ԾԵՐՈՒՆԻ ԳԱԲՐԻԷԼԸ
Մեր թուականէն 150 տարիներ առաջ՝ 20 ոարտ 1874 թուականին Խրիմեան Հայրիկ անձնական նամակ մը կը գրէր ծերունի մտաւորականի մը եւ կը յայտնէր իր սքանչացումը. «Հապճեպով կարդացի աւագ ուրբաթի իրիկուան Յիսուսի վերջին մրմունջն ի խաչին. կարդացի մեծին Վարդանայ հրաժեշտն յիւր տիկնոջէ. Կարդացի Ախուրեան գետի հառաչ. կարդացի պանդուխտ աղջիկն. Կարդացի ասոնք եւ աչքերէս արցունք ցօղեցի»:
Իր նամակին մէջ Խրիմեան Հայրիկ կը զարմանար, թէ ծերունի մտաւորականը նման միտքեր ու գաղափարներ ինչպէ՞ս կ՚ունենայ. անոր ի՛սկ բառերով. «Չգիտեմ, կը զարմանամ շատ, ուստի՞ են եւ ինչպէ՞ս կը մշակէք այս գեղանի գունազարդ ծաղիկները սառնամանեաց աշխարհին մէջ»: Նման սքանչացում մը մղեց ուսումնասիրել ծերունի մտաւորականը, որուն ծննդեան օրն է այսօր՝ 26 փետրուարը:
Ծերունի մտաւորականը, որով կը սքանչանար Խրիմեան Հայրիկ մեր թուականէն 222 տարիներ առաջ լոյս աշխարհ եկած բանաստեղծ, արձակագիր, պատմաբան ու մանկավարժ Գաբրիէլ Պատկանեանն է, որ հակառակ քահանայ ըլլալուն, պատմութեան մէջ յիշուած է որպէս մտաւորական-գրող եւ ուսուցիչ: Ինչպէս հայկական առածը կ՚ըսէ «Խնձորը ծառէն հեռու չ՚իյնար» եւ այս խօսքին լաւագոյն փաստը Պատկանեան ընտանիքն է. Ծերունի Գաբրիէլ Պատկանեանը զաւակն է մտաւորական ու բանաստեղծ Սերովբէ Պատկանեանի. անոր եղբայրն է թարգմանիչ եւ թատերագիր Միքայէլ Պատկանեանը, իսկ որդին մեր բոլորին կողմէ լաւապէս ճանչցուած գրող ու մտաւորական Գամառ Քաթիպան (Ռափայէլ Պատկանեան):
Գաբրիէլ Պատկանեանի համար կը գործածենք «ծերունի» յորջորջումը, որովհետեւ ան իր գործերուն մեծամասնութիւնը հրատարակած է իր ծերութեան ժամանակ եւ իր աշխատութիւնները սիրած է ստորագրել որպէս «գրեաց Ծերունին Գաբրիէլ Պատկանեան»:
Այս ընտանիքէն առաւելաբար մեզի յայտնի է Գաբրիէլ Պատկանեանի որդին՝ Գամառ Քաթիպան. աւելի նուազ ճանաչում ունին ընտանիքի միւս անդամները, հակառակ այն ճշմարտութեան, որ բացի Խրիմեան Հայրիկէն բազմաթի՜ւ այլ գրողներ եւս յիշած են Գաբրիէլ Պատկանեանի մտաւորական մեծ արժէքը. 1902 թուականին լոյս տեսած «Լումայ» հանդէսի 321-րդ էջին մէջ կը կարդանք. «Տ. Գ. Պատկանեանը, կամ ինչպէս ինքն էր իրան անուանում երկար ժամանակ՝ ծերունի Գաբրիէլը՝ Գամառ Քաթիպայի հայրը, իւր ժամանակի յայտնի անձնաւորութիւններէն մէկն էր թէ՛ իւր դիրքով եւ թէ գրական աշխատութիւններով»:
Պէտք է նկատի ունենալ, որ Գաբրիէլ Պատկանեան երբեք որպէս քահանայ չէ ստորագրած եւ այդ երեւոյթին պատճառը չէ՛ գրած ոչ մէկ տեղ. սակայն «Լումայ» ամսագիրի ուսումնասիրութեան ժամանակ հետեւեալ տողերուն հանդիպեցանք. 1905 թուականին լոյս տեսած հանդէսին 91-րդ էջին մէջ կը կարդանք. «Տ. Գաբրիէլ Պատկանեանցն ամբաստանուած է թէ երկու սրիկայ վարձած է սպանել տալու Ն. Նախիջեւանի զօրեղ քաղաքագլուխ մեծահարուստ Յարութիւն Աղայ Խալիբեանցը եւ այդ սրիկայից վարձքը վճարելու ժամանակ Տ. Գաբրիէլ բռնուած է դարանակալ ոստիկանների ձեռամբ եւ անմիջապէս բանտարկուած իբրեւ ոճրագործ՝ Նախիջեւանի եւ ապա Ռոստովի բանտերուն մէջ եւ յետոյ տարագիր եւ աքսորական եղած, զրկուելով ի քահանայական տարազէ եւ յիշխանութենէ»: Առիթով մը առանձին յօդուած մը կ՚ուսումնասիրենք Յարութիւն Աղան եւ վերոյիշեալ դէպքը. գուցէ այս պատճառով է որ անոր քահանայութեան մասին բանի մը չենք հանդիպիր, սակայն անոր գրական վաստակին ու ուսուցչութեան մասին բազմաթիւ վկայութիւններ կը գտնենք:
Այս ուսումնասիրութեան ժամանակ ի յայտ եկաւ, որ մեծանուն գրող, բանաստեղծ եւ «Մեր Հայրենիք»ի հեղինակ Միքայէլ Նալպանտեան եղած է Գաբրիէլ Պատկանեանի աշակերտը. սակայն կայ աւելին. Միքայէլ Նալպանտեան իր սկզբնական աշխատութիւնները ստորագրած ժամանակ յիշած է իր ուսուցիչին՝ Գաբրիէլ Պատկանեանի անունը. օրինակի համար, Թիֆլիզի մէջ հրատարակուող «Արարատ» ամսագիրի 27 յունուար 1851 (Ա. տարի, թիւ 20, էջ 307) թիւին մէջ Նալպանտեան ստորագրած է հետեւեալ ձեւով. «Միքայէլ Նալբանդեանց, յաշակերտութենէ տեառն Գաբ. Պատկանեան ի Նոր Նախիջեւան»: Այս երեւոյթէն արդէն իսկ յստակ է, թէ ինչքան սէր ու յարգանք ունեցած են Գաբրիէլ Պատկանեանի աշակերտները հանդէպ իրենց ուսուցիչին:
Այսօր ծնունդն է նման մեծութեան մը, որ հակառակ իր մեծ անունին ու աշխատութիւններուն մեզի համար կը շարունակէ մնալ «անծանօթ». կը հաւատանք, որ Գաբրիէլ Պատկանեանի ուսումնասիրութիւնը մեծ ստեղծագործ միտք մը պիտի դնէ մեր դիմաց:
Գաբրիէլ Պատկանեան իր երիտասարդութենէն նուիրուած գրականութեան եւ կրթութեան՝ հրատարակած է բազմաթիւ դասագիրքեր, բառարաններ, օրացոյցներ. գրած կրօնական, ինչպէս նաեւ տոմարագիտական յօդուածներ ու աշխատութիւններ. յատուկ տեղ ունեցած է աշխարհաբարի զարգացման մէջ՝ մանաւանդ կրթական գետնի վրայ: Յատուկ սէր ունեցած է Հայոց պատմութեան մասին եւ իր աշխատութիւններով փորձած է գեղեցկացնել Հայոց պատմութիւնը, գրելով բանաստեղծութիւններ Արտաշէտ թագաւորի հարսանիքին մասին, Վարդան Մամիկոնեանի կեանքէն դրուագներու մասին: Անոր յայտնի աշխատութիւններէն են «Հարսանիք Արտաշէսի եւ Սաթենիկայ», «Իշխան անխելք եւ յիմար», «Վարդնամակ կամ արկածք Վարդանայ», «Հայոց ազգի պատմութիւնը». կարեւոր է յիշել անոր յիշատակարանը:
Ի դէպ, աւելիով ծանօթանալու Գաբրիէլ Պատկանեանի անձին, կ՚արժէ կարդալ իր ինքնակենսագրական գրութիւնը, ուր կը տեսնենք, թէ մեծ գրողը հակառակ իր մեծ համբաւին ու անունին, հանգիստ կեանք մը չէ ունեցած:
Մեծ մտաւորականին ծննդեան 222-ամեակը օրհնեալ ըլլայ. յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Օրական ինչքա՞ն պէտք է քայլել:
Պատասխան. Օրական քայլելու չափը կախուած է տարիքէն: Սակայն ընդհանուր առաջարկութիւնը այն է, որ մարդ պէտք է օրական առնուազն 30 վայրկեան քայլէ, այսինքն շաբաթական մօտաւորապէս 150 վայրկեան քայլէ: Նիհարնալու եւ կամ սիրտի առողջութեան համար կարելի է օրական քայլել 60 վայրկեան, սակայն պէտք է աստիճանաբար ընել այդ բոլորը, պէտք է «լսել» մարմինը եւ անոր համեմատ բարձրացնել քայլելու չափն ու երկարութիւնը: Մասնագէտի հետ խորհրդակցիլը կրնայ աւելիով յստակ դարձնել ձեր պէտքերը:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան