ԱՆԱՆԻԱ ԵՒ ՍԱՓԻՐԱ
Գործք Առաքելոցին մէջ շատ հետաքրքրական դէպք մը կը պատմուի՝ այն ինչ որ՝ ոչ մէկ բան գաղտնի կը մնայ, եւ ի վերջոյ կը յայտնուի, եւ ճշմարտութիւնը երեւան կու գայ եւ ըստ այնմ հատուցում կ՚ըլլայ։ Արդարեւ, ճշմարտութեան բնութիւնն է ի վերջոյ երեւան գալ եւ յայտնուիլ։ Եւ այս իմաստով «չկայ ծածուկ բան որ չյայտնուի», ինչպէս կ՚ըսէ Յիսուս։ Բայց մարդիկ, ընդհանրապէս շահ եւ ճարպիկութիւն կը սեպեն գաղտնել եւ ծածկել բան մը ուրիշէն, նոյնիսկ մերձաւորէն, եւ սուտը, խաբէութիւնը տիրական կը դառնան մարդկային կեանքին մէջ։ Եւ այս իմաստով, ով որ «ես սուտ չեմ խօսիր», կ՚ըսէ, ամենամեծ սուտը կը խօսի։ Արդէն «սուտ չեմ խօսիր», ըսել աւելորդաբանութիւն է, քանի որ բնականը եւ էականը սուտ չխօսիլն է։
Ճշմարտախօսութիւնը պէտք չէ՛ առաքինութիւն սեպել, քանի որ անիկա մարդուս էական մէկ յատկութիւնն է եւ հակառակը բացառութիւն պէտք է նկատուի։ Երբեմն մարդիկ, իրենց խօսքը հաստատելու համար երդում ընելու, շատ անգամ ալ իրենք զիրենք խաչակնքելու պահանջքը կը զգան եւ ասիկա սովորութիւն ըրած են։ Բայց այդ երդումը, հաւատացէ՛ք, խօսակիցը աւելի եւս տարակուսանքի կը մատնէ։ Ուստի, վստահութիւնն է էականը մարդկային յարաբերութիւններուն մէջ։ Մարդ ինչո՞ւ իր խօսքը երդումով հաստատելու պէտքը զգայ. արդեօք ինքն ալ իր ըսածին չի՞ վստահիր, կամ ինքնիրմէ վստահ չէ՞…
Ուստի, մարդուս «այոն՝ այո՛, ոչը՝ ո՛չ» ըլլալու է, եւ ա՛յս է որ վստահութիւն կը ներշնչէ թէ ո՛չ՝ երդումը։ Այս իմաստով վստահութիւնը մարդկային յարաբերութիւններու եւ ընկերային-հասարակական կեանքին ամենակարեւոր կապն է։ Վստահութիւն ներշնչել ամենամեծ ուժն է մարդուս։ Ինքնավստահ մարդը, արդէն ինքնին վստահութիւն կը ներշնչէ իր շուրջիններուն եւ այն որ տատամսոտ է, կասկածով կը դիմաւորուի, եթէ նոյնիսկ երդումներ ընէ, խաչը իրեն համար ապահովագիր ցոյց տայ. երդումը եւ խաչը «վկայ» ցոյց տալ՝ անոնք շահագործել կը նշանակէ, եւ մե՛ղք է։
Երանի՜ մարդիկ իրենց երեւցածին պէս ըլլային՝ իրենց այոն միշտ այո՛ եւ ոչը միշտ ո՛չ ըլլար։ Ուստի շատ կարեւոր է երեւցածին պէս ըլլալ եւ եղածին պէս երեւիլ. մարդ պէտք է խորհածին պէս խօսի, խօսածին պէս գործէ, առանց սուտի, առանց որեւէ բան ծածկելու, գաղտնելու՝ համարձակ եւ ճշմարտախօսութեա՛մբ…
Այս խորհրդածութիւններէն ետք անցնինք Անանիայի եւ Սափիրայի պատմութեան։ Գործք Առաքելոց գիրքի 4. հատուածի 32-37 եւ 5. հատուածի 1-11 համարներուն մէջ կը կարդանք հետեւեալ իրողութիւնները։
«Եւ հաւատացեալներուն բազմութիւնը մէկ սիրտ եւ մէկ հոգի էին։ Անոնցմէ մէկը չէր ըսեր իր ստացուածքներուն համար թէ՝ ի՛րն է, հապա իրենց ամէն բաները հասարակաց կը սեպէին։ Առաքեալները մեծ զօրութիւնով վկայ էին Տէր Յիսուսին յարութեանը։ Անոնց ամէնուն վրայ մեծ շնորհք կար։ Անոնց մէջ կարօտութիւն քաշող մը չկար, վասնզի անոնք որոնք ագարակներու կամ տուներու տէր էին, կը ծախէին եւ ծախուածներուն գիները կը բերէին եւ առաքեալներուն ոտքը կը դնէին եւ ամէն մէկուն իր կարօտութեանը նայելով կը բաժնուէր։ Եւ Յովսէփ, որ առաքեալներէն Բառնաբաս մականունուեցաւ, (որ կը թարգմանուի Մխիթարութեան որդի), Ղեւտացի, ծնունդով Կիպրացի, ագարակ մը ունենալով, ծախեց եւ ստակը բերաւ՝ առաքեալներուն ոտքը դրաւ»։
Այս հատուածին մէջ կը տեսնենք մարդուն էական կոչումներէն՝ իրերօգնութեան գործադրութիւնը՝ որ կատարեցին առաքեալները։
Եւ ահաւասիկ, Անանիայի եւ Սափիրայի ոդիսականի պատմութիւնը։
«Բայց մարդ մը՝ Անանիա անունով՝ իր կնոջ Սափիրայի հետ ստացուածք մը ծախեց, անոր գինէն խորեց, մինչ կինն ալ գիտէր որ միայն մէկ մասը բերաւ առաքեալներուն ոտքը դրաւ։ Եւ Պետրոս ըսաւ.- Անանիա՛, ինչո՞ւ Սատանան քու սիրտդ լեցուց, որ դուն Սուրբ Հոգիին սուտ խօսիս եւ ագարակին գինէն խորես։ Չէ՞ որ քուկդ էր այն՝ քանի որ կեցեր էր եւ ծախուած ալ՝ քու իշխանութեանդ տակ էր. ինչո՞ւ քու սրտիդ մէջ այս բանը դրիր։ Ո՛չ թէ մարդոց սուտ խօսեցար, հապա Աստուծոյ։ Եւ Անանիա այս խօսքերը լսելով՝ ինկաւ եւ հոգի տուաւ եւ մեծ վախ ինկաւ ամէնուն վրայ, որոնք ասիկա լսեցին։ Եւ երիտասարդները ելան եւ պատանքով փաթթեցին զանիկա եւ դուրս հանելով թաղեցին։ Երեք ժամու չափ անցաւ, երբ կինը չգիտնալով ինչ որ եղեր էր՝ ներս մտաւ։ Պետրոս ըսաւ անոր.- Ըսէ՛ ինծի, ագարակը ա՞յնչափ գնով ծախեցիր։ Ան ալ ըսաւ.- Այո՛, այնչափ։
«Պետրոս ըսաւ անոր.- Այդ ի՞նչ է որ դուք միաբանեցաք Տէրոջը Հոգին փորձելու. ահա քու այրդ թաղողներուն ոտքերը դրանը քով են, քեզ ալ դուրս պիտի հանեն։ Եւ իսկոյն կինը անոր ոտքերուն քով ինկաւ եւ հոգի տուաւ եւ երիտասարդները ներս մտնելով՝ զանիկա մեռած գտան եւ հանեցին իր էրկանը քով թաղեցին։ Եւ մեծ վախ մը ինկաւ բոլոր եկեղեցիին վրայ եւ ամէնուն վրայ, որոնք այս բաները լսեցին»։
Սիրելի՛ բարեկամներ, ո՞վ կ՚ըսէ, թէ սուտ խօսելու պատճառով մա՛րդ չի մեռնիր. ահաւասիկ Գիրքի վկայութիւնը՝ թէ սուտի պատճառով մարդ կրնայ մեռնիլ՝ երբեմն մարմնապէս, բայց անպայմա՛ն բարոյապէս…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ