ՍԵՌԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ

Սե­ռա­կա­նու­թիւ­նը կար­գա­ւո­րուած է այր-մար­դուն եւ կին-մար­դուն ա­մուս­նա­կան սի­րոյն մէջ։

Ուս­տի ա­մուս­նու­թեան մէջ ա­մու­սին­նե­րուն մարմ­նա­յին մտեր­մու­թիւ­նը ա­նոնց հո­գե­ւոր հա­ղոր­դու­թեան նշան ու գրա­ւա­կան կը դառ­նայ։ Մկրտեալ­նե­րուն մի­ջեւ, ա­մուս­նու­թեան կա­պե­րը սրբա­ցած են սուրբ խոր­հուր­դով։

Այն ա­րարք­նե­րը՝ ո­րոնք ա­մու­սին­նե­րուն «սերտ ու ող­ջա­խոհ միու­թիւն»ը կ՚ի­րա­գոր­ծեն, ա­րարք­ներ են պար­կեշտ եւ ար­ժա­նա­վա­յել։

Եւ երբ ա­նոնք կը կա­տա­րուին իս­կա­պէս մար­դա­վա­յել կեր­պով, կը նշա­նա­կեն եւ կը նպաս­տա­ւո­րեն ա­նոնց «փո­խա­դարձ նուի­րում»ը՝ ո­րուն միջո­ցով եր­կու ա­մու­սին­ներն ալ միա­սին կը հարս­տա­նան ու­րա­խու­թեան եւ ե­րախ­տա­գի­տու­թեան մէջ։

Ուս­տի սե­ռա­կա­նու­թիւ­նը աղ­բիւր է ու­րա­խու­թեան եւ ար­դար հա­ճոյ­քի։ Նոյ­նինքն Ա­րա­րի­չը հաս­տա­տեց, որ ա­մու­սին­նե­րը՝ այր-մարդ եւ կին-մարդ, սերն­դա­գոր­ծու­մի այս ա­րար­քին մէջ մար­մի­նին եւ հո­գիին հա­ճոյ­քը եւ գո­հու­նա­կու­թիւ­նը զգան։ Ա­մու­սին­նե­րը կ՚ըն­դու­նին ի՛նչ որ Ա­րա­րի­չը վի­ճա­կած է ա­նոնց։ Այ­սու­հան­դերձ ա­մու­սին­ներ պար­տին գիտ­նալ ի­րենք զի­րենք պա­հել «ար­դար չա­փա­ւո­րու­թեան սահ­ման»նե­րուն մէջ։ Ամու­սին­նե­րու միու­թեամբ կ՚ի­րա­կա­նա­նայ կրկնա­կի վախ­ճա­նը ա­մուս­նութեան, այ­սինքն՝ ա­մոլ­նե­րուն բա­րի­քը եւ կեան­քին փո­խան­ցու­մը։

Ար­դա­րեւ մարդ ա­րա­րա­ծը ու­նի հիմ­նա­կան եր­կու նպա­տակ՝ կեան­քին գո­յա­պահ­պա­նու­մը եւ գո­յա­տե­ւու­մը, ինչ որ կրնայ ա­պա­հո­վել սե­ռա­կա­նու­թեամբ։ Եւ կա­րե­լի չէ՛ ի­րար­մէ բաժ­նել ա­մուս­նու­թեան այս եր­կու կեն­սա­կան նշա­նա­կու­թիւն­նե­րը կամ էա­կան ար­ժէք­նե­րը՝ ա­ռանց խե­ղա­թիւրե­լու ա­մո­լին հո­գե­ւոր կեան­քը եւ վտան­գե­լու ա­մուս­նու­թեան բա­րիք­նե­րը եւ ըն­տա­նի­քին ա­պա­գան։ Այր-մար­դուն եւ կին-մար­դուն «ա­մուս­նա­կան սէր»ը այս ձե­ւով դրուած է հա­ւա­տար­մու­թեան եւ բեղմ­նա­ւո­րու­թեան կրկնա­կի պա­հանջ­քին տակ։

Ա­մուս­նա­կան ա­մո­լը կը կազ­մէ Ա­րար­չին կող­մէ հիմ­նուած եւ ի­րեն յատուկ օ­րէնք­նե­րով օժ­տուած ու կազ­մա­կեր­պուած մտեր­միկ հա­սա­րա­կու­թեան մը կեան­քի եւ սի­րոյ։

Ան հաս­տա­տուած է ա­մուր հի­մի մը վրայ՝ կո­ղա­կից­նե­րուն ուխ­տին վրայ, այ­սինքն ա­նոնց անձ­նա­կան ու ան­յե­տա­կո­չե­լի հա­ւա­նու­թեա՛ն վրայ։ Ա­մու­սին­ներ, եր­կուքն ալ ի­րենք զի­րենք ի­րա­րու կու տան ամ­բող­ջո­վին եւ վերջ­նա­կա­նա­պէ՛ս։ Ա­նոնք այ­նու­հե­տեւ եր­կու չե՛ն, այլ կը կազ­մեն «մէկ մար­մին»։ Ա­մու­սին­նե­րուն կող­մէ ա­զա­տօ­րէ՛ն կնքուած այս սրբա­զան ուխտը կը պար­տա­ւո­րէ զա­նոնք պահ­պա­նե­լու՝ զայն «մի՛» եւ «ան­լու­ծե­լի՛»։ Ար­դա­րեւ ա­ւե­տա­րա­նա­կան պատ­գամ է. «Ինչ որ Աս­տուած միա­ցուց՝ մար­դը թող չբաժ­նէ՛» (ՄԱՐԿ. Ժ 9)։­

Ար­դա­րեւ «հա­ւա­տար­մու­թիւն»ը կ՚ար­տա­յայ­տէ «հաս­տա­տամ­տու­թիւ­նը տրուած խօս­քին պահ­պա­նում»ին մէջ։ Նախ Աս­տուած, Ի՛նք հա­ւա­տա­րիմ է. հա­ւա­տար­մու­թեան ճշմա­րիտ տի­պա՛­րը։ Եւ հա­ւա­տա­րիմ Աս­տու­ծոյ կող­մէ հաս­տա­տուած ա­մուս­նու­թեան սուրբ եւ նուի­րա­կան խոր­հուր­դը կը մտցնէ այր-մար­դը եւ կին-մար­դը այն հա­ւա­տար­մու­թեան մէջ՝ զոր Աս­տուած ու­նի իր որ­դի­նե­րուն հան­դէպ, ինչ­պէս՝ Քրիս­տոս իր Ե­կե­ղե­ցիին հան­դէպ։

Ա­մուս­նա­կան ող­ջա­խո­հու­թեամբ, ա­մու­սին­ներ, այս խոր­հուր­դին ի­րենց վկա­յու­թիւ­նը կու տան ամ­բողջ աշ­խար­հի դի­մաց։

Սուրբ Յով­հան Ոս­կե­բե­րան, նոր ա­մուս­նա­ցեալ ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն կը թե­լադ­րէ սա­պէս խօ­սիլ ի­րենց հար­սին.

«Ես ա­ռի քեզ իմ թե­ւե­րուն մէջ եւ կը սի­րեմ քեզ եւ կը նա­խընտ­րեմ քեզ իմ կեան­քէն ա­ւե­լի՛։ Քա­նի որ ներ­կայ կեան­քը ո՛­չինչ է. իսկ իմ ա­մենա­վառ ե­րազն է զայն ան­ցը­նել, ապ­րիլ քե­զի հետ, այն­պի­սի ձե­ւով որ ա­պա­հով ըլ­լանք ի­րար­մէ չբաժ­նուի՛լ նաեւ մե­զի վե­րա­պա­հուած միւս կեան­քին մէջ…։ Ես քու սէ­րը կը դա­սեմ ա­մէն բա­նէ վե՛ր եւ ո՛­չինչ ին­ծի հա­մար ա­ւե­լի տա­ժա­նե­լի պի­տի ըլ­լար քան չու­նե­նալ նոյն մտա­ծումնե­րը՝ զորս դուն կը մտա­ծես…»։­

Ա­մուս­նու­թեան հար­ցին մէջ երբ յա­ճախ կը կրկնենք, թէ երբ սէ­րը ան­մահ է, ա­պա ու­րեմն սի­րոյ վրայ հիմ­նուած ա­մուս­նու­թիւնն ալ ան­մա՛հ է եւ եր­բեք չի՛ վեր­ջա­նար։ Սուրբ Յով­հան Ոս­կե­բե­րա­նի սա խօս­քե­րով կը գտնէ բա­նա­ւոր եւ հաս­տատ հիմ մը, թէ՝ Ա­ՊԱ­ՀՈՎ ԸԼ­ԼԱՆՔ Ի­ՐԱՐ­ՄԷ ՉԲԱԺ­ՆՈ­ՒԻ՛Լ ՆԱԵՒ ՄԵ­ԶԻ ՎԵ­ՐԱ­ՊԱ­ՀՈ­ՒԱԾ ՄԻՒՍ ԿԵԱՆ­ՔԻՆ ՄԷՋ…։ Յստակ կեր­պով ը­սուած խօս­քը, չեմ գի­տեր, կա­րե­լի՞ է հասկ­նալ կամ մեկ­նա­բա­նել ու­րիշ կեր­պով…։

Եւ հա­ւա­տար­մու­թիւ­նը, ան ալ սի­րոյ նման ան­վերջ զգա­ցում մըն է, այն­քան, որ մահն իսկ չի՛ կրնար վեր­ջաց­նել զայն, քա­նի որ մա­հը այդ­քան զօ­րա­ւոր չէ քան սէ­րը…։

Հա­կա­ռա­կը խոր­հիլ կը նշա­նա­կէ ան­տե­սել սի­րոյ զօ­րու­թիւ­նը, ար­ժէք չտալ նաեւ հա­ւա­տար­մու­թեան ազ­նիւ եւ նուի­րա­կան զգա­ցու­մին։

Ու­րիշ կեր­պով խոր­հիլ՝ աշ­խար­հա­սի­րու­թիւն է, ա­նուղ­ղա­կիօ­րէն ու­րա­նալ՝ բա­րո­յա­կան ար­ժէք­ներ՝ ո­րոնք ա­ւե­լի ճշմա­րիտ են քան այս աշ­խար­հի ժա­մա­նա­կա­ւոր ի­րո­ղու­թիւն­նե­րը։

Շա­րու­նա­կե­լով մեր նիւ­թը՝ բեղմ­նա­ւո­րու­թիւ­նը պար­գեւ մը, շնորհ մըն է, որ ա­մուս­նու­թեան մէկ նպա­տակն է, քա­նի որ ա­մուս­նա­կան ան­կեղծ սէ­րը բնա­կա­նա­բար կը ձգտի ըլ­լա­լու բեղմ­նա­ւո՛ր։ Ուս­տի սէ­րը կեան­քի նա­խա­պատ­ճառն ու նա­խա­պայ­մա՛նն է։

Զա­ւա­կը չի գար ար­տա­քուստ ա­ւել­նա­լու ա­մոլ­նե­րուն սի­րոյն. ան կը ցայ­տէ սրտէն իսկ այս փո­խա­դարձ պար­գե­ւին՝ ո­րուն մէկ պտուղն է ինք, մէկ ի­րա­գոր­ծու­մը, լրո՛ւ­մը սի­րոյ։

Այս հաս­տա­տու­մը բա­ցա­յայ­տուած է Հե­ղի­նա­կու­թեան կող­մէ աշ­խար­հի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան եւ մար­դուն ա­րար­չու­թեան պա­հէն իսկ, հիմ­նուած է Աս­տուծ­մէ ու­զուած ան­լու­ծա­նե­լի կա­պին վրայ՝ զոր մարդ չի՛ կրնար բեկա­նել իր նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ, կապ մը, որ կայ ա­մուս­նա­կան ա­րար­քին «միու­թեան» եւ «որ­դեծ­նու­թեան» եր­կու ի­մաստ­նե­րուն մէջ։

Կեանք տա­լու կո­չուած ա­մու­սին­նե­րը կը մաս­նակ­ցին «ա­րար­չա­կան զօ­րու­թեան» եւ Աս­տու­ծոյ «հայ­րու­թեան»։ Ա­նոնք կո­չուած են կեան­քը տե­ւա­կա­նաց­նե­լու եւ փո­խան­ցե­լու սե­րուն­դէ սե­րունդ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Օ­գոս­տոս 18, 2015, Իս­թան­պուլ

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 26, 2015