ԱՆՏԱՐԲԵՐ ՉԸԼԼԱԼ ԿԵԱՆՔԻՆ
Կեանքին նկատմամբ անտարբեր ըլլալ՝ «կեանքին պարտուիլ» կը նշանակէ։ Մինչդեռ կեանքը իր ամբողջութեամբ ծնունդէն մինչեւ մահ, պայքա՛ր մըն է տեւական։ Հոս, յատկապէս չգործածեցինք «անվերջ» բառը, քանի որ խնդրական եւ վիճելի է, թէ այդ պայքարը մահուընէ ետք ալ կը տիրէ՞ թէ ո՛չ, խնդրական է, եւ այն ինչ որ յայտնի չէ եւ յստակ, պէտք է խուսափիլ վճռական խօսելէ անոր մասին…։
Մեր ներկայ խորհրդածութիւնը այս մասին չէ, եւ ուրեմն այս շեղումէն ետք դառնանք մեր նիւթին. անտարբեր չըլլալ կեանքին մասին, որ կը նշանակէ՝ անդրադառնալ իր գոյութեան, անդրադառնալ իր շրջապատին, անդրադառնալ իր նմաններուն, եւ գիտնալ, թէ միշտ «ուրիշ» մը կայ իր կեանքին մէջ։ Եւ անդրադառնալ գոյութեան կ՚երջանկացնէ մարդը, քանի որ աւելի ապահո՛վ կը զգայ ինքզինք ան։ Ուրեմն մարդ՝ թէ՛ անհատապէս եւ թէ հաւաքապէս պէտք չէ՛ անտարբեր ըլլայ, որուն բնական հետեւանքն է՝ յուսահատութիւն, յուսալքութիւն։ Այս իմաստով մարդ պէտք չէ սարսափի եւ փախչի մութէն, խաւարէն, քանի որ ի վերջոյ լո՛յս է ամէն խաւարի վերջաբանը։
Մարդ կրնայ Աստուծոյ սիրոյն դէմ զանազան կերպերով մեղանչել -անտարբերութեամբ-, որ կ՚անտեսէ եւ կամ կը մերժէ նկատի առնել աստուածային սէրը, եւ կ՚ուրանայ ճշմարտութիւնը։ Մինչդեռ ճշմարտութիւնը ուրանալ մե՛ղք է, սխալ է։ Աստուածային սէրը մերժող մարդը կ՚անգիտանայ Անոր կանխահաճութեանը եւ կը ժխտէ, կ՚ուրանայ Անոր զօրութիւնը։ Անտարբերութեան ուրիշ մէկ արտայայտութիւնն է՝ ապերախտութիւնը։
Ապերախտութիւնն ալ մերժում մըն է ճշռարտութեան։ Ուստի մարդ, ապերախտութիւն ցոյց տալով զանց կ՚ընէ կամ կը մերժէ ճանչնալ ճշմարտութիւնը, զոր օրինակ՝ աստուածային սէրը եւ տալ Անոր սէր, անկեղծ սէր՝ փոխանակելով Անոր սիրոյն։
Գաղջութիւնը, ընդհանրապէս, որ կ՚ենթադրէ վնասակար չէզոքութիւն, մարդս անշարժութեան եւ ամլութեան կը մատնէ եւ անտարբերութեան մէկ կերպն է։ Արդարեւ անկողմնակալ ըլլալ՝ չէզոք ըլլալ չի՛ նշանակեր. անկողմնակալ մարդը արդար մա՛րդ է, բայց չէզոք՝ բնաւորութեամբ գաղջ մարդը անշարժ, եւ անշարժութեամբ վնաս պատճառող մէկն է։ Գաղջ, այսինքն անշարժ, անաշխատ մարդը կը վարանի, կ՚անտեսէ, կը յուլանայ պատասխանել կամ փոխադարձել աստուածային սիրոյն։
Ամէն մութ եւ խաւար պատմութեան վերջնաբանն է լոյսը եւ լուսաւորութիւնը։ Ուստի կեանքին վերջը՝ մահը տրտմութիւն, ողբերգութիւն չէ՛, այլ՝ ուրախութիւն։ Անշուշտ, որ մահը «կորուստ» մըն է, եւ ամէն կորուստ տխուր է եւ տրտմութեան պատճառ կը դառնայ, սակայն հետեւանքը մի՛շտ ուրախութիւն։
Մահուան խորհրդանիշ գերեզմանին քարը կրնայ գլորիլ եւ մեռած մարդը, անկենդան մարդը վերակենդանանալ։ Եւ ան, որ կեանքի մէջ կ՚ապրի միայն տխրութիւն, տրտմութիւն եւ անոնց վրայ չի տեսներ, չ՚անդրադառնար յոյսին լուսաւոր ծիածանին, իրապէս, անոր կեանքը կը լեցուի միայն ցաւով, սարսափով եւ խաւարը կը պատէ ամբողջ հոգին. վա՜յ անոր, իրապէս վա՛յ անոր, քանի որ ան կորսնցուցած է իր յոյսը՝ կեանքի լոյսը եւ ուրախութիւնը։
Արդարեւ, Յիսուս ամէն ատեն, ամէն պարագայի, միշտ նոյն խօսքը կ՚ըսէր. «Քաջալերուէ՛»։ Ան վստահութիւն ունէր Հօր եւ ի զուր չէր այդ վստահութիւնը եւ կ՚ուզէր, որ ամէն մէկս ունենանք նոյն վստահութիւնը Իրեն նկատմամբ։ Ան անսահմանօրէն յոյս ունէր, որ ամէն նեղութիւն պիտի ոչնչանայ եւ ուրախութիւնը տիրական պիտի ըլլայ վերջապէս։
Ան որ յոյս չունի՝ ան հեռո՜ւ է լոյսէն։
Յոյսը նախատիպարն է լոյսին, որուն մէջէն կը ճառագայթէ պայծառ ու յստակ։ Ուստի այս իրողութեան գիտակցութիւնն է, որ երջանիկ կ՚ընէ մարդը։
Լոյսը եւ յոյսը անբաժան ուղեցոյցներն են մարդուն՝ որ նպատակ ունի հասնելու երանութեան։ Արդարեւ անցաւոր կամ ժամանակաւոր երջանկութիւնները պէտք չէ ըլլան մարդուն վերջնական նպատակը, այլ մանաւանդ ան պէտք է նպատակ ունենայ երանութիւնը։
Նախապէս ըսինք, որ չէզոք մարդը անշարժ մարդ է՝ ամլութեան մատնուած է։ Չէզոք մարդը, ահաւասիկ կը գոհանայ ժամանակաւոր երջանկութեամբ եւ չ՚աշխատիր հասնելու երանութեան։ Ան իր մէջ կը ներփակէ սիրոյ մղումին մերժումը, քանի որ անտարբեր է ամէն գեղեցկութեան եւ ճշմարտութեան, ամէն բարձր արժէքներու, որոնք վե՛ր կը բռնեն իր արժանապատուութիւնը։ Անտարբերութեան կերպ մըն է նաեւ հեղգութիւնը կամ ըսենք, հոգեւոր ծուլութիւնը։
Հոգեւոր ծուլութեամբ, մարդ կ՚երթայ մինչեւ իսկ մերժելու ուրախութիւնը՝ որ կու գայ Աստուծմէ։
Մելամաղձոտ մարդիկ հոգեպէս տկար անհատներ են եւ կը նախընտրեն միշտ տխուր ըլլալ։ Չէ՞ք խորհիր սիրելիներ, որ անտարբերութեան տարբեր մէկ արտայայտութիւնը ըլլայ այս վիճակը մարդուն։
Կը տեսնուի, թէ շատ մը տկարութիւններու կամ մոլութիւններու խորը կը գտնուի անտարբերութիւնը, որ ինքնին ա՛խտ մըն է…։
Նեղութեան ու ցաւի մէջ ուրախութեան պատճառը՝ մարդուն ուրիշներու համար նուիրուելու, անոնց օգտակար ըլլալու ազնիւ զգացումն է։ Եւ աւելի երջանիկ են անոնք՝ որ բարոյապէս կ՚ապրին այդ զգացումը, եւ կը ծառայեն անկեղծօրէն, առանց որեւէ ակնկալութեան։ Տալը միշտ աւելի երջանկաբեր է քան առնե՛լը։ Երջանիկ է այն՝ որ կ՚ապրի թէ՛ տրտմութիւն եւ թէ ուրախութիւն միաժամանա՛կ, եւ կրնայ ներդաշնակել զանոնք իր կեանքին մէջ։
Եւ միայն վեհ ու ազնիւ հոգիներու յատուկ է այս երջանկութիւնը՝ իրական երջանկութիւնը։
Միայն ուրախ եւ ծառայասէր հոգի մը կրնայ ճշմարիտ սիրով սիրել «ուրիշ» մը եւ անոր միամիտ ընկերութեան մէջ կը գտնէ ուրախութիւնը, բերկրութիւնը։ Ուրախ հոգին միայն կը սիրէ։ Ուրախ սիրտ մը միայն կրնայ լաւատես ըլլալ, յոյսին վերջաւորութեան լոյսը տեսնել, մութէն եւ խաւարէն չսարսափիլ եւ սպասել լուսաւորութեան։
Տրտմութիւնն ու ուրախութիւնը միանգամայն ապրելու զօրութիւնը եւ վեհ հոգին ունեցող մը կրնայ ապրիլ կեանք մը՝ որ գիտէ, թէ միայն իրեն համար չէ՛, այլ նոյն կեանքը ապրողներ կան իր ամբողջ շուրջը։
Տրտմութիւնը եւ ուրախութիւնը հակասական զգացումներ չեն, այլ՝ կը բխին զգայնութեան նոյն մակարդակէն, ամբողջ կեանքի մը տեւողութեան…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս 5, 2015, Իսթանպուլ