ՄԵՌՆԵԼԷ ԵՏՔ ՍԻՐՈՂՆԵՐԸ
Մի քանի օրեր առաջ ներկայ գտնուեցայ թաղման արարողութեան մը. 65 տարեկան մարդ մըն էր մահացողը. այնքան ալ մօտիկ ծանօթներ չէինք, սակայն որպէս յարգանք պարտէի ներկայ գտնուիլ յարգանքի վերջին տուրքին: Ողբացեալին ընտանիքը մօտէն չէի ճանչնար. առաջին անգամն էր կը տեսնէի տղան՝ որ արտերկիր կ՚ապրէր. լսած էի, թէ մանչ զաւակ մը ունէր, սակայն նորութիւն էր գիտնալ, որ ունի նաեւ աղջնակ մը, որուն մասին բան լսած չէի եւ ո՛չ ալ տեսած: Սակայն այդ հանելուկը լուծելը երկար չտեւեց. կեցցէ՜ հայ կիներուն բամբասանքը. ետեւս կեցող կինը իր քովը կեցող այլ կնոջ մը որպէս թէ փսփսաց. «աղջիկը վեց տարիէ ի վեր պապային հետ չէ՛ խօսած, հիմա ալ թաղումին եկեր արցունք կը թափէ կոր...»:
Այդ փսփսուքը լսելէ ետք ուշադրութիւնս թաղման արարողութեան կողքին ինքնաբերաբար դարձաւ աղջկան. կեդրոնական տեղը գրաւած, սգաւորի մը ամբողջական յատկանիշներով կու լար իր հօրը համար. հօրը՝ որ կենդանութեան վերջին տարիներուն գուցէ շա՜տ մօտիկ ապրելով հանդերձ ապրած էր թշնամիի մը նման: Ինչքան գիտեմ, թշնամի չունիմ, սակայն ակամայ սկսայ մտածել, թէ կա՞յ անձ մը, որ այսօր որպէս թշնամի կ՚ապրի, սակայն մահուանս օրը պիտի գայ եւ արցունք թափէ... Արդեօք ամէն մարդու կեանքին մէջ կա՞յ նման անձ մը. իսկ եթէ կայ, ինչո՞ւ համար գալ ու արցունք թափել անձի մը համար՝ որ կենդանութեան իր գոյութիւնը թշնամանք կը յառաջացնէր. գալ ու լալ, որ աշխարհէն հեռացաւ անձ մը, որ կենդանութեան արդէն իսկ տեսնել չէի՞նք ուզեր. վերջապէս այդ արցունքները ի՞նչ պիտի կարենան փոխել դժբախտ իրողութենէն. անոնք իրարմէ ո՛չ ներողութիւն կրնան խնդրել եւ ոչ ալ հաշտութիւն կնքելով ողջագուրուիլ:
Գերեզմանոցը աչքիս զարկաւ դարձեալ իր աղջկան կողմէ ղրկուած ծաղկեփունջ մը. այդ ի՜նչ մեծ փունջ մը. չէ՞ք կարծեր, որ այդ մի քանի տասնեակ ծաղիկներէն միայն մէկ հատը կենդանութեան գուցէ վերացնէր թշնամութիւնը. անոնցմէ միայն մէկը. եւ հիմա մի քանի տասնեակ ծաղիկներ՝ բոլորն ալ անիմաստ, դատապարտուած օր մը ետք թօշնելու: Երբ կենդանութեան անձի մը տխրութեան վշտակից, ուրախութեան ուրախակից չես ըլլար, ապա անոր մահը սգալը, անոր կորուստը ողբալը անիմաստ կը նկատենք. սակայն կը հաւատանք, որ այս երեւոյթը մեր օրերուն յատուկ երեւոյթ մը չէ. գուցէ ճի՛շդ այս վիճակին համար է, որ մեր նախահայրերը ըսած են «գնա՛ մեռիր, եկուր սիրեմ» պատուական ասոյթը, որ կը շարունակէ պահել իր այժմէականութիւնը:
Տարօրինակ չէ՞, որ մենք նոյն անձը իր մահուան ժամանակ յանկարծ աւելի սիրել կը սկսինք՝ քան կենդանութեան. ամբողջ կեանք մը որպէս գնահատանք ու շնորհակալութիւն ծաղիկ մը անգամ չստացած ողբացեալը իր կեանքին մէջ չտեսած ծաղիկը կը սատանայ՝ դարձեալ առանց տեսնելու. այս բոլորին պատճառը այն է, որ մեր մարդկային յարաբերութիւնները այսօր անկեղծ ըլլալու փոխարէն խորհրդանշական են. այսօր վերացած է ազգական, արիւնակից, ընկեր ու մտերիմ հասկացողութիւնները. այսօր կը տեսնենք, թէ արիւնակիցներ, բարեկամներ կը միատեղուին տարին միայն մէկ կամ երկու անգամ՝ այն ալ եթէ պսակի կամ թաղման արարողութիւն ըլլայ. տակաւին մի քանի օրեր առաջ հրաւիրուեցայ հարազատի մը պսակի արարողութեան. անձ՝ որ գուցէ չորս-հինգ տարի որպիսութիւն մը անգամ չէ՛ հարցուցած. սակայն որպէս «պարտականութիւն» պարտիս երթալ պսակի արարողութեան՝ որովհետեւ արիւնակիցներ էք վերջապէս: Վերացած է այդ անկեղծութիւնը՝ որ մարդը կը կապէ մարդուն. նոյն աշխարհին մէջ ստեղծուած են տարբեր տարբեր «աշխարհ»ներ. այսօր մարդիկ աւելիով մտահոգ են իրենց յարաբերութիւններու արտաքին տեսքով՝ քան խորութեամբ, որովհետեւ տեսքն ու «պարտականութիւն»ը աւելի կարեւոր է՝ քան անկեղծ զգացումները:
Կենդանութեան իր հայրն ու մայրը անարգող մը յանկարծ համացանցի իր էջին վրայ իր մօրը յիշատակը յարգելու երկա՜ր գրութիւն մը կը հրապարակէ. մեռնողը ո՛չ համացանցի գրառումդ պիտի կարենայ կարդալ, ո՛չ ալ պատասխանել այդ տողերուդ։ Հետեւաբար որո՞ւ համար են խօսքերդ. որո՞ւ համար են մայրական կարօտի խօսքերդ. մօ՞րդ՝ թէ մարդոց: Մեռնողի մը մասին համացանցի մէջ երկա՜ր զգացումներ արտայայտելը ի՞նչ իմաստ ու նշանակութիւն ունի... հասկցած չեմ. պարզապէս մեր յարաբերութիւններու ցուցադրութեան մէկ մասը կը կազմէ, որպէսզի մարդիկ տեսնեն ու «կարծեն», թէ ինք ինչքա՜ն կապուածութիւն ունէր մօրը կամ հօրը՝ որ կենդանութեան անտեսած էր. գուցէ շատեր այս մէկը խղճի ձայն անուանեն, սակայն արդիւնքը դարձեալ նոյնն է. մեռելային լռութիւն մը անդիի աշխարհէն: Այս բոլորը ո՛չ թէ զգացումներու արտայայտութիւն է, այլ շրջապատի «պահանջ», անգիր օրէնք ու պարտաւորութիւն մը՝ շրջապատը «խաբել» փորձելու ձգտող:
Այդ կեղծ յարաբերութիւնները գերեզմանի ծաղիկէ մը չեն տարբերիր. տեսքով գեղեցիկ են, սակայն օր մը ետք դատապարտուած են ոչնչացումի. նոյնը չե՞նք մենք. այս կամ այն բարեկամին հարսանիքին կը պարենք ու կ՚ուրախանանք, սակայն օր մը ետք նեղութեան մէջ իսկ գտնուին՝ կը դառնանք օտարներ... օր մը առաջ տեղի ունեցած սիրուն ուրախութիւնը ծաղիկի մը նման կը թօշմի. այսօր կ՚ընենք այն բոլորը՝ ինչ մեր նախնիները կ՚ընէին, այն տարբերութեամբ, որ զգացում ու վշտակցութիւն չկայ. այսօր պսակի եւ թաղումի մասնակցիլը պարզապէս պարտականութիւն է:
Երանի՜ անոր, որ այդ ժամանակներուն կը յաջողի գտնել անձեր, որոնք իրենց սեփական շահերէն առաջ ու վերջ ձեզ կը մտածեն. պարզապէս երանի՜:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Կորսուած վստահութիւնը կարելի՞ է վերականգնել:
Պատասխան. Կորսուած վստահութիւնը կարելի է վերականգնել, սակայն այդ մէկը ժամանակ, ջանք եւ անկեղծ զղջում կը պահանջէ: Վստահութեան վերականգնումը կը պահանջէ առողջ հաղորդակցութիւն, ուր երկու կողմերն ալ կ՚ընդունին իրենց սխալները եւ կ՚աշխատին ուղղել այդ բոլորը: Վստահութիւնը խախտած անձը ժամանակի ընթացքին պէտք է ցուցաբերէ յուսալիութիւն եւ թափանցիկութիւն եւ վիրաւորուած կողմը պէտք է ըլլայ ներումի եւ հաշտութեան կողմնակից: Վստահութիւնը կարելի է վերականգնել, եթէ երկու կողմերն ալ ըլլան յարաբերութիւնները վերականգնելու գաղափարակից:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան