ԿՐՕՆ ԵՒ ԲՆՈՒԹԻՒՆ

Կրօն եւ բնու­թիւն՝ եր­կուքն ալ միեւ­նոյն ծնո­ղին զա­ւակ­ներն են, Հօր զա­ւակ­նե­րը, որ հա­ւա­տար­մու­թեամբ կը գոր­ծադ­րեն Ա­նոր կամ­քը եւ քա­նի որ նո՛յն Հօր որ­դի­ներն են, եր­բեք ի­րա­րու չեն հա­կա­ռա­կիր։ Ա­րուես­տա­կան կեր­պով, կրօ­նը եւ բնու­թիւ­նը հա­կադ­րել՝ նուա­զա­գոյն բա­ցատ­րու­թեամբ, ան­խո­հե­մու­թիւն է եւ սխա՛լ։ Ու­րեմն բնու­թիւ­նը՝ մար­դուն էա­կան կա­տա­րե­լու­թիւ­նը՝ սրտին ու մտքին գե­րա­զան­ցու­թեան մէջ կը գտնէ, որ կա­րե­ւոր ու լա­ւա­գոյն մասն է մարդ էա­կին, եւ նաեւ կ՚ու­զէ մարմ­նին, ֆի­զի­քա­կան էու­թեան քա­ջա­ռող­ջու­թեան օ­ժան­դա­կել այն­քան՝ ո՛ր­քան հո­գե­կան բա­րի­քին հա­մար օգ­տա­կար է եւ նպաս­տա­ւոր, եւ ո՛ր­քան որ չի՛ վնա­սեր ա­նոր։ Եւ այս կը նշա­նա­կէ, թէ բնու­թիւ­նը կ՚ա­պա­հո­վէ մարդ էա­կին չա­փա­ւո­րու­թիւ­նը եւ հո­գի, միտք եւ մար­մին եր­րոր­դու­թեան ներ­դաշ­նա­կու­թիւ­նը։

Ար­դա­րեւ բնու­թիւ­նը ու­նի իր յա­տուկ գոր­ծե­լա­կեր­պը, կա­նոն­նե­րը՝ ո­րոնք կը ծա­ռա­յեն ա­նոր, որ­պէս­զի կա­րե­նայ ի­րա­գոր­ծել իր պար­տա­կա­նու­թիւ­նը։

Իսկ կրօ­նը՝ մար­դուս հո­գիին ճշմա­րիտ բարձ­րու­թիւ­նը ցոյց կու տայ եւ կը հրա­մա­յէ ա­նոր՝ հե­տա­մուտ ըլ­լալ ի­րեն եւ հնա­զան­դիլ իր օ­րէն­քին։

Ու­րեմն եր­կուքն ալ՝ կրօն եւ բնու­թիւն, նպա­տակ ու­նին մարդ­կա­յին բա­րի­քը եւ օ­գու­տը՝ ա­պա­հո­վել, պա­հել եւ ա­մէն կեր­պով լաւ վի­ճակ մը ստեղ­ծել մար­դուս հա­մար։

Զոր օ­րի­նակ, բնու­թիւ­նը ա­մէն խա­բե­պա­տիր բա­րիք­նե­րէն վե՛ր կը բարձ­րաց­նէ մար­դը, ո­րոնց մէջ ան՝ երկ­րա­ւոր կեան­քի կարճ եւ սահ­մա­նուած ժա­մա­նա­կա­մի­ջո­ցին մէջ պի­տի ու­զէր իր եր­ջան­կու­թիւ­նը փնտռել։ Բայց ա­սի­կա բնու­թեան ցոյց տուած ճամ­բան չէ՛, այլ՝ տկա­րու­թեան, ան­զօ­րու­թեան՝ որ ա­ռողջ բնու­թեան կ՚ընդ­դի­մա­նայ եւ կ՚ա­պա­կա­նէ զայն։

Եւ երբ կը խօ­սինք բնու­թեան մա­սին, ա­պա ու­րեմն տես­նենք, թէ ի՛նչ է «բնա­կան կեանք»ը։ «Բնա­կան կեանք»ը աս­տուա­ծա­յին-բնա­կան օ­րէնք­նե­րով, ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան ար­դիւնք գո­յու­թիւն ստա­ցած կեա՛նքն է։ Ա­ւե­լի պարզ խօս­քով՝ նա­խաս­տեղծ մար­դուն բնա­կան կեանքն է։ Այս ի­մաս­տով բնա­կան կեան­քը տուո­ղը՝ Աս­տուած է. «Տէր Աս­տուած գետ­նին հո­ղէն շի­նեց մար­դը եւ ա­նոր ռնգունք­նե­րէն կեն­դա­նու­թեան շունչ փչեց ու մար­դը կեն­դա­նի հո­գի ե­ղաւ» (ԾՆՆԴ. Բ 7)։­

Իսկ Գործք Ա­ռա­քե­լո­ցին մէջ կը կար­դանք. «Վասն­զի ա­նով կ՚ապ­րինք եւ կը շար­ժինք ու կա՛նք, ինչ­պէս ձեր բա­նաս­տեղծ­նե­րէն մէկ քա­նի­ներն ալ ը­սին.- Քան­զի մենք ա­նոր ցե­ղէն ալ ենք» (ԳՈՐԾ. ԺԷ 28)։ Ուս­տի Աստ-ւած միշտ կը խնա­մէ ու կը պահ­պա­նէ իր բո­լոր ա­րա­րած­նե­րը, քա­նի որ Ան ո՛չ միայն «Ա­րա­րիչ», այլ նաեւ՝ «Նա­խախ­նամ» է։

«Քու ար­դա­րու­թիւնդ հզօր լեռ­նե­րու պէս է, Քու ի­րա­ւունքդ մեծ ան­դունդ մըն է. մար­դիկն ու ա­նա­սուն­նե­րը Դո՛ւն կ՚ապ­րեց­նես, ո՛վ Տէր», կ՚ը­սէ Սաղ­մո­սեր­գուն (ՍԱՂՄ. ԼԶ 6)։ Եւ դար­ձեալ, կը շա­րու­նա­կէ. «Ա­նի­կա մեր հո­գին կեն­դա­նի կը պա­հէ ու մեր ոտ­քե­րուն սա­սա­նիլ չի տար» (ՍԱՂՄ. ԿԶ 9)։ Ու­րեմն կը տես­նուի որ բնու­թիւ­նը՝ Աս­տու­ծոյ միջ­նոր­դը, ձեռքն է. մի­ջոց մը՝ ուր­կէ Աս­տուած կը յա­րա­բե­րուի մար­դուն հետ։ Ձեռք՝ ո­րուն մի­ջո­ցով կը պա­հէ, կը պահ­պա­նէ ու կը խնա­մէ մար­դը։ Քա­նի որ Ան եր­բեք չի թո­ղուր մար­դը։ «Որ ա­մէն ապ­րո­ղի ան­ձը ու բո­լոր մարդ­կա­յին մարմ­նի հո­գին իր ձեռքն ու­նի» (ՅՈԲ. ԺԲ 10)։ Դա­նիէլ մար­գա­րէ կ՚ը­սէ. «Այլ երկն­քի Տէ­րո­ջը դէմ քեզ բարձ­րա­ցու­ցիր ու ա­նոր տա­նը ա­նօթ­նե­րը քու առ­ջեւդ բե­րին եւ դուն ու քու մե­ծա­մեծ­ներդ, քու կի­ներդ ու հար­ճերդ ա­նոնց­մով գի­նի խմե­ցիք։ Դուն ար­ծա­թէ, ոս­կիէ, պղին­ձէ, եր­կա­թէ, փայ­տէ ու քա­րէ շինուած աս­տուած­նե­րը գո­վե­ցիր, ո­րոնք ո՛չ կը տես­նեն, ո՛չ կը լսեն, ոչ ալ բան մը գի­տեն։ Բայց այն Աս­տուա­ծը՝ ո­րուն ձե՛ռքն է շունչդ եւ ո­րունն են քու բո­լոր ճամ­բա­ներդ, չփա­ռա­ւո­րե­ցիր» (ԴԱ­ՆԻԷԼ Ե 23)։­

Ուս­տի «բնա­կան կեանք»ը խե­լա­ցու­թեամբ ու խո­հե­մու­թեամբ կը պահ­պա­նուի. «Իր բե­րա­նը զսպո­ղը իր ան­ձը կը պա­հէ, բայց շրթունք­նե­րը լայն բա­ցո­ղը պի­տի կոր­սուի» (Ա­ՌԱԿ. ԺԳ 3)։ Այս կը նշա­նա­կէ՝ որ մարդ պար­տա­ւոր եւ պա­տաս­խա­նա­տո՛ւ է իր կեան­քէն։

Այս­պէս, ա­հա­ւա­սիկ բնու­թիւ­նը մի­ջոց մը, շար­ժա­ռիթ մըն է՝ ուր մարդ կը զգայ, կ՚անդ­րա­դառ­նայ իր ինք­նու­թեան, իր էու­թեան, իր կո­չու­մին, եւ բնու­թեան մէջ կը ճանչ­նայ իր Ա­րա­րի­չը եւ կը ճանչ­նայ նաեւ ինք­զի՛նք։ Եւ մարդ, որ­քան տի­րա­պե­տէ բնու­թեան՝ ա՛յն­քան կը մօ­տե­նայ Աս­տու­ծոյ, կը մտեր­մա­նայ Ա­նոր, եւ ամ­բող­ջու­թեամբ կը ճանչ­նայ զԱյն։ Բայց մարդ, ո՜ր­քան մօ­տե­նայ մար­դոց, ո՜ր­քան մտեր­մա­նայ ա­նոնց եւ ո՜ր­քան ճանչ­նայ զա­նոնք, հետզ­հե­տէ կը հե­ռա­նայ ա­նոնց­մէ, կը նա­խընտ­րէ ա­ռան­ձին ըլ­լալ քան ապ­րիլ խա­բէու­թիւն­նե­րու, կեղ­ծա­ւո­րու­թիւն­նե­րու, եր­կե­րես­նե­րու մէջ։ Բնու­թեան պար­զու­թիւ­նը եւ ան­կեղ­ծու­թիւ­նը ե­թէ ու­նե­նա­յին մար­դիկ, այն ա­տեն ա­ռանց տա­րա­կու­սե­լու կրնա­յինք ը­սել. «ա­հա­ւա­սի՛կ դրախ­տը հոս է, ուր կ՚ապ­րինք սի­րով ու ան­կեղ­ծու­թեամբ…»։ Բայց ո՜ւր է այդ ե­րազ-դրախ­տը, երբ մար­դիկ ի­րա­րու բա­րե­կա­մի դի­մա­կով կը մօ­տե­նան, սա­կայն թշնա­մի­ներ են ի­րա­կա­նին, սէր ցոյց տալ կը ձե­ւաց­նեն, սա­կայն նա­խան­ձով ու ա­տե­լու­թեամբ լե­ցուած են։ Հա­պա ո՞ւր մնաց մեր ե­րազ-դրախ­տը։ Ա­յո՛, իս­կա­պէս «ե­րա՜զ» մըն է ան։

Կեան­քի մէջ ո՞րն է ճշմա­րիտ յա­ջո­ղու­թիւ­նը։

Յա­րա­բե­րա­կան ար­ժէք մըն է յա­ջո­ղու­թիւ­նը։

Ա­մէն մար­դու հա­մար կը փո­խուի ան, ո­րոշ ստու­գա­նիշ մը, կշիռ մը չու­նի յա­ջո­ղու­թիւ­նը։ Բայց կար­ծեմ ճշմա­րիտ եւ ան­կեղծ սի­րոյ վրայ հաս­տա­տուած ա­մուս­նու­թիւն մը կազ­մող մար­դը, կեան­քի մէջ ա­մե­նա­յա­ջող մա՛րդն է, քա­նի որ ա­մէն յա­ջո­ղու­թիւն կեան­քի մէջ կա­խում ու­նի՝ ի­րա­րու հետ սի­րոյ կա­պով կա­պուած ան­դամ­նե­րէ բաղ­կա­ցած ըն­տա­նի­քէ մը։ Ե­թէ կազ­մուած ըն­տա­նի­քը սի­րով լե­ցուած է՝ ա­պա ու­րեմն սպասուած ա­մէն յա­ջո­ղու­թիւն կա­րե­լի է ձեռք ձգել, իսկ ե­թէ ա­պեր­ջա­նիկ, հար­ցե­րով լե­ցուն ըն­տա­նիք մը գո­յու­թիւն ու­նի, հոն ա­մէն դուռ փա­կուած է ճշմա­րիտ եր­ջան­կու­թեան ե՛ւ իս­կա­կան յա­ջո­ղու­թեան։

Ըն­տա­նի­քը, կեան­քի ա­մէն տե­սակ յա­ջո­ղու­թեան ա­ռա­ջին եւ ա­մե­նա­կա­րե­ւոր օ­ճախն է, ուր կը պատ­րաս­տուի ա­մէն բա­րու­թիւն եւ ա­մէն գե­ղեց­կու­թիւն, եւ ան­շուշտ եր­ջան­կու­թի՛ւն, որ է իս­կա­կան յա­ջո­ղու­թիւ­նը մարդ էա­կին։

Կրօն եւ բնու­թիւն՝ մար­դուս ցոյց կու տան սա բա­ցատ­րա­գի­րը. «եր­ջա­նիկ ըն­տա­նի՛­քը…»։­

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Օ­գոս­տոս 29, 2015, Իս­թան­պուլ

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 7, 2015