ՀԱՅ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԷՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏՆԵՐԸ - Բ -

Ստո­րեւ կը շա­րու­նա­կենք ներ­կա­յաց­նել նոյ­նու­թեա՛մբ Հայր Յա­կով­բոս Ծ. Վրդ. Չօ­փու­րեա­նի «Մաշ­տո­ցա­գիւտ տա­ռե­րու 1600-ա­մեակ եւ Մխի­թա­րեան ի­րա­կա­նու­թիւ­նը» խո­րագ­րեալ յօ­դուա­ծը։

«Դրա­մա­գի­տու­թիւն, հնու­թիւն.

Հայր Կղե­մես Սի­պի­լեան, Հայր Օ­գոս­տի­նոս Սե­քու­լեան։

«Ե­կե­ղե­ցա­կան, ծի­սա­կան.

Հայր Ղե­ւոնդ Յով­նա­նեան, Հայր Յա­կով­բոս Տա­շեան։

«Սուրբ գրքի մաս­նա­գի­տու­թիւն, թարգ­մա­նու­թիւն.

Հայր Գա­րե­գին Գա­րան­ֆի­լեան, Հայր Օ­գոս­տի­նոս Սե­քու­լեան։

«Հո­գե­ւոր եւ Մա­րե­մեան գրա­կա­նու­թիւն.

Գրե­թէ բո­լոր հայ­րե­րը ու­նին ա­ռան­ձին եր­կեր, իսկ Աս­տուա­ծած­նի իւ­րա­յա­տուկ գրա­կա­նու­թիւն ստեղ­ծած է Դոկտ. Հայր Մես­րոպ Թո­փա­լեան։

«Գե­ղա­րուես­տա­կան, նկար­չա­կան.

Հայր Ա­ղեք­սանդր Պալ­ճեան, Հայր Ար­սէն Այ­տը­նեան, Հայր Յա­րու­թիւն Պզտի­կեան, Հայր Ա­րիս­տա­կէս Պօհ­ճա­լեան։

«Ե­րաժշ­տա­կան.

Հայր Ար­սէն Այ­տը­նեան, Հայր Մով­սէս Սրա­պեան, Հայր Ղե­ւոնդ Տա­յեան, Հայր Գրի­գոր Հէ­պո­յեան։

«Թա­տե­րագ­րու­թիւն.

Հայր Գէորգ Բան­չի­կեան, Հայր Գրի­գո­րիս Մա­նեան։

«Բնա­գի­տու­թիւն, կեն­դա­նա­բա­նու­թիւն, բու­սա­բա­նու­թիւն.

Հայր Գաբ­րիէլ Մե­նե­վի­շեան։

«Հա­յը գեր­մա­նա­կան աշ­խարհ ծա­նօ­թաց­նող.

Հայր Վա­հան Ին­կի­լի­զեան՝ գեր­մա­նե­րէն լե­զուով։

«Մխի­թա­րեան մա­տե­նագ­րու­թեան ով­կեա­նէն ընտ­րո­վի փոքր բա­ժին մը զա­տուած է պար­զա­պէս գա­ղա­փար մը կազ­մե­լու նպա­տա­կով, այ­լա­պէս գրքեր բա­ւա­կան ու բա­ւա­րար պի­տի չըլ­լա­յին բո­վան­դա­կե­լու կա­տա­րուած աշ­խա­տա­սի­րու­թիւն­նե­րը։

«Մխի­թա­րեան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը կեդ­րո­նա­ցած է գլխա­ւո­րա­բար տոհ­մա­յին կրօ­նա­կան, կրթա­կան-դաս­տիա­րակ­չա­կան գետ­նի վրայ, այս իսկ պատ­ճա­ռաւ Հայ ազ­գին պատ­կա­նող ա­մէն նիւթ Մխի­թա­րեան հայ­րը հե­տաքրք­րած է, ո­րով վե­րո­յի­շեալ մար­զե­րու վե­րա­բե­րեալ շատ ճոխ մա­տե­նագ­րու­թիւն գո­յա­ցած է։

«Հայ մա­տե­նա­գիր­նե­րու շատ մը եր­կե­րը հրա­տա­րա­կուած են Վե­նե­տի­կի եւ Վիեն­նա­յի Մխի­թա­րեան զոյգ տպա­րան­նե­րէն։

«Կա­րե­լի՞ է չյի­շել Վե­նե­տի­կի «Բազ­մա­վէպ», «Գե­ղու­նի», «Հայ Ըն­տա­նիք», իսկ Վիեն­նա­յի «Եւ­րո­պա», «Հան­դէս Ամ­սօ­րեայ», «Ազ­գա­յին Մա­տե­նա­դա­րան», «Վե­րելք» եւ «Մխի­թար Մա­տե­նա­շար» հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րը։

«Մխի­թա­րեան եր­կու թե­ւերն ալ ի­րենց թան­գա­րան եւ մա­տե­նա­դա­րան­նե­րուն մէջ ժող­վե­ցին, պա­հե­ցին ու պահ­պա­նե­ցին հա­յու վե­րա­բե­րեալ ա­մէն մա­սունք, ա­մէն հնու­թիւն։ Մայ­րա­վան­քե­րու մէջ կրնանք գտնել ձե­ռա­գիր­նե­րու, լրա­գիր­նե­րու, նկար­նե­րու, հայ­կա­կան դրամ­նե­րու, տա­րազ­նե­րու, գոր­գե­րու ճոխ հա­ւա­քա­ծո­նե­րը։

«Մխի­թա­րեան միա­բան­նե­րը միայն ի­րենք չար­տադ­րե­ցին, ա­նոնք զա­նա­զան եր­կիր­ներ դպրոց­ներ բա­նա­լով հաս­ցու­ցին նաեւ փա­ղանգ­ներ գիտ­նա­կան­նե­րու, բա­նա­սէր­նե­րու, գրա­գէտ­նե­րու, լե­զուա­բան­նե­րու, թա­տե­րա­գիր­նե­րու, բա­նաս­տեղծ­նե­րու, լրագ­րող­նե­րու, նկա­րիչ-ծաղ­րան­կա­րիչ­նե­րու, ե­րա­ժիշտ­նե­րու, բժիշկ­նե­րու, քա­ղա­քա­գէտ­նե­րու, փաս­տա­բան­նե­րու, հռե­տոր­նե­րու։

«Հա­ցե­կա­ցի գիւ­ղէն մին­չեւ Գողթն գա­ւառ եւ ա­պա Օ­շա­կան եր­կա­րող Մաշ­տո­ցեան ո­գիով ու շուն­չով, ե­րեք­հա­րիւր տա­րիէ ի վեր հայ գիր ու տա­ռի նուի­րեալ Մխի­թա­րեան­նե­րը ի­րենց ներ­կա­յու­թիւ­նը չորս հո­ղա­մա­սի վրայ զգա­լի դար­ձու­ցած են։

«Ուր հա­յու­թիւն կայ, հոն է Մխի­թա­րեա­նը։

«Այս­պէս՝ Վե­նե­տի­կի եւ Վիեն­նա­յի մայ­րա­վանք­ե­րէն զատ ե­կե­ղե­ցի­ներ, դպրոց­ներ, ա­կա­դե­մա­կան կա­յան­ներ, կրթա­րան­ներ կա­ռու­ցուած, բա­ցուած եւ հաս­տա­տուած են Վե­նե­տիկ, Բա­րիզ, Թրիեսդ, Իս­թան­պուլ, Իզ­միր, Այ­տըն, Էր­զու­րում, Տրա­պի­զոն, Պէյ­րութ, Հա­լէպ, Ա­ղեք­սանդ­րիա, Գա­հի­րէ-Հե­լիո­պո­լիս (Ե­գիպ­տոս), Գա­վա­լա-Բի­րէա (Յու­նաս­տան), Բլով­տիւ (Պուլ­կա­րիա), Նո­վի­սատ (Սեր­պիա), Պու­տա­բեստ (Հուն­գա­րիա), Պու­քա­րեստ (Ռու­մա­նիա), Շթութ­կարթ (Գեր­մա­նիա), Պուէ­նոս Այ­րէս (Ար­ժան­թին), Պոս­թոն, Լոս Ան­ճե­լըս եւ վեր­ջա­պէս Հա­յաս­տան։

«Այ­սօր ալ Մխի­թա­րեան­նե­րը պատ­նէ­շի վրայ են, ի­րենց Մայ­րա­վանք­ե­րու ա­ռըն­թեր կը գոր­ծեն Վե­նե­տիկ, Իս­թան­պուլ, Պէյ­րութ, Հա­լէպ, Պուէ­նոս Այ­րէս, Պոս­թոն, Լոս Ան­ճե­լըս, Հա­յաս­տան եւ կը շա­րու­նա­կեն Սուրբ Մես­րոպ Մաշ­տո­ցի եւ Սուրբ Սա­հակ Կա­թո­ղի­կո­սի ա­ւան­դը իբ­րեւ ժա­ռանգ ե­րա­նե­լի Մխի­թար Աբ­բա­հօր։

«Երբ ամ­բողջ 2005 տա­րին ազ­գո­վին նուի­րե­ցինք Մես­րո­պեան տա­ռե­րու հնա­րու­մի հան­դի­սա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րու, յի­շենք որ Հա­յե­րէն գրե­րու փա­ռա­հեղ 1600-ա­մեա­կին հա­մըն­թաց են նոյ­նան­պա­տակ Մխի­թա­րեան միա­բա­նու­թեան 300 եւ ա­նոր հնա­գոյն կրթա­րա­նին՝ Բան­կալ­թի Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նի 180-ա­մեակ­նե­րը։

«Սէր եւ յար­գանք բո­լոր գրի մշակ­նե­րուն»։

Հ. Յա­կով­բոս Վրդ. Չօ­փու­րեան
Վիեն­նա­կան Մխի­թա­րեան Ուխ­տէն
Հա­մա­նա­խա­գահ 1600-ա­մեա­կի
Կար­գա­դիր Յանձ­նա­խում­բին
(2006)

 

***

Ան­շո՛ւշտ որ Մխի­թա­րեան վար­դա­պետ­ներ կա­րե­ւոր դեր խա­ղա­ցած են Հայ մշա­կոյ­թի զար­գաց­ման՝ գո­յա­պահ­պան­ման եւ գո­յա­տեւ­ման հա­մար, ի՛նչ որ ա­նու­րա­նա­լի ի­րա­կա­նու­թիւն մըն է։

Ար­դա­րեւ, նախ մշա­կոյ­թը՝ ինք­զինք այդ ար­ժէ­քին պատ­կա­նող զգա­ցող, ան­կէ բա­ժին մը, մաս մը իր սե­փա­կա­նու­թիւ­նը ըն­դու­նող ա­մէն մէկ ան­հա­տի, իր կա­րո­ղու­թեան եւ տա­րո­ղու­թեան չա­փով բաժ­նե­կից ըլ­լա­լու, բան մը ա­ւելց­նե­լու պար­տա­կա­նու­թիւնն ու պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը կը բեռց­նէ։ Եւ ո՛չ մէկ ան­հատ այդ պա­տաս­խա­նա­տուու­թե­նէն զերծ կրնայ մնալ, այլ ա­նոր են­թա­կան է՝ յանձ­նա­ռու եւ ե­րաշ­խա­ւոր ան­դա՛­մը։

Ուս­տի ե­թէ մշա­կոյ­թը հետզ­հե­տէ բարձ­րա­ցող «շէնք» մըն է, ա­մէն մէկս պար­տա­ւոր ենք մաս­նակ­ցիլ այդ վե­րել­քին։ Շէն­քի մը հա­մար որ­քան պէտք է ժայ­ռա­կոյտ հիմ, նոյն­քան պէտք է եւ անհ­րա­ժե՛շտ՝ խճա­քա­րը եւ նոյ­նի՛սկ ա­ւա­զը։

Տե­ղին հա­մե­մատ ա­ւա­զի փոքր հա­տիկ մը, փո­շիա­ցած մանր խիճ մը իսկ կեն­սա­կան տարր կրնայ ըլ­լալ շէն­քի մը կազ­մու­թեա­նը հա­մար։

Ար­դա­րեւ, ե­թէ նկա­տի չու­նե­նանք ան­տար­բեր՝ թշուա­ռա­կան, անզ­գամ հա­տուած մը, մենքզ­մեզ պէ՛տք է եր­ջա­նիկ զգանք, քա­նի որ ա­մէն Հայ իր կա­րո­ղու­թեան ու տա­րո­ղու­թեան չա­փով մաս­նակ­ցած է Հայ մշա­կոյ­թին ճո­խաց­ման՝ շէն­քին բարձ­րաց­մա­նը հա­մար։ Ե­րա­նի՜ ա­նոնց, բո­լո՛­րին…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հոկ­տեմ­բեր 31, 2015, Իս­թան­պուլ

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 6, 2015