ՓՈԽԱՆ ԱՆԷԾՔԻ՝ ՍԷ՛Ր
Անասուն մը զգացում ունի՞. եթէ կրնայ անգութ ըլլալ ըստ երեւոյթի, չի կրնա՞ր նաեւ գորովիլ, երբ փոխան անէծքի սէ՛ր կ՚ընդունի։ Եւ մարդը՝ ասուն եւ բանաւո՛ր էակը, ան ալ շատ անգութ է յաճախ, նոյնիսկ աւելի քան անասուն ու անբան էակը եւ հազուադէպ է, որ փոխան անէծքի սէր ցոյց տայ, ատելութեան փոխադարձէ սիրով եւ գթութեան ազնիւ զգացումներով։ Ուստի, անբան անասուն էակը անգո՛ւթ է բնազդաբար, բայց բանաւոր ու ասուն էակը անգութ է՝ գիտակցաբա՛ր…։
Սակայն հարց չէ, թէ անասուն մը զգացում ունի՞ կամ ոչ։
Անասունը «անասուն» է եւ անբան վերջապէս։
Բայց թէ ի՞նչ կը զգայ մարդ, այդ է կարեւորը, քանի որ մարդ՝ բանաւոր ու ասուն էակ մըն է, եւ «մա՛րդ» է…։
Այդ զգացումին համար ուրախ զգալու է մարդ ինքզինք, բայց աւելին՝ երախտապարտ Աստուծոյ այն «ազատութեան» համար, որ ինք կը վայելէ։ Գիտակից ըլլալ Աստուծոյ սիրոյն՝ որ իրեն ազատութիւն, մտային ու զգացական անկախութիւն պարգեւած է, ինչպէս որ մարդն ալ բանտարկուած ու անօգնական անասունի մը ազատութիւն տուած է։
Հապա եթէ Աստուած Ի՛նքն ալ մարդը սիրած չըլլար այնպէս եւ անհունապէս աւելի՛, ինչպէս մարդը սիրեց անասունը, ի՞նչ պիտի ըլլար մարդուն վիճակը. «բանտարկեալ» մըն ալ ի՛նք պիտի ըլլար. ո՞վ գիտէ, ի՜նչպիսի թշուառութեան եւ մեղքի բանտի մը մէջ։ Անբան ու անասուն էակը, որ անպատճառ յոգնած ու տկարացած է իր կեանքին ծանրութեանը տակ, մարդուս տանը դռնէն թո՛ղ ներս մտնէ, երկնքի ու տարի՜ներու յանձնելով իր կեանքին մնացած օրերը։ Ուստի, բանաւորը անբանին՝ ասունը անասունին օգնելու կոչուած է, քանի որ այս առաքելութեան իրականացման համար ան բանաւոր է ու ասո՛ւն։
Եւ ահաւասի՛կ, հոս է կարեւորութիւնը՝ բանաւորութեանը եւ ասուն ըլլալու գիտակցութիւնը ունենալու, ինքզինք մա՛րդ զգալու եւ մա՛րդ ապրելու ազատութիւնը վայելելու։ Եւ կեանքին ազատութիւնը կարենալ վայելել անարգել ու անկա՛խ։ Բայց անասունը եւ անբանը, եթէ նոյնիսկ զգացում չունի, կեա՞նք ալ չունի…։
Բոլոր նեղութիւններ, դժուարութիւններ, ծանրութիւններ այդ կեանքին մէ՛ջն են։ Զոր օրինակ՝ թռչունի մը թեւերը վե՛ր թռչելու համար է եւ ո՛չ՝ վար։ Միշտ վեր, միշտ վերինին, բարձրութեան, կատարելութեան, միշտ զօրութեան, քանի որ բնութիւնը կոչուած է այս իսկ նպատակին, ամբողջութեան, լիութեան, կատարելութեա՛ն։
Եւ ո՜վ մարդ, դո՛ւն ի՞նչ կ՚ընես, որ ապացուցանես, թէ անբանէ մը, անասունէ մը աւելի՛ զգայուն ես ու գիտակից։ Չէ՞ որ դո՛ւն ալ, ո՜վ մարդ, երբեմն, չըսելու համար յաճախ, վա՛ր կը նայիս, եւ շատ անգամ կը տապլտկիս տիղմի մէջ, կը սիրես վարը ըլլալ՞ վարը ապրիլ։
Ո՜վ մարդ, Աստուած «Սի՛րտ» դրեր է մէջդ, որ «Սիրես», բայց դո՛ւն, ո՜վ մարդ, հրաժարելով սիրոյ այդ լուսաւոր բարձրութենէն, կը մտնես խաւարի մը մէջ, վարը՝ ուր կայ միայն անէծք ու ատելութիւն։ Ո՜վ մարդ, սիրտը սիրելու համար տրուած է քեզի, եւ ո՛չ թէ ատելու եւ անիծելու համար քու նմաններդ՝ եղբայրներդ, համայն մարդկութիւնը, որոնցմէ ամէն մէկը դո՛ւն ես, չկայ որեւէ խտրութիւն քու եւ նմանիդ միջեւ, քու կոչումդ կը պահանջէ սիրե՛լ, սիրել՝ փոխանակ անիծելու։
Յիսուս Քրիստոս եկաւ, որպէսզի մեր հոգիի թեւերը միշտ վե՛ր բարձրացնեն մեզ, փրկելով վարը՝ կորստեան վիհին մէջ մնալէ։ Բայց ի՜նչ ողբերգութիւն, ի՜նչ ցաւ՝ որ կամովին կ՚ոչնչացնենք մեր թեւերը եւ մենք զմեզ կը բանտարկենք խաւարին մէջ՝ ուր կը սառին ու կը կարծրանան մեր սիրտերը եւ կը պարպուին սէրէն։ Եթէ չկայ սէր, չկայ ուրեմն սիրտ, եւ երբ չկայ սիրտ՝ չկայ նաեւ կեանք։ Սիրտէն կը բխի սէրը, եւ սէ՛րն է, որ կը ստեղծէ մարդկային ամբողջական կեանքը։
Կարծրացած սառ սիրտեր չեն կրնար սիրել, չեն կրնար հասկնալ կեանք մը ապրելու վայելքը, եւ անոնք երբ զուրկ են զգացումէ, հաւատարիմ չեն մնար իրենց «մարդ» կոչումին։ Անոնք կու գան ու կ՚անցնին առանց «ապրել»ու, քանի որ ապրիլ շունչ առնել ու տալ չի՛ նշանակեր, այլ՝ զգա՛լ, իմանալ ու անդրադառնալ։
Ուրեմն, ջանանք տաքցնենք մեր «սառ-սիրտ»երը, ազատ թողունք սէրը, եւ հաւատարիմ մնանք մեր «մա՛րդ կոչումին»։
Սէ՜ր՝ փոխանակ ատելութեան…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ 3, 2015, Իսթանպուլ