ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵԾԱԳՈՅՆ ՀԱՃՈՅՔՆ Է
Բարեկամութիւնը ուրախութի՜ւն է՝ սրտին ամենէն թանկագին գոհարներէն մին կը կազմէ։ Ո՞րն է այն սիրտը, որ աւելի արագ չի բաբախեր, երբ երկար տարիներ սպասելէ վերջ, իր բարեկամը կը տեսնէ յանկարծ ողջ առողջ, ուրախ, երջանիկ, զուարթ եւ սիրալիր։ Այդ վայրկեանին անցեալի յիշատակները կու գան կը շփոթին ուրախութեան այս աւիւնին մէջ՝ որով սիրտը այլեւս չի կրնար դիմադրել եւ կը պոռթկայ։
Այն որ անկարող է սիրելու եւ վեհ ուրախութիւններ զգալու եւ ապրելու դժբա՛խտ է։
Բարեկամութեան ուրիշ մէկ հաճոյքն է յուսահատութեան կամ դժբախտութեան վշտառիթ եւ ցաւալի պարագաներու մէջ անոր տուած սրտապնդումն է, որ փիլիսոփայական տեսակէտով, բացասական հաճոյք մը, ուրախութի՛ւն մըն է։ Զոր օրինակ՝ երբ մէկը գտնուի այն տեսակ փոթորիկներու մէջ, սրտի այն տեսակ ալեկոծումներու մէջ, որոնք մարդկային կեանքին ովկիանոսի յատակն ի վեր կը յուզեն, իր կեանքին դիւրաբեկ նաւակը, երկար ատեն մաքառելէ եւ տատանելէ յետոյ, կը խորտակի վերջ ի վերջոյ խարակի մը՝ ծովեզերեայ բարձր ժայռի մը վրայ։
Նաւաբեկեալ է. կարեւորութիւն չունի թէ ո՞ր կողմէ կու գար հովը, որ խորտակեց իր կայմերը եւ պատռեց իր առագաստները։
Մարդոց նախա՞նձն էր այս, թէ կեանքի զեղծումը։ Կարեւորութիւն չունի՛։ Այն հոգին՝ որուն հաւատարմութիւնը, անկեղծութեանը վստահելով տուած էր իր սիրտը՝ զինք մատնեց. չի կրնար այլեւս դիմադրել այն անհո՜ւն վշտին, որ զինք չորս կողմէ կը պաշարէ։ Չարչարուած, տանջուած, մատնուած, յուսալքուած, որքա՜ն պիտի փափաքէր ընկղմիլ այս ծովին մէջ, որ զինք անգթօրէն կը խարազանէ իր անկարեկիր ալիքներուն գագաթին վրայ։
Ո՞վ ուրեմն այն ատեն, կեանքին հասցէին իր ուղղած անէծքներուն մէջտեղ, որ զինք ջախջախել պիտի տային այն երկինքին միջոցաւ, եթէ համբերատար չըլլար նոյնինքն այդ երկինքը, ինչպէս այն ամէն բան որ յաւիտենակա՛ն է, ո՞վ ուրեմն այն ատեն իրեն կը մօտենայ եւ խլելով մահէ մը՝ զոր կեանքէն շատ նուազ անգութ կը գտնէ, զինք ծովեզերք կը բերէ։ Ո՞վ կը չորցնէ եւ կը տաքցնէ զինք։ Իր բարեկամն է այն, որ չկարենալով կռուիլ փոթորիկին հետ, ոչ ալ արգիլել հովերը, անձկանօք հետեւեցաւ բարեկամական անկեղծ սիրոյ մը, փափուկ զգացումէ մղուած՝ որ ընկճիլ չի գիտեր բնաւ. իր բարեկամն է այն՝ որ կը հակի հիմա իր վրայ, ուշադիր դիտելով անոր սրտին ամէն մէկ բաբախումներուն եւ անձկութեամբ սպասելով շարժման մը, հառաչանքի մը, հեծեծանքի մը…
Կու լայ այն ատեն, եւ իր առատ արցունքները անոր արցունքներուն կը խառնուին. ի՛նքն ալ կու լայ ուրախութենէն, տեսնելով որ զայն ազատեց։ Եւ կը բացագանչէ. «Ես ինչպէ՞ս փափաքեցայ մահուան, ես որ ասանկ անկեղծ բարեկամ մը ունիմ»։
Երանի՜ անկեղծ բարեկամներ ունեցողներուն…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ