ԸՆՏԱՆԻՔԸ՝ ՈՐՊԷՍ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
Մարդկային պատմութեան մէջ՝ հեթանոսական շրջանին թէ՛ քաղաքակիրթ եւ թէ ոչ-քաղաքակիրթ ժողովուրդներու-ազգերու մէջ «ընտանիք»ը կը ներկայացնէր աւելի կամ նուազ չափով «առանձին փոքրիկ պետութիւն» մը՝ ուր բոլոր ընտանիքի գործերը կը կառավարուէր ընտանիքի անդամներէն աւագագոյնինի կողմէ՝ պապը կամ հայրը, իբրեւ պետ կամ գլուխ, եզակի կամքով եւ իշխանութեամբ։
Ընտանիքի «պետ»ի այդպիսի անկախ իրաւասութիւնը եւ իշխանութիւնը կը տարածուէր իր ընտանիքի ոչ միայն նիւթական գործերու վրայ, այլ ամէն տեսակ գործերու համար առանց բացառութեան, ան իրաւունք ունէր ամուսնացնել զաւակները, զրկել անոնք ժառանգութենէ, պատժել անոնք, մի քանի ազգերու մէջ մինչեւ իսկ «ծախել», եւ մինչեւ անգամ սպաննել անոնք։ Այս կը նշանակէր բացարձակ իշխանութիւն։
Ընտանիքի այսպէս «միապետական» կազմակերպութիւնը մանաւանդ զարգացաւ եւ հզօրացաւ հռովմէացիներու մէջ մասամբ անոնց վարքի եւ բարքի ազդեցութեամբ եւ մասամբ իրաւաբանական գաղափարներու եւ պետական օրէնսդրութեան ներգործութեամբ։
Ընտանիքի աւագ անդամը կամ գլուխը՝ պապը կամ հայրը կը կոչուէր սովորաբար Parens կամ Paterfamillias, իսկ անոր իշխանութիւնը՝ Patria potestas։ Այդ իշխանութիւնը, այդ patria potestas, նախապէս սկզբունքով այնպէս հզօր էր եւ խիստ՝ որ գրեթէ բոլորովին կը նմանէր ստրկատէրի իշխանութեան՝ գերիներու տիրոջ շերտի վրայ. dominica potestas։
Արդէն «Երկուտասան Աղիւսակ». XII «Duodecim» Tabulae կոչուած օրէնքը կը ճանչնար հօր իրաւունքը զաւակներու մահու եւ կեանքի վրայ, կը թոյլատրէր անոր «ծախել» անոնք, ա՛ն էր ընտանիքին պատկանած ամբողջ սեփականութեան միակ տէրը, եւ այլն։
Ժամանակի ընթացքին այդ իրաւունքները հետզհետէ նորանոր օրէնքներով փոխուեցան, մեղմացան, համառօտուեցան, արգելուեցան, բայց եւ այնպէս հռովմէական պետութեան մինչեւ վերջին շրջանը patria potestas-ը պահպանեց իր նշանակութիւնը բաւական ընդարձակ սահմանով։
Այս հզօր իշխանութիւնը անարգել կը գործածէր հայրը, եւ այդ զօրութեամբ ան կը տնօրինէր իր ընտանիքի անդամներուն ամուսնութեան գործը առանց անոնց մասնակցութեան եւ այս պատճառով անոնց ամուսնութեան օրինաւորութիւնը եւ վաւերականութիւնը ապահովելու համար անհրաժեշտ հարկաւոր էր հօր համաձայնութիւնը. jussus։ Առանց այդ համաձայնութեան օրինաւոր չէ՛ր անոնց ամուսնութիւնը, հայրը կրնար զրկել անոնք իր ժառանգութենէն այս պատճառով։ Եւ այսպիսի անվաւեր ամուսնութենէ ծնած զաւակներն ալ օրինաւոր չէին համարուէր նոյն պատճառով եւ հօր կողմէ ոչ մէկ արտօնութիւն կը ստանային, այլ անոնք մօր կը պատկանէին։
Պսակէն ետք հօր տուած համաձայնութիւնը օրինաւոր էր եւ ամուսնութիւնը վաւերական կը դարձնէր, բայց այդ ամուսնութենէն ծնած զաւակներուն օրինաւորութիւնը՝ համաձայնութեան տրուած թուականին համեմատ, նախկին զաւակները ապօրինի, այդ թուականէն յետոյ ծնածները օրինաւոր կը համարուէին…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ