ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՀՊՈՒՄԸ

«Երանի՜ թէ Քու ձեռքդ մեզի հետ ըլլայ»։ Ահաւասիկ, այս անկեղծ խնդրանքին մէջ է, որ մենք կը կարօտինք եւ մեր կարօտը կը յայտնենք Աստուծոյ՝ որ Իր ձեռքը դնէ մեր վրայ՝ հոգալու եւ խնամելու համար մեզ, քանի որ Ան է մեր Նախախնամը՝ մեր երկնային ամենագութ Հայրը։ Եւ Աստուած կը լսէ մեր աղաղակը եւ մեզ ամէն կողմէ կ՚օրհնէ եւ մեր հոգւոյն սահմանները կ՚ընդարձակէ՝ կը հպի մեզի։ Աստուծոյ հպումին անոնք որ կ՚անդրադառնան՝ կը զգան Աստուծոյ ներկայութիւնը՝ ՀՕՐ խնամքը եւ օրհնալից աջակցութիւնը։

Մարդ, սակայն, երբ կը զգայ Աստուծոյ հպումը իր վրայ՝ յանկարծ կը վախնայ, որ «գործ»ին տակ պիտի մնայ եւ անոր տակէն պիտի չկարենայ ելլել։ Խորհուրդը ամբողջովին, հարիւր տոկոսով, Տէրոջը հնազանդելու եւ վստահե՛լու մէջ կը կայանայ։

Պէտք է հաստատ գիտնալ, թէ՝ «Եւ վստահ եմ՝ որ Աստուած, որ այդ բարի գործը սկսաւ ձեր մէջ, զայն իր կատարումին պիտի հասցնէ մինչեւ Քրիստոս Յիսուսի օրը գայ». (ՓԻԼ. Ա 6)։ Ահաւասիկ, ասիկա Աստուծոյ հպումն է մեր կեանքին, ինչպէս Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ կորնթացիներուն գրած իր երկրորդ նամակին մէջ. «Որովհետեւ բնաւ չենք խորհիր, որ մենք մեր ուժերով այդպիսի գործ մը կրնանք ընել, այլ՝ Աստուած է որ այդ կարողութիւնը կու տայ մեզի». (Բ ԿՈՐՆԹ. Գ 5)։

Աստուծոյ պէ՛տք է վստահինք եւ ո՛չ թէ մեր իմաստութեան կամ գիտութեան, քանի որ անոնք անկատար եւ խաբուսիկ են ըստ էութեան։ Երբ հաւատքով քայլ կ՚առնենք Իր ձեռքէն բռնելով, այն ատեն հոգեպէս պիտի խայտանք, թէ կրցանք վկայել, քարոզել, գործել, ո՛չ թէ մեր կարողութիւններով, այլ Ամենակալ Աստուծոյ զօրութիւնով, որպէսզի ինչպէս Յիսուս ըսաւ. «Երկրի բոլոր ազգերը գիտնան, որ Տէրոջը ձեռքը զօրաւոր է». (ՅԵՍՈՒԱՅ Դ 24)։ Նոյնպէս առաջին դարու քրիստոնեաներուն բարգաւաճման գաղտնիքը կը կայանար այն ճշմարտութեան մէջ, թէ՝ «Տէրոջը ձեռքը անոնց հետ էր, եւ բազմաթիւ մարդիկ հաւատալով Տէրոջը դարձան». (ԳՈՐԾՔ. ԺԱ 21)։ Երբ մեր յարուցեալ Տէրը իր վերջին պատուէրը տուաւ ըսելով. «Գացէք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք…». Պետրոս առաքեալի պէս մէկը, որ աղախինի մը մէկ խօսքով ուրացաւ իր վարդապետը, ինչպէ՞ս պիտի կարենար այս մեծ պատուէրը գործադրել։

Ասիկա կարելի եղաւ, քանի որ Յիսուս ըսաւ. «Ահա ամէն օր ես ձեզի հետ եմ, մինչեւ աշխարհի վերջը». (ՄԱՏԹ. ԻԸ 19-20)։ Աստուած Իր Սուրբ Հոգիով օժտեց այս երկչոտ, կասկածամիտ, պարզ աշակերտները, անոնք կարողացան Աւետարանի լուրը տարածել ամենուրէք։

Աստուած միշտ կը հպի մեզի, անպայմա՛ն…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ուրբաթ, Ապրիլ 26, 2024