ՃՇՄԱՐԻՏԸ, ԲԱՐԻՆ ԵՒ ԳԵՂԵՑԻԿԸ

Jean-Jacques Rousseau (1712-1778 թթ.) իր «Discours sur les sciences et les arts»ին մէջ սապէս կ՚ըսէ. «Ճշմարտութեան, բարիին եւ գեղեցիկին ի՛նչ նշանակութիւն ունենալը ոչ մէկս գիտենք։ Ո՛չ սոփեստներ, ո՛չ բանաստեղծներ, ո՛չ հռետորներ, ո՛չ արուեստագէտներ եւ ոչ ալ ես։ Սակայն անոնց եւ իմ միջեւ սա տարբերութիւնը կայ, թէ անոնք՝ հակառակ իրենց անգիտութեան, կը կարծեն թէ ամէն ինչ գիտեն, իսկ ես չգիտնալով հանդերձ, գոնէ անգիտութեանս մասին որեւէ կասկած չունիմ։ Եւ այս ալ ցոյց կու տայ թէ՝ Աստուծոյ իմ վրաս տեսած մտքի եւ իմաստութեան գերակայութիւնը միա՛յն չգիտցածս չգիտցածիս նկատմամբ վստա՛հ ըլլալս է»։

Արդարեւ, Rousseau, վերոյիշեալ «Գիտութիւններու եւ արուեստներու մասին ելոյթ» ուսումնասիրական գործով, 1749 թուականին Dijonի Ակադեմիայի մրցանակին արժանացած է։

Արդարեւ, «ճշմարտութիւն», «բարի» եւ «գեղեցկութիւն»՝ այս երեք գաղափարներուն բացարձակ եւ ամբողջական յայտնութիւնը մեզ կը տանի «Աստուած» էութեան, քանի որ ամէն գաղափարի լրումը եւ կատարումն է՝ Աստուա՛ծ։ Ան է՝ ամբողջականը, Ան է մարդկային թերի մտածումներուն, տկար զգացողականութեան եւ անկատարութեան լրացուցիչ «գաղափար»ը՝ որ է ճշմարտութիւնը, բարին եւ գեղեցիկը, եւ թէ ամենակատարեալը։ Մարդ երբ կը հարցնէ ինքն իրեն, թէ ի՞նչ է ճշմարտութիւնը, պատասխանը յստակ է եւ բացայայտ. «Ճշմարտութիւնը Աստուա՛ծն է»։ Նո՛յնպէս՝ բարիին համար. «Բարին Աստուա՛ծն է», եւ գեղեցիկին համար. «Գեղեցիկը Աստուա՛ծն է»։

Ուրեմն, սիրելի՜ներ, եթէ կ՚ուզենք զԱստուած ճանչնալ, գիտնալ եւ հաւատալ, զԱյն պէ՛տք է տեսնենք «ճշմարտութեան», «բարի»ին եւ «գեղեցիկ»ին բացարձակութեան եւ կատարելութեան մէջ։ Մեր շուրջը ամէն բնական եւ պարզ ճշմարտութեան, բարիին, գեղեցիկին մէջ Ինքզինք կը յայտնէ մեզի Աստուած…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ուրբաթ, Յունիս 7, 2024