ԹՈՒՂԹ ԵՒ ԳՐԻՉ
Որքա՜ն հետաքրքրական է թուղթին եւ գրիչին հանդիպումը եւ հանդիպումով գոյացած հրաշալի միութիւնը։ Թուղթը կարօտը ունի գրիչին, եւ գրիչն ալ՝ թուղթին, ճիշդ այնպէս՝ ինչպէս երկու հինաւուրց բարեկամի իրարու նկատմամբ կարօտը։
Անկենդան թուղթը կարծես կը կենդանանայ՝ հոգի կը ստանայ գրիչին հպումովը, եւ փոխադարձաբար՝ անշարժ գրիչը աշխոյժ, եռանդուն խանդավարութիւն մը եւ շարժում կը ստանայ, եւ ան ալ կը կենդանանայ։ Այս իմաստով, թուղթի եւ գրիչի միութիւնը կեա՛նք կը ստեղծէ. հրա՜շք մըն է այդ միութիւնը։ Եւ թուղթով-գրիչով կը մարմնանան գաղափարներ, խորհուրդներ եւ կարծիքներ…
Երբ այս մտածումներու մէջ կը խորանանք եւ կը գովաբանենք թուղթը եւ գրիչը, եւ անոնց կազմած հրաշալի՜ միութիւնը, յանկարծ կ՚անդրադառնանք՝ որ այսօր գործնականապէս կորսնցուցած են իրենց արժէքը թուղթը եւ գրիչը, եւ զոհուած՝ համակարգիչի ստեղնաշարին եւ շարժապատկերին։
Կեանքը տեւական բնական բարեշրջումի մը ենթակայ է. կարելի չէ՛ անտեսել, ուրանալ նորին եւ նորաձեւութեան ազդեցութիւնը եւ տիրապետութիւնը մարդկային կեանքին եւ ապրումներուն մէջ. ինչպէս որ ներկան նոյնը չէ անցեալին, ապագան ալ բնականաբար նոյնը պիտի չըլլայ ներկային։
Բայց թուղթին եւ գրիչին՝ շարժապատկերի եւ ստեղնաշարի վերածուիլը, կարծեմ բարեշրջումէ մը աւելի՛ն է եղած. անիկա, իր լայն առումով եւ ըմբռնումով յեղաշրջում մը եղած է՝ արդի շրջանի ընդհանուր փոփոխութիւններու նկատմամբ։
Սակայն նորութիւններու քայլ յարմարցնել իրապէս դժուար է, քանի որ մարդ, կերպով մը գերին է իր վարժութիւններուն, իր սովորութիւններուն։ Արդարեւ, դիւրի՞ն է անմիջապէս թողուլ թուղթի եւ գրիչի վարժութիւնը։ Արդի հրաշալի նորութիւններ, հնարքներ, ճարտարութիւններ, անշուշտ որ կը դիւրացնեն կեանքը, բայց կը դժուարացնեն նաեւ համակերպութիւնը եւ հաւանումը։
Ահաւասիկ, այս պատճառով՝ թուղթի եւ գրիչի կարօտը կը զբաղեցնէ «հին» միտքեր՝ «նոր»երու նկատմամբ։ Արդարեւ, գուցէ պիտի գայ ժամանակ մը՝ որ թուղթը եւ գրիչը պիտի տեսնուին թանգարաններու, գանձարաններու մէջ՝ որպէս թանկագին առարկաներ։ Եւ դարձեալ, թուղթը եւ գրիչը պիտի զարդարեն միայն հնագէտներու հաւաքածոները։ Ո՛չ, սիրելի՜ներ, մեր այս խօսքերը յոռետեսութեան արտայայտութիւններ չեն, այլ՝ իրատեսութեան կամ ըսենք, հեռատեսութեան։
Բայց, ըսինք, մարդուս, մանաւանդ տարեցներու համար համակերպիլը դժուար է նոր դրութեան մը՝ նոր գործելակերպի մը, եւ ասիկա բնական է, քաի որ մարդ կ՚ապրի իր սովորութիւններով…
Եւ յաճախ կարելի է խորհիլ, թէ արդեօք անցեալ շրջաններուն կեանքը աւելի դիւրի՞ն էր, թէ այսօր՝ զանազան բարդութիւններու, դժուարութիւններու մէջ կեանքը աւելի դիւրատար եղած։ Շատ պարզ օրինակ մը՝ անցեալի մէջ հեռաձայն գործածել շատ աւելի դիւրին էր, հեռախօսի համարը գործադրել, սեղմել բաւարար էր խօսելու համար։ Բայց, հիմա, նախ ծածկագիրը պէտք է յիշես հեռախօսը գործածելու համար, յետոյ բազմաթիւ համարներու մէջ ճշդես հեռախօսակցութեան հրաւիրել ուզածիդ մէջ չսխալելու համար. վերջապէս, բարդ գործողութիւններ…
Եւ, ահաւասիկ վտանգ մը եւս՝ հեռախօսը ելեկտրաշարժ յատկութիւնը երբ կորսնցնէ եւ այդ պահուն ելեկտրականութիւնը եթէ խզուած ըլլայ՝ բոլոր հաղորդակցութիւնը արդէն կ՚անջատուի. ո՛չ խօսակցութիւն եւ ոչ ալ հաղորդագրութիւն։ Այս տեսակէտով՝ նոյնն է պարագան համակարգիչի համար։
Բայց թուղթը եւ գրիչը կը շարունակեն գործել…
Ի՞նչ կը խորհիք սիրելիներ, արդեօք «հին»ը աւելի՞ օգտագործելի է…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024