ՀԱՒԱՍԱՐԱԿՇՌԻՉ ՈՒԺԸ
Ի՞նչ է «ուժ»ին գաղտնիքը։ Ի՞նչ է այն անիմանալի, անտեսանելի «ուժ»ը՝ որ նոյն ու նման պատճառներով տարբեր արդիւնքներ կ՚արտադրէ։ Արդարեւ, ջուրը, հողը, լոյսը նոյնն են, բայց հունտեր տարբեր կերպով, տարբեր տեսքով եւ տարբեր գոյներով կը հասնին, տեսակ տեսակ կը բուսնին։ Մարդ եթէ խորհի, կը զարմանայ, կը հիանայ այս երեւոյթին առջեւ եւ միայն մէկ բա՛ռով կրնայ արտայայտել զայն՝ հրա՛շք։ Անշուշտ՝ անտարակոյս, գիտնականներ, մասնագէտներ կ՚ուսումնասիրեն եւ կ՚աշխատին լուծել այդ գաղտնիքը։ Գիւտերու հեղինակներ պատասխան մը ունին այս մասին։ Բայց հասարակ մարդուն համար երեւոյթը կը մնայ միշտ «գաղտնիք» եւ ուրեմն՝ հրա՛շք։ Այն արդիւնքը, որ բանաւոր պատճառի մը կարելի չ՚ըլլար յարաբերել բանականութեան միջոցով՝ այն հրա՛շք մըն է հիանալի՜, զարմանալի՜։
Հունտը օրինակ առինք այս հրաշալի երեւոյթին։
Եթէ կ՚ուզէք, սիրելի ընթերցող բարեկամներ, անգամ մըն ալ փորձենք մարդ էակով համեմատել այդ «գաղտնիք»ը։ Ի՞նչ կը խորհիք, մարդուս մանկութեան շրջանին հոգեկան եւ նկարագրի ընդհանուր գիծերու մասին՝ գրեթէ նոյնն են, շատ յայտնի տերբերութիւններ չունին, ամէն մանուկ՝ ի՛նչ որ ըլլայ դիմագծային արտաքին տարբերութիւնները, ի վերջոյ անօգնական եւ ինքնաբաւ չեղող էակ մըն է, ուրիշի մը կը կարօտի եւ ըստ այնմ կ՚ապրի։ Մանուկը մարմնական-ֆիզիքական հասարակաց պահանջքներ ունի, անմեղ է, յետին նպատակներու չի ծառայեր, հոգին մաքուր է եւ անկեղծ։ Մանուկը հասարակաց ջղային հակազդեցութիւններու ընդունակութիւններով օժտուած է, նոյն դէպքին նո՛յն հակազ-դեցութիւնը ցոյց կու տայ ընդհանրապէս։
Բայց, ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ որ մանկութեան յատուկ հասարակաց գիծերը՝ հոգեվիճակն ու նկարագիրը կ՚այլափոխուին մարդուն յաջորդական շրջաններուն։
Արդարեւ ամէն մանուկ կը ծնի «անմեղ» եւ «բարի», հապա ինչո՞ւ հասուն տարիքներու երբ հասնին մանուկներ՝ կը փոխուին, «բարի» չեն մնար, կը չարանան։ Ըսենք՝ յառաջացեալ տարիքներու կը ծանօթանան «չար»ին հետ, եւ շատ անգամ կ՚ընտրեն «չա՛ր»ը։
Հոս, պահ մը կանգ առնենք, եւ ջանանք վերլուծել «չար»ը։ Բայց չարը հասկնալու համար պէտք է ճանչնալ «բարի»ն։ Առանց ճանչնալու բարին, կարելի չէ հասկնալ չարը, քանի որ նախ կար բարին եւ յետոյ եղաւ չարը։
Աստուած, ստեղծելու համար, նախապէս գոյութիւն ունեցող ո՛չ մէկ բանի, ո՛չ մէկ օգնութեան կարիքը ունի։
Արարչագործութիւնը անհրա՛ժշտ բխո՛ւմ մըն է աստուածային գոյացութենէն։ Աստուած ազատօրէն եւ անկախ կը ստեղծէ ամէն ինչ «ոչինչ»էն։ Եւ ուրեմն «ոչինչ»էն կատարուած արարչագործութիւնը վկայուած է Սուրբ Գրային խոստումներով եւ ճշմարտութեամբ լեցուն յոյսով։ Քանի որ Աստուած կարող է ոչինչէն ստեղծել, կարող է նաեւ Սուրբ Հոգիով կեանք տալ մեղաւորներուն եւ թէ մարմինի կեանք տալ մեռեալներուն՝ Յարութեամբ։ Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ. «Աբրահամ հաւատաց Աստուծոյ՝ որ կը կենդանացնէ մեռեալները եւ գոյութիւն ունեցողի պէս կը կանչէ անոնք՝ որ տակաւին գոյութիւն չունին» (ՀՌՈՄ. Դ 17)։
Եւ քանի որ Աստուած իմաստութեամբ կը ստեղծէ, ուրեմն արարչագործութիւնը բարի՛ է եւ բարեկարգ։ Արդարեւ արարչագործութիւնը ծագում առած է աստուածային բարութենէն, ան կը մասնակցի այս բարութեան։ Ուստի «Ան ամէն ինչ կարգաւորեց չափով, թիւով եւ կշիռով» (ԻՄՍՏ. ԺԱ 20)։
Եւ հոն ուր չափ ու կշիռ կայ՝ հոն կայ նաեւ բարի՛ք։
Աստուածաշունչը կը վկայէ այս «բարութեան» երբ կ՚ըսուի, «Եւ Աստուած տեսաւ որ բարի է, շատ բարի» (ԾՆՆԴ. Ա 4, 13, 18, 25, 31)։ Եւ Աստուած, իր բարութեամբ բարի՛ ստեղծեց ամէն ինչ։
Արարչագործութիւնը Աստուծմէ ուզուած է իբր «պարգեւ» մը մարդուն եւ իբր ժառանգութիւն մը, որ սահմանուած է եւ վստահուած անոր։
Ուրեմն «չար»ը ո՞ւրկէ գոյացաւ։ «Չար» բառին ստուգաբանութիւնը մեզի ցոյց կու տայ, թէ ան արարչագործութեան ընդհանուր ծրագրին մէջ չէ դրուած, չարը արարչագործութեամբ չէ ստեղծուած, չարը բարիին այլափոխումէն է գոյացած։ Ուստի «չար»ը ժխտական, բացասական ըմբռնում մըն է. «չարարուած», «չ-ար-արուած» այսինքն՝ չստեղծուած այլ ստեղծուածի մը այլասերումէն «գոյացած»։
Ուստի մարդոց մէջ գոյութիւն ունեցող «չարութեան հոգին», մարդոց վրայ ճնշող անսահման «խեղճութիւն»ը չեն հասկցուիր առանց անոնց՝ Ադամի մեղքին հետ ուեցած կապին եւ այն իրողութեան, թէ Ադամ մարդկութեան փոխանցեց մեղք մը, որմէ ամէնքս արատաւորուած կը ծնինք, որ «մա՛հն է հոգիին»։
Գոյացած չարը, ծինային յաջորդականութեամբ կը փոխանցուի սերունդէ՜ սերունդ…։
Ինչո՞ւ այս փոփոխութիւնը։ Ինչո՞ւ նկարագրի այս այլայլութիւնը։ Ինչպէ՞ս բացատրել զայն։
Նոյնութենէ ծնած անհամար այս տարբերութիւնները «գաղտնիք»ներ են, որ կարելի չէ հասկնալ, բնութեան ծածուկ իրողութիւններն են արդարեւ։
Ահաւասիկ ամէն բարոյական դրութիւն, ամէն կրօնք, նպատակ ունի՝ եթէ ո՛չ լուծելու այդ գաղտնիքը, բայց այդ տարբերութիւնները եւ փոփոխութիւնները ստեղծող «գաղտնի ուժ»ը հաւասարակշռելու, ըսենք՝ ներդաշնակելու։ Արդէն աշխարհ չէ՞ հաստատուած հակադիր ուժերու հրաշալի՜ ներդաշնակութեան վրայ։ Աշխարհ չ՚ընթանա՞ր հակադրութիւններու հաւասարակշռութեան վրայ։ Եթէ չըլլար «չար»ը, ինչպէ՞ս պիտի յայտնուէր «բարի»ն։
Ուստի էութեան մը արժէքը կը յայտնուի իր հակադիր արժէքին գոյութեամբ։ Միշտ կ՚ըսենք, ճերմակը «ճերմակ» ընողը իր ճերմակութիւնը չէ՛, այլ «սե՛ւ»ը՝ որ առիթ կ՚ընծայէ ճերմակին յայտնութեան։ Կեանքը «կեա՛նք» ընողը, ահաւասիկ այս հակադրութիւններն են։ Ատելութիւնը պէ՛տք է ճանչնայ մարդ՝ որպէսզի հասկնայ, թէ ի՛նչ է սէրը։
Աշխարհի համար ամէն արժէք պէտք է գրաւէ իր տեղը, որպէսզի ան կարենայ գոյատեւել…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ, 30, 2015, Իսթանպուլ