­քուի, կը սրբա­նայ եւ կը դառ­նայ ձիւ­նի պէս ճեր­մակ, ինչ­պէս կ՚ը­սէ Ե­սա­յի մար­գա­րէ. «Հի­մա ե­կէք վի­ճա­բա­նինք, կ՚ը­սէ Տէ­րը, ե­թէ ձեր մեղ­քե­րը կրկնա­կի կար­մի­րի պէս են, ձիւ­նի պէս պի­տի ճերմկ­նան, եւ ե­թէ որ­դան կար­մի­րի պէս են, աս­րի պէս ճեր­մակ պի­տի ըլ­լան» (Ե­ՍԱ­ՅԻ, Ա 18)։ (Ծա­նօթ. «ասր» կը նշա­նա­կէ՝ ոչ­խա­րի կտրուած եւ մաք­րուած բուրդ՝ ազ­նիւ ու սպի­տակ։ Նաեւ աս­րէ պատ­րաս­տուած զգեստ)։ Ուս­տի վի­ճա­բա­նու­թեան ո­գին, ըն­կե­րա­յին­ կեան­քի մէջ վնաս­նե­րու պատ­ճառ կը դառ­նայ՝ ըն­կե­րա­յին ներ­դաշ­նա­կու­թիւ­նը, խա­ղա­ղու­թիւ­նը կը խան­գա­րուի, վրդո­վում­նե­րու, խա­թա­րում­նե­րու պատ­ճառ կրնայ ըլ­լալ։

Ան­շուշտ կա­րե­ւոր է վի­ճա­բա­նու­թեան ըն­թաց­քին վի­ճա­բա­նո­ղին բուն նպա­տա­կը, վի­ճա­բա­նե­լու կեր­պը, ո­ճը եւ մա­նա­ւանդ մարդ­կա­յին ար­ժա­նա­պա­տուու­թիւ­նը չվի­րա­ւո­րե­լու բծախնդ­րու­թիւ­նը…։

Ուս­տի ու­ժը վատ­նե­լու է միայն այն հար­ցե­րուն վրայ, ո­րոնց մէջ կը հա­մա­ձայ­նին բո­լոր ող­ջա­միտ մար­դիկ։

Սնա­մէջ նիւ­թե­րու կա­տա­ղի կռիւ­նե­րը մարդս ամ­լու­թեան կը մատ­նեն։ Ար­դա­րեւ ի՞նչ են այն հար­ցե­րը, ո­րոնց շուրջ մար­դիկ կը տար­բե­րին ի­րար­մէ, կը հա­կա­ռա­կին ի­րա­րու, երբ բաղ­դա­տեն զա­նոնք աս­տուա­ծա­յին խո­րունկ խնդիր­նե­րուն հետ։ Բայց պէտք չէ՛ նկա­տել այս ը­սուած­նե­րը իբ­րեւ վար­կա­բե­կում բա­նա­ւոր պնդում­նե­րու եւ զօ­րա­ւոր ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րու այն սկզբունք­նե­րուն շուրջ, ո­րոնց­մով կը զա­տուին, կը տար­բե­րին ող­ջա­խոհ մար­դիկ ի­րար­մէ։ Պէտք է մտա­ծել՝ թէ ին­չո՞ւ ա­նոնք պի­տի չներ­կա­յա­ցուին այն­պի­սի ո­գիով մը, որ շա­հին հիա­ցումն ու ակ­նա­ծան­քը այն մար­դոց, ո­րոնք կրնան, սա­կայն, տար­բեր խոր­հիլ մեր եզ­րա­կա­ցու­թիւն­նե­րուն նկատ­մամբ։

Այս­պէս, մտա­ծում­ներ պէտք չէ՛ սահ­մա­նա­փա­կուին ո­րե­ւէ տրա­մա­բա­նա­կան բա­ցատ­րու­թեամբ, ծայ­րա­յե­ղու­թիւն մը՝ որ հա­զիւ թէ ա­ւե­լի քիչ յանձ­նա­րա­րե­լի է, քան հա­կա­ռակ տրա­մադ­րու­թիւ­նը, ըմ­բոշխ­նե­լու տրա­մա­բա­նա­կան խո­յանք­ներ, երբ կա­րե­ւոր է ու­նե­նալ հան­դարտ եւ հաս­տատ պատ­ճա­ռա­բա­նու­թիւն…։

Ար­դա­րեւ, ըն­թեր­ցող­ներ կամ ունկն­դիր­ներ կը սի­րեն լու­սա­բա­նու­թիւն­ներ, կը գնա­հա­տեն բա­ռե­րուն զգոյշ եւ տպա­ւո­րիչ ընտ­րու­թիւ­նը եւ կ՚ախոր­ժին ճար­տա­սա­նա­կան ե­լե­ւէջ­նե­րէն։ Բա­նա­կա­նու­թիւ­նը եւ տրա­մա­բա­նու­թիւ­նը միայն չեն  կրնար ըն­թեր­ցող կամ ունկն­դիր­նե­րուն ու­շադ­րու­թիւ­նը գրա­ւել, բայց մար­դիկ ո՜ր­քան կը գնա­հա­տեն տրա­մա­բա­նու­թեան միա­ցու­մը եւ ներ­դաշ­նա­կու­թիւ­նը ճար­տա­սա­նու­թեան հետ։ Կա­րե­ւորը, ո­րե­ւէ լու­սա­բա­նու­թեան թո­ղած տպա­ւո­րու­թիւնն է ըն­թեր­ցո­ղին կամ ունկնդ­րո­ղին վրայ։ Ըն­թեր­ցո­ղին կամ ունկնդ­րին վրայ ձգած զօ­րա­ւոր եւ խո­րունկ տպա­ւո­րու­թեան մէջ կը կա­յա­նայ բա­ցատ­րու­թեան մը ճշմա­րիտ ար­ժէ­քը։

Այս ուղ­ղու­թեամբ պէտք չէ կար­ծուի, թէ ճշմար­տու­թիւ­նը կը դա­տուի եւ վի­ճա­բա­նող­ներ «փոր­ձուած պաշտ­պան փաս­տա­բան­ներ» են այդ դա­տին։

Դա­տը պաշտ­պա­նուե­լու պա­հանջ­քը չու­նի, քա­նի որ դա՛տն է, որ պի­տի պաշտ­պա­նէ մար­դը։

Ու­րեմն խօս­քով կամ գի­րով բա­ցատ­րու­թիւն մը կամ լու­սա­բա­նու­թիւն մը գոր­ծա­ծու­թեան յար­մա­րու­թիւն ու­նե­նա՛­յ եւ ճշմար­տու­թեան ըմբռ­նու­մը ա­րա­գաց­նէ՛։ Եւ պէ՛տք է յա­ռա­ջաց­նէ հա­մո­զու­մը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Օ­գոս­տոս 18, 2015, Իսթ­պա­նուլ

Երեքշաբթի, Օգոստոս 25, 2015