ՃՇՄԱՐԻՏ ՏԳԷՏՆԵՐ
Յաճախ կը խօսինք նոյն հարցին շուրջ, եւ կ՚ըսենք, որ ճշմարիտ տգիտութիւնը, իսկական տգիտութիւնը՝ ո՛չ թէ չգիտնալ է, այլ՝ չգիտցածին չանդրադառնալ, չգիտցածը չգիտնալ եւ գիտնալ կարծել է այն ամէն ինչ՝ որոնց մասին որեւէ տեղեկութիւն չունի, եւ կամ մակերեսային ծանօթութիւն մը ունենալ եւ կարծել, թէ այդ մասին գիտէ ամէն ինչ…։ Կան, ոմանք իրենց մակերեսային տեղեկութիւններով իրենք զիրենք «ամենագէտ» եւ ասկէ-անկէ ստացած տեղեկութիւններով «մասնագէտ» կը հռչակեն։
Ժողովրդական իմաստութեան համաձայն՝ կէս տգիտութիւնը կամ կէս գիտնականութիւնը ամենամեծ վտանգն ու վնաս պատճառող վիճակն է՝ թէ՛ անհատական եւ թէ ընկերային կեանքին մէջ։ Զոր օրինակ, հեռուստացոյցէն լսուած տեղեկութիւններով, շատեր իրենք զիրենք ամենագէտ կամ մասնագէտ կը կարծեն, գաղափար կը յայտնեն եւ ամենէն ցաւալին՝ իրենք ալ կը հաւատան, թէ իրենց գաղափարը ճիշդ է, կը պարտադրեն, որ ուրիշներն ալ ընդունին իրենց անհիմն գաղափարները։ Եւ չեն գիտեր, որ ի՜նչ վնասներու առիթ կու տան ընկերութեան մէջ…։
Ցաւալի՜ չէ՞ ինքզինք «գիտուն» կարծել եւ իր «տգիտութեամբ» իր շուրջինները սխա՛լ ուղիներու առաջնորդել։
Գիտեմ, այս նիւթով շատ զբաղեցուցած եմ այս սիւնակները, թերեւս ձանձրացուցած եմ ոմանք, բայց սիրելի՜ներ, երբ ձեր շուրջը չեն պակսիր իրենք զիրենք ամենագէտ եւ մասնագէտ կարծողներ, եւ չեն ձանձրանար այդպիսիները շարունակել իրենց ընթացքը, ապա ուրեմն մենք ինչո՞ւ ձանձրանանք շիտակը խօսելէ…։
Արդարեւ ճշմարտութիւնը եւ ճշմարիտը երբեք պէտք չէ՛ ձանձրացնէ լրջամիտ ու խոհեմ մարդը։ Ուստի պէտք է խուսափինք չափն ու սահմանը անցնելէ մեր մտային պաշարին եւ կարողութիւններուն, այլապէս վնաս կը պատճառենք թէ՛ մենք մեզի եւ թէ մեր շուրջիններուն, մերձաւորներուն, որոնք կը վստահին մեր խորհուրդներուն եւ խօսքին։
«Ակամայ տգիտութիւն»ը սակայն, կրնայ նուազեցնել կամ չքմեղել՝ յանցանքի մը վերագրումը։ Բայց ո՛չ ոք կ՚ենթադրուի անգիտանալ «բարոյական հիմնական օրէնք»ին սկզբունքները, որոնք արձանագրուած են ամէն մարդու խղճմտանքին խորը։ Մղումներ զգայնականութեան, կիրքերը կրնան նմանապէս նուազեցնել յանցանքին կամովին եւ ազատ հանգամանքը, նաեւ արտաքին ճնշումները կամ ախտաբանական խանգարումները։ Արդարեւ, ինչպէս որ նուազագոյն գիտութեան տէր ըլլալ՝ մարդկային պահանջք մըն է կեանքի առողջ ընթացքին համար, նոյնպէս չափազանց եւ անհիմն տեղեկութեան տէր ըլլալու կարծիքը եւ համոզումը ունենալ վնասակար է ընկերային համերաշխութեան ու ներդաշնակութեան համար։ Ամէն բանի մէջ չափաւորութիւնը միակ դեղատոմսն է։ Այն, որ այդ դեղատոմսէն դուրս կը գործէ՝ կը սխալի, կը գլորի, կը տապալի…։
Ուրիշ առիթներով ալ ըսած ենք. ժողո-վըրդական իմաստութիւնը կ՚ըսէ, թէ՝ «չափաւորութիւնը կէս Աստուա՛ծ է…»։
Դիտեցէ՛ք ձեր շուրջը՝ ի՜նչ վնասներու պատճառ եղած են, ի՜նչ վտանգներ ստեղծած են իրենք զիրենք «ամենագէտ» եւ «մասնագէտ» կարծողներ։ Եւ դարձեալ կրկնենք մեր հարցումը, թէ՝ առանց կատարեալ եւ ամբողջ գիտութեան գաղափար յայտնել կարելի՞ է։ Նո՛յնն է պարագան երբ ինքզինք «մասնագէտ» կարծող մը, կարծեցեալ «ամենագէտ» մը յանձնարարութիւններ կ՚ընէ, իբր թէ ճամբայ ցոյց կու տայ եւ շատ անգամ, դժբախտաբար սխալ ճամբաներու կ՚առաջնորդէ մարդիկը։
Մենք վկայած ենք մարդոց՝ որոնք գիրք մը կարդալով իրենք զիրենք ամենագէտ կարծած, գիտունի հովեր առած են։ Բայց այդպիսիներ եթէ հաճէին երկրորդ, երրորդ գիրք մը կարդալ, պիտի տեսնէին, թէ ո՜րքան գիտութիւն կը պակսի իրենց։
Պարագայ մըն ալ կայ, որ սա է. մարդու մը կեանքը գիրք մը կարդալով չի՛ փոխուիր, ոմանք կ՚ըսեն, թէ՝ «սա գիրքը կարդացի եւ կեանքս փոխուեցաւ…», ուրեմն ուրիշ գիրք մըն ալ եթէ կարդան դարձեալ պիտի փոխուի իրենց կեանքը, ի՛նչ որ կը նշանակէ իրենց ըսածը։ Եւ քանի որ ամէն գիրք կարդալու -երանի՜ թէ կարդան- իրենց կեանքը պիտի վերածուի խաչաձեւուած ճամբաներու, լաբիւրինդոսներու անել ճամբաներու, մէջտեղը իրենք կորսուած այդ ճամբաներուն մէջ…։ Մէկ գիրքով կը փոխուի անոնց կեանքը՝ որոնք բնաւ ճամբայ մը չեն որդեգրած իրենց, չէ՞ որ պարապ աման մը կարելի է լեցնել միայն գաւաթ մը ջուրով, իսկ եթէ ամանը լեցուն է՝ գաւաթ մը ջուրը շատ բան չի փոխեր անոր բովանդակութենէն։ Ճամբան ալ այդպէս է՝ եթէ մարդ «ճամբայ մը չէ ընդունած իրեն, ո՛վ որ ուղղութիւն ցոյց տայ, անոր կը հետեւի՝ յարափոփոխ ու անկայուն…։
Ուրեմն հա՛րկ է գիտնալ չափն ու կշիռը, իր կարողութիւնը եւ տարողութիւնը, եւ յետոյ արդէն իսկական գիտութիւնը կու գայ լեցնել ու լիացնել ամէն չափ ու սահման, ամբողջացնել ամէն թերութիւն եւ անկատարութիւն։ Այլապէս ինքզինք ամենագէտ զգալ՝ կը նշանակէ աւելին չգիտնալ, չսորվիլ։ Մարդկային տկարութիւն է արդարեւ ինքզինք զգալ իր եղածէն տարբեր եւ մանաւանդ՝ ջանալ երեւիլ այնպէս՝ ինչպէս որ չէ երբեք։ Գիտութեան հարցին համեստութիւնը ճշմարիտ գիտութեան բանալի՛ն է։ Ան, որ համեստ է իր գիտութեան նկատմամբ՝ բաց է անոր ամէն ճամբայ, որ զինքը կ՚առաջնորդեն գիտութեան եւ գիտակցութեան։ Արդարեւ գիտութեան պահանջքն է համեստութիւնը, քանի որ ո՛չ ոք կրնայ կատարեալ եւ անթերի գիտութեան տիրանալ։ Միշտ պակաս մը կայ մարդուս գիտութեան մէջ։ Արդարեւ կեղծուած անգիտութիւնը կամ ըսենք, քօղարկուած տգիտութիւնը չունի որեւէ արդարացում, անոնք չեն նուազեցներ գործուած յանցանքի մը, սխալի մը կամաւոր հանգամանքը, այլ կ՚աւելցնեն զայն։ Տգիտութիւնը քանի որ թերութիւն մըն է, ուրեմն ուրիշին թերութիւնը կամ տկարութիւնը շահագործել հակառա՛կ է բարոյական օրէնքին, եւ ուրեմն մէկու մը տգիտութիւնն ալ շահագործել, խաբելու համազօր է եւ անընդունելի։ Բայց եթէ մէկը կը ծածկէ, կը քօղարկէ իր տգիտութիւնը, գիտունի հովեր կ՚առնէ, ապա ուրեմն ո՞վ է յանցաւորը՝ երբ այդ կեղծ վիճակէն վնաս մը յառաջ գայ։ Անշուշտ ամէն սխալ ուրիշ սխալով մը կարելի չէ արդարացնել կամ սրբագրել, եւ ամէն յանցանք անկախօրէն ուրիշ յանցանքէ մը՝ դատապարտելի՛ է…։
Արդարութիւնը կը պահանջէ՝ գիտունին հետ վարուիլ որպէս «գիտուն» եւ յանձնել իր իրաւունքը՝ որուն արժանի է, իսկ վարուիլ նուազ գիտութեան տէր մէկու մը հետ աւելի չափաւոր եւ աւելի համեստ պահանջքներ ունենալ իրմէ։ Արդարութեան բնական հետեւանքն է այս՝ ամէն մէկուն տալ՝ ինչ որ կը պարտինք, ո՛չ աւելին եւ ոչ ալ պակասը։ Բայց արդար կարենալ վարուելու համար, նախ պէտք է ինքնաճանաչութեան գիտակցութիւն ունենայ ենթական՝ մա՛րդ չծածկէ իր իսկական վիճակը եւ երեւի ա՛յնպէս՝ ինչպէս որ է, յստակ եւ բացայա՛յտ։
Կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը ցոյց կու տայ մեզի, թէ ան, որ անկեղծ է իր վարմունքներուն մէջ, ընդհանրապէս հարց մը չ՚ունենար թէ՛ ինքն իրեն հետ, թէ՛ իր շուրջիններուն հետ եւ կ՚ունենայ ներքին խաղաղութիւն։ Պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը կ՚ենթադրէ անկեղծութիւն ամէն պարագայի մէջ։
Ուստի մարդ ո՛րքան անկե՛ղծ ըլլայ, այնքան եւ աւելի արժէք կը ստանայ եւ պատուոյ կ՚արժանանայ։
Բայց գիտունը եւ իր գիտութիւնը ի սպաս մարդուն պէտք է գործածել, գիտութեան արժէքը կը չափուի անոր օգտակարութեան չափով։ Գիտութիւնը թանկագին ներդրում մըն է երբ կը տրամադրուի մարդուն ծառայութեան եւ առաջ կը մղէ անոր ամբողջական բարգաւաճումը ի շահ բոլորին։ Բայց գիտութիւնը առանձին չի կրնար «ցուցանիշ» ծառայել մարդկային գոյութեան եւ յառաջդիմութեան իմաստին։ Գիտութիւնը նպատակադրուած է ի սպաս մարդուն, որմէ կը քաղէ իր ծագումը եւ աճումը. ան մարդկային անձին եւ անոր բարոյական բարձր արժէքներուն մէջ կը գտնէ իր նպատակին ճշմարիտ ուղեցոյցը եւ իր սահմանաւորութեան գիտակցումը։ Ուստի բոլորովին ցնորակա՛ն է գիտութեան եւ անոր գործադրութիւններուն բարոյական չէզոքութիւնը պահանջել։ Ինքնաճանաչութեան առաքինութիւնը…։
Արդարեւ «գիտուն»ի հովեր առնել՝ գիտուն երեւելու աշխատիլ մարդս գիտուն չի դարձներ, այլ իրական գիտութիւնն է, որ զայն ճշմարիտ «գիտո՛ւն» կ՚ընէ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մայիս 26, 2015, Իսթանպուլ