ՅԻՍՈՒՍԻՆ ՄԱՀԸ
«Վեցերորդ ժամը հասածին պէս՝ բոլոր երկրին վրայ խաւար եղաւ մինչեւ իններորդ ժամը։ Իններորդ ժամուն՝ Յիսուս մեծ ձայնով աղաղակեց եւ ըսաւ.- Էլօի՜, էլօի, լա՞մա սաբաքթանի, որ կը թարգմանուի՝ Աստուա՜ծ իմ, Աստուա՜ծ իմ, ինչո՞ւ զիս թողուցիր». (ՄԱՐԿ. ԺԵ 33-34)։
Օրուայ ճիշդ կէսին չորս կողմ պատած մթութիւնը կ՚արտայայտէ խաւարի իշխանութեան շղթայազերծումը։ Վեց ժամ անընդհատ, առաւօտեան ժամը իննէն մինչեւ կէսօրէ վերջ ժամը երեքը, մահը կը մոլեգնէր Յիսուսի մարմնին վրայ։
Ան ոչ մէկ բառ կ՚արտասանէր այն պահէն ի վեր, երբ Պիղատոսին պատասխանած էր.- Դուն ինքդ կ՚ըսես. (ՄԱՐԿ. ԺԵ 2)։ Այժմ ան միայն աղաղակներ կ՚արձակէ։ Հոգին աւանդելէ առաջ անոր բերանէն դուրս թռած ձայնը որքան երկարաձիգ ցաւագին աղաղակ էր, նո՛յնքան եւ առ Աստուած ուղղուած աղերսանք մը արամերէն լեզուով.
«Աստուա՜ծ իմ, Աստուա՜ծ իմ, ինչո՞ւ թողուցիր ինձ». (ՍԱՂՄՈՍ ԻԲ 2)։
Այս բառերով կը սկսի հալածուած անմեղ մարդու մը աղօթքը՝ որու մասին Մարկոս արդէն բազմաթիւ ակնարկութիւններ կ՚ընէ Յիսուսի չարչարանքներուն պատմութիւնը ըրած ատեն. (ՄԱՐԿ. ԺԵ 21-32)։
Աստուածաշնչական սաղմոսը կ՚աւարտի յուսադրիչ տօնով։ Սակայն աւետարանիչը յատկապէս զգայուն է տանջուած եւ լքուած Աստուածորդիի նկատմամբ՝ որը կը հարուածէ մա՛հը։
Երբ Ան կ՚աւանդէ հոգին, Երուսաղէմի տաճարի երկու գլխաւոր հատուածները՝ Սրբութիւնը եւ Սրբութեան Սրբոցը իրարմէ բաժանուելով վարագոյրը կը պատռուի։ Խորհրդանշականօրէն այդ կը նշանակէ, որ կը վերանայ իսրայէլական պաշտամունքը։
Մարկոսի Աւետարանի սկիզբին պատմուած է նաեւ ուրիշ մէկ դէպք՝ երկինքը, երբ Յիսուս մկրտուած էր Յորդանան գետի մէջ. (ՄԱՐԿ. Ա 10)։ Քրիստոսի առաքելութիւնը, այսպիսով, կը ձգուի երկու պատմուածքներու միջեւ։
Առաջին պատմուածքը դրական էր. ան կ՚արտայայտէր երկնային աշխարհի խուժումը տեսանելի աշխարհի մէջ։ Երկրորդը բացասական է. աւետարանչի համար ան կ՚ազդարարէ յուդայականութեան վախճանը։ Երկուքն ալ տեղի ունեցան գաղտնաբար։ Յորդանանի մէջ Յիսո՛ւս միայն նկատեց երկնքի բացուածքը. նմանապէս, ի՛նչ որ տեղի ունեցաւ Երուսաղէմի տաճարին մէջ, կատարուեցաւ ամբոխի հայեացքէն հեռու։
Բայց որքան ալ գաղտնի կատարուած ըլլան այս երկու եղելութիւնները, անով չեն դադրիր իմաստալից ըլլալէ։
Ինչ որ, ընդհակառակը, տեսանելի է բոլորի համար, ան ժողովուրդին հակազդեցութիւնն է։ Մի քանի կիներ, մինչ այդ անծանօթ, հեռուէն կը դիտէին տեսարանը. (ՄԱՐԿ. ԺԵ 40-41)։ Յիսուսի հետ Երուսաղէմ բարձրանալով՝ անոնք հետեւած էին անոր մինչեւ տանջանքի այդ վայրը։
Անոնք երեքն ալ, կիրակի առաւօտեան, նորէն պիտի երեւան գերեզմանի մէջ՝ լսելու համար յարութեան յայտնութիւնը. (ՄԱՐԿ. ԺԶ 1)։
Անծանօթ մարդ մը կը փորձէ մեղմացնել մահամերձի տառապանքները՝ անոր մատուցանելով քացախի մը քանի կաթիլ։ Անոր արարքը ազնիւ է՝ ներշնչուած կարեկցանքի զգացումէն, որ պատիւ կը բերէ անոր։ Բայց, դժբախտաբար, իր ցուցաբերած մարդկային յարգանքէ՞ն, թէ՞ վախէն կաշկանդուած՝ ան չի համարձակիր ուրիշներու առջեւ արտայայտել զինք ոգեւորող զգացումները։ Ան, նոյնիսկ կը փորձէ այնպէս ցոյց տալ, թէ իբր իր արարքը խաղ մըն է՝ ինքն ալ ձայնակցելով ընդհանուրի հեգնանքին. «Թող տուր, տեսնենք թէ Եղիան պիտի գա՞յ ատիկա վար իջեցնելու». (ՄԱՐԿ. ԺԵ 36)։
Միայն մէկ վկայ համարձակօրէն կը հակադրէ միւսներուն. ան հարիւրապետն է, որ կ՚արտասանէ գիրքի ամենահանդիսաւոր հաւատքի խոստովանութիւնը. «Արդարեւ Որդի Աստուծոյ էր այս մարդը». (ՄԱՐԿ. ԺԵ 39)։ Ան տեսած էր ամէն ինչ, մանաւանդ այն, թէ ի՛նչպէս մեռած էր Յիսուս։ Չես գիտեր ինչպէս ան կրցած էր չարագործ ստրուկի նման մահացող այդ Խաչեցեալի մէջ ճանչնալ սովորական մարդէ շատ աւելի բարձր մէկը։
Արդարեւ, անոր բերանին մէջ «Աստուծոյ Որդի» արտայայտութիւնը անկասկած համարժէք է «մարգարէ» բառին, բայց Աւետարանի ընթերցողի համար այդ արտայայտութիւնը շատ աւելին կ՚ըսէ։ Անիկա գերագոյն տիտղոսն է, որ կարելի է տալ Յիսուսին, եւ այդ տիտղոսը կ՚արտայայտէ մանաւանդ անոր մահուան ժամանակ։
Յիսուսի, որպէս Աստուծոյ Որդի յայտնութիւնը, իր բարձրակէտին կը հասնի անոր չարչարանքներով։ Հարիւրապետը, որ կ՚ընդունի այդ յայտնութիւնը, հարազատ տիպարն է այն հեթանոսի, որ կ՚ընդունի քրիստոնէական հաւատը եւ համարձակօրէն կ՚արտայայտէ այն՝ առանց վախնալու անոր հետեւանքէն իրեն համար ստեղծուելիք բոլոր անախորժութիւններէն։
Այսպիսով ան կը փոխարինէ Յիսուսի աշակերտներուն, որոնք դեռ ցրուած կը մնային այս ու այն կողմ ծայրայեղ զգուշաւորութեամբ ծածկելով իրենց ինքնութիւնը։
Ուստի, ան իր վերաբերմունքով կը հանդիսանայ ճշմարիտ հաւատացեալի տիպարը…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ