ԲԱՐԵԿԱՄԻՆ ԱՊՏԱԿԸ
Ժողովրդական յայտնի առածը կ՚ըսէ. «Աւելի լա՛ւ է թշնամիին ապտակը, քան կեղծ բարեկամին ժպիտը»։ Չեմ գիտեր, կեանքի մէջ ո՛րքան գործածական եւ իրական է այս դիտաւորութիւնը, բայց սա ստոյգ է, որ ամէն մարդու կեղծը եւ կեղծաւորութիւնը վտանգաւոր է եւ վնասարա՛ր։
Թշնամիին անկեղծ ապտակը նախամեծար սեպող այդ մտածելակերպը պահ մը թողունք եւ մենք մեզի հարցնենք, թէ՝ ի՞նչ ազդեցութիւն կը գործէ բարեկամի մը ապտակը։ Անշուշտ այս պարագային ալ անկեղծութիւնը կարեւոր դեր կը խաղայ։ Եթէ բարեկամը անկեղծ է, ապա ուրեմն անոր ապտակն ալ բանաւոր է եւ անկեղծ, եւ ուրեմն ընդունելի։ Նոյնիսկ օգտակար է անկեղծ բարեկամի մը ապտակը, որ կը զգուշացնէ մեզ շատ մը չարիքներու դէմ։ Անկեղծ բարեկամին ապտակն ալ անկե՛ղծ կ՚ըլլայ։ Երանի՜ այդպիսի բարեկամներուն…։
Բայց եթէ բարեկամը անկեղծ չէ, կարծեցեալ «բարեկամ» է, անոր ապտակն ալ կեղծ է եւ վնասարար։ Զգո՜յշ՝ այդպիսի կե՛ղծ բարեկամներու մասին…։
Կը պատմուի, թէ երկու բարեկամ կը վիճին եւ վէճը կը հրահրի հետզհետէ։ Վէճը կը հասնի այնպիսի աստիճանի մը՝ որ բարեկամներէն մէկը կ՚ապտակէ միւսը։ Կեանքի մէջ պատահական է նման արարքներ։
Ապտակուած բարեկամը որեւէ հակազդեցութիւն ցոյց չի տար, ցաւ կը զգայ անշուշտ, բայց ո՛չինչ կ՚ըսէ ապտակող բարեկամին։ Սրտաբեկ կ՚երթայ մօտը գտնուող պատի մը վրայ սա խօսքերը կը գրէ. «Այսօր իմ ամենալաւ, սրտակից բարեկամս զիս ապտակեց»։
Յետոյ կու գայ իր բարեկամին մօտ եւ միասին կը շարունակեն իրենց ճամբան։ Ճամբու ընթացքին կը տեսնեն լիճ մը եւ կ՚որոշեն լողալ լիճին մէջ։
Լողալու ատեն՝ ապտակուած բարեկամը խեղդուելու վտանգ կ՚անցընէ եւ ապտակողը կը փրկէ զայն խեղդուելէ։ Երբ կը փրկը-ւի խեղդուելէ, ապտակուած բարեկամը, լիճին եզերքը՝ քարերուն վրայ սա խօսքերը կը գրէ. «Այսօր իմ ամենալաւ, սրտակից բարեկամս իմ կեանքը փրկեց»։
Ապա ապտակող եւ խեղդուելէ փրկող բարեկամը, նախապէս ապտակած բարեկամին կը հարցնէ. «Երբ քեզ ապտակեցի, դուն պատի վրայ գրեցիր, իսկ երբ փրկուեցար՝ հիմա քարի՛ վրայ։ Ինչո՞ւ։»
Բարեկամը կը պատասխանէ. «Երբ մէկը մեզ կը նեղացնէ, վշտացնէ՝ ատիկա պատի վրայ պէտք է գրենք, որպէսզի օր մը երբ փլչի եւ քարուքանդ գայ պատը, կարելի ըլլայ ջնջնել այդ խօսքը եւ պատահածը։ Իսկ երբ մեզի բարիք ընող մը, օգտակարութիւն մը մատուցող ըլլայ՝ պէտք է քարի վրայ գրել զայն՝ որպէսզի ո՛չ մէկ բան կարենայ ջնջել զայն»։
Երբ յաճախ «բարեկամ» կ՚անուանենք մեր շուրջինները՝ ուշադիր եւ զգո՛յշ ըլլանք, թէ անոնք իրապէս արժանի՞ են «բարեկամ» անուանուելու, թէ պարզապէս «կարծեցեալ-կե՛ղծ բարեկամներ» են…։
«Ո՞վ է ճշմարիտ բարեկամս»։
Հաւանաբար, ասիկա աշխարհի վրայ՝ մարդկութեան ամենէն դժուար լուծելի հարցումներէն մի՛ն է։
Մարդ իր «բարեկամ» կարծածին նկատմամբ միշտ կրնայ յուսախաբ ըլլալ, եւ քիչեր, քիչ թիւով երանելիներ են որ բախտը ունեցած են ունենալու ճշմարիտ բարեկամ մը՝ անկեղծ ու սրտակի՛ց անձ մը։
Շատեր կրնան յոռետեսութիւն տեսնել այս տողերուն մէջ, կարելի է, բայց երբ դիտենք կեանքը՝ անոր փորձառութիւնը մեզի ցոյց կու տայ՝ թէ ասիկա ո՛չ թէ յոռետեսութիւն, այլ իրատեսութիւն է։
Եթէ «բարեկամ»ին իմաստը նախապէս սեղմ էր անցեալին, այսօր ընդարձակ է քաղաքակրթութեան, յառաջդիմութեան, երթեւեկութեան, հաղորդակցութեան միջոցներու բազմութեան եւ մանաւանդ արագութեան շնորհիւ։ Մարդկային փոխյարաբերութիւններու բնոյթը եւ տեսակը փոխուած՝ անցեալի նկատմամբ բոլորովին տարբեր հանգամանք ստացած է այսօր։ Այսուհանդերձ ո՛չ մէկ հոգեբանական կամ ընկերաբանական տեսութիւն կրցած է յստակ կերպով բացայայտել բարեկամութեան սահմանը եւ ստոյգ իմաստ մը տալ անոր։ Ո՞վ է «բարեկամ»ը ուրեմն…։
Աւետարանի «Բարի Սամարացի»ի առակը գեղեցկօրէն կը բացատրէ, թէ՝ ո՛վ է ճշմարիտ բարեկամը։
Նախ առակէն սա կ՚եզրակացնենք. բարեկամ ըլլալու համար նախապէս ծանօթացած ըլլալ պայման չէ, այլ բոլորովին օտար մէկն ալ, իր պատահական բարի ու անկեղծ արարքով կրնայ «բարեկամ» անուանուիլ։ Արդէն ամենէն ցաւալին՝ ծանօթներու բազմութեան մէջ բարեկամ մը իսկ չունենալն չէ՞։ Փաուլօ Գուէլեօ կ՚ըսէ, թէ՝ թշնամին դէմը դաշոյնով կանգնածը չէ՛, այլ, ան՝ որ բարեկամի երեւոյթով՝ դաշոյնը ետին՝ գաղտնօրէն մօտեցողն է։ Սիրելինե՜ր, ո՞րն է վտանգաւորը՝ դաշոյնը ցոյց տուո՞ղը, թէ՝ ծածկողը։ Գա՞յլը աւելի վտանգաւոր է, քան գառնուկի երեւոյթով գազանը։
Յայտնի ամէն վտանգի դէմ մարդ կրնայ միջոցառումներ ունենալ, պատրաստ ըլլալ ինքզինք պաշտպանելու, հապա ծածուկ վտանգի դէ՞մ, անկարելի է պաշտպանուիլ, քանի որ ան անսպասելի, անակնկալ վտանգ մըն է։ Ուրեմն իրական բարեկամը այն է՝ որ իր նպատակը կը յայտնէ, ծածուկ նպատակներով չի մօտենար, շահախնդիր չէ…։
Այսօր «բարեկամ» բառին իմաստը եւ տարողութիւնը շա՜տ ընդարձակուած է, ըսինք։ Մարդ երբեմն բոլորովին «օտար» եւ «անծանօթ» մէկու մը բարեկամութիւնը կրնայ վայելել, իսկ ծանօթի մը, կամ աւելի ցաւալին, «բարեկամ» կարծած մէկուն թշնամութեան վիշտը կրել, անակնկալ ատելութեան մը ենթարկուիլ։ Եւ ո՜րքան դժուար է որոշել «բարեկամ»ը։ Շատ անգամ նոյնիսկ անկարելի՛…։
Բայց «բարեկամութիւն»ը փոխադարձ յարաբերութեան, փոխադարձ զգացումի հարց մըն է. երբ մէկը բարեկամութիւն կը սպասէ՝ պէ՛տք է որ ինքն ալ իսկական իմաստով բարեկամ ըլլա՛յ։ Արդարեւ ոսկի կանոնը հոս ալ գործադրելի է, մարդ ի՛նչպէս որ կ՚ուզէ՝ վարուին իրեն հետ, ի՛նքն ալ նոյն կերպով պէտք է վարուի ուրիշներու հետ։
Տեւապէս բարեկամութիւն պահանջել անիրաւութիւն է մարդկութեան՝ երբ բարեկամութիւն սպասողը, ի՛նք բարեկամական զգացումներով չի՛ մօտենար ուրիշներուն։ Բայց հոս, այս կէտին հարկ է մատնանշել, թէ այս կերպով վարուիլ, չի՛ նշանակեր, որ բարեկամութիւնը փոխադարձութեան կանոնի վրայ հաստատուած է, այլ ան այնքան ճշմարիտ է՝ ո՛րքան անշահախնդիր է, փոխադարձին չի սպասեր։ Բարեկամը այն է՝ որ առանց փոխադարձ բարիքի սպասելու բարիք կը գործէ մէկու մը՝ ըլլա՛յ ծանօթ, ըլլա՛յ անծանօթ։
Բարեկամութիւնը մարդկային յարաբերութիւններու զենիթն է՝ գագաթնակէ՛տը…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սեպտեմբեր 8, 2015, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/23/2024