ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՅԱՆՁՆՈՒԻԼ

Շա­տեր կը հարց­նեն. «Ինչ­պէ՞ս ինք­զինքս Աս­տու­ծոյ յանձ­նեմ»։ Ար­դա­րեւ, յանձ­նուիլ կը նշա­նա­կէ՝ հնա­զան­դիլ։ 

Այս ի­մաս­տով, հնա­զան­դիլ մեծ զո­հո­ղու­թիւն կը պա­հան­ջէ։ Աս­տուած մեզ­մէ չի պա­հան­ջեր թո­ղուլ բա՛ն մը՝ զոր պա­հել մե­զի հա­մար շատ կա­րե­ւոր է եւ օգ­տա­կար։ Մարդ իր ան­ձին ա­մե­նա­մեծ վնա­սը եւ ա­նի­րա­ւու­թիւ­նը կա­տա­րած կ՚ըլ­լայ՝ երբ Աս­տու­ծոյ կամ­քին հա­կա­ռակ գոր­ծէ։ Ո­րե­ւէ ճշմա­րիտ եր­ջան­կու­թիւն չի՛ կրնար գտնուիլ այն ճամ­բուն վրայ՝ որ ար­գի­լուա՛ծ է Ա­նոր կող­մէ, քա­նի որ Ան գի­տէ, թէ ո՛րն է լա­ւա­գոյ­նը, եւ որ ա­մէն ինչ բա­րին կը տնօ­րի­նէ Իր ա­րա­րած­նե­րուն հա­մար։ Անհ­նա­զան­դու­թեան ու օ­րի­նա­զան­ցու­թեան ճամ­բան թշուա­ռու­թեան ու կոր­ծան­ման ճա­նա­պարհն է։ 

Մեծ սխալ մըն է են­թադ­րել, թէ Աս­տուած կ՚ա­խոր­ժի տես­նել Իր զա­ւակ­նե­րուն տա­ռա­պի­լը։ Բո­վան­դակ Եր­կին­քը մար­դուն եր­ջան­կու­թեա­նը հա­մար կը գոր­ծէ։ 

Մեր երկ­նա­ւոր Հայ­րը Իր ա­րա­րած­նե­րուն ո՛չ մէ­կուն առ­ջեւ կը խա­փա­նէ եր­ջան­կու­թեան մի­ջոց­նե­րը։ Աս­տուա­ծա­յին պա­հան­ջում­նե­րը մեզ կը հրա­ւի­րեն հրա­ժա­րիլ այն բա­նե­րէն՝ ո­րոնք տա­ռա­պանք ու յու­սա­խա­բու­թիւն կը պատ­ճա­ռեն մե­զի, եւ ո­րոնք մեր առ­ջեւ կը փա­կեն եր­ջան­կու­թեան, եր­կի­ն­քի դու­ռը։ Ար­դա­րեւ, աշ­խար­հի Փրկի­չը կ՚ըն­դու­նի մար­դի­կը այն­պէս՝ ինչ­պէս են ի­րօք, ի­րենց բո­լոր ան­կա­տա­րու­թիւն­նե­րով, թե­րու­թիւն­նե­րով, տկա­րու­թիւն­նե­րով ու կա­րօ­տու­թիւն­նե­րով. եւ Ան ո՛չ միայն մեղ­քէ պի­տի մաք­րէ ու Իր ա­րիւ­նո­վը փրկու­թիւն շնոր­հէ, այլ գո­հա­ցում պի­տի տայ սրտի բաղ­ձանք­նե­րուն բո­լոր ա­նոնց՝ ո­րոնք կը հա­ւա­նին Իր լու­ծը կրել եւ Իր բե­ռը տա­նիլ։ Ա­նոր նպա­տակն է խա­ղա­ղու­թիւն, հան­գիստ եւ ու­րա­խու­թիւն հա­ղոր­դել բո­լոր ա­նոնց՝ ո­րոնք Ի­րեն կու գան «կե­նաց հաց»ին հա­մար։ Ան մեզ­մէ կը պա­հան­ջէ կա­տա­րել միա՛յն այն պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րը եւ կրել այն պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը՝ ո­րոնք մեր քայ­լե­րը պի­տի ա­ռաջ­նոր­դեն ե­րա­նու­թիւն­նե­րու բարձ­րու­թիւն­նե­րը։ 

Եւ այդ բարձ­րու­թիւն­նե­րուն եր­բեք չի՛ կրնար հաս­նիլ մէ­կը՝ որ անհ­նա­զանդ է եւ օ­րի­նա­զանց։ 

Ար­դա­րեւ, հո­գիին ճշմա­րիտ, ե­րա­նե­լի եւ ու­րա­խա­լի կեանքն է իր մէջ կազ­մուած ու հաս­տա­տուած ու­նե­նալ Քրիս­տո­սը՝ փա­ռաց յոյ­սը եւ ի­րա­կա­նա­ցու­մը։ 

Մարդ կը ցան­կայ ինք­զինք Ա­նոր յանձ­նել, եւ սա­կայն տկար է բա­րո­յա­պէս եւ ան­կա­տար. տա­րա­կոյ­սին, կաս­կա­ծին գե­րի դար­ձած, ու մե­ղա­ւոր կեան­քին սո­վո­րու­թիւն­նե­րո­վը կը կա­ռա­վա­րուի։ 

Մար­դուս խոս­տում­ներն ու ո­րո­շում­նե­րը ա­ւա­զէ չուան­նե­րու կը նմա­նին։ Մա՛րդ կա­րող չէ իշ­խել իր մտա­ծում­նե­րուն, դրդում­նե­րուն եւ իղ­ձե­րուն վրայ։ Խոստմ­նա­զան­ցու­թիւն­նե­րու եւ վրի­պած յանձ­նա­ռու­թիւն­նե­րու գի­տակ­ցու­թիւ­նը կը տկա­րաց­նէ մար­դուս ան­կեղ­ծու­թեա­նը վրայ ու­նե­ցած վըս-տա­հու­թիւ­նը, եւ զգալ կու տայ ի­րեն, թէ Աս­տուած կա­րող չէ ըն­դու­նիլ զինք։ Բայց պէտք չէ եր­բեք յու­սա­հա­տիլ ու յու­սալ­ըք-ւիլ։ Մարդ պէտք ու­նի հասկ­նա­լու՝ թէ կամ­քի ո՛ւժն է էա­կա­նը։ 

Ա­հա­ւա­սիկ ա՛յս է մարդ­կա­յին բնու­թեան մէջ կա­ռա­վա­րիչ զօ­րու­թիւ­նը, այ­սինքն դա­տե­լու, ո­րո­շե­լու եւ ընտ­րե­լու կա­րո­ղու­թիւ­նը։ 

Ար­դա­րեւ, ա­մէն ինչ կամ­քին ու­ղիղ գոր­ծե­լէն կա­խում ու­նի։ Ընտ­րե­լու կա­րո­ղու­թիւ­նը Աս­տուա՛ծ է տուած մար­դոց. ի­րենց կը մնայ զայն մար­զել։ 

Ուս­տի, մարդ կա­րող չէ փո­խել սիր­տը, չի կրնար ինք­նիր­մէ Աս­տու­ծոյ տալ ա­նոր խան­դա­ղատան­քը. բայց կրնա՛յ զԻնք պաշ­տե­լը, Ա­նոր հնա­զան­դի­լը ընտ­րել։ Մարդ կրնայ տալ իր կամ­քը, յե­տոյ Ան պի­տի գոր­ծէ իր մէ­ջը կա­մե­նա­լը եւ կա­տա­րե­լը Իր հա­ճու­թեան հա­մե­մատ։ 

Այս­պէս ու­րեմն՝ ամ­բողջ մարդ­կա­յին բնու­թիւ­նը Քրիս­տո­սի Հո­գիին ազ­դե­ցու­թեա­նը տակ պի­տի դրուի, զգա­ցում­նե­րը Ա­նոր վրայ պի­տի կեդ­րո­նա­նան եւ խոր­հուրդ­նե­րը հա­մա­ձայն ու հա­մա­պա­տաս­խան պի­տի ըլ­լան Ա­նո՛ր հետ։ 

Լա՛ւ է ան­շուշտ սրբու­թեան եւ բա­րու­թեան բաղ­ձանք­ներ ու­նե­նալ, բայց ե­թէ այդ­չա­փով գո­հա­նայ մարդ, ո՛չ մէկ բա­նի պի­տի ծա­ռա­յեն ա­նոնք։ Բաղ­ձանք­նե­րու ի­րա­կա­նա­ցո՛ւմն է կա­րե­ւո­րը, թէ ոչ ա­նոնք կը կորսուին եւ ա­նոնց տեղ կու գայ յու­սա­խա­բու­թիւն։

Հնա­զան­դու­թեան մէ՛ջ է եր­ջան­կու­թի՜ւ­նը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարտ 3, 2015, Իս­թան­պուլ

 

Հինգշաբթի, Մարտ 5, 2015