ԽՈՐԱՄԱՆԿՈՒԹԻՒՆ
«Խորամանկութիւն» իր լայն առումով կը նշանակէ խաբէութիւն, չարահնար արուեստ, կեղծաւորութիւն, նենգութիւն։ Ուստի երբ մարդ կը ծածկէ իր բուն նպատակը եւ տեսակ-տեսակ կերպերով, ճամբաներով, անուղղակի ձեւեր ընտրելով կը ձգտի խաբել իր շուրջինները, ան կ՚անուանուի «խորամանկ», խորամանկութեամբ «գործը քալեցնող» մարդ։
Երբեմն խորամանկ մարդիկ «ճարպի՛կ», նպատակին կերպով մը հասնող «յաջող» կը սեպուին եւ յարգ ու պատիւ կը վալելեն ընկերութեան մէջ։ Բայց անոնք իսկապէս յարգի՞ մարդիկ են։
Պիտի ըսեն շատեր, թէ «յաջող» մարդը, անշո՛ւշտ յարգի մարդ է, քանի որ ան հասած է իր նպատակին։
Բայց կարեւորը ո՞րն է. որեւէ կերպով հասնիլ նպատակի մը, թէ ի՛նչ կերպով կամ ո՛ր ճամբով հասնիլն է։
Ընդունուած իրականութիւն մըն է, թէ նպատակը երբեք չ՚արդարացներ միջոցը եւ փոխադարձաբար։
Պահ մը ջանանք վերլուծել «ստախօսութիւն»ը։
Ստախօսութիւնը բոլորովին անօգուտ խօսակցութիւն մըն է, պարապ խօսակցութիւն՝ որ ո՛չ ըսողին եւ ոչ ալ լսողին օգուտ մը կ՚ապահովէ։ Անշուշտ հոս երբ կը խօսինք «օգուտ»ի մասին, այս պէ՛տք է հասկցուի իրական եւ արդար օգուտ, եւ ո՛չ թէ ժամանակաւոր, յատկապէս կացութիւնը փրկող շահ։
Ուստի սուտը միշտ «սո՛ւտ» է. ինչ տեսակի կամ կարգի սուտ ալ ըլլայ՝ ան վնասակա՛ր է, ո՛չ մէկ օգուտ կ՚ապահովէ մարդուն։ Ոմանք կ՚ըսեն, թէ կա՛ն սպիտակ կամ վարդագոյն սուտեր, որոնք անուղղակի կերպով օգուտ կ՚ապահովեն մարդուն։ Ոմանք ալ սուտը կ՚աստիճանաւորեն, որակելով զայն «պոչաւոր» եւ կամ «անպոչ»։ Բայց սուտին նկարագիրը միշտ նոյնը կը մնայ՝ վտանգաւոր, վնասակար եւ ո՛չ մէկ արդար օգուտ ապահովող դատարկախօսութիւն միայն…։
Ուրեմն, սիրելինե՜ր, խորամանկութիւնը այս իմաստով «անձայն ստախօսութիւն» չէ՞։ Ծածկուած ամէն խորհուրդ՝ որ չի համապատասխաներ խօսքին եւ գործին, ստախօսութիւն չէ՞, կամ ստաբանել՝ սուտ խորհիլ, սուտ արտայայտուիլ։ Մէկ խօսքով՝ անկեղծ չըլլալ։ Արդարեւ, երբ մէկու մը խորհուրդները, խօսքը եւ գործերը համապատասխան չեն, իրարու կը հակասեն, ապա ուրեմն, հոն կ՚այլայլի ճշմարտութիւնը՝ սուտը կը տիրէ, եւ խորամանկութեան մոլութիւնը կը ձեւաւորէ ամբողջ կեանքը։ Խորամանկութիւնը պէտք չէ՛ շփոթել խոհեմութեան կամ խոհականութեան հետ։ Խորամանկութիւնը կ՚ենթադրէ հնարագիտութիւն՝ խաբելու մէջ, խարդախ եւ նենգամիտ ըլլալ իր ամբողջ արտայայտութիւններուն եւ ապրումներուն մէջ։ Կեղծը անոր հիմքը կը կազմէ…։
Բայց, իրատես ըլլանք՝ կեանքի մէջ միշտ պիտի պատահին սուտեր, ստախօսներ, պիտի ըլլան խարդախութիւններ, նենգամիտներ եւ ծածուկ բարեպաշտներ՝ խորամանկներ, որոնց դէմ պէտք է պայքար մղել, եւ մարդս «մա՛րդ» կը մնայ այնքան՝ ո՜րքան կը պայքարի սուտին դէմ եւ փոյթ չէ՝ թէ յաղթական ելլէ այդ պայքարէն, քանի որ պայքարները կը ծառայեն իրենց նպատակին այնքան՝ ո՛րքան կը յարատեւեն եւ երբեք չե՛ն վհատիր ու չե՛ն յուսալքուիր։ Եւ եթէ միջոցը արդար է, նպատակն ալ իրա՛ւ է։ Ուրեմն կարեւորը ո՛չ թէ արդիւնքն է, այլ՝ միջոցը, այսինքն ի՛նչ կերպով եւ ի՛նչ ճամբով ընթանալը եւ գործելն է։
Շատ զարմանալի՜ է, որ կան մտածողներ, որոնք կը պնդեն, թէ «որոշ» դէպքերու մէջ սուտը օգտակար կրնայ հանդիսանալ եւ այդպէս կը հասցնեն սերունդներ։ Այս սկզբունքը «կեղծ»ի վրայ հիմնուած սխա՛լ մտածում մըն է։ Նպատակը եթէ բարի է, չար միջոցով կարելի՞ է հասնիլ անոր։
Նպատակի տեսակը, որակը պէտք է լա՛ւ որոշել, բայց բարոյական սկզբունքներ կարելի չէ երբեք անտեսել, քանի որ ազնուութիւնը, առաքինութիւնը, բարութիւնը ամենաբարձր նպատակներ են։
Պէտք է խոստովանիլ, թէ վճռական պատասխան մը տալ այնքա՜ն ալ դիւրին չէ այս հարցին։ Ուստի եթէ նպատակը աստուածահաճոյ է, իրապէս բարի է, ուրեմն այդ նպատակին կարելի՞ է հասնիլ ամէն միջոցներով։ Երբեմն «նպատակ»ը եւ «միջոց»ը իրարու տեղ կը գրաւեն։ Կարեւոր է, անհրաժե՛շտ է նպատակը եւ միջոցը իրար չշփոթել, եւ երբեք միջոցը նպատակի արժէքին չբարձրացուի։ Նպատակը պէ՛տք է արդար եւ հիմնական ըլլայ եւ արդար ու իրաւ միջոցներով, բարի ու ճշմարիտ ճամբաներով հասնելու է անոր։
Այն կեղծ սկզբունքը՝ թէ նպատակի մը հասնելու համար ամէն միջոց արդարացի է, լուրջ հիմք չունի, քանի որ անիրաւ միջոցներով ձեռք ձգուած արդիւնք մը հաստատ հիմք չ՚ունենար եւ ի վերջոյ կ՚ոչնչանայ…։
Իսկ սուտը երբ աստիճանաւորուի եւ «սպիտակ սուտ»ի խաբէութեամբ արդարացնելու ջանք թափուի՝ այդ սուտը կը դառնայ եւ ի վերջոյ կը հարուածէ ու կը զգետնէ նոյնինքն՝ «սպիտակ սուտ»երու խաբէութեամբ մարդիկ մոլորեցնողը եւ միտքեր շփոթողը։ Ուստի ո՛ւր որ չկայ ճշմարտութիւն, հոն գոյութիւն ունի ստութիւնը, ինչպէս կ՚ըսէ Աւետարանիչը. «… Անիկա սկիզբէն մարդասպան էր եւ ճշմարտութեան կողմնակից չէ եղած բնաւ, քանի որ անոր մէջ ճշմարտութիւն չկա՛յ» (ՅՈՎՀ. Ը 44)։
Սուտ խօսքերէ կ՚ելլէ ամէն տեսակ կռիւ, անհամաձայնութիւն, անմիաբանութիւն, եւ ամէն թշնամութիւն։ Եւ քանի որ խորամանկութիւնն ալ հաստատուած եւ հիմնուած է կեղծիքի եւ սուտի վրայ, ուրեմն խորամանկութիւնն ալ երբեք օգուտ չ՚ընծայեր մարդուս, այլ՝ վնա՛ս միայն։
Եւ երբ մարդուս խօսքերը խորհուրդներուն եւ կատարած գործերը խօսքերուն չեն համապատասխաներ, մարդ կը դառնայ ստախօս, քանի որ կը խորհի եւ խորհածը չի խօսիր, կը խօսի բայց ըսածը չի կատարեր, այսինքն սուտ կը խօսի։ «Խօսք»ը կարեւոր է մարդուս նկարագիրը ցոյց տալու տեսակէտէն, քանի որ ան կը գտնուի խորհուրդին եւ գործին ճիշդ մէջտեղը եւ պէտք է ցոլացնէ միտքը եւ կատարուած գործը…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս 10, 2015, Իսթանպուլ