ԶԱՐԿԵԱՐ
Կան անուններ, որոնք ողջ հայ ազգի պատմութեան ընթացքին պիտի յիշուին. գրեթէ ամէ՛ն սերունդ պիտի խօսի ու անմահ պահէ անոնց յիշատակը, սակայն անդին շատ մը ուրիշներ դաւաճան ճակատագիրի զոհը դառնալով պիտի մոռցուին. օրինակի համար, յառաջիկայ մի քանի տասնեակ սերունդները պիտի շարունակեն յիշել Կոմիտասը, Վահրամ Փափազեանը, Արամ Խաչատուրեանը, Իսահակեանն ու Ահարոնեանը եւ ուրիշներ, սակայն շատ ուրիշներ պիտի տրուին մոռացութեան:
Մեր ազգի մէջ մոռացութեան տրուող դէմքերէն մէկն ալ Զարկեարն է. մի քանի օրեր առաջ կը կարդայի հայ թատերագիր Ալեքսանդր Աբէլեանի նամակները՝ գրուած մեր թուականէն մօտաւորապէս 120 տարիներ առաջ. նամակներէն մէկուն մէջ Աբէլեան կը գրէ, թէ յայտնի աշուղ Ջիւանիին կը ղրկէ այլ աշուղի մը գիրքը. մեծ աշուղը կարդալէ ետք հետեւեալ արտայայտութիւնը կ՚ունենայ. «Մեր բոլոր աշուղներէն ես միայն ա՛յս մարդուն կրնամ նախանձիլ...»: Աշուղ Ջիւանի նախանձելի կը գտնէ Աշուղ Զարկեարը (կը յիշուի նաեւ Զարգար անունով), սակայն ազգովի ոչի՛նչ գիտենք, թէ ո՞վ է ան: Հետաքրքրական էր գիտնալ թէ, ով է Զարկեար, որ Ջիւանի հազարաւոր աշուղներուն մէջ նախանձելի կը գտնէ միայն զինք:
Դժբախտաբար, Զարկեարի մասին գտայ միայն մէկ աշխատութիւնը, հրատարակուած Պաքուի մէջ, 1879 թուականին, Հայոց մարդասիրական ընկերութեան տպարանին կողմէ. աշխատութիւնը պատրաստած է Աւագ Գրիգորեանցը (որ դարձեալ մեզի համար կը մնայ անծանօթ). Գրիգորեանց նախաբանին մէջ կը գրէ, թէ Զարկեարի բանաստեղծութիւնները խմբագրելով կը հրատարակէ, համոզուած ըլլալով, որ եթէ չհրատարակուի անոր ձեռագրերը «կարող էր մի օր անհետանալ, կորչել եւ վերջապէս փոշի դառնալ». այդ ժամանակ պիտի չի՛ յիշուեր անգամ արդէն իսկ մոռցուած Զարկեար անունը:
Բարեբախտաբար, Գրիգորեանց հեռատեսութիւնը կ՚ունենայ, աշխատութեան կողքին կարճ կենսագրական մըն ալ ներկայացնել Զարկեարի մասին, որովհետեւ եթէ նման մանրամասնութիւն մը նման աշխատութեան մէջ տեղ չգտնէր, դժուար թէ գիտնայինք թէ ո՞վ է Զարկեար:
Կենսագրութեան համաձայն, Զարկեար եղած է շա՜տ աղքատ ընտանիքի մը զաւակը. մինչեւ իսկ դպրոցական տարիքին կարողութիւնը չէ ունեցած դասագիրքեր ունենալու. Զարկեարի դասընկերներէն Սարգիս Վարշամեանց կը գրէ հետեւեալը. «Իբրեւ աղքատ տան զաւակ, երբեմն դասագիրք չէր ունենար, եւ շատ անգամ նոյնիսկ դպրոց չէր յաճախեր. բայց երբ դպրոց գար, դասընկերներէն դասագիրքը կը խնդրէր եւ մէկ երկու անգամ կարդալով կը սորվէր ամբողջ դասերը եւ միւսներէն շատ աւելի լաւ կը պատասխանէր. շատ անգամ դասը կը սորվէր այն ժամանակ, երբ ուսուցիչը դասը հարցնէր այլ աշակերտի մը. ան մէկ լսելով կ՚ըմբռնէր եւ գոհացուցիչ ձեւով կը պատասխանէր»:
Զարկեար իր փոքր տարիքէն սրամիտ էր. ան իր երգերէն մէկուն մէջ կը գրէ.
«Ո՛չ քերականութիւն գիտեմ, ո՛չ անսխալ գրութիւն,
Իմ բանաստեղծութիւնս է միմիայն մտացս սրութիւն»:
Իր սրամտութեան եւ սուր խօսքին պատճառով իր օրերու ժողովուրդը զինք կոչած է Ղուտուզ (կատաղի) եւ շրջանակի մէջ բացի Զարկեար անունէն յայտնի եղած է նաեւ «Ղուտուզ Աբրահամ» անունով (իսկական անունով Աբրահամ Բաբայեան): Զարկեար իր ժամանակի յայտնի աշուղներէն մէկն էր. նոյնիսկ օտարներ զինք կը հրաւիրէին հաւաքներու, հարսանիքներու եւ ընթրիքներու. հին ժամանակ յայտնի էր աշուղներու երգակռիւը եւ անոնց մէջ մի՛շտ յաղթանակը կը տանէր Զարկեար: Զարկեարը միւս աշուղներէն տարբերողը այն էր, որ ան կը ստեղծագործէր միայն այն ժամանակ՝ երբ խմած էր:
Բարձրագոյն ուսում չունենալով, Զարկեարի երգերը այնքան ալ փիլիսոփայական դարձուածքներ չունին, սակայն պարզ են ու յստակ. ան կը յաջողի երգել ու գրել շատ ազատ ու համարձակ. ի տարբերութիւն միւս աշուղներու, ան սիրային երգերու կողքին երգած է նաեւ ազգին ցաւին մասին. ահաւասիկ անոր բանաստեղծութիւններէն մէկը՝ «Հրաւիրանք Հայաստանի» խորագրով.
«Ով ոք Հայաստանցի հայ է, չի մոռանալ վարքն հայոց,
Ով ոք այլ ազգաց ծառայ է, չի հարցնիլ աշխարհն հայոց».
Ահաւասիկ Զարկեար, որ տակաւին եղեռնէն եւ հայկական գաղութներու հաստատումէն տասնամեակներ առաջ կ՚երգէր օտարութեան մէջ հայու նկարագիրի կորուստը. նոյն բանաստեղծութեան շարունակութիւնը կ՚ըսէ.
«Եկա՛յք, հայեր, եկայք հայեր, նորոգեսցուք Հայաստանն,
Այլոց դրախտիցն լաւ է մեր Հայրենի բուրաստանն»:
Վստահաբար Զարկեար պիտի ուզէր հայ ժողովուրդին կողմէ մոռցուած մնալ, սակայն նոյնքան պիտի ուզէր, որ հայ ժողովուրդը ականջ տար իր երգի բառերուն, որովհետեւ այն հրաւէրը որ Զարկեար կը կարդար 150 տարիներ առաջ, կը շարունակէ մինչեւ օրս մնալ այժմէական։ Եթէ այսօր ողջ ըլլար Զարկեար, հազարապատիւ աւելի ուժե՜ղ պիտի կոչէր իր «Եկա՛յք»ը, որովհետեւ ան վստահ էր, որ մեր Հայաստանը, ուրիշներու դրախտէն շա՜տ աւելի լաւ է:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Ո՞րն է մեզի հասած ամենէն հին երգը:
Պատասխան. Մեզի հասած ամենէն հին երգը «Հուրիական հիմն, թիւ 6»ն է (Hurrian Hymn No. 6), որ մեզի հասած է մօտաւորապէս Ք.Ա. 1.400 թուականին: Այս հնագոյն երաժշտական ստեղծագործութիւնը յայտնաբերուած է 1950-ական թուականներուն Ուգարիտ քաղաքին մէջ, որ ներկայի Սուրիոյ մէջ գտնուող Ռաս Շամրա շրջանն է: Երգը գրուած է Հուրիերէն լեզուով, կաւէ տախտակի մը վրայ՝ սեպագիր գիրերով եւ նուիրուած է լուսնի Նիկկալ աստուածուհիին: Կաւէ տախտակին վրայ ոչ միայն երգի բառերը, այլ նաեւ երաժշտական ձայնագրութիւն մը գոյութիւն ունի, որ հին Միջագետքի երաժշտական աւանդութեան մէկ մասնիկը ցոյց կու տայ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024