ԿԱՐԵՒՈՐԱԳՈՅՆ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆԸ

Դաստիարակութեան ամենէն ազդու միջոցը կենդանի օրինակ դառնալն է. նոյնն է պարագան գրեթէ ամէ՛ն տեղ. օրինակի համար, Քրիստոսը որպէս Տէր պիտի չընդունէինք, եթէ խօսէր ողորմութեան մասին՝ սակայն ինք ողորմած չըլլար, խօսէր ներողամտութեան մասին՝ սակայն ինք չի ներեր. նոյնպէս մանուկի մը համար մօր բարի վարքը շատ աւելի ազդու դաստիարակութեան միջոց մըն է՝ քան ըսուած խօսքերն ու յորդորները, այդ իսկ պատճառով Հայրիկ երանի՜ կու տայ այնպիսի ծնողներու, որոնք իրենց զաւակներուն դաստիարակութեան սիրոյն կը հսկեն իրենց անձին վրայ. Հայրիկ կ՚ըսէ. «Երանի՜, հազար երանի այն ծնողաց, որ միշտ արթուն լինելով կը հսկեն իրենց կեանքին եւ անձին վերայ. որպէսզի երբեք գայթակղութիւն եւ չար օրինակ չտան իրենց զաւակներուն»:

Երանի կարդալու կողքին Հայրիկ «Վա՜յ» կը կարդայ այն ծնողներուն, որոնք չար օրինակով կ՚ապրին՝ մտածելով որ մանուկը չի՛ հասկնար այդ բոլորը. Հայրիկ կ՚ըսէ. «Վա՜յ եւ եղո՜ւկ այն անզգոյշ ծնողաց, որք ընտանիք եւ մանուկները իբրեւ չմարդ համարելով՝ իրենց անբարի կեանք ու վարմունք նշաւակ կը կացուցանեն նոցա առաջ, արտաքին եւ օտար գայթակղութենէն աւելի՝ իրենք իսկ գայթակղութիւն կը լինին զաւակաց ու ընտանեաց, եւ նոցա ապագայ կեանքը մանկութեան մէջ կը մեռցունեն»: Պէտք է յիշել, որ Յիսուս վայ կը կարդայ բոլոր անոնց համար, որոնք ուրիշներու գայթակղութեան պատճառ կ՚ըլլան. ծնողքը պէտք է գիտնայ, որ իր իւրաքանչիւր շարժումն ու խօսքը իր յատուկ տեղը կը գտնէ մանուկի մտածողութեան մէջ եւ հետեւաբար սխալ ու գայթակղեցուցիչ արարքներ եւս անոր մօտ կ՚արձանագրուին. ծնողքի սխալներ յաճախ մանուկը որպէս ճիշդ կ՚ընդունի, որովհետեւ բնութեամբ կոյր վստահութիւն մը կ՚ունենայ անոնց հանդէպ եւ հետեւաբար անոնց կողմէ ի գործ դրուած ամէն արարք որպէս ճիշդ կը դատէ, ինչ որ ապագային լուրջ հարցեր կրնայ յառաջացնել անոր բնաւորութեան ու խառնուածքին մէջ:

Հայրիկի նման համաձայն ենք այն գաղափարին, որ չար մարդ մը ծնունդն է չար ծնողքի մը. «Ստոյգ հաւատացէք, ով դուք ընտանեաց ծնողք, որ պատասխանատու էք առաջին Աստուծոյ եւ միայնգամայն մարդկային ընկերութեան առաջ եթէ չար զաւակը թողուք աշխարհիս վերայ», կ՚ըսէ Հայրիկ. բարի եւ օրինակելի ընտանիքը բարի զաւակներ կը ձգէ աշխարհին, հետեւաբար զաւակը ծնողքի մը հայելին է եւ հետեւաբար բարի եւ կամ չար զաւակ մը աշխարհին ձգելու որոշումը տրուած է ծնողներուն. անոնք են իրենց զաւակին ճարտարապետները:

Սերունդէ սերունդ, ծնողքէ զաւակ փոխանցուած չարութիւնն է պատճառը, որ այսօր աշխարհիս մէջ չարը կը շարունակէ գոյութիւն ունենալ. զաւակներ իրենց ծնողքէն չարութիւն տեսան եւ այդ չարութեամբ դաստիարակուելով չարութիւն գործեցին եւ իրենք եւս իրենց կարգին իրենց յաջորդող սերունդներուն փոխանցեցին այդ չարութիւնները. չարութիւնը մարդկային ընկերութեան մէջ «ինքնին ծնունդ առած չէ»:

Հետեւաբար ծնողքի մը պարտաւորութիւնը տան այգիին պարտիզպանը ըլլալն է. անոր պարտաւորութիւնն է այդ այգիէն դուրս բերել չար սերմերը, որովհետեւ եթէ չար սերմերը շարունակեն մնալ այդտեղ՝ բնականաբար պտուղն ու արդիւնքն ալ չար պիտի ըլլայ:

Շատ մը ծնողներ կը կարծեն, թէ հիմնական կրթութիւնն ու դաստիարակութիւնը մանուկ-պատանին դպրոցէն ներս կը ստանայ. այդպէս մտածողներուն համար Հայրիկ կ՚ըսէ. «Յոյժ կը սխալին». Հայրիկի համոզումով՝ դպրոցի ուսուցիչներն ու մանկավարժները միայն մանուկին միտքին հետ է որ կը խօսին, մինչ ծնողքը կրնայ խօսիլ ու դրոշմը ունենալ մանուկին սիրտին ու հոգեկան աշխարհին մէջ, որովհետեւ ուսուցիչը ինչքան ալ նուիրուած ըլլայ միայն ծնողքին տրուած է սիրտով ու հոգիով զաւակին հետ կապուիլ: Սխալ է կարծել, որ ծնողքը լոյս աշխարհ կը բերէ զաւակը եւ դպրոցը կը կրթէ ու կը դաստիարակէ. ուսուցիչը Խրիմեան Հայրիկ կը նմանեցնէ Աստուածաշունչի մէջ յիշուած վարձկան հովիւներուն, որ «չէ նմայ փոյթ վասն ոչխարաց». Հայրիկ նման մտածողներուն համար կ՚ըսէ. «եւ դուք կը հաւատա՞ք, ո՛վ հայրեր եւ մայրեր, եթէ ձեր ընտանեկան գաւթին մէջ ծնած այն մատաղ գառնուկներու համար ձեզմէ դուրս ու ձեզմէ աւելի հոգատար սիրտ եւ ձեռք կայ աշխարհիս վրայ. ո՛չ բնաւ»:

Շատ մը ծնողներ զեխ կեանքով կ՚ապրին, սակայն կ՚ուզեն, որ իրենց զաւակները ապրին բարեհամբոյր ու ազնիւ կեանք մը: Հետեւաբար որպէս խրատ Հայրիկ իր խօսքը կ՚ուղղէ ծնողներուն. «Այս խրատն աւանդենք ամէն ծնողաց, որ նախ իրենց կեանքն ուղղեն եւ ապա իրաւունք ստանան իրենց զաւակները խրատելու: Վասն զի իրենք երբ կրօնի պարտաւորութեանց մէջ գաղջ եւ մեղկ են, թող չը սպասեն որ Կիրակի առաւօտ զաւակները իրենցմէ կանուխ Եկեղեցի երթան, եթէ զեղխ ու շռայլ են, թող չը յուսան, որ նոքա սակաւապէտ եւ խնայիլ լինին, եթէ արբեցող եւ անառակ են, ո՛վ կ՚ակնկալէ, որ որդիքները պարկեշտ ու համեստ լինին»: Հետեւաբար ծնողքին վարքը ժառանգութիւնն է զաւակներուն: Այդ բարի ժառանգն է որ պէտք է ձգենք աշխարհին:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ինչպէ՞ս ազատուիլ ամչկոտութենէն:

Պատասխան. Ամչկոտութիւնը յաղթահարելու համար նախ եւ առաջ մարդուն պէտք է ինքնաճանաչում. մարդ պէտք է հասկնայ իր ամչկոտութեան հիմնական պատճառները եւ սկսի աստիճանաբար ինքզինք ենթարկել այդ իրավիճակներուն՝ որ ամչկոտութիւն կը պատճառէ՝ կամաց կամաց աւելցնելով անոնց բարդութեան աստիճանը: Մարդ իր ինքնավստահութիւնը բարձրացնելու համար կրնայ դիմել ինքնախօսութեան. ազատելու համար ամչկոտութեան զգացումէն, մարդ պէտք է ինքզինք շրջապատէ զինք աջակցող ընկերներով, որպէսզի խրախուսեն: Եթէ պէտք ըլլայ, պէտք է դիմէ մասնագէտի օգնութեան: Պէտք է գիտնալ, որ ամչկոտութիւնը յաղթահարելը ճանապարհորդութիւն է եւ մի քանի օրէն կարելի չէ ձերբազատիլ. պարզապէս պէտք է քայլեր ձեռնարկել աւելի ինքնավստահ դառնալու համար:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Մայիս 3, 2024