ԳԻՇԵՐՈՒԱՆ ՄՈՒԹԻՆ ՄԷՋ
Քրիստոսի երկրաւոր կեանքի ամենէն բախտորոշ պահերէն մին է՝ վերջին գիշերուան մութին մէջ ապրած պահերը, ուր մարդկային չարութիւնը եւ աստուածային բարութիւնը պայքարի մէջ էին։ Ահաւո՜ր պահ մըն էր, որ կ՚ապրէր Յիսուս այդ վայրկեանին։
Մարդիկ իրենց կեանքին մէջ կ՚ունենան զանազան նեղութիւններ, ցաւեր ու վիշտեր, բայց պահ մը եթէ բաղդատեն իրենց այդ նեղութիւնը, ցաւը կամ վիշտը, Յիսուսի՝ վերջին գիշերուան մութին մէջ ապրածներուն եւ զգացածներուն հետ, այլապէս պիտի տեսնեն, թէ իրենց նեղութիւնը որքա՜ն աննշան է եւ անկարեւոր։ Արդարեւ, լոյսին հասնելու համար պէ՛տք է անցնիլ խաւարէն, մութէն։ Լոյսին արժէքը գիտնալու համար, մարդ պէ՛տք է խաւարը, մութը ապրի եւ յետոյ լուսաւորուի։
Յաղթելու համար պէ՛տք է պայքարիլ. եւ առանց պայքարի կարելի չէ յաղթանակ ձեռք բերել, ինչպէս խաղաղութիւն վայելելու համար, մարդ պէտք է անցնի դժուարութիւններէ, նեղութիւններէ, ապրի ցաւեր եւ երբեմն պայքարի։
Յիսուս ալ Յարութեան պսակը վայելելու համար պէտք էր անցներ այդ գիշերուան մութ պահերէն։ Պէ՞տք էր, որ պատահէին այդ բոլորը Յիսուսի՝ Աստուծոյ Որդւոյն։ Յիսուս որպէս «մարդ», իր բնութեամբ պէտք էր, որ օրինակ ըլլայ մարդուն՝ համայն մարդկութեան՝ օրինակ եւ տիպար, թէ՝ մարդ պէտք է անցնի այդ մութ եւ խաւար պահերէն, որպէսզի յաղթական ելլէ կեանքի պայքարէն։ Չէ՞ որ Ինք Յիսուս ըսաւ, թէ՝ աշխարհի վրայ նեղութիւն պիտի ունենանք, բայց պէտք է քաջալերուինք, քա՛ջ ըլլանք, քանի որ Ի՛նք յաղթեց աշխարհին (ՅՈՎՀ. ԺԶ 33)։
Ուստի, Յիսուս իր ամբողջ կեանքով տիպար եղաւ մարդկութեան, կերպով մը ուղեցոյց եղաւ կեանքին՝ մարդկային կեանքին։ Ան երբեք չբաւականացաւ միայն խօսքով, այլ գործնապէս ցոյց տուաւ ան՝ ի՛նչ որ ապրելու է մարդ։
Յիսուս իր մարդկային բնութեամբ ապրեցաւ մարդկային ամբողջ նկարագիրը, հաւատաց եւ համոզեց, հաւատացուց մարդոց, թէ ա՛յս է ճշմարիտ կեանքը՝ ճշմարտութիւնը…։
Ուստի, ուսուցման մէջ որքա՜ն կարեւոր է գործնականը, ուղղակի «տիպար» ըլլալը։ Խորհեցէ՛ք, սիրելիներ, որքա՞ն համոզիչ կ՚ըլլայ մէկուն խօսքը, եթէ ըսէ, թէ պէտք չէ՛ ստախօս ըլլալ, բայց երբ ինք ստախօս է։ Եւ կամ մէկը ըսէ, թէ մի՛ ծխէք, բայց իր մատներուն մէջ տեսնուի ծխախոտ։
Համոզելու միակ կերպն է ապրիլ եւ ապրեցնել, հաւատալ եւ հաւատացնել, սիրել եւ սէր քարոզել, գործել՝ փոխանակ խօսելու…։
Եւ ահաւասիկ Յիսուս այս ըրաւ իր ամբողջ կեանքի ընթացքին՝ խօսեցաւ, քարոզեց, բայց նոյն ժամանակ բժշկեց, գործեց, խօսքերն ու քարոզները ապրեցաւ։ Եւ նոյնը կատարեց նաեւ վերջին գիշերուան մութին մէջ, ցոյց տալու համար, թէ մարդ պէ՛տք է ապրի նեղութիւններ, դժուարութիւններ, զգայ ցաւ ու վիշտ։
Եւ դարձեալ պահ մը խորհեցէ՛ք, սիրելի ընթերցող բարեկամներ, եթէ գիտնայիք ձեր մահուան ժամկէտը, ի՞նչ կը զգայիք։ Բարեբախտաբար մա՛րդ չի գիտեր այդ ժամկէտը, չի գիտեր մահուան պահն ու ժամը, եւ կարծեմ ասիկա Աստուծոյ ամենէն մեծ պարգեւներէն մին է մարդուն տրուած։ Ի՜նչ ցաւ ու նեղութիւն կը պատճառէր մարդուս, եթէ գիտնար այդ ահաւոր պահը, ժամանակը։ Մարդ չի գիտեր նաեւ իր ապագան, չի գիտեր վայրկեան մը վերջը, թէ ի՞նչ պիտի պատահի։ Բարեբախտաբար չի գիտեր…։
Եւ Յիսուս գիտէր։ Եւ որովհետեւ գիտէր, ապրեցաւ այդ մութ գիշերուան նեղութիւնները, որպէս մարդ։ Աղօթեց Հօրը, ըսելով. «Հա՛յր, եթէ ուզես՝ այս բաժակը հեռացո՛ւր ինձմէ, բայց ո՛չ թէ իմ կամքս, այլ Քո՛ւ կամքդ թող ըլլայ» (ՂՈՒԿ. ԻԲ 42)։ Այսինքն, պահ մը, մարդկայնօրէն, մարդկային բնութեամբ, հեռանալ ուզեց այդ նեղութիւններէն, բայց հնազանդեցաւ, համակերպեցաւ, խոնարհեցաւ Հօրը կամքին առջեւ, քանի որ ա՛յդպէս ըլլալու էր՝ կեանքի ճշմարտութիւնները ամբողջութեամբ եւ իրական կերպով ցոյց տալու էր մարդկութեան։ Առանց նեղութեան խաղաղութիւն եւ երջանկութիւն չկա՛յ։ Այս է կեանքին անայլայլելի, անփոփոխելի եւ մշտնջենական ճշմարտութիւնը։ Եւ «տիպար» ըլլալ ա՛յս կը նշանակէ։
Այսօր եթէ մարդիկ կը հաւատան, Յիսուսի խօսքերէն աւելի Անոր գործունէութենէն է, որ տպաւորուած, ազդուած եւ համոզուած են։ Այս իմաստով, Յիսուս լա՛ւ եւ կատարեալ ուսուցիչ մըն էր։ Արդարեւ, «մութ գիշեր»ներ կան մեր բոլորին հոգիին խորը. յուզմունքի եւ երկունքի փոթորիկ մը՝ մարդ ըլլալու կոչումին մտածումը, կոչումին պատասխանատուութեան պատճառած մտահոգութիւնը, գործին խորհուրդը, պաշտօնի գիտակցութիւնը, իր իսկ անձին ըմբռնումը, սէրը, կեանքին մէջ հանդիպած անիրաւութիւնները, անարդարութիւնները, լքումները, մերժումները, արժէքի եւ իրաւունքի ուրացումները, զինք հասկցողներու սակաւաթիւ գոյութիւնը եւ բազմաթիւ անգէտներու դիրքը, մարդկային ապերախտութիւնը, մինչեւ իսկ դաւաճանութեան մութ պատկերը, վհատութեան զգացումը, կեղծ ու կարծեցեալ՝ վատ բարեկամներու սուտ կեցուածքը, յուսալքութիւնները եւ վատնումը կեանքին, եւ ասոնց նման զանազան երեւոյթներ, դժբախտաբար «Ո՜վ Հայր, հեռացուր այս բաժակը ինձմէ…» ըսել կու տան մարդուն։ Բայց քա՛ջ ըլլալու է մարդ, քանի որ ի վերջոյ յաղթական պիտի ելլէ այս կեանքէն՝ աշխարհի պայքարէն եւ Սէ՜րը պիտի լուսաւորէ մարդուս մութ ու խաւա՜ր հոգին…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ապրիլ 6, 2015, Իսթանպուլ